Վնասակար Բաներ
Մինչ Մէկուն Կը Յարմարի…
– Ի՞նչ ընեմ, կը խրատեմ, կը պատժեմ: Հայրը երբ ծեծելու սկսի, ուղղակի կ՛արիւնէ: Կրկին ընելիքը կ՛ընէ: Շուարած եմ, դո՞ւք ինչ խորհուրդ կու տաք:
– Նուէր կը խոստանաք, ուզածը աւելիով կու տաք, բան մը պակաս չենք ձգեր, կը մնայ եղածին պէս: Արդէն նիհար է, բան չ՛ուտեր, պատժուելու չի գար…
Մէկը խստութեան, միւսը ներողամտութեան օրէնքը կը կիրարկէ: Երկուքն ալ դժգոհ են արդիւնքէն: Անպայման որ ԵՐԲԵՄՆ կը փորձուի ՄԻՒՍ ձեւը: Սակայն` երբեմն: Ու այդ «երբեմն»-ը անպտուղ կը մնայ:
Կը մոռցուի յաճախ կարեւոր ուրիշ ազդակ մը: Եթէ խիստ էք, ինչո՞ւ խիստ էք: Ի՞նչ կը սպասէք ձեր զաւկէն, որ չի տար: Ո՞ր չափով ԱՐԴԱՐ է ձեր սպասածը: Խորհա՞ծ էք այդ մասին:
Այն, ինչ որ դուք համբերութիւն կը նկատէք, արդեօ՞ք համբերութիւն է, բնականոնութիւն չէ: Ի՞նչն է ձեզ մղողը, որ մտածէք, թէ ՀԱԿԱՌԱԿ ձեր համբերութեան` արդիւնքը կը մնայ նոյնը: Ո՞ր արդիւնքը:
Յարաբերաբար որո՞ւն կը կարծէք, որ ձեր զաւակը չի քալեր:
Դասարանի՞ն, դրացիի տղո՞ւն (Ա՜խ այդ դրացիի տղան), ձեզի՞, ձեր գերդաստանի՞ն, թէ՞ նոյնինքն ձեր տղուն:
Մտածա՞ծ էք երբեւիցէ, որ ձեր տղան միայն կը ՆՄԱՆԻ ուրիշ տղոց: Դուք ալ կը նմանիք մարդոց, ոմանց` շատ, ուրիշներու` քիչ: Սակայն կը ՆՄԱՆԻՔ:
Դասարանի՞ն, դրացիի տղո՞ւն (ա՜խ այդ դրացիի տղան), ձեզի՞, ձե՞ր գերդաստանի՞ն, թէ` նոյն ինքն ձեր տղուն:
Մտածա՞ծ էք երբեւիցէ, որ ձեր տղան միայն կը ՆՄԱՆԻ ուրիշ տղոց: Դուք ալ կը նմանիք մարդոց, ոմանց` շատ, ուրիշներու` քիչ: Սակայն կը ՆՄԱՆԻՔ:
Նմանիլ` չի նշանակեր ճշգրտօրէն տուեալ բանի մը ՊԷՍ ըլլալը: Ընդհակառակն, նմանիլ կը նշանակէ բանի մը պէս ըլլալ ու ՏԱՐԲԵՐԻԼ միաժամանակ: Նմանիլ բային մէջ մտած է ՏԱՐԲԵՐ ըլլալու իրողութիւնը: Այլապէս պիտի չըսէինք` ԿԸ ՆՄԱՆԻ, այլ պիտի ըսէինք` է:
Ձեր տղան ուրիշ տղոց կը նմանի. ուրիշ տղայ չէ: Ձեր տղան ձեզի կը նմանի, բայց նոյնը չէ:
Այս պատճառով բացատրելի է ԱՆՀԱՏԸ, որ կը նշանակէ չբաժնուող, չհատանուող: Յարաբերաբար այս իրողութեան` ԱՆՀԱՏ բացատրութիւնը կը մնայ ի զօրու. անհատը յարաբերաբար ինքն իրեն` հատանուող է այլապէս:
Ուստի, սխալ է արագ հաստատումներ ու սպասումներ բանաձեւել ԲՈԼՈՐէն, ու բոլորին հաշուոյն ՄԻԱԿԵՐՊ գործելակերպ, ապրելակերպ որդեգրել:
Տղայ մը չի հասկնար այս բանը, կրնայ հասկնալ ուրիշ բան մը:
Կենսականը այս բոլորին մէջ տղան քննելն է յարաբերաբար նոյն ինքն տղուն: Ոչ թէ` յարաբերաբար քննողին, կամ շրջանակին: Այդ քննութենէն ետք ինքնաբերաբար պիտի գտնուի մղելու, պտղեցնելու կերպի լաւագոյն օրէնքը:
Այդ պարագային խստութիւնն ու համբերութիւնը կրնան տեղ փոխել, կամ` նոյնիսկ երկուքով ջնջուիլ:
Քննելէ ու վճիռ տալէ առաջ հարկ է քննուիլ…
ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ
Հայաստան
Ծովանկարիչ Այվազովսկի
Երեւանի մէջ ի մօտոյ լոյս պիտի տեսնէ «Այվազովսկի» խորագիրը կրող հատոր մը, որուն բովանդակութեան մասին քանի մը ծանօթութիւններ` ահաւասիկ.
Հատորը կը բովանդակէ 300 փաստաթուղթեր, շատերը` անտիպ:
Փաստաթուղթերէն մէկն է նկարիչին ծննդեան թուղթը, յայտնաբերուած` Քիշնեւի Թէոդոսիայի եկեղեցիի հայկական մատեանին մէջ. «Գէորգ Այվազեանի որդի Յովհաննէսն ծնուել է 1817 թուականի յուլիսի 17-ին» (հին տոմարով):
Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նկարիչին գրած նամակները զանազաններու: Ներսէս Աշտարակեցիին գրած նամակին մէջ կը դատապարտէ Վատիկանի ժեզուիթներու կազմակերպութիւնը, որուն ներկայացուցիչները Խրիմի հայ համայնքին մէջ երկպառակութիւն կը սերմանէն:
Ուշագրաւ են հայագէտ Նորայր Բիւզանդացիի երեք նամակները, որոնք կը գտնուին Մատենադարանին մէջ: Իմանալով, որ Այվազովսկին եկած է Սթոքհոլմ` ներկայ գտնուելու իր ցուցահանդէսին, Բիւզանդացի զայն կը հրաւիրէ իր տունը: Նամակներէն կը պարզուի, որ ականաւոր նկարիչին միջոցով բարեկամական կապեր հաստատուած են Բիւզանդացիի եւ Կարապետ Եզեանի ու Քերովբէ Պատկանեանի միջեւ:
Այվազովսկիի Սթոքհոլմի ցուցահանդէսի մասին «Փունջ» (Կ. Պոլիս) կը գրէ.
«Լուրեր Սթոքհոլմէն: Իմացանք, որ մեր յայտնի նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի քսան նկարները Սթոքհոլմի մէջ ցուցադրուած են երկու ամսով: Այդ նկարները մեծամասնութեամբ կը պատկերացնեն ծովը (Միջերկրական, Վոսփոր, Սեւ), Սթոքհոլմի թերթերը մեծ գովեստով կ՛արձագանգեն մեր նկարիչին արուեստին եւ այդ առիթով կը տպագրեն հետաքրքրական յօդուածներ հայերու մասին…
«Սթոքհոլմի մէջ Այվազովսկի էթիւտներ է կատարած տեղւոյն ծովափնեայ վայրերէն եւ խոստացած` քանի մը ամիս ետք զանոնք պատրաստել եւ ուղարկել Սթոքհոլմ»:
Մեծ արուեստագէտը գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ընկերային կեանքին: Յայտնի է, որ անոր միջոցով կառուցուած է Թէոդոսիայի ջրմուղը: Իր քանի մը ցուցահանդէսներէն ստացած գումարը 90-ական թուականներուն յատկացուցած է հայերուն եւ յոյներուն:
Յարութիւն Տատեանին (Կ. Պոլիս) ուղարկած նամակին մէջ (1888 սեպտ. 29) Այվազովսկի կը յայտնէ, որ իր քեռորդիէն խնդրած է Փարիզ ուղարկուելիք քանի մը նկարները ցուցադրել Պոլսոյ մէջ, որպէսզի «մուտքի համար ժողովուած փողի կէսիկ ազգօգուտ ձեռնարկութեանց գործածուի»: «Բացի ատկէ, երկու պատկեր կը նուիրեմ հայոց բարեսիրական ընկերութեանց»:
1894-ին Նիւ Եորքէն գրաւոր կը տեղեկացնեն, որ նկարիչը ընտրուած է հոն կազմուած Հայկական միութեան անդամ: Նկարիչը այդ տարիներուն Ամերիկա մեկնած է` մասնակցելու Շիքակոյի համաշխարհային ցուցահանդէսին:
Մեզի հասած հայերէն 15 գրութիւններու տակ նկարիչը իր անունը գրած է` Յօհաննէս, Օհաննէս, Յովհաննէս, իսկ մականունը` Այվազովսկիյ, երբեմն ալ` Այվազեան:
Վ. Ս.