Հայ Դատի
Աշխատանքները
Հետապնդելով Հայ դատը` մեր բուն նպատակն է հնարաւոր բոլոր միջոցներով տեւաբար արծարծել եւ պահանջել աշխարհէն անառարկելի իրաւունքը հայ ժողովուրդին` ունենալու իր ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքը: Ամբողջական ազգութիւն` միացեալ Հայաստանի մէջ:
Հայ ժողովուրդը զոհն է Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութեան: 1893-էն մինչեւ 1922, միայն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ջարդուած են մէկ միլիոն ինը հարիւր յիսուներկու հազար ութ հարիւր վաթսուն հայեր: Իսկ 1918-էն մինչեւ 1920, նոյն թուրքին ձեռքով, Անդրկովկասի մէջ կոտորուած են երեք հարիւր երեսունվեց հազար հայեր:
Քսանինը տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է 2.288.860 մարդկային կորուստ: Թուրքի ցեղասպան այդ արարքին պատճառով մէկ միլիոնէ աւելի հայեր կ՛ապրին արտասահմանի մէջ` ենթակայ ձուլումի վտանգին:
Գոյութիւն ունի եւ երկրորդ սփիւռքը, որ կազմուած է Հայաստանէն դուրս` Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին ցրուած հայերէ` թիւով շուրջ մէկ եւ կէս միլիոն: Ասոնց մէկ մասն ալ ենթակայ է ձուլումի վտանգին:
Հինգ միլիոն հայութեան միայն քառասուն առ հարիւրն է, որ կը գտնուի մայր հայրենիքին մէջ` զերծ ձուլումի վտանգէն:
Երբ փոքրիկ ժողովուրդի մը քանակին վաթսուն առ հարիւրը հայրենիքէն դուրս կը գտնուի, մտահոգիչ է անոր ապագան: Որքան ալ որ գուրգուրանք գոյութիւն ունեցող փոքրիկ Հայաստանի վրայ եւ ուրախութեամբ ողջունենք անոր վերելքը տնտեսական ու մշակութային մարզին մէջ, ան չ՛ապահովեր ցան ու ցրիւ հայութեան միացումը եւ ամբողջացումը:
Չ՛ապահովեր, որովհետեւ չունի քաղաքական եւ հողային հնարաւորութիւններ: Հայութեան հաւաքումը եւ ամբողջական ազգութիւն կազմելը կարելի է, երբ ատոր համար բաւարար չափով հող կայ եւ գործելու ազատութիւն:
Այլ խօսքով, ազգի մը գոյութիւնը եւ յարատեւումը պայմանաւորուած է անոր անկախութեան հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք կը պահանջենք ազատ եւ անկախ հայրենիք եւ հետապնդելով Հայ դատը` կը ջանանք, որ իրականութիւն դառնայ Սեւրի դաշնագրով, եւ` այդ դաշնագրին կցուած, Ուիլսընեան սահմաններով հայ ժողովուրդին իրաւականօրէն տրուած ամբողջական Հայաստանի գաղափարը:
Որպէսզի հայ ժողովուրդը կարողանայ ամփոփուիլ իր հայրենի հողին վրայ եւ տէրը դառնայ իր ճակատագրին, ոչ մէկ խօսք, որ այդ գաղափարին իրականացման համար նպաստաւոր չեն քաղաքական ներկայ պայմանները: Սակայն պատմութիւնը երբեք տեղքայլ չ՛ըներ. ան յարատեւ շարժման մէջ է եւ անվերջ ենթակայ` փոփոխութեանց: Վաղը կրնան քաղաքական դէպքերը դասաւորուիլ ի նպաստ Հայ դատի: Կարեւորը այն է, որ հաւատանք մեր Դատի արդարութեան եւ միշտ պատրաստ գտնուինք ու գործենք:
Այս ուղղութեամբ, վերջին ամիսները կարեւոր աշխատանքներ տարուեցան:
Սկսուած աշխատանքները աւելի արդիւնաւորելու համար անհրաժեշտ են յարատեւութիւն եւ բոլոր հայերու բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը:
«Արմենիա»
Ազգային Ոգի, Միասնականութիւն
Եւ Ապրելու Վճռակամութիւն
Ազգային ազատութիւնը եւ անկախութիւնը գերագոյն բարիքներ են, որոնք սահմանուած են ապահովելու եւ երաշխաւորելու համար ժողովուրդների ազգային ուրոյն եւ ազատ գոյութեան անվտանգութիւնը:
Պիտի գիտնալ սակայն, որ ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, որպէս ազգապահպանման գերագոյն բարիքներ եւ որպէս մի եւ միակ երաշխիքները` ազգային յարատեւութեան ու երջանկութեան, չեն ընկնում երկնքից, չեն տրւում ուրիշների կողմից, եթէ այդ ուրիշները չունեն անմիջական շահագրգռութիւն, այլ ձեռք են բերւում, նուաճւում են` շնորհիւ ազգային ոգու, ազգային միասնականութեան, ապրելու եւ յարատեւելու վճռակամութեան ու կամքի:
Յաղթել ենք, երբ միասնական ենք եղել: Դիմագրաւել ենք մահացու վտանգը, երբ երեւան ենք բերել մեր ազգային ազատատենչ ոգին: Տիրացել ենք մեր ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին` երբ ցուցաբերել ենք վճռակամութիւն:
Յանուն մեր ժողովրդի ազգային գերագոյն շահերի, յանուն մեր ժողովրդի ազգային, քաղաքական եւ պատմական իրաւունքների վերանուաճման` վերջ պիտի տալ յարմարուողական եւ հաշտուողական հոգեվիճակին եւ մտաւորութեան, որոնք մահացու են մեր ժողովրդի համար եւ, ընդհակառակը, շատ նպաստաւոր` մեր թշնամիների քաղաքականութեան համար:
Մէկ սիրտ, մէկ հոգի, մէկ ոգի եւ ազգային միասնականութեամբ ու վճռակամութեամբ պայքարի դուրս գանք, բախենք հնարաւոր բոլոր դռները, դիմենք կարելի բոլոր միջոցներին, որպէսզի կարողանանք ապահովել մեր ժողովրդի ապրելու իրաւունքները:
Չկան քաղաքական ո՛չ բացարձակապէս նպաստաւոր եւ ո՛չ էլ բացարձակապէս աննպաստ պայմաններ, կան սակայն այդ պայմաններից լաւապէս օգտուելու հնարաւորութիւններ եւ կարողութիւններ:
Ազգային ոգին, ազգային միասնականութիւնը եւ ազգային վճռակամութիւնը հանդիսանում են այն հիմնական եւ առաջնահերթ գործօնները, որոնք սահմանուած են լուծելու համար Հայ դատը եւ վերջ տալու մեր ժողովրդի անազատ, կախեալ, ցիր ու ցան եւ վտանգուած գոյավիճակին:
«Ալիք»