«Եփրեմեան» Միջնակարգ Վարժարանի
Տարեփակի Հանդիսութիւնը
Շաբաթ, 24 յունիս 2067-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ նախագահութեամբ տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանի, տեղի ունեցաւ «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի տարեփակի հանդիսութիւնը:
Իբրեւ միակ յայտագիր` խուռներամ ներկաները հաճոյքով դիտեցին վարժարանի աշակերտութեան գունաւոր շարժանկարը:
Արդարեւ, տարւոյն սկիզբէն վարժարանի տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցեր էր աշակերտները շարժանկարի առնել` զանազան առիթներով ու ձեւերու մէջ. տօնակատարութիւններ, զբօսանք, դաս, Ս. հաղորդութիւն եւ այլն:
Իւրաքանչիւր ծնող իր հոգեհատորը տեսաւ այդ շարժանկարին մէջ, որ իբրեւ երեւոյթ` բոլորովին նորութիւն մըն էր:
Շարժանկարի ցուցադրութեան միջոցին ներկաները ունկնդրեցին տնօրէնութեան զեկուցումը, որմէ ի յայտ կու գար.
Վարժարանը այս տարի միայն ունեցեր է 80 նորեկ աշակերտ: Միջնակարգը կը հաշուէ 31 հոգի:
Ծնողներուն հետ կապը եղած է սերտ: Կազմակերպուած է 4 ընդհանուր, 12 մասնակի ժողովներ ծնողներուն հետ: Ծնողներուն ղրկուած է 30 շրջաբերական:
Աշակերտները ունեցեր են ատենամարզանքի դրութիւն, շաբաթական հերթով, որոնց ընթացքին բեմէն ելոյթ ունենալու վարժութիւն ձեռք ձգեր են:
Վարժարանը այս տարի Հայաստանի Սփիւռքի կապի կոմիտէութենէն ստացեր է մեծ արժողութեամբ տարրալուծարան:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն` 750 տոլար արժողութեամբ աշակերտական գրադարան:
Աշակերտներու առողջութեան հսկած են «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկութիւնն ու վարժարանի պատուակալ բժիշկ տոքթ. Զաւէն Լուռեանը: Բոլոր աշակերտները ապահովագրուած են արկածի դէմ, վարժարանէն ներս:
Այս տարի կարելի եղած է վարժարանը սեփականատէր դարձնել նոր շէնքի մը, որ հաւանօրէն յառաջիկայ տարի իսկ կարելի ըլլայ տրամադրութեան տակ դնելու մանկապարտէզին:
Արագ, նման հաստատումներէ ի յայտ կու գար, որ վարժարանը բոլորած է բեղուն տարի մը եւս:
Շարժանկարի ցուցադրութենէն ետք վարժարանի տնօրէնը, պրն. Երուանդ Տեմիրճեան, բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ իր սրտանց գոհունակութիւնը բանաձեւելէ ետք տարուած աշխատանքին ու բերուած նորութեան ի տես` ծաղիկ դասարանի վկայականները բաժնեց:
Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մանաւանդ սերթիֆիքայի վկայականներու բաշխումը: Արդարեւ, 1964-65 սերթիֆիքայի քննութեանց յաջողեր էին վարժարանէն հինգ հոգի. 1965-66` վեց հոգի: Իսկ 1966-67 յաջողածներուն թիւը բարձրացեր էր 18-ի:
Աստիճանական ու յարաբերական յաջողութիւնը, նոյնինքն տնօրէնին բացատրութեամբ, կրթարանը կը դնէ աւելի լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ` մնայուն դարձնելու այս յառաջդիմութիւնը, որուն համար Եփրեմեան ընտանիքի գործակցութեան ոգին մեծ գրաւականներէն կը մնայ:
Սրբազան հայրը, երկրորդ անգամ ելոյթ ունենալով, կրկին շնորհաւորեց շրջանաւարտները, Թաղական խորհուրդը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ` ծնողները, որոնք միասնական գործակցութեամբ, լռիկ-մնջիկ, շրջանին մէջ տակաւ կը բարձրացնեն յուսադրող, աւանդապաշտ նկարագրով, բոլորին սիրելի հայկական միջնակարգ վարժարան մը եւս:
Ներկաները բաժնուեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով:
Հ.
Այս տարի, սերթիֆիքայի մէջ, «Եփրեմեան» վարժարանէն յաջողած աշակերտներն են. Պէրպէրեան Վահէ, Չագրեան Յասմիկ, Առաքելեան Ռոստոմ, Գազանճեան Յակոբ, Յովսէփեան Համբիկ, Պաղչեճեան Գառնիկ, Պլեան Ժանօ, Ազնաւորեան Զապել, Էքմեքճեան Հայկուհի, Լեհիմճեան Սօսի, Շահապեան Հայկուշ, Պալեան Անի, Պարոնեան Վարդուհի, Պուտուսեան Զապել, Տեմիրճեան Շողիկ, Փափազեան Անի, Շիրինեան Ռազմիկ, Ազնաւորեան Արմինէ:
Ակնարկ
Մենք…
Ստեղծուած վերջին տագնապին առիթով մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով ու բոլոր ճակատներէն իջաւ հրապարակ եւ քաղաքացիական լրիւ գիտակցութեամբ խոստացաւ իր բարոյական եւ նիւթական բոլոր միջոցներով մասնակցիլ յարձակման ենթարկուած արաբական հայրենիքին մղած պայքարին:
Միահամուռ կամք մը դրսեւորող այս գեղեցիկ պատկերին ի տես` մենք չուշացանք արձանագրել ընդհանրական գոհունակութիւնը:
Արդարեւ, տագնապի բուռն օրերուն, ինչպէս նաեւ պատերազմին պատճառով ստեղծուած կացութիւններուն առջեւ պարզուեցաւ իսկոյն, որ մենք հատուածներէ բաղկացած սոսկական գործօններ չենք, կուսակցութիւններէ կազմուած միաւորներ չենք, ազգ ենք եւ հրամայական պահերու գիտենք մեր կամքը արտայայտել ազգովին:
Այս կամքը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ ընթերցողին մէջ, երբ կարդաց Հայ բարեգործական միութեան 24 յունիսին ըրած յայտարարութիւնը:
Պաղեստինի աղէտեալներուն հինգ հազար լ. ոսկի եւ որոշ քանակութեամբ սննդեղէն յատկացնելու լուրը տալէ ետք, Բարեգործականը կը ծանուցէր.
«Ներկայիս նկատի ունենալով, որ պետական որոշումով հանգանակութիւնները պէտք է կատարուին համայնքային դրութեան վրայ, եւ նկատի ունենալով, որ Ազգային առաջնորդարանը արդէն իսկ ձեռնարկած է հանգանակութեան, ՀԲԸ Միութիւնը կ՛որոշէ դադրեցնել իր նուիրահաւաքումը` յանձնարարելով մեր ժողովուրդին, որ լրիւ կատարէ իր քաղաքացիական եւ հայրենասիրական պարտականութիւնը»:
Այստեղ կարեւորը նախաձեռնութիւնը չէ անշուշտ, կրնար առաջնորդարանը ինքը յայտարարութիւն մը ընել եւ գործին ղեկավարութիւնը վստահիլ Բարեգործականին: Կարեւորը ոգին է` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն մարդկութեան ներկայանալու կամքը:
Երբ մենք մեզի ըլլանք, կրնանք տակաւին «ես» ըսել ու քալել, «դուն» ըսել եւ խոժոռիլ, բայց գեղեցիկ է հաստատել, որ մեր պատմութեան ամբողջ երկայնքին, բոլոր վճռական պահերուն գտած ենք ու արտասանած բառերուն ամէնէն գեղեցիկը` ՄԵ՛ՆՔ:
XX