Հետաքրքրական
Մրջիւնահաւաք Մը
Քալիֆորնիոյ մէջ Քեն Ճինէյ անունով մէկը, իր օգնականներուն հետ, զանազան տեսակի մրջիւններ հաւաքելով, շաբաթը 3000 տոլար կը շահի:
Մրջիւնահաւաքը իր հաւաքած մրջիւնները կը ծախէ գիտական աշխատանոցներուն:
Թէյի Սպառումը
Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ թէյի սպառումը աւելցած է հարիւրին ութսուն համեմատութեամբ: Անփոփոխ մնացած է միայն Անգլիոյ մէջ:
Լրտեսութեան Եւ Մաքսանենգութեան Թանգարան Մոսկուայի Մէջ
Մոսկուայի մէջ բացուած է լրտեսութեան եւ մաքսանենգութեան թանգարան մը, ուր ցուցադրութեան դրուած են այն բոլոր գործիքները, որոնք գտած են արեւելեան երկիրներու իշխանութիւնները` արեւմտեան լրտեսներու մօտ:
Պատուաւոր Գողը
Ամերիկացի կին մը` Ռոլանտէ Սուքոս, կորսնցուցած է իր դրամապանակը, մէջը` 110 տոլար: Ատեն մը ետք նամակատան միջոցով ստացած է դրամապանակը` մէջը` 150 տոլար, հետեւեալ երկտողով.
«Ներեցէք, տիկի՛ն, որ ուշացուցի վերադարձնել ձեր դրամապանակը: Կը վերադարձնեմ այսօր` տոկոսովը միասին: Հաշուըւած այն օրէն սկսեալ, երբ հարկադրուած էի ձեզմէ գողնալու»:
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Բանակումները
Ամառուան տաքերուն հետ սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն բանակումի եղանակը: Շաբաթէ մը ի վեր Պէյրութի սկաուտական խումբերը կը կատարեն իրենց սկաուտական բանակումները` Լիբանանի լեռնային զանազան շրջաններուն մէջ:|
Առաջին մեկնողները եղան Պէյրութի քաղաքի շրջանի սկաուտները: 40 սկաուտներ բարձրացան Այն Պալլոա չորեքշաբթի, 5 յուլիսին եւ վերադարձան երկուշաբթի, 10 յուլիսին:
Հայաշէնի եւ Էշրեֆիէի սկաուտները մեկնեցան ուրբաթ, 7 յուլիսին: Հայաշէնցիք, 15 սկաուտներ, իրենց բանակատեղին հաստատեցին Պէյթ Մերիի շրջանը, իսկ էշրեֆիէցիք մեկնեցան Մէյրուպա, 18 սկաուտներով: Երկու խումբերն ալ վերադարձան երկուշաբթի, 10 յուլիսին:
Պէյրութի երեք շրջաններէն 43 գայլիկներ, իրենց պատասխանատուներով, եռօրեայ բանակում մը կատարեցին Մէյրուպայի մէջ, յուլիս 15-17:
Բոլոր բանակումներուն մասնակցողները հետեւեցան սկաուտական գիտելիքներու դասընթացքներուն, կատարեցին արշաւներ, խաղեր եւ մարմնամարզ: Այս մասնակի բանակումները նախապատրաստութիւն մը եղան տարեկան մեծ բանակումին, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի օգոստոսին, Պուա տը Պուլոնիայի շրջանին մէջ, եւ որուն կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բոլոր խումբերը:
ՀԿԵՄ-ի Պասքեթպոլի Մրցաշարքը
ՀԿԵՄ-ի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ շաբաթ 8 եւ կիրակի 9 յուլիսին, միութեան դաշտին վրայ, Պուրճ Համուտ, որուն կը մասնակցէին պասքեթպոլի չորս խումբեր: Շաբաթ օրուան մրցումներէն յաղթական դուրս եկան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ ՀԿԵՄ, որոնք կիրակի մրցեցան իրարու դէմ:
Շնորհիւ Պետրոս եւ Վարդգէս Թավլեան եղբայրներուն` Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլիսները գեղեցիկ յաղթանակ մը տարին ՀԿԵՄ-ի վրայ` 58-32 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի տղաքը ստացան տրամադրուած գեղեցիկ բաժակը:
Մեծապէս շնորհաւորելի է Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի նորակազմ խումբը, որ կեանք առաւ շնորհիւ Պուրճ Համուտի վարչութեան նիւթական եւ բարոյական քաջալերանքին: Կը յուսանք, որ վարչութիւնը պիտի շարունակէ իր ճիգերը` խումբին շուրջ հաւաքելու համար Պուրճ Համուտի շրջանի բոլոր մարզասէր երիտասարդները:
Չըրչիլին Յիշողութիւնը
Պատերազմի ատեն Քոնկրեսի մէջ խօսելու համար Չըրչիլ իր երկրորդ ճամբորդութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներ:
Քոնկրես երթալէ ժամ մը առաջ պատրաստեց իր ճառը եւ յարգելու համար նախագահ Ռուզվելթը` անոր կարդաց բովանդակութիւնը:
Քոնկրեսի մէջ նախագահի օգնական Հարրի Հափքինզ նկատեց, որ Չըրչիլ ճառը մոռցած է նախագահի սեղանին վրայ: Երբ անմիջապէս մեկնեցաւ բերելու, ռատիոյէն լսեց Չըրչիլի ձայնը: Ռուզվելթ եւ Հափքինզ իրարու նայեցան: Քիչ ետք զարմանքով նկատեցին, որ Չըրչիլ իր ճառը կ՛արտասանէր միեւնոյն բովանդակութեամբ: Ռուզվելթ անոր խօսքերը մէկ առ մէկ կը համեմատէր Չըրչիլի գրաւոր ճառին հետ:
Ժողովէն ետք, ճաշկերոյթի ընթացքին, Ռուզվելթ յայտնեց իր զարմանքը: Չըրչիլ ծիծաղեցաւ եւ ըսաւ.
– Երբ արդէն ամպիոնին մօտեցայ, յանկարծ նկատեցի, որ գրաւոր ճառս քովս չէր: Ստիպուեցայ բառ առ բառ վերյիշել` ժամ մը առաջ գրած ճառիս բովանդակութիւնը: