Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1967)

July 21, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Ժընեւի Մէջ Արժանավայել Մեծարանք
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի

Հաղորդած էինք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին հրաւէրով, յուլիս 10:00-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ եւ արժանացաւ փառաշուք ընդունելութեան:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը այցելութիւն մը տուած է Ժընեւի խորհրդարանի նախագահ պր. Շավանի եւ ընդունուած` արտակարգ պատիւներով:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի քարտուղար տոքթ. Պլէյք, Վազգէն Ա.ը պատուած է ճաշկերոյթով:

Փոխադարձաբար, վեհափառ հայրապետը ճաշկերոյթ մը տուած է ի պատիւ տոքթ. Պլէյքի:

Եղած են յիշատակելի փոխադարձ նուէրներ:

Վեհափառ հայրապետը հանդիսաւոր արարողութեամբ պատարագած եւ քարոզած է Ժընեւի Ս. Փիեռ եկեղեցիին մէջ:

Զուիցերիոյ հայ գաղութը եւս պատուած է վեհափառը: Հայկական միութիւնը ճաշկերոյթ մը տուած է: Նոյնպէս, մերձաւոր երկիրներէ բազմաթիւ հայեր Ժընեւ եկած են` օրհնութիւնը առնելու վեհափառ հայրապետին:

 

Հայաստանեայց Եկեղեցի
Շթութկարտի Մէջ

Արեւմտեան Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ գտնուող հայեր, տարին անգամ մը կը մէկտեղուին Շթութկարտի մէջ: Իրենց վերջին հաւաքոյթին ծրագրած են եկեղեցի մը կառուցանել Շթութկարտի մէջ:

 

Լիբանանահայ Երգիչ
Մանուէլ Մելենկիճեանի
Նուաճումները

Լիբանանահայ սիրուած երգիչ Մանուէլ Մելենկիճեան, որ տարի մը առաջ Ֆրանսա մեկնած էր, այժմ վերադարձած է Պէյրութ:

Փարիզի մէջ գտնուած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի շրջանակին մէջ: Անոր թելադրութեամբ ելոյթներ ունեցած է եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած:

Իր ձեռք բերած նուաճումներէն ետք, Մանուէլ Մելենկիճեան պատրաստած է քանի մը ֆրանսերէն եւ երկու հայերէն սկաւառակներ: Հրապարակ պիտի հանէ Պէյրութի մէջ:

Յառաջիկայ ամիս ելոյթ պիտի ունենայ Պէյրութի պատկերասփիւռէն:

Այնուհետեւ շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ դէպի Խորհրդային  Միութիւն եւ Հայաստան:

 

Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի
Հունձքը

Այս տարի Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքէն շրջանաւարտ ելած են 39 հոգի:
Լիսէի բաժին.- Գրական ճիւղէն` 10 հոգի:
Գիտական ճիւղէն` 10 հոգի:
Միջնակարգի բաժինէն` 19 հոգի:

 

Սրտագին Կոչ Զէյթունցի Եւ
Զէյթունը Սիրող Բոլոր Հայերուն

Մոնթեվիտէոյի եւ Սան Փաուլոյի Զէյթունի հայրենակցական միութիւններս միակամ եւ միասիրտ կը նախաձեռնենք պատմական եւ շատ նուիրական երկու պարտականութիւններու կատարման` հանդէպ մեր մոխրակոյտ ծննդավայրին:

Ա.- Տօնակատարել 1895-ի աշխարհահռչակ մեծ Յաղթանակի 75-ամեակին փառատօնը 1970 տարուան ընթացքին, համազգային մեծ շուքով եւ արժանավայելօրէն:

բ.- Նոյն փառահեղ տարեդարձին առթիւ, յաւերժացնել մեր պապերու անմոռաց յիշատակը, մայր հայրենիքի մէջ յուշարձանի մը բարձրացումովը:

Մեր սոյն հայրենանուէր նպատակին գործադրութեան ո՛չ ոքի անմասն ձգելու համար, կոչ կ՛ընենք սփիւռքի զէյթունցի անհատներու, միութիւններու, նաեւ Զէյթունը սիրող բոլոր հայերու, որպէսզի այս ուղղութեամբ իրենց մտքերը ծրագրի վերածելով կարելի եղածին չափ շուտ ուղարկեն մեզի:

Նոյն մտքերու նկատառումովը եւ մշակուած ծրագրային ամփոփումովը պիտի կազմակերպուի գործ եւ աշխատանք:

Վստահ` անհատներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պարտաճանաչութեան եւ հայրենասիրական անվերապահ զգացումներու հանդէպ նախաձեռնուած եւ ստանձնուած պարտականութիւններուն, կը յուսանք արժանանալ բոլորին յուսատու տրամադրութիւններուն եւ դրական քաջալերանքին:

Մոնթեվիտէոյի եւ Սան Փաուլոյի Զէյթունի Հայրենակցական Միութիւններու վարչութիւններ`

Ատենապետներ
ԱՐԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ

Ատենադպիրներ
ՆՇԱՆ ՊԱՏԱՆԵԱՆ
ԱՐՏԱՇԷՍ ՓՈՂԱՍԵԱՆ

Մանրավէպեր
Չրչիլի Կեանքէն

Անգլիական Խորհրդարանի երեսփոխանութեան վերջին տարիներուն, Չըրչիլ իր ետին` իր մասին դարձող խօսակցութիւն մը լսեց.

– Մարդուկը շատ յոգնած է…

Չըրչիլ ետ դարձաւ, նայեցաւ երկու խօսակիցներուն եւ շանթահարեց զանոնք:

– Նաեւ, քիչ մըն ալ խուլ,- ըսաւ զայրոյթով:

* * *

Չըրչիլ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու այն փորձերուն, զորս պիտի կատարէր իր անունը կրող խիստ մեծ հրասայլ մը: Փորձի աւարտին ըսաւ.

– Հիմա կը հասկնամ իրողութիւնը: Այս հրասայլը հուժկու է, բայց թերիներով լեցուն, չես կրնար կառավարել քիթէն բռնած եւ չես կրնար ուզած տեղդ տանիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ «Չըրչիլ» անունը տրուած է անոր:

 * * *

Պատերազմի ընթացքին, Սպիտակ Տան մէջ, հացկերոյթ մը կը տրուէր ի պատիւ Չըրչիլի: Հրաւիրեալներուն մէջ կը գտնուէր մեծ օրաթերթի մը ներկայացուցչուհին: Այս վերջինը սկսաւ Չըրչիլը մեղադրել, թէ անգլիացիները կը խոշտանգեն հնդիկները:

– Աւելի հեռուները երթալէ առաջ, ընդմիջեց Չըրչիլ, ճշդում մը կատարենք: Դուք ո՞ր հնդիկներուն մասին կը խօսիք: Հնդկաստանի՞ հնդիկներուն մասին, որոնք մտահոգիչ համեմատութեամբ աճեցան Նորին Վեհափառութեան հովանիին տակ, թէ՞ Միացեալ Նահանգներու կարմրամորթ հնդիկներուն մասին, որոնք, եթէ չեմ սխալիր, ձեր հայրենակիցներուն կողմէ ամբողջապէս բնաջնջուեցան:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մարդակերտումը Սրբավայրին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.