Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ
Երեք Նորընծաներ Կը Միանան
Կիլիկեան Ուխտին
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, կիրակի 4 յունիս, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւնը դպրեվանքի Ընծայարանէն շրջանաւարտ երեք բարեշնորհ սարկաւագներու` ձեռամբ տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեանի:
Նորընծաները` Մանուկ սրկ. Չօլոյեան, Յովսէփ սրկ. Պէրպէրեան եւ Պօղոս սրկ. Հերկելեան վերակոչուեցան Օշական աբեղայ, Վահան աբեղայ եւ Վարուժան աբեղայ:
Ձեռնադրութենէն ետք Գարեգին սրբազան խանդավառ ու հոգելից քարոզ մը խօսեցաւ «Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս…» բնաբանով: Յատկապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ Կիլիկիոյ Աթոռը ինքզինք պիտի արժեցնէ հայ իրականութեան մէջ ոչ թէ նիւթական հարստութեամբ, ոչ թէ անցեալի փառքերով զարդարուած, այլ` մարդ հարստութեամբ եւ նկարագրի բարձրութեամբ:
Քարոզէն ետք, «Ողջոյն»-ի ատեն, տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ, վեհափառ հայրապետը եւ միաբաններ խորան բարձրացան եւ, հաւաքական յուզումի մէջ, ստացան նորընծայ աբեղաններուն անդրանիկ օրհնութիւնները` համբուրելով անոնց ճակատն ու աջերը:
Օշական աբղ. Չօլոյեան ծնած է Հալէպ, 1946-ին: Յաճախած է իր ծննդավայրի «Հայկազեան» վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1960-ին:
Վահան աբղ. Պէրպէրեան ծնած է Մալըքիէ (Տէրիք-Սուրիա), 1945-ին: Յաճախած է իր ծննդավայրի ազգային վարժարանը, ապա` Գամըշլիի ազգ. վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1960-ին:
Վարուժան աբղ. Հերկելեան ծնած է Այնճար, 1946-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննավայրի ազգ. «Յառաջ» քոլեճին մէջ:
Երեք աբեղաները, Անթիլիասի դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի ուսմանց քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, կուսակրօն սարկաւագ ձեռնադրուած են 1964-ին: Ընծայարանի ուսմանց եռամեայ շրջանը կ՛աւարտեն այս տարի:
Երեք նորընծաներու Կիլիկեան ուխտին միացումով, միաբանութեան թիւը կը բարձրանայ 34-ի: Խորէն Ա. կաթողիկոս, 6 արքեպիսկոպոս, 2 եպիսկոպոս, 5 ծայրագոյն վարդապետ, 13 վարդապետ եւ 7 աբեղայ:
Հայ Կեանք
Մ. Նահանգներ
Հայաստանի Անկախութեան 49-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ Քլիվլենտ – Էքրընի Եւ Նիւ Ճըրզիի Մէջ
Քլիվլենտ-Էքրընի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջաններուն մէջ Հայաստանի անկախութեան 49-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցած են ժողովրդային բազմութիւններու մասնակցութեամբ եւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:
Խօսած են Ասատուր Կիրակոսեան եւ տոքթ. Վարդգէս Նաճարեան:
Քլիվլենտի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ ՀՅԴ հիմնադրամի հանգանակութիւն աննախընթաց յաջողութեամբ:
Փրաւիտենսի Մէջ
Տօնակատարուած է Փրաւիտենսի առաջնակարգ ճաշարաններէն «Ճանսըն Հիւմոքս»-ի մէջ: Բանախօսած են` փրոֆ. Սեդրակ Մինաս եւ տոքթ. Լեւոն Տաղլեան: Ատենապետած եւ հիմնադրամի հանգանակութիւնը վարած է Յովակ Յակոբեան: Հանգանակուած է ճշդուած գումարը:
Հայ Երիտասարդներ Կամաւորագրուեցան Երէկ` Ի Սպաս Հայրենիքին Նոր Արձանագրութիւններ Պիտի Կատարուին Այսօր Եւ Վաղը
Ինչպէս հաղորդած էինք մեր երէկուան թիւով, կամաւորներու արձանագրութիւնը սկսաւ երէկ Ֆայատիէի զօրանոցին մէջ, Պէյրութի շրջանին համար:
Բազմահարիւր հայ երիտասարդներ, Պուրճ Համուտի դաշնակցական ակումբներէն, առաւօտեան ժամը 7:30-ին մեկնեցան արձանագրութեան վայրը, առաջնորդութեամբ իրենց ղեավարներուն: Քսանէ աւելի օթոպիւսներու մէջ տեղ գրաւած, հայ երիտասարդները խանդավառ տրամադրութիւններով եւ հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ, լիբանանեան դրօշներ պարզած, հասան զօրանոց, ուր ընդունուեցան հրամանատար սպային կողմէ:
Զինուորական իշխանութիւնները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին հայրենասիրական այս շօշափելի արտայայտութեան համար եւ անմիջապէս սկսան արձանագրութեան գործողութիւններուն: Կամաւորութեան պայմանները լրացնող բազմահարիւր երիտասարդներ շարքի կեցան արձանագրութեան գրասենեակին առջեւ, ուր իրար ետեւէ ներս կանչուեցան իրենց ինքնութեան թուղթով եւ 4×4 երկու նկարով: Այս գործողութենէն ետք, տարուեցան բժշկական քննութեան:
Երէկ կարելի եղաւ միայն 200 երիտասարդ արձանագրել` հակառակ ներկայացողներու անհամեմատօրէն մեծ թիւին: Մնացեալներուն արձանագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի:
Վաղը` չորեքշաբթի, հերթը պիտի գայ Պէյրութի, Էշրեֆիէի, Հայաշէնի եւ Քարանթինայի շրջաններու հայ երիտասարդութեան, որ նոյն վճռակամութեամբ կամաւոր պիտի արձանագրուի` ի սպաս լիբանանեան հայրենիքին եւ արաբական սրբազան դատին:
Այնճարի շրջանի հայ երիտասարդութիւնը պիտի կամաւորագրուի իր կարգին, երբ սկսին Պեքաայի արձանագրութիւնները, Ապլայի զօրանոցին մէջ:
Հայ երիտասարդութեան այս արի կեցուածքը, այն պահուն, երբ Լիբանան եւ արաբական երկիրները ճակատագրկան պայքար կը մղեն սիոնական թշիամիին դէմ, խոր տպաւորութիւն գործեց լիբանանեան բոլոր շրջանակներուն մէջ, որոնք իրենց հիացումը յայտնեցին այն կարգապահութեան եւ նուիրումին համար, որ ցոյց կու տայ հայութիւնը` միշտ գիտակից իր նուիրական պարտականութիւններուն:


