Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին
Հաւատքի Մասին
Լուսահոգի ուսուցիչիս` Գ. Մխիթարեանի յետմահու հրատարակուած գրքին` «ՀԵՐԿ ՈՒ ՑԱՆ»-ի մասին խօսելով, ակնարկած էի այդ գիրքին ներածականը գրող Բ. Թաշեանի հետեւեալ տողերուն.
– Մահուան մասին երբ մտածեմ,- ըսած էր ինծի տարիներ առաջ,- տեսակ մը դառնութիւն կը զգամ Արարչին հանդէպ: Բայց կը մտածեմ նաեւ, որ յաւիտենական չէ մահը, յաւիտենական է կեա՛նքը: Եւ ասիկա կը մխիթարէ զիս (խօսք` Գ. Մ.ի):
Հիմա ես կը փնտռեմ զինք. Իր բացակայութիւնը բացակայութիւն մըն է ինծի համար ալ, բայց կը թուի, որ ժամանակաւոր բացակայութիւն մըն է, քանի որ միւս աշխարհին մէջ կրկին պիտի հանդիպինք իրարու (խօսք` Բ. Թաշեանի):
Ի՞նչ մեղքս պահեմ, այս «կրկին իրարու հանդիպելու» պարագան էր, որ խելքիս չպառկեցաւ ու գրեցի, որ եթէ Թաշեան կը հաւատայ ըսածին, բախտաւոր մարդ մըն է: Թաշեան անդրադարձաւ ըսածիս, ու ես ալ, իմ կարգիս, պատասխան մը գրեցի իրեն: Չեմ կարծեր, որ կրցանք զիրար համոզել: Բայց ես ընդունեցի, որ հաւատք ունենալը լաւ բան է ու զայն կործանելէ, բնաջնջելէ ետք, անոր տեղ դնելու լաւ բան մը չունինք:
Այս բաներուն մասին խօսած ու գրած ատենս էր, որ ինծի պատահած փորձառութիւն մը միտքս ինկաւ: Ասկէ մօտ երեք տարի առաջ, երբ դեռ Նիւ Եորքի առաւօտեան օրաթերթերէն «Նիւ Եորք Տէյլի Միրըր»-ը կլանուած չէր իր մեծ դրացի «Նիուզ»-էն, ես իրեն կ՛աշխատէի եւ զինկոկրաֆի բաժանմունքին մէջ պատուոյ տեղ ունէի ո՛չ միայն որպէս լաւ արհեստաւոր, այլեւ` իբրեւ սենտիքայի ներկայացուցիչ ու մեր բաժանմունքի ատենապետ: Պատահեցաւ, որ մեր բաժանմունքին մէջ աշխատող Ռէյ Օ Քաննըր անուն մէկը հիւանդացաւ յանկարծակի, ու զինք փոխադրեցինք հիւանդանոց:
Լաւ տղայ մըն էր. բարի, մեծղի, պարզամիտ, կապուտաչուի, հաւատացեալ կաթոլիկ: Բոլորիս կողմէ սիրուած էր. ամուսնացած, երեք զաւկի` երկու մանչու եւ աղջկան մը տէր: Աղջկան աչքերը խաղաղ ծովի գոյն ունէին:
Հիւանդանոց փոխադրուելուն երրորդ օրը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, մեր աշխատանոցի տղաներէն դրամ հաւաքեցի, տուփ մը շաքարեղէն ու ծաղկեփունջ մը գնեցի ու գացի հիւանդանոց` զինք տեսնելու:
Իր վիճակը լաւ չէր: Անընդհատ արիւն կը կորսնցնէր, ու բժիշկները չէին կրցած ճշդել, թէ այդ ներքին արիւնահոսութիւնը ուրկէ՞ էր:
– Ռէ՛յ, մասնագէտ մը կանչէիք,- ըսի վրդովուած:
– Կանչեցինք, եկան, նայեցան, իրարու մէջ փսփսացին ու ելան գացին,- ըսաւ:
– Բան մը չե՞ն ըներ…
– Պակսածին տեղը լրացնելու համար միշտ արիւն կու տան,- ըսաւ հանդարտ շեշտով մը.- ուրիշ ի՞նչ կրնան ընել… Բայց անօգուտ է, Տէրը ինչ որ կամեցեր է, ան կ՛ըլլայ:
Երկար չմնացի իր մօտ: Ներս մտնելէ առաջ հիւանդապահուհին զգուշացուցեր էր զիս.
– Չյոգնեցնես,- ըսաւ.- մանաւանդ շատ մի՛ խօսեցներ ու քովը շատ մի՛ մնար:
Դուրս ելլելէ առաջ իր ձեռքը առի ափիս մէջ:
– Ռէ՛յ, բանի մը մասին հոգ մի՛ ըներ, մենք լերան պէս կռնակդ կեցած ենք… Տղաքը բարեւ ըրին եւ ըսին, որ հոգ չընես, որ` շուտով աղէկնաս, ետ գաս, որ թղթախաղի մէջ դրամդ առնեն…
– Թող ես աղէկնամ, թող անոնք ալ իմ դրամս առնեն,- ըսաւ դէմքին վրայ ժպիտի պէս բան մը: Յետոյ ակնարկը իր դիմաց պատին վրայ կախուած փայտէ խաչելութեան յառած` ըսաւ.
– Ան կը հսկէ վրաս:
Յաջորդ երկու օրերը նշմարելի փոփոխութիւն մը տեղի չէր ունեցած իր առողջական վիճակին վրայ. Երրորդ օրը, լուսադէմին, հոգին աւանդած էր: Առաւօտուն երբ աշխատանոց մտայ, պատի մեծ ժամացոյցին տակ, ուր մեր ներկայութիւնը ապացուցելու համար տոմարը կը ստորագրէինք, սեւ խոշոր գիրերով տրուած էր գոյժը ու տակն ալ` մեռելաթաղի հասցէն, արարողութեանց պահերը ու թաղման վայրը:
Յուզուեցայ: Երանի զինք վերջին անգամ տեսած չըլլայի, խորհեցայ, այդ պարագային յիշողութեանս մէջ կը մնար ինչպէս որ էր հիւանդանալէ առաջ: Յիշեցի, որ իր ձեռքը պաղ էր, դէմքը դալուկ, ձայնը` փսփսուքի վերածուած: Յիշեցի, որ ինք հաւատաց, ու իր դիմացի պատին վրայէն հսկող Յիսուսը դաւաճանեց իրեն. Լաւ չհսկե՜ց իր վրայ:
Վրան դրուելու ծաղկեպսակին համար դրամ հաւաքել հարկ եղաւ: Տղաքը տուին լիաբուռն, հակառակ անոր որ ես սիրտ չունենալուս համար այդ գործը օգնականի մը յանձներ էի. բայց երբ կարգը եկաւ թաղումէն օր մը առաջ տուն ներկայացուցիչ ղրկելու, տղաքը անզիջող եղան.
– Դո՛ւն պէտք է երթաս,- ըսին:
Հնազանդելէ զատ ի՞նչ կրնայի ընել… Օրէնքներն ու պարտականութիւնները կրնան երբեմն անհաճոյ, նոյնիսկ անարդար թուիլ մեզի, բայց ի՞նչ կրնանք ընել, քանի որ անոնք մեծամասնութեան ձայնը կը ներկայացնեն:
Ժամերով մտածեցի, խորհեցայ եւ գլուխս տանջեցի որոշելու համար, թէ ի՞նչ կրնամ ըսել իր այրիին, ո՞ր մխիթարական բառերը աւելի ազդեցիկ էին, երբ տեսնէի զայն իր երեք որբերով, պիտի կրնայի՞ զսպել արցունքներս…
Մտայ կապելա մը ու մէկ երկու հատ ճնկեցի քաջութիւնս գտնելու համար:
Թաքսի մը կանչեցի ու տուի տան հասցէն: Նստայ բազմոցին վրայ ու սկսայ չգիտես քանիերորդ անգամ ըլլալով` սրբագրութեան ենթարկել ըսելիքս, որ կեղծ, բռնազբօսիկ չհնչէ: Երբ տեղ հասանք ու դուրս ելայ, դրան առջեւ սրբեցի քրտինքս ու մատս դրի զանգակին: Ռէյի կինն էր դուռը բացողը: Զարմանքէս կզակս վար ինկաւ: Հագուեր էր ու շպարուեր. Մազերը գանգրել տուեր էր ու սեղմիրանուեր. Ճանչցաւ զիս ու ներս հրամցուց.
– Տա՛ք է, ի՞նչ կեցեր ես արեւուն տակ, նե՛րս եկուր:
– Գործատեղիէն կու գամ,- ըսի,- տղոց ցաւակցութիւնները կը բերեմ, բոլորն ալ շատ գէշ զգացին…
– Մենք ալ գէշ զգացինք, բայց ի՞նչ ընենք, Տիրոջը կամքը այդպէս է եղեր…
Ես, որ մխիթարելու էի գացած, մխիթարող մը գտայ…
Սուրճ ու ուիսքի առաջարկեցին:
Մերժեցի:
Երբ խանութ վերադարձայ ու տեղեկագիրս տուի, չզարմացան:
– Կաթողիկէները այդպէս են, ամէն բանի մէջ Տիրոջը կամքը կը տեսնեն ու մեղք կը համարեն այդ կամքին դէմ ըմբոստանալը,- ըսաւ մէկը:
Հարցը փակուեցաւ:
Գէթ ես այդպէս կարծեցի: Բայց մէկ կամ երկու օր ետք չարամիտ մը բռնեց զիս ու ըսաւ, թէ Ռէյին կինը անպատճառ սիրող մը ունէր եւ ուրախ եղաւ, որ մէջտեղէն վերացաւ:
– Լռէ՛, անպիտա՛ն, յիշէ՛, որ օր մը դուն ալ հոգի պիտի տաս…
***
Այս մահէն ետք հաշիւ տալու հաւատալս արդեօք չի՞ նշանակեր, թէ ես ալ բանի մը,- թէեւ` անորոշ,- կը հաւատամ…
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ