Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1967)

Յուլիս 5, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

70.000 Տոլար Հաւաքուած Է Շիքակոյի
Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Եւ
Հայ Կեդրոնի Շինութեան Համար

Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի շինութեան ի նպաստ տեղի ունեցած ճաշկերոյթ-հանգանակութիւնը պսակուած է փայլուն յաջողութեամբ: Տեղւոյն վրայ հաւաքուած է աւելի քան 70 հազար տոլար:

Ճաշկերոյթին նախագահած է առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան: Ատենապետած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան:

Խօսք առած են Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ճեք Չատրճեան, Շիքակոյի հովիւ Սահակ քհնյ. Վրթանէսեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Նիկ. Օհանճանեան եւ շինութեան յանձնախումի ատենապետ Յակոբ Խօլամեան:

Հանգանակութիւնը վարած է Բիւզանդ Կռանեան: Ջերմ մթնոլորտ եւ խանդավառութիւն ստեղծած է իր ինքնատիպ միտքերով եւ սրամտութիւններով:

 

Նոթեր Ու Նետեր

 Նորանուն Փարիզահայեր

«Տիկին Քալիթէ»

Ունինք փարիզահայեր, որոնք կ՛որակուին ֆրանսերէն այն բառերով կամ բացատրութիւններով, որոնք իրենց բերնին ծամոցը ըրած են ու կը գործածեն ամէն առթիւ:

Կայ հայուհի մը, որուն սիրական եւ հակակրելի բառերը երկու հատ են, ու կ՛ըսէ.

– Ամէն բանի քալիթէին նայելու է. քանթիթէին նայելու չէ:

(«Քալիթէ»-ն որակն է. «քանթիթէ»-ն քանակն է):

Ու կը ճռուողէ.

– Մենք մեր տանը մէջ քալիթէ կ՛ուտենք. քանթիթէ չենք ուտեր ուրիշներուն պէս: Աժան, խեղճ ուտելիք մեր տունէն ներս չի կրնար մտնել: Ամէն բանի սուղը կ՛առնեմ, առաջնակարգը: ընտիրը: Հագնելիքին ալ քալիթէին կը նայիմ: Սանկ ու նանկ տեղերէ առեւտուր չեմ ըներ: Ապրանքներ կան, որոնք եթէ ձրի ալ տան, չեմ առներ: Քալիթէ՜, մի՛շտ քալիթէ:

Այս հայուհիին անունն ու մականունը ա՛լ գործածական չէ իր ծանօթներուն մէջ:

Նոր անունն ու մականունն է.

– Տիկին Քալիթէ Ոչքանթիթէեան:

Ինք լսած էր վերստին մկրտուած ըլլալը ու մնացած էր գոհ:

Վերջերս, սակայն, քանի մը հայուհիներ, զինքը չորս-հինգ անգամ տեսած ըլլալով աժան վաճառող խանութներու մէջ, փոխած են իր անունն ու մականունը` պարզապէս տեղափոխելով բառերը.

Ներկայիս կը կոչուի.

– Տիկին Քանթիթէ Ոչքալիթէեան:

Եւ հիմակ է, որ տիկինը բարկացած ու փրփրած է: Իսկ իր փրփուրները ունին թէ՛ քանթիթէ, թէ՛ քալիթէ:

 

«Պարոն Լալուա»

Երիտասարդ հայորդի մը, նոր վերադարձած` իր զինուորական ծառայութենէն, ընտանեկան հաւաքոյթներու ընթացքին կրկնելով կ՛ըսէր.

– Լալուային օրէնքը: Հոն, զօրանոցին մէջ, կեանքը ձեր գիտցածին պէս չէ. հոն ամէն բան լալուային օրէնքով կ՛ըլլայ:

Քիչ թէ շատ ֆրանսերէն գիտցողները կը ժպտէին:

Բայց երիտասարդը կը շարունակէր` ըսելով.

– Հո՞ն. կատակ բան չէ: Լալուային օրէնքը խիստ է:

Երբեմն ալ ունկնդիրները դիտմամբ կը հարցնէին.

– Ինչպէ՞ս էր զինուորական կեանքը:

– Շատ խիստ, որովհետեւ լալուային օրէնքով կը կառավարէին մեզ:

– Բայց լալուան ո՞վ է, ի՞նչ է…

– Ի՛նչ գիտնամ: Կ՛երեւայ, որ հին, մեծ զինուորական մըն էր, մարեշալի պէս բան մը, որ զինուորներուն համար օրէնքներ դրած է:

Ժպիտները կը փոխուէին խնդուքներու:

Երիտասարդը նախ կը զարմանար ժպիտներուն համար. ապա սկսաւ զայրանալ խնդուքներուն համար:

Օր մըն ալ, չափազանց նեղուած, հարցուց.

– Ինչո՞ւ վրաս կը խնդաք…

Այն ատեն մէկը բացատրեց` ըսելով.

– «Լա լուա» «օրէնքը ըսել է արդէն: Ինչպէս կ՛երեւի զօրանոցին մէջ շատ անգամ կը խօսուէր օրէնքի մասին: Իսկ դուն կարծած ես, որ լալուան անձնաւորութիւն մըն է, որ դրած է օրէնքներ: Քու ըսածդ ահա թէ ինչի՛ կամ ինչերո՛ւ կը նմանի. լամեզոնին տունը, ժարտենին պարտէզը, լառոզին վարդը… Հասկցա՞ր հիմա…

Հէք երիտասարդը կարմրեցաւ, նման` վարդի:

Բայց անունը մնաց.

– Պարոն Լալուա Օրէնքեան:

 

«Քոմ Իլ Ֆօ»

Հայ օրիորդ մը սովորութիւն ունէր չափազանց գործածելու «քոմ իլ ֆօ» ֆրանսերէն բացատրութիւնը: Բառական իմաստով` «ինչպէս որ պէտք է»: Ըսել կ՛ուզէր` պէտք եղածին պէս մէկը, ներկայանալի, կատարեալ շնորհքով, շնորհալի:

Կը կրկնէր.

– Ես միայն քոմ իլ ֆօ մարդոց հետ կը տեսնուիմ: Քոմ իլ ֆօ երիտասարդ մը չգտնեմ, անկարելի է, որ ամուսնանամ:

Անունը դրին.

– Մատմազել Քոմ Իլ Ֆօ:

Ամուսնացաւ ու հիմա կը կոչուի.

– Մատամ Ֆօ:

Իր ամուսինը ո՛չ քոմ իլ ֆօ է, ոչ ալ երիտասարդ:

Մատամ Ֆօ քսանութ տարեկան է, իսկ ամուսինը` քառասուներեք: Ծագումով գնչու է, կ՛աշխատի խաղարանի մը մէջ: Տգեղ ալ է թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգւով:

Ընկերուհի մը իրեն յիշեցուցած է հետեւեալ առածը.

– «Մեծ կեր, մեծ մի՛ խօսիր»:

Իսկ մենք կ՛ըսենք:

– Ո՛չ մեծ խօսեցէք, ո՛չ մեծ կերէք, ո՛չ ալ ծեծ կերէք:

 

«Փիւր Ֆրանսէ»

Երիտասարդ հայորդի մը, թէ՛ հայերու, թէ՛ ֆրանսացիներու առջեւ, տեղի եւ անտեղի կը սիրէ յայտարարել.

– Ժը սուի  փիւր ֆրանսէ, տ՛օրիժին արմէնիէն:

Որ թարգմանի.

– Ես զուտ ֆրանսացի եմ, ծագումով հայ:

Ի լուր այս յայտարարութեան` ոմանք կը զուարճանային, ոմանք ալ կը զայրանային:

Ուրեմն Ֆրանսա ծնած այս պարոնիկը թէ՛ զտարիւն ֆրանսացի է, թէ՛ ծագումով                 ֆրանսացի չէ: Հակասութիւնը հրէշային է:

Զտարիւն ֆրանսացի մը չի կրնար ծագումով ուրիշ ազգի մը պատկանիլ, իսկ ծագումով հայ մը չի կրնար ըլլալ զտարիւն ֆրանսացի:

Բայց այս հայորդին հագուած է հակասութիւնը հոգւով ու մարմնով:

Ասոր ալ անուն մը ու մականուն մը փակցուցին.

– Պարոնիկ Փիւրֆրանսէ Փիւրարմէնիէն:

Հիմա կը սպասուի յայտարարութեանը հայ երիտասարդի մը, որ յայտարարէ.

– Ես զուտ հայ եմ, ծագումով ֆրանսացի:

Ո՜վ գիտէ` դեռ որքան ինքնատիպ հայերու պիտի հանդիպինք օտարութեան պատուաստուած պարտէզներուն մէջ, որոնք գերեզմանատան տպաւորութիւնը կը թողուն իրենց տխուր լրջութիւնով ու լռութեամբ:

Ն. Պ.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Գալէմքեարեաններ – Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ (Հեղինակ-Կազմող` Հրազդան Թոքմաճեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In