Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1967)

Յուլիս 18, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրուան Դէպքերուն Հետ

Միջին Արեւելքի Քարիւղը
Աստուածաշնչական
Շրջանէն Մինչեւ Այսօր

Նոյ Նահապետ Եւ Դանիէլ Մարգարէ

Ս. Գիրքը կ՛ըսէ, որ Նոյ իր տապանը ծեփեց կուպրով, իսկ ըստ աւանդութեան, Նոյ այդ կուպրը հաւաքած է Տիգրիսի եզերքէն: Դանիէլ մարգարէն կը պատմէ, որ Տիգրիսի կողմերը գետնէն հուր կը ժայթքէր: Արդ, ինչ որ կ՛ըսէ Դանիէլ, այսօր ապացուցուած է: Պարզապէս կազային ջրածնային նիւթեր են, որ կը բռնկին, եւ նախնական ժողովուրդները զանոնք նկատելով գերբնական ուժի մը արտայայտութիւնը` խորունկ պատկառանք կը զգային:

Երեսուն դար անցած է այդ օրերէն ի վեր: Միջագետքի այդ հողերը միշտ ուշադրութիւն գրաւեցին: Վաչկատուն ցեղեր կը ժողվէին այն խորհրդաւոր թանձր հեղուկը, որ իրենց կը ծառայէր իբրեւ համայնաբոյժ եւ վառելանիւթ, իսկ Տիգրիսի եւ Եփրատի մակուկավարները անկէ կը պատրաստէին կուպր եւ անթափանցելի կ՛ընէին ոզորենիէ շինուած իրենց մակոյկները:

Ներկայ դարուն սկիզբն էր, որ Միջագետքի քարիւղը համաշխարհային խնդիր մը դարձաւ, երբ հրապարակ եկաւ նոր զելանտացի Ուիլիըմ Ք. տ՛Արսի, այսինքն այն անձը, որ երեւան հաներ էր նախապէս պարսկական սահմանագլուխին վրայ գտնուող նաւթի երակները: Տ՛Արսի դիմեց թուրք կառավարութեան` ձեռք բերելու համար Միջագետքի նաւթին մենաշնորհը, իսկ Գերմանիա, որ այդ օրերուն մեծ ազդեցութիւն ունէր Պոլսոյ մէջ, կ՛աշխատէր իր հաշուոյն ձեռք բերել նոյն մենաշնորհը: Բրիտանական եւ գերմանական շահերուն միջեւ բուռն պայքար մը սկսաւ. այդ պայքարին խառնուեցան ամերիկեան շահերը, զորս կը ներկայացնէր զօր. Չիսթըր:

1914 յունիս 30-ին, այսինքն` Ա. պատերազմէն քիչ առաջ, համաձայնութիւն գոյացաւ անգլիացիներուն եւ գերմաններուն միջեւ, եւ կազմուեցաւ «Թրքիշ փեթրոլիում ընկ.»-ը, որ Բարձրագոյն դուռէն ստացաւ Մուսուլի եւ Պաղտատի նահանգներուն մէջ գտնուող բոլոր նաւթահորերուն մենաշնորհը: Համաձայնականներուն յաղթանակը Միջագետքէն դուրս ձգեց գերմանները: Անոնց տեղը անցան ֆրանսացիք, եւ խնդիրը աւելի կնճռոտեցաւ: Ֆէյսալ թագաւորին կառավարութիւնը հաստատեց նախկին ընկերութեան առանձնաշնորհումը: Ընկերութիւնը իր անունը փոխեց եւ կոչուեցաւ «Իրաք փեթրոլիում քեմփընի», որ կազմուած էր անգլիական, ֆրանսական եւ ամերիկեան խմբակներէ: 1928-ին ստորագրուեցաւ նախնական համաձայնագիրը անոնց միջեւ: Հարիւրին հինգ բաժին հանուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի` նկատողութեան առնուելով անոր նախկին իրաւունքները, իսկ միւս բաժինները, այսինքն հարիւրին 95-ը կ՛առնէին մնացեալ խմբակները: Ֆրանսայի բաժինը կ՛ըլլար 23,75, Միջագետքի քարիւղի շահագործման մէջ: Դիւանագէտներուն կը մնար այլեւս գործը յանձնել ճարտարագէտներուն: Ասոնք բանակցութեան վախճանին չէին սպասած արդէն գործի ձեռնարկելու համար: 1925-ի աշնան 12 երկրաբաններէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը պատրաստեց շահագործելի շրջանին յատակագիծը եւ նշանակեց այն տեղերը, որ հորեր պիտի բացուէին` քարիւղը դուրս ժայթքեցնելու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար: 1927 ապրիլին միայն կարելի եղաւ կատարել խորաչափութիւնը: Աշխատանքները ուշացան, որովհետեւ խիստ դժուարին էին, տեղը անապատային էր եւ ծովէն հեռու. այնպէս որ, շատ դժուարութեամբ կարելի եղաւ փոխադրել պէտք եղած մեքենաներն ու կազմածները: Տասը կէտ որոշուած էր հոր փորելու համար եւ ութ տեղ մէկէն սկսան փորուիլ հորերը: Եւ ապա 1927 հոկտ. 14-ին, Քերքուք քաղաքին մօտ, Պապա Կուռկուռ կոչուած տեղը, 465 մեթր խորութենէ եւ առանց կանխաւ որեւէ նշան տեսնուած, ըլլալու, յանկարծ պոռթկաց նաւթը սարսափելի ուժով եւ բովանդակ թափով` դէպի վեր խոյանալով իր ստորերկրեայ բանտէն: Խորաչափութիւնը կատարող ամերիկացի ճարտարագէտները եւ բանուորները վերէն վար մինչեւ իրենց ոսկորները թրջուեցան թանձր իւղոտ հեղուկով: Երեք օր ի զուր ջանք եղաւ նաւթին ժայթքումին թափը կասեցնելու: Հաշիւ եղաւ, որ 24 ժամուան մէջ 90 հազար տակառ, այսինքն 12 հազար թոն նաւթ կը ժայթքէր, շատ մեծ հարստութիւն մը, զոր պէտք եղաւ իր բախտին ձգել` կարելի չըլլալով իրագործել ժայթքած նաւթը դարձեալ իր հորին մէջ թափելու ծրագիրը: Կովկասցիք այսպիսի պարագաներու մէջ, այսինքն մէկու մը համար, որ կը յաջողէր նաւթի երակ մը գտնել եւ թանկագին հեղուկը վեր ժայթքեցնել, «ֆոնթանը խփեց» կ՛ըսէին:

Մուսուլի քարիւղը շահագործել ուզողներն ալ ֆոնթանը խփեցին, բայց չյաջողեցան անմիջապէս զսպել իր բանտէն խոյս տուող հեղուկը եւ զայն վերածել ոսկիի: Բայց ի վերջոյ մարդկային հանճարը կրցաւ զսպել ժայթքումին ուժը: Ահագին քանակութիւնով քարիւղ վազեր էր դէպի շրջակայ ցած հողերը եւ կը սպառնար ահաւոր աղէտ մը յառաջ բերել, որովհետեւ այդ վազող գետը կրնար յանկարծ բռնկիլ եւ մինչեւ Տիգրիս ահագին հնոց մը ձեւացնել: Ուստի, արգիլելու համար այդ հեղուկին հասնիլ մինչեւ Տիգրիս, թումբեր ու խրամներ շինուեցան, հեղեղին ընթացքը կանոնաւորուեցաւ, զսպուեցաւ եւ ջուրերը վազցուցին դէպի անջրդի հովիտ մը եւ այնտեղ կրակ տուին անոր: Օդը ցնդեցաւ խոշոր հարստութիւն մը, բայց յաղթանակը շահուած էր: Իրականութիւն էր այլեւս Միջագետքի քարիւղը: Երեք խմբակները` ֆրանսական, անգլիական ու ամերիկեան, որոնց յարած էր նաեւ ուրիշ ֆրանսական ընկերութիւն մը, միացուցին իրենց դրամագլուխները եւ սկսան գործի:

Յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին 32 հոր եւս փորուեցաւ Քերքուքի շրջանին մէջ:

Այնուհետեւ ծագեցաւ ուրիշ կարեւոր խնդիր մը: Ահագին քանակութեամբ քարիւղը ինչպէ՛ս փոխադրել Քերքուքէն մինչեւ Միջերկրական, այսինքն` 850 քիլոմեթր: Այսպէս երեւան եկաւ քարիւղը խողովակներով մինչեւ ծովեզերք հասցնելու հարցը:

Խողովակներով ճամբայ (փայփ լայն) շինելու գրութիւնը ընդունուեցաւ: «Իրաք Փեթրոլիում ընկերութիւն»-ը ահագին ծախք ըրաւ իր ձեռնարկին համար, մօտաւորապէս` մէկ միլիառ ֆրանք: Անգլիական ճամբուն շինութիւնը մեծամեծ դժուարութիւններ կրեց, որովհետեւ կ՛անցնէր անմարդաբնակ, անապատ, անջրդի եւ խորտուբորտ վայրերէ, ուր մինչեւ 700 մեթր բարձունքներ կը գտնուէին: 1900 քիլոմեթր խողովակ զետեղուեցաւ, 116 հազար թոն ծանրութեամբ: Եւ որովհետեւ այդ ահագին հեռաւորութեան մէջ ջուրը կը պակսէր, հարկ եղաւ բազմաթիւ ջրհորներ բանալ, նոյնիսկ` ջրուղիներ, որոնցմէ մէկը` 27 քիլոմեթր երկարութեամբ:

Իսկոյն գործունէութեան մտան 116 հազար թոն խողովակներ փոխադրելիք անապատագնաց ինքնաշարժները, խրամներ փորող մեքենաները: Քիչ ատենի մէջ լրացաւ շինութիւնը 1800 քիլոմեթրի վրայ հեռագրային եւ հեռաձայնային նոր գիծերու, որոնց համար գործածուեցան 25 հազար ձող, վեց հազար քիլոմեթր թել, 120 հազար կղզիացուցիչ պոպին:

Խողովակային այս ճամբան լրացաւ մասամբ 1934-ի ամրան: Եւ Միջին Արեւեքի քարիւղը իր ամբողջ կարեւորութեամբ սկսաւ գրաւել եւրոպական հրապարակները եւ կենսական հարց մը նկատուիլ Արեւմուտքի համար:

Երբ նկատի առնենք, որ միջինարեւելեան ծովեզերքէ մը մինչեւ Մարսէյ քարիւղատար նաւ մը 740 մղոն տեղ միայն ունի կտրելիք, մինչ Թեքսասէն, Լոս Անճելըսէն կամ Փանամայէն եկող նաւ մը մինչեւ Մարսէյ հասնելու համար 5430-7975 մղոն տեղ պիտի կտրէ, պիտի կրնանք շուտով հետեւցնել այն մեծ դերը, զոր կը կատարէ Միջագետքի քարիւղը Եւրոպայի համար:

Գ. Ս. Գ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Աւելցած Է Պանդոկներու Թիւը. Որքա՜ն Շքեղ Սենեակներ Կան Հայաստանի Պանդոկներու Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?