Յուսավառուիլ,
Հիանալ, Պոռալ…
Իր ստորագրած առաջին էջէն ասդին, ահաւասիկ յիսուն տարի կ՛ընէ, Շաւարշ Նարդունի մնայուն ներկայութիւն մըն է մեր իրականութեան մէջ եւ` իմացական քանի մը ճակատի վրայ ինքզինք պարտադրած հեղինակութիւն մը: Գրական, գիտական, հրապարակագրական, պատմական, լեզուական եւ ուսումնասիրական տարածուն վաստակի մը տէրն է ան այսօր եւ հակառակ եօթնասունին մօտեցող իր տարիքին` երեք անգամ եօթը տարեկան մարդու մը կորովով կը շարունակէ պրպտել, ուսումնասիրել, հիանալ, ջղայանանալ, պատարագել ու… հայհոյել:
Կ՛ուզենք ընդգծել վերը գործածուած բառերէն մէկը` ներկայութիւնը:
Մեզի համար լայն հասկացողութիւն մը կը բովանդակէ ներկայութիւնը, եւ առանձին յարգանք մը ունինք զայն իրենց անունին հետ գործածելու համարձակութիւնը տուող գրագէտներուն հանդէպ, որովհետեւ խորապէս կը հաւատանք, որ ներկայ ժամանակներուն գրագէտը իրաւունք չունի բացակայելու, մեկուսանալու իրաւունք չունի նամանաւա՛նդ սփիւռքի գրագէտը` ան, որուն մտքին պայծառութեան, հաւատքին ու թարմութեան պէտք ունին մեր տարագիր զանգուածները:
Հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալին մէջ ժողովուրդին կարիքներուն համար մեր գրագէտներէն շատերը զոհեցին զուտ գրականութիւնը, եւ այսօր նոր զոհերու եւ զոհողութիւններու խիստ պէտք կայ:
Վերջին տարիներուն Շաւարշ Նարդունի պահանջուած այդ զոհը եղաւ եւ` զոհողութեան սրտառուչ խորհրդանիշը:
Ճառի պէտք ունեցաւ մեր ժողովուրդը ու ճառ արտաասանեց Նարդունի: Լեզուն գիտականացնելու եւ պահելու ուրիշ պէտք մը զգաց, ու Նարդունի նորէն զգացուց իր ներկայութիւնը: Անկախութեան գաղափարը խեղդելու ձգտող փորձեր եղան, խարազանը շաչեցուց ստրկամիտներու մեղկ կռնակին:
Հին աւանդներն ու նոր յայտնագործութիւնները ճանչնալ` քննարկելով, պահել` գուրգուրալով, աճեցնել` պատուաստելով, փոխանցել տակաւին հարազատին ու բարձրացնել` օտարներու համարումին: Նարդունի ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ ինքզինք յանձնած այդ կիրքերուն: Իր գնահատումներուն հանդէպ մէկ-երկու վերապահութիւններ եղան եւ բոլորովին անհիմն չէին վերապահութիւնները, բայց ասոնք չեն կրնար նսեմացնել այն լայնածաւալ վաստակը, որ վերը նշուած մտքի ու սրտի յատկութիւններով իրագործուեցաւ:
Վերջերս արտասանած իր մէկ ճառէն կ՛արտագրենք երկու տարբեր հատուածներ, որոնք անգամ մը եւս կը վկայեն այն հոգիին մասին, որ յուսավառուիլ գիտէ, հիանալ գիտէ եւ իր հիացումն ու յոյսը պոռալ գիտէ:
Գրական Առօրեայ
Մեր Հողերը, Մեր Հողերը…
Իրականին մէջ կենդանին եւս կը սիրէ ազատութիւնը, բայց աննպատակ է այդ ազատութիւնը: Կ՛արհամարհեմ ամէն ազատութիւն, որ աննպատակ է, շինարար չէ, ստեղծագործող չէ: Անտառին մէջ շրջագայող արջին, ծովին մէջ լողացող ձուկին, երկնքի մէջ ճախրող արծիւին ազատութիւնը չէ, որ նպատակ է մեզի, այլ մարդկային ուժերու օգտագործման, ցեղային ընդունակութեանց զարգացման նպաստող ազատութի՛ւնն է միայն ցանկալի:
Ուրեմն, աշխատանքի ազատութիւն, ստեղծագործական անկախութիւն, քաղաքակրթութեան անկաշկանդ յաւելում, ահաւասիկ` օժտուած ժողովուրդներու միակ իտէալը:
Կ՛ուզեմ ձեզի նոր մտածում մը տալ. Աստուծոյ գաղափարը չի կայանար աստուածապաշտութեան մէջ, ռամիկն է, որ այդպէս կը մտածէ: Աստուծոյ գաղափարը կը ծագի աստուածացման ցանկութենէն, երազէն, տենչէն, որ յատուկ է միայն ու միայն մարդուն, երբե՛ք կենդանիին: Կենդանին չի կրնար Աստուած ստեղծել կամ Աստուծոյ գաղափար ունենալ: Մարդն է, որ կը սահմանէ Աստուծոյ գաղափարը: Մարդն է, որ ստեղծուած է աստուածներ ստեղծելու համար: Ահա թէ ինչո՞ւ օժտեալները, այդ տենչով ու ցանկութեամբ, կը պահանջեն ազատութիւն վասն աստուածացման:
Եւ վերջապէս, ազատութեան իտէալն է, աստուածացումի տենչն է, որ ազգերը կը հանեն ազգերուն դէմ` մրցակցութեան եւ գերազանցութեան մղումով, հարսանեկան պարի վերածելով ճակատի՛լը մահուան դէմ: Այսպէս, ազատութիւնը անզսպելի պահանջ մըն է քաղաքակրթութեան, երթ մը` դէպի յաւիտենականութիւն:
Բացէք պատմութեան գիրքերը. եղած են ժողովուրդներ, որոնք կերած-խմած են, ստեղծագործած-բազմացած են, բայց` կորսուած, վասնզի չունէին սրբազան տենչը իտէալ, երազ` որպէսզի զիրենք վեր բարձրացնէին կենդանիներէն:
Ամերիկեան առած մը կ՛ըսէ. «Ձեր կառքը կապեցէք աստղի մը»: Ի՜նչ գեղեցիկ է այս խօսքը. այսինքն ջանացէք միշտ բարձրանալ, կանգնիլ միջակութիւններէն վեր, մի՛ գոհանաք սովորական հաճոյքներով` սեղանի վրայ կամ անկողինի մէջ: Գերագոյն վայելքը ձեզի սահմանուած է անով, որ չմնաք կենդանիի դիրքին մէջ: Արդարեւ, Աստուած ձեզի տուած է երես` վեր նայելու համար, երկինք նայելու համար: Կենդանին կրնա՞յ միթէ նայիլ երկնքին, աստղերուն:
Եթէ թոյլ տաք ինծի սահմանել մարդը եւ կենդանին, պիտի ըսեմ կենդանին ա՛յն է, որ գետնին կը նայի, մարդը ա՛յն է, որ երկինք կը նայի:
Մարդը ստեղծուած է երկինք նայելու համար:
Հայոց ժողովուրդը եւս, ի վկայութիւն մարդկային այդ իտէալական նկարագրին, միշտ նայեր է բարձունքներուն, լեռներուն` երգելով Սաղմոսի բառերով. «Համբարձի զաչս ի լերինս…»:
Հայոց ժողովուրդը, միշտ ի վկայութիւն մարդկային այդ իտէալական նկարագրին, նայեր է լոյսին, նայեր է արեգակին, որ կը բխի երկինքէն եւ ոչ թէ գետնէն, երբ երգեր է քրիստոնէութենէն առաջ եւ քրիստոնէութենէն ետք. «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար…»:
Հայոց ժողովուրդը, միշտ ի վկայութիւն մարդկային այդ իտէալական նկարագրին, չէ կշտացեր մոմին ու ճրագին լոյսով, եւ կանթեղ է կախեր Արագածի վերեւ:
Հայոց ժողովուրդը, միշտ ի վկայութիւն մարդկային այդ իտէալական նկարագրին, երկնաբնակ աստուածներուն կապած իր հաւատքով, աղօթեր է դարեր. «Ազգիս Հայոց ազատութիւն…»:
Հաւատացեր է, որ Աստուա՛ծ միայն կու տայ այդ ազատութիւնը, բայց եւ այնպէս հասկցեր է, որ պէտք է բարձրանայ ի վեր, զոհողութեանց կատարը, ստանալու համար աստուածապարգեւ ազատութիւնը:
Ձրի չէ այդ ազատութիւնը, աղօթքն ալ բաւական չէ: Պայման է կռուի՛լ զոհ տալ, հարազատներու արիւնով գնել ազատութիւնը: Հին օրերու կամուրջ մը շինելու համար ժողովուրդը մատաղ կ՛ընէր իր առողջ ու կոյս աղջիկները, ըստ աւանդութեան, զանոնք ողջ-ողջ կը հիւսէին կամուրջին հիմերուն մէջ:
Ահա թէ ինչո՛ւ հարկ դարձած էր եւ մեզի` զոհել երիտասարդութիւն, զոհել հայր ու մայր, զոհել ամէն բան, արի՛ւն թափել, մէ՛կ նպատակ միայն ունենալով:
Երիտասարդութի՜ւն հայոց, քեզի կը մնայ ճշդել, թէ նաւին ո՞ր ծակն է, որ կը սպառնայ ընկղմել մեզ, ծովամոյն ընել մեզ:
Խելօք նստելու եւ հանգիստ ընելու ժամանակ չէ:
Լսեցէք Հայաստանի երիտասարդութեան ձայնը:
Խելօք չեն նստած հիմա մայր հայրենիքին երիտասարդները: Անցեալ տարի հարիւր հազարներով թափուեր են Երեւանի փողոցները: Կամուրջ քանդող Արաքսն է, որ յորդեր է Երեւանի փողոցներուն մէջ, քաղաքական տարազի վերածեր երկու բառեր եւ աղաղակեր.
Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը…
Այս տարի եւս կրկնուեր են այդ ցոյցերը: Ահա երիտասարդութիւն մը, կ՛արհամարհէ ամէն վտանգ, ամէն սպառնալիք, կը նետուի հրապարակ եւ կ՛աղաղակէ.
Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը…
Արտասահմանի՜ երիտասարդութիւն, ձեր տարեկիցներն են, ձեր եղբայրներն են, ձեր քոյրերն են, որ կ՛արհամարհեն բանտն ու Սիպերիան ու կ՛աղաղակեն Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա:
Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը…
Ի՜նչ կը նշանակեն այս երկու բառերը, պարզ է իմաստը` Մայիս 28: Ամբողջական Հայաստան:
Թող լռեն մեր եպիսկոպոսները, թող լռեն մեր պոլիտիկոսները, թող լռէ Փրատոյի եկեղեցին, «թող լռէ մունջը, անդամալոյծը», իսկ մենք կ՛ըսենք. «Հիմի՞ էլ լռենք»:
Ուրեմն, ձեզի է խօսքս, Մայիս 28-ի զաւակներ, կ՛ուզէք խելօ՞ք նստիլ, ճա՞ռ միայն լսել: Այն ատեն` ափսո՜ս մեզի:
Ոտքի ելեր են ընկերները Երեւանէն եւ կ՛աղաղակեն.
Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը…
Դուք եւս, ժողովո՛ւրդ հայոց, ոտքի՛ ելէք եւ աղաղակեցէք, որպէսզի լսէ հեռուէն Երեւան, թէ չէ՛ մեռեր արտասահման:
Կը հրաւիրեմ ձեզ, ուրեմն, հանդիսականներ` ներսը եւ դուրսը, համայն հայ ժողովուրդը, ոտքի՛ ելէք, ոտքի՜ ոտքի՜ ոտքի՜, ամէնքը ոտքի եւ արձագանգ տուէք Հայաստանի աղաղակին.
Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը…
ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ