Ու Ես Կ՛երթամ…
Խաչի Ճամբուն Զոհը
Խաչի ճամբուն վրայ մահուան շատ մը վտանգներէ փրկուեցայ, եւ սակայն մարդոց գրոհին իբրեւ ճարակ` խաչի ճամբուն վրայ զոհուելու: Ու ես կ՛երթամ…
Երկար տարիներէ ի վեր խաչի ճամբորդութիւնը կը շարունակեմ: Այս պաշտօնը ամուսնացեալ կրօնաւորի մը համար չափազանց դժուար է… ընտանիքի, զաւակներու եւ մանաւանդ ապրուստի հոգերով բեռնաւորուած գաւառացիներու բազմատեսակ կարիքներուն գոհացում կարենալ տալու համար իսկապէս պէտք է զոհուիլ:
Առաքելութեան գլխաւոր ու դժուարին հարցը այն է` գաւառացիին սորվեցնել, թէ իր եկեղեցին ընդհանուր քրիստոնէութեան պատուաւոր ու գլխաւոր մէկ անդամն է: Անատոլուի մէջ միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ մեր այս իրաւունքը կ՛ուրացուի… օտար քահանաներ մեր ներկայութենէն չեն ախորժիր. անոնք նիւթական շահագործումի համար մերոնց բարեւ կու տան: Անկէ դուրս` անարգանք եւ ստորագնահատում…
Անոնց դէմ իմ պաշտպանողական, երբեմն ալ դիմադարձութիւններուս արդիւնք էր, որ 23 մայիսին մեր պատրիարքարանին մէջ դատավարութիւն մը տեղի ունեցաւ: Այս դատավարութեան մանրամասնութիւնները ծանօթ են ընթերցողներուս:
Ընտանիքս ու զաւակներս թողելով, Եկեղեցիիս արժանապատուութիւնը պաշտպանելու աշխատութիւններուս իբրեւ վարձք, նիւթական հասոյթներու զրկումով վարձատրուեցայ: Արդար հատուցում…
Ծառայութիւն մը երկու կերպով կը վարձատրուի: Առաջինը` նիւթականով, երկրորդն ալ` բարոյական գնահատանք: Առաջին արդար վարձատրութիւնը ստանալէ ետք երկրորդն ալ նոյն հիման վրայ հատուցուեցաւ:
Գաւառ երթալովս Ս. Խաչ եկեղեցին առանց քահանայի չէր կրնար մնալ. ի հարկէ հոն քահանայ մը պիտի նշանակուէր: Եւ Թոփգափուի քահանան Ս. Խաչ բերուեցաւ: Մինչեւ հոս դիտողութեան արժանի բան մը չկար: Եւ սակայն այդ քահանային ցոյց տրուած բացառիկ գնահատանքները մեզ զարմացուցին…
Երբ Շահան եպիսկոպոսին այս վարուելակերպին պատճառը հարցուցի.
– Ս. Խաչ եկեղեցին գանձատուն ունի, որովհետեւ այս քահանան ալ լուսարարութենէ հասած է, ուստի այս եկեղեցին օգտակար կ՛ըլլայ,- պատասխանը առի:
Մաքրութիւնը առաւել կամ նուազ չափով ամէն մարդ կրնայ ընել, եւ սակայն լուսարար մը ուրիշին ընելիքը չի կրնար ընել. եւ մնաց որ, այս լուսարարը` Մկոն կը գործէ… Այս ընթացքը ձեւով մըն ալ տգիտութիւնը քաջալերելու համազօր է:
Շահան եպիսկոպոսը խօսակցութիւնը վերջացնելու համար իր վերջին թելադրութիւնը ըրաւ.
– Տէ՛ր Շաւարշ, անխելքութիւնը ձգէ, տոպրակդ լեցնելու աշխատէ:
Այո՛, նոր կարգախօսը ես ալ սորվեցայ. «Կեր, արբ, ուրախ լեր…»:
Դարձեալ Շահան եպիսկ., իր հին ու մին մէկ բարեկամը` Յարութիւն Չոպանեանը աւագ սարկաւագ ձեռնադրեց: Այս կարգադրութեան դէմ 20/4/1967-ին Կրօնական ժողովին, 22/4/1967-ին ալ Թաղական խորհուրդին բողոքագիրներ տրուելէն զատ, մամուլին մէջ ալ օրէնքի տրամադրութեան արգելքներն ու անպատեհութիւնները մատնանշելով ընծայացուին անարժանութիւնը ցոյց տրուելով հանդերձ, անիկա Ս. կոչումի հրաւիրուեցաւ:
Շահան եպիսկ. շատ լաւ գիտէր, թէ Յարութիւն Չոպանեան ուրիշներու հետ սրդողած էր: Ինչո՞ւ համար ընծայացուն չխրատեց, որպէսզի նախ երթայ, հաշտուի եւ ապա Ս. խորհուրդին մօտենայ…
Օրհնուած աղի տեղ դառնութեան բաժա՜կը ըմպած, խաչի ճամբուն վրայ մատաղ ըլլալու` ու ես կ՛երթամ…:
ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ
