Լիբանան Իր Դիւանագիտական Կապերը Խզեց Ամերիկայի Եւ Անգլիոյ Հետ
Կրակմարի Դրութիւն Հաստատուեցաւ
Ժամը 20:00-4:00
Դպրոցները Անորոշ Ժամանակով Փակուեցան
Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որ տեւեց 9 ժամ: Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ:
Առ ի գործադրութիւն այս որոշման, Լիբանան պահանջեց Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպաններուն հեռացումը եւ ետ կանչեց Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի իր դեսպանները:
Խորհուրդը որոշեց նաեւ ցնոր տնօրինութիւն փակել դպրոցները եւ ձեռք առաւ կարգ մը միջոցներ` կազմակերպելու համար բնակչութեան պարենաւորումը ալիւրի եւ այլ սննդանիւթերու կապակցութեամբ:
Խորհուրդը այնուհետեւ լսեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ֆիլիփ Թաքլայի զեկուցումը: Նախատեսուեցան կարգ մը միջոցներ, որպէսզի ժողովուրդը չխուժէ դրամատուները: Այսօր պիտի որոշուի արտօնել, որ մարդիկ որոշ քանակութեամբ դրամ կարենան քաշել:
Պայթումներ Պէյրութի Մէջ
Երէկ գիշեր Պէյրութի զանազան կէտերուն վրայ տեղի ունեցան երեք պայթումներ: Պայթուցիկներ նետուեցան անգլիական գաղութի Սեն Ժորժ ակումբին (Զէյթունէ), Շաքեր եւ Ուէյնի շէնքին ետեւը գտնուող աւետարանական վարժարանին եւ Սեն Ժորժ բաղնիքին վրայ:
Երեք պարագաներուն ալ վնասները զուտ նիւթական են: Ապակիներ կոտրուած են եւ դուռեր ու պատուհաններ խորտակուած: Զինուորական իշխանութիւնները քննութիւն բացած են:
Կրակմար Պէյրութի, Թրիփոլիի Եւ Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Լիբանանեան բանակին վերին հրամանատարութիւնը երէկ որոշեց չորեքշաբթի, 7 յունիսէն սկսեալ կրակմարի, դրութիւն հաստատել Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ: Կրակմարը կը սկսի իրիկուան ժամը 8:00-ին ու կը վերջանայ առտուան ժամը 4:00-ին:
Բժիշկները, դեղագործները, փուռերու տէրերն ու աշխատաւորները զերծ կը մնան այս որոշումէն, պայմանաւ որ իրենց ասպարէզը կամ արհեստը հաստատող աշխատանքի վկայաթուղթ մը ունենան:
Պէյրութի զինուորական հրամանատարին իրաւասութիւն տրուեցաւ արտօնագիր տալ այն անձերուն, որոնց աշխատանքը կը պահանջէ գիշերային տեղափոխութիւններ:
Անսաստողները զինուորական ատեան պիտի յանձնուին:
Քերքուքէն Եւ Տահրանէն Քարիւղի Մղարկումը
Կը Շարունակուի Միայն Լիբանանի Համար
Նախարարաց խորհուրդը որոշած ըլլալով արգիլել քարիւղի արտածումը Այ.Փի.Սի.-ի եւ Թափլայնի խողովակներուն ծայրամասէն, դէպի արտասահման քարիւղի փոխադրութիւնը կանգ առաւ Լիբանանի մէջ: Հետեւաբար այն նաւթատարները, որոնք Զահրանիի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստները կ՛ուղղուէին, ետ դարձան:
«Շարք» մամլոյ գործակալութիւնը արժանահաւատ աղբիւրէ կը հաղորդէ, որ Քերքուքէն եւ Տահրանէն չզտուած քարիւղ պիտի մղարկուի Լիբանանի համար, որպէսզի երկիրը վառելանիւթի տագնապ չունենայ: Լիբանան տարին մէկուկէս միլիոն թոն չզտուած քարիւղ կը սպառէ:
Այ.Փի.Սի.-ի եւ Թափլայնի Թրիփոլիի եւ Զահրանիի ծայրամասերը զինուորական հսկողութեան տակ առնուեցան: Միջոցներ ձեռք առնուեցան Մետրեքոյի եւ Այ.Փի.Սի.-ի զտարանները զօրաւոր հակակշռի ենթարկելու համար:
Ալիւրի Մթերքները Գրաւուեցան
Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ երէկ յայտարարեց, որ ստիպողական միջոցներ ձեռք առնուեցան, որպէսզի որեւէ չարաշահութիւն տեղի չունենայ եւ բնակչութեան պարենաւորումը ապահովուի:
Վարչապետը ըսաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է գրաւել Լիբանանի մէջ գտնուող ալիւրի բոլոր մթերքները: Ալիւրը պիտի բաշխուի փռապաններուն` համաձայն անոնց կարիքներուն: Նմանօրինակ միջոցներ ձեռք առնուեցան նաեւ այլ սննդանիւթերու պարագային:
Ռ. Քարամէ երէկ առտու քննական պտոյտ մը կատարեց շուկային մէջ եւ խօսակցութիւններ ունեցաւ Մաարատի մեծ նպարավաճառներուն հետ:
Ազգային տնտեսութեան նախարարութիւնը Պուլկարիոյ հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը` 15.000 թոն ցորենի գնման համար:
Մամուլի Գրաքննութիւն
Լիբանանեան բանակին վերին հրամանատարութիւնը հրատարակեց զեկոյց մը, որուն համաձայն, թերթերը, պարբերականները եւ այլ հրատարակութիւններ գրաքննութեան պիտի ենթարկուին: Գրաքննութեան գրասենեակ մը հաստատուած է բանակին վերին հրամանատարութեան մէջ:
Գրաքննութենէ չանցած որեւէ հրատարակութիւն պիտի գրաւուի:
1800 Ամերիկացիներ Մեկնեցան Երէկ
Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատունը կը շարունակէ զբաղիլ Լիբանանէն իր քաղաքացիներուն հեռացումով: Այս վերջիններուն կեդրոնը հաստատուած է ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ օթոպիւսներով կը փոխադրուին օդակայան: Երէկ 15 օդանաւ կրցաւ իջնել Խալտէ` հակառակ օդակայանին փակման: Այս օդանաւերը մեկնեցան քիչ ետք` տանելով 1800 ամերիկահպատակներ: Երեքշաբթի գացած էր 625 հոգի:
Գերմանացիներ եւ հոլանտացիներ եւս երէկ մեկնեցան Լիբանանէն: Պատրաստութիւններ կը տեսնուին անգլիահպատակներուն մեկնումին համար: