Խմբագրական
Հայասպանութիւնը
(Մեթր Մուսա Փրենսի Խիզախ
Նախաձեռնութեան Առիթով)
Անցեալ երեքշաբթի հաղորդած էինք, որ յուլիս 10-14 Փարիզի Արդարութեան պալատին մէջ եւ Ֆրանսայի արդարութեան նախարարին հովանաւորութեամբ, պիտի գումարուի ցեղասպանութեան նախազգուշութեան համագումարը:
Այս համագումարին պիտի մասնակցին բազմաթիւ երկիրներէ եկած ականաւոր իրաւագէտներ, բժիշկներ, փիլիսոփաներ եւ փաստաբաններ:
Լիբանանէն պիտի մասնակցի ծանօթ իրաւաբան, ոճրային եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութեան հարցերու մասնագէտ մեթր Մուսա Ֆրենս, որ ունի իրաւաբանական մեծարժէք վկայութիւններու եւ տիտղոսներու պատկառելի շարք մը:
Այսքանը` առ ի տեղեկութիւն: Բայց ինչ որ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեզի` հայերուս համար, այն իրողութիւնն է, որ մեթր Մուսա Փրենս կը հանդիսանայ համագումարին երկու զեկուցաբերներէն մէկը եւ իր զեկուցումը ամբողջութեամբ յատկացուած է Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան ոճիրին:
Սահմանափակ շրջանակի մը մէջ, Հայ դատի յանձնախումբին կարգադրութեամբ, քանի մը օր առաջ, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, ուր ականաւոր իրաւաբանը ներկայացուց հարիւր էջնոց ներածականը իր այն երկասիրութեան, որ 800 էջերու մէջ կու տայ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ամբողջական թղթածրարը` վաւերական փաստաթուղթերով:
ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ: Այս է նաեւ մեթր Փրենսի աշխատասիրութեան խորագիրը. L՛armenocide, զոր կը ներկայացնէ իբրեւ ԱՆՊԱՏԻԺ ՄՆԱՑԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու շարքին:
Իր տեսակին մէջ եզակի այս գործը, որուն մասին հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ յարգելի վարպետը` մասնաւորաբար յիշելով, թէ ի՛նչ պարագաներու տակ յղացած է գաղափարը այս նիւթով ներկայանալու համար համագումարին, ապահովաբար մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէ միջազգային այն շրջանակներուն մէջ, որոնք կը զբաղին ցեղասպանութեան խնդիրով:
Մեթր Փրենս, իր իսկ խոստովանութեամբ, այս գործին մօտեցած է ոչ թէ իբրեւ հայասէր (համակրանքը դեր չունի հոս), այլ` իբրեւ իրաւաբան իբրեւ մարդ, որ հայասպանութեան մէջ կը տեսնէ զտագոյն ցեղասպանութիւնը, յատկապէս` այն իրողութեան համար, որ անպատիժ մնացած է Թուրքիոյ ոճիրը:
Այսպիսի գործով մը հրապարակ գալու եւ միջազգային համագումարի մը ներկայանալու իրողութիւնը ինքնին կ՛ենթադրէ խիզախութիւն մը, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ այլազան հաշիւներ կը մտնեն մարդոց համակրական կամ հակակրական արտայայտութիւններուն մէջ:
Այս խիզախութիւնը ամէնէն գնահատելի հաստատումն է, որ կը կատարենք մեթր Փրենսի կեցուածքին մէջ, այն վստահութեամբ, որ հայասպանութեան հարցը առաջին առիթով իր իսկական սահմաններուն մէջ դնելու եւ իր բուն տարողութեամբ միջազգային ատեանի մը ներկայացնելու այս քայլը խոր անդրադարձներ պիտի ունենայ ապագայ գործունէութեան ուղղութեամբ:
Հայասպանութեան մասին այս գործը հարիւրաւոր օրինակներով պատրաստ է արդէն եւ պիտի բաժնուի համագումարին մասնակցող անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ` եւրոպացի ականաւոր դէմքերու: Օրինակներ տրամադրելի են նաեւ հայ հասարակութեան համար:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Լիբանանի այս ազնիւ զաւակին, որ զուտ առարկայական գետնի վրայ, հեռու քաղաքական մոլորեցնող ազդեցութիւններէ, ինքնաբուխ կերպով լծուած է վսեմ գործի մը, որմէ վերջին հաշուով օգտուողը պիտի ըլլայ մարդկութիւնը, որուն դէմ գործուած ոճիր մըն է հայասպանութիւնը:
Առիթը կ՛ունենանք տակաւին արտայայտուելու Փարիզի համագումարին եւ այն աշխատանքներուն մասին, որ հմուտ իրաւաբանը պիտի ունենայ ի նպաստ հայութեան:
Հանուր մարդկութեան:
Ակնարկ
Հանդէս Մը` Հանդէսին Մէջ…
Միայն ուսում տալու համար չէ, որ կը հիմնենք ու կը պահենք մեր դպրոցները: Զանոնք կը հիմնենք ու կը պահենք տղոց մէջ մշակելու համար ուսումին համահաւասար եւ գուցէ ուսումէն աւելի՛ կարեւոր ուժ մը` ոգի՛ն: Հարուստը այդ նպատակով կը բանայ իր քսակը, ծնողը նոյն ապրումով հայ վարժարանի մը կը յանձնէ զաւակը, տղան ոգեկան առաւելութեամբ մը կը մեծնայ:
Առջի կիրակի, Այնճարի «Յառաջ» քոլեճի ամավերջի հանդէսին առիթով, անգամ մը եւս հաստատեցինք այս իրողութիւնը: ԺԱ. դասարանի վկայականներուն բաշխումը կատարելէ առաջ տնօրէնութիւնը հայոց պատմութեան, հայոց լեզուին եւ գրականութեան մէջ յառաջադէմ աշակերտները վարձատրելու կոչուած մրցանակներ կարդաց` «Խաչեր Թազեան մրցանակ», «Սուրէն Ֆիլհանէսեան մրցանակ», «Շաւարշ Միսաքեան գրական մրցանակ»: Առաջինները տրուեցան, արժանաւորները ծափահարուեցան:
Ինչ կը վերաբերի Արփիկ Միսաքեանի կողմէ եւ աւարտական դասարանին համար սահմանուած «Շաւարշ Միսաքեան գրական մրցանակ»-ին` նշանակեալ դատական կազմը, ինքզինք հաւասար ուժերու առջեւ զգալով, կ՛իմացնէր, որ չէր կրցած վճռական եզրակացութեան մը գալ եւ իր պատճառաբանութիւններուն մանրմասնութիւնները թուելէ ետք կ՛առաջարկէր մրցանակը` երեք հարիւր լ. ոսկի, յանձնել ամբողջ դասարանին:
Ու եղաւ այդպէս:
Բայց գեղեցկագոյնը այս ամէնուն` մրցանակը ստացող դասարանին ժեսթն էր: Հոն, տեղւոյն վրայ, բեմին վրայ շրջանաւարտները իրարու աչքին նայեցան, քիչ մը մօտեցան իրարու, գլխու շարժումներ ըրին եւ ապա յայտարարեցին, որ ստացուած երեք հարիւր լ. ոսկին կը նուիրեն քոլեճի գրադարանին: Յայտարարութիւնը ալեկոծեց սրահը: Ստեղծուեցաւ հանդէսին մէջ հանդէս մը, ոգեւորիչ պատկեր մը, ու պատկերին լրացուցիչ մասը` աւարտական դասարանի յայտարարութեան հետեւեցան նոյնքան հաճոյալուր ուրիշ յայտարարութիւններ: Մրցանակակիր աշակերտները, համարեա՛ ամէնքը, իրենց խլած գումարները նուիրեցին դպրոցին:
Մեր սրբութիւններուն հետ աստիճան մը աւելի մտերմացնելու համար մատաղ հոգիները` դրամ ունեցող եւ սիրտ ունեցող մարդիկ ազնիւ որոշումներ տուած էին, տղաքը` թափած յաւելեալ ճիգեր, իսկ դպրոցը, այդ երկու ուրախութիւններուն հետ, կ՛ապրէր երրորդ ուրախութիւն մը` պզտիկ բաց մը գոցելու մեծ գոհունակութիւնը:
Գեղեցիկ էր երեւոյթը: Լաւ պիտի ըլլար ընդհանրացումը: Արդարեւ, որքան յուսադրիչ պիտի ըլլային մեր կեանքին հեռանկարները, եթէ երբեք տղոց մէջ յաղթանակներ տանելու կիրքին արծարծումը մա՛ս կազմէր մեր ծրագրին եւ այժմէն սկսէինք մշակել յաղթանակին արդիւնքը ուրիշին հետ բաժնեկցելու մարդկայնական ոգին:
Մեր զոհողութիւնները այն ատեն միայն կ՛արդարանան: Ազգը այն ատեն միայն կրնայ վստահութեամբ դիմագրաւել բոլոր փորձութիւնները:
XX