50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1967)

Հայ Օգնութեան Միութեան 47-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Հացկերոյթ-Հանդէսը Հայ օգնութեան միութեան համազգային ծաւալով աշխատանքներուն գնահատանքի եւ յարգանքի հանդիսութիւն մը դարձած է այն հացկերոյթը, որ տեղի ունեցած է շաբաթ, 5 օգոստոս, Պոսթընի «Սթաթլըր Հիլթըն» պանդոկին մէջ, ՀՕՄ-ի 47-րդ Պատգամաւորական ժողովին առիթով: Ատենապետած է միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդա Թերզեանը: Իր բացման խօսքին մէջ ան յիշատակած է, որ այս 47-րդ Պատգամաւորական ժողովը որոշուած էր գումարել Պէյրութի մէջ, սակայն պատերազմի ծանօթ տխուր անցուդարձերը գրեթէ վերջին պահուն արգելք հանդիսացած են: Խօսք առած են յանուն ՀՅԴ գերագոյն մարմինին` տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեանը, եւ յանուն ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին` Սեդրակ Մինաս: Ուղերձ կարդացած են «Հայրենիք»-ներու խմբագրութեանց կողմէ` Խոսրով...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1967)

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1967)

«Եղբայրութեան» Զոհ Մեր Հողերը Կամ Թիւերու Վրէժխնդրութիւն Անդրկովկասի հանրապետութիւններու ստեղծման շրջանին, երբ 1936-ի ստալինեան սահմանադրութեամբ վերջնականապէս ճշդուեցան երեք հանրապետութիւններուն եւ ինքնավար շրջաններուն սահմանները, մեծ անիրաւութիւններ գործուեցան մեր հայրենիքին հանդէպ: Անդրկովկասի հանրապետութիւններու ստեղծման շրջանին ազրպէյճանցիները քանակով մօտաւորապէս հաւասար են: Բայց հողերու բաշխումի ընթացքին հայաբնակ վայրեր ձգուած են Վրաստանին եւ Ազրպէյճանին: Ասոր պատճառով ալ Անդրկովկասի 187.740.6 քառ. քիլոմեթր տարածութենէն բաժին ինկած է. Հայաստանին` 30.247.6 քառ. քմ հաւասար` 16,4 առ հարիւր Վրաստանին` 69.525. քառ. քմ հաւասար` 37,3 առ հարիւր Ազրպէյճանին` 85.968 քառ. քմ հաւասար` 46,3 առ հարիւր Մինչդեռ, բնակչութեան տեսակէտէն, Անդրկովկասի ընդհանուր  բնակչութեան 24,6 առ հարիւրը հայեր, 25,6 առ հարիւրը վրացիներ, 22,1 առ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1967)

Լիբանանի Հայութիւնը 75.512 Ոսկիով Մասնակցեցաւ Պատերազմի Աղէտեալներուն Ի Նպաստ Կազմակերպուած Հանգանակութեան Նախագահ Ուէյնի Ջերմօրէն Շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը Պատերազմի զոհերուն համար կազմուած Ազգային յանձնախումբը ուրբաթ առտու ընդունեց այցելութիւնը լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, որ 75.512 լ. ոսկիի չեք մը յանձնեց Ազգ. յանձնախումբի նախագահ Հիւսէյն Ուէյնիին: Այս գումարը, որ գոյացաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կազմուած նուիրահաւաք մարմինին ջանքերով, պիտի բաժնուի հետեւեալ ձեւով. - 50.000 լ. ոսկի` յորդանանցի աղէտեալներու: - 15.000 լ. ոսկի` սուրիացի աղէտեալներու: - 10.512 լ. ոսկի` ազգային ճիգին: Առաջնորդ սրբազանը յանձնախումբին յանձնեց նաեւ նամակ մը` ստորագրուած Լեւոն Գասապեան եւ որդի հաստատութեան կողմէ: Այդ նամակով Պէյրութի մաքսային գրասենեակէն կը խնդրուէր յանձնախումբին տրամադրութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1967)

Ակնարկ  Արդարութեան Զինուորեալը Մեր մեծ վէրքին ու հարցերու հարցին առնչութեամբ, հայ իրականութիւնը, այս օրերուն, ու «Ազդակ»-ի միջոցով, ճանչցաւ նոր ու մեծարժէք բարեկամ մը` մեթր Մուսա Փրենս: Ամիս մը առաջ Փարիզի մէջ կայացած Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլող համագումարին ներկայացաւ տաղանդաւոր այս լիբանանցին եւ հայասպաններուն դէմ հայութեան դատը պաշտպանեց այնպիսի՛ ձեռնհասութեամբ, որ յարգանք կը պարտադրէ ամէն ազնիւ մարդու: Անգամ մը եւս պատկերացուցէք իր կենսագրականը եւ ըստ ամենայնի հասկնալի կ՛ըլլայ իր արտայայտած մտքերուն որակը: Մտքի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած բացառիկ երիտասարդ մըն է մեթր Մուսա Փրենս, մեծահամբաւ իրաւաբան, անդամ` հարիւրէ աւելի ակադեմիաներու, բազմաթիւ համալսարաններէ ճանչցուած ու անոնցմէ պատուոյ փրոֆեսէօրի տիտղոսին արժանացած անձ, ի յայտ բերած ուրիշ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1967)

Տարօն, Հայութիւն Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն «Արծիւներու բոյն» կոչուած է Տարօնը անցեալին, մեր պատմութեան փոթորկոտ շրջաններուն, երբ օտարի սուրը ամէն անգամ ջախջախուած է երկնամերձ Տարօնի ժայռերուն վրայ: Օտար, վայրագ ցեղերու արշաւը մրրկահոծ ովկիանի պէս զարնուած է Տարօնի ժայռերուն եւ փշրուած: Հերոսներու հոյլ մը, մեր պատմութեան լուսընթացի վրայ, փայլած է շողշողուն աստղերու պէս, եւ սերունդներ ներշնչուած են անոնց խոյանքով ու հմայքով: Մանուէլ, Վասակ, Մուշեղ, Վարդան, Հմայեակ, Վահան Մամիկոնեաններ շողուն աստղերն են հայոց պատմութեան յառաջընթացի: Պատմութիւն չունի այն ազգը, որ հերոսներ չէ ծնած: Հայոց պատմութիւնը ճշմարիտ հերոսապատում մըն է, հերոսական խոյանքներու շքեղութեամբ եւ հոգեպարար հմայքով: Մեսրոպեան լոյսը` իբրեւ ուղեցոյց-առաջնորդ, իբրեւ զրահ` յարատեւումի, իբրեւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1967)

Շրջանաւարտի Քննութիւն Դպրոցական տարեմուտին, երկրորդական վարժարան ընդունուելու թեկնածու նախակրթարանի շրջանաւարտներ իրենց մուտքի քննութիւնները կ՛անցընէին: Եւ անկէ իմ յիշողութեանս պաստառին արձանագրուած կը մնան` գրաւոր ու բերանացի հարցումներուն տրուած պատասխաններէն մէկ քանի զուարճալի պատկերներ: Մարդակազմութիւն Հարցում.- Որո՞նք են գործարանաւոր մարմիններու մասերը: Պատասխան մը.- Մարդու գլխաւոր գործարաններն են` թոքը եւ ստամոքսը: Անշուշտ, անոնցմէ կարեւոր ի՞նչ կայ մարդու մէջ: Կայ ուրիշի մը պատասխանը.- Գործարանաւոր մարմինները երկու գլխաւոր մաս ունին. արու եւ էգ: Հարցում.- Քանի՞ տեսակ ակռայ կայ: Պատասխան.- Երեք տեսակ. կաթի ակռայ, զօրաւոր ակռայ, եւ... տախմա ակռայ... Այս ուշիմ տղան դիտած է, որ կան` իր մանկիկ եղբօր կաթի ակռան, իր հօրը անփշրելի ակռան եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1967)

Հայասպանութիւնը Մեթր Մուսա Փրենսի Մամլոյ Ասուլիսը Զարմանալի պիտի չթուի երբեք, եթէ ըսենք, որ ներկայիս հայ ժողովուրդի եւ անոր արդար Դատի ամէնէն անկեղծ բարեկամը լիբանանցի մըն է, զաւակը` այն երկրին, ուր հայութիւնը, իր ընդունակութիւններուն հարազատ արտայայտութեամբ, կը ներկայանայ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հանրային կեանքին մէջ: Այդ բարեկամը` երիտասարդ, կենսունակ լիբանանցի մը, որուն համար Քոռնէյ պիտի կրկնէր իր նշանաւոր խօսքը. Բարեծնունդ հոգիներուն համար, Արժէքը չի սպասեր տարիներու թիւին: Մեթր Մուսա Փրենս, որուն մասին առիթը ունեցած էինք խօսելու ամիս մը առաջ, երբ կը մեկնէր Փարիզ` Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլող համագումարին ներկայացնելու համար արդի ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին գործուեցաւ հայութեան դէմ, քանի մը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Օգոստոս 1967)

Լուսաթաթախ Թուղթ Մը... Նոր լոյս տեսաւ Ս. Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» շարքին վեցերորդ հատորը, որ կ՛ընդգրկէ 1921 փետրուարէն մինչեւ օգոստոս երկարող ժամանակը, այդ ամիսներուն մեր հայրենիքին ապրած վերիվայրումները: Վեցերորդ այս հատորով կ՛աւարտի «Կեանքի ուղիներով» շարքը: Վեց հատոր: Շուրջ ութսուն տարեկան է Ս. Վրացեան եւ իր վեց հատորներուն մէջ կազմեց վաթսուն տարիներու ուրուանկարը, ուրուանկարը` անսովոր կեանքի մը, որ եղաւ ճիշդ հայ կեանքին պէս` բազմաբովանդակ, փոթորկայոյզ, փորձութիւններով ու յաղթանակներով հարուստ լինելութիւն մը: Կեանքի այդ վերիվայրումներուն պարզ ականատեսը չեղաւ Ս. Վրացեան, եղաւ դերակատարներէն մէկը, միւս դերակատարներուն բարեկամը, մտերիմը եւ իւրաքանչիւրին գործունէութեան եւ մտայնութեան քաջատեղեակ անձը: Շնորհիւ ծանօթութիւններու այս ճոխ մթերքին, կեանքը սեփական ջիղերով ապրած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1967)

Գրական Երեկոյ Սասունցիներու Պարը (Հատուածներ) Մեր յուլիս 31-ի եւ օգոստոս մէկ եւ երկուքի թիւերուն մէջ ընթերցողը կարդաց հայկական եւ Սասնոյ պարերուն վերաբերող Վրոյրի եւ Ղարիպ Հայրապետեանի գրութիւնները, որոնցմէ առաջինը հայկական պարարուեստին «մնացորդացը» փրկելու ընդհանուր մտահոգութիւն մը կը բանաձեւէր, իսկ երկրորդը Հայաստանի պատկան իշխանութիւններուն կ՛առաջարկէր արժանաւոր մակարդակի մը վրայ դնել «Աշնակ» պարախումբը` փրկելու համար «Սասունցիների պարը»: Երկու մտաւորականներն ալ հիացումով կը խօսին հայ տոհմիկ պարերու մասին, յատկապէս` պապենական օճախներէն ստիպողաբար գաղթած ու Հայաստանի Աշնակ գիւղին մէջ հաստատուած սասունցիներու պարին մասին, որ մեր հայրենիքին մէջ երեւոյթ մը կը համարուի այսօր` Մոսկուայէն ու միջազգային փառատօներէն դափնիներ տուն բերած յաղթական խումբ մը: Կու տանք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1967)

Գրականութիւնը Թեք Մակարդակի Վրայ Մեր գրական առօրեային հետեւող մը ցաւով պիտի հաստատէ, որ ստեղծագործական քիչ բան կ՛արտադրուի ընդհանրապէս: Անգամ Միջին Արեւելքի մէջ գրականութեան անունով զանգուածին հրամցուածը մասամբ ժխտումներով ու ուրացումներով լեցուն գրութիւններ են: Նորութեան անունով «տեսութիւն»-ներու պարզաբանումին լծուած, կամ գրական նոր ուղիներու միտող շնչատ պոռթկումներ են մէկ մասը փորձուածներուն, որոնց կը պակսի անհատական խառնուածքէն ճառագայթող հզօր լոյսը: Շատեր լռելեայն լծուած են գրական նոր հանգանակներու, որոնց պահանջը չկայ: Երբ մարդ ունի ըսելիք մը, պէտք է զգայ ներաշխարհին մէջ խլրտումներ: Լրագրական սիւնակներէն շաբաթաթերթերու եւ պարբերականներու էջերուն փոխադրուած գրութիւններ կան, որոնք կը յուսալքեն ձեզ: Զամբիւղը նետուելու սահմանուած ոտանաւորներ եւ վրիպած երգիծանքի թխածոներ, մեծախորագիր,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1967)

Սրբազան Քահանայապետը Պոլսոյ Մէջ Ասոնց Մոմը Առտուն Ալ Չի Մարիր Պապ մը Պոլիս գնաց եւ առիթ տուաւ, որ ինչե՜ր, ինչե՛ր լսենք Թուրքիոյ մասին: Այնքան միամիտ չենք, ոչ ալ տգէտ` կարծելու համար, թէ իր կէսը թաղած ժողովուրդի մը դեռ խոնաւ աչքերը կրնան յուզել աշխարհի կամ եկեղեցւոյ մեծերը: Քաղաքագէտ ըլլալու հարկ չկայ գիտակցելու համար, թէ դիւանագիտութիւնը, որ մտած է նաեւ եկեղեցւոյ պատերէն ներս ու պետերու սրտին մէջ, պէտք է զոհուի անիրաւուած ազգի մը սիրտը չկոտրելու համար: Այս ամբողջը լաւ կը հասկնանք, բայց ինչ որ չի կրնար չվրդովեցնել ոեւէ քրիստոնեայ, ոեւէ քաղաքակիրթ մարդ, այն խօսքերն են, որ կը գործածուին նման առիթներով: Ու կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1967)

Արուեստի Ապագան Գլխիվայր յեղաշրջումներու դարը կ՛ապրինք: Կ՛եռայ երկրագունդը տիեզերացայտ կրակի մը վրայ: Սահմաններ կը քանդուին, նորեր կը պատնէշուին` վաղանցուկ կեանքով: Սեւը կը խառնուի ճերմակին: Դեղինը, լաւայի պէս, կ՛ուզէ դուրս գալ, յորդիլ կաթսայէն: Կատարեալ հարիսայ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ համը, եւ ո՞վ պիտի ճաշակէ զայն ի վերջոյ, երկաթէ շերեփով: Չկարենալով ճարել այս հարցումին պատասխանը, եուկոսլաւ գրող մը` Մոմիրսքի երկու «գիրք» հրատարակած է վերջերս` հետեւեալ խորագիրներով. «Արդարութիւն գոյութիւն ունի՞ աշխարհիս վրայ» եւ «Ի՞նչ պիտի մնայ Բ. Աշխարհամարտէն ետք»: Առաջին «Հատոր»-ի խորագրին յաջորդող էջերուն վրայ տպուած է միայն... հարցական նշան մը: Իսկ երկրորդ «երկ»-ին էջերը... սպիտակ են, բոլորովին մերկ: Վերջին հրատարակութիւնները առաջին ճարպիկութիւնները չեն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1967)

Պապին Ճամբորդութիւնը Էր երբեմն թագաւորները, հանրապետութեան նախագահները, վարչապետները, նախարարները, պապերը, կաթողիկոսներն ու պատրիարքները անշարժ անձնաւորութիւններ էին: Կը մնային իրենց մայրաքաղաքներուն կամ աթոռանիստ քաղաքներուն մէջ: Քաղաքական կամ կրօնական խնդիրները կը կարգադրէին դեսպաններու եւ նուիրակներու միջոցով: Փոխուած են ժամանակները: Փոխուած են բարքերն ու սովորութիւններն ալ: Աւանդութիւնները թանգարան դրուած են` դառնալով հին-հին դարուց յիշատակ: Կ՛ապրինք արագութեան, չըսելու համար` հիւլէական, դարուն մէջ: Անցեալի յիշատակ է գաղտնի դիւանագիտութիւնը, որ ա՛յնքան ի պատուի էր անցեալ դարուն: Այժմ քաղաքական պատասխանատու դէմքերը անձամբ կը վարեն իրենց երկիրներու քաղաքականութիւնը` շատ քիչ բան ձգելով դեսպաններուն: Օդանաւ կ՛առնեն ու քանի մը ժամուան մէջ կ՛երթան հեռաւոր երկիրներ` ի հարկին նոյն օրը կամ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Յուլիս 1967)

Շարլ Ազնաւուր Հինգ Տարի Տեւող Դատավարութենէ Մը Ետք Շահած Է Գինիի Դատը Հինգ տարի տեւող դատավարութենէ մը ետք Շարլ Ազնաւուր գինիի ընկերութեան մը դէմ բացած դատը շահած է, վճարած դրամը` ետ գանձած եւ իր շտեմարանին մէջ զուր տեղը սպասող 860 շիշ գինին ետ առնել տուած է: 1962-ին գինիի ընկերութեան մը ներկայացուցիչը Ազնաւուրին դիմելով` գոված է ընկերութեան գինիները: Հակառակ անոր որ Ազնաւուր ոգելից ըմպելիներ չի խմեր, մանաւանդ` գինի, սակայն, վաճառողին պնդումին վրայ, պարզապէս հիւրերուն հրամցնելու համար գնած է 860 շիշ գինի եւ, համաձայնութեամբ, ստորագրած է 300 ֆրանքի չէք մը: Այնուհետեւ, Ազնաւուր մեկնած է Պրազիլ շրջապտոյտի: Վերադարձին իր քարտուղարը յայտնած է, որ գնած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Յուլիս 1967)

Երեւանի Անմահական Ջուրը Շատ գրուած է Հայաստանի հիանալի ճարտարապետութեան մասին: Հազիւ թէ կարենամ էական որեւէ նոր բան աւելցնել այդ թեմայով ստեղծուած գրականութեան: Վերջերս գտնուեցայ այդ հիանալի երկրին մէջ եւ կը ցանկայի միայն որոշ մտքեր յայտնել այդ ճարտարապետութեան ճիւղերէն մէկուն մասին, որ մասնագէտները կ՛անուանեն փոքր: Եւ, նոյնիսկ, դիտումներուս ոչ այնքան ճարտարապետական, որքան կենցաղային կողմի մասին: Երեւանի հրապարակներուն, զբօսայգիներուն, խաչմերուկներուն մէջ դուք կը տեսնէք ցայտաղբիւրներ: Ասոնք երբեք նման չեն այն կոպիտ պեթոնէ աղբիւրակալներուն, որոնք այժմ կառուցուած են Խորհրդային Միութեան հարաւային քաղաքներուն մէջ: Քանի՜-քանի անգամ, կէսօրուան տաքին մօտեցած եմ այդ աղբիւրակալներուն` յոյս ունենալով յագեցնել ծարաւս, բայց, աւա՜ղ, անոնք ցամքած են Սահարայի անապատին պէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1967)

Ակնարկ  Ներքին Վտանգը Ամենազօր Ամերիկան, տը Կոլի բացատրութեամբ, միակ գերտէրութիւնը, որ ըստ իր քննադատներուն, աշխարհի ոստիկանը կը նկատէ ինքզինք, «այրող» ամառ մը ունեցաւ: «Տաք»-ը սպասելի էր, «այրող»-ը` անակնկալ: Բայց պատահեցաւ: Ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներ խռովութեան օճախներու վերածուեցան: Սեւերը կատղած են: Ապստամբութեան դրօշակ` գրեթէ ամէնուրեք: «Կրակի պիտի տանք ամբողջ Ամերիկան» սպառնալիքը արդէն սկսած է գործադրուիլ Տիթրոյիթի, Հիւսթընի եւ Փոնթիաքի մէջ, աւերելէ ետք Նիւարքը: Կասկած չկայ, որ դաշնակցային եւ նահանգային ուժերու գործակցութեամբ, ապստամբութիւնը պիտի զսպուի, օրէնքը պիտի գործադրուի: Յետո՞յ: Հարցը պիտի մնայ ամբողջական, անլոյծ` ընկերային, մարդկային եւ տնտեսական իր երեսներով, որոնց վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ քաղաքականը, եթէ Ուաշինկթըն արագ չշարժի: Արդարեւ, առաջին անգամ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1967)

Կարսի Եւ Արտահանի Մասին  Ինչպիսի՞ Սակարկութիւններ Տեղի Ունեցած Էին Փոցտամի Ժողովին Մէջ Յուլիս 17-ի «Ճումհուրիյէթ»-ի մէջ Մեհմեթ Պարլաս կը շարունակէ «Քաղաքական սակարկութիւններ» խորագրուած իր յօդուածաշարքը, եւ Կարսի ու Արտահանի մասին կը գրէ. «Բ. Աշխարհամարտին Թուրքիա պատերազմի չմտաւ` հակառակ զանազան պետութեանց բոլոր ջանքերուն: Չշլացաւ որեւէ խոստումէ, երբ իրեն ըսեր էին, որ` «Եթէ պատերազմի մասնակցիք, յաղթանակի պտուղը միասին կը քաղէք»: Եալթայի ժողովին մէջ երեք մեծերը` Ռուզվելթ, Չըրչիլ եւ Ստալին, աչքէ անցուցին Թուրքիոյ կացութիւնը եւ նեղուցներու խնդիրը յետաձգեցին Փոցտամի ժողովին: Խորհրդային կառավարութիւնը չսպասեց, սակայն, Փոցտամի ժողովին, եւ 1945 մարտ 19-ին ծանուցագիր տուաւ Թուրքիոյ` թուրքեւխորհրդային դաշնագրին բարեփոխումը պահանջելով: Յունիս 7-ին Մոլոթով հրաւիրեց Մոսկուայի թուրք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1967)

Տնտեսական Կեանք Գիւղացիութեան Գաղթը Դէպի Քաղաքներ Աշխարհիս ամէն կողմէն ահազանգ կը հնչեցնեն դէպի քաղաքներ գիւղացիութեան գաղթի մասին: Մարդկային կեանքի նոր պայմաններու բերումով հողագործը, եւ, մասնաւորապէս, հողագործին զաւակները կը թողուն գիւղը եւ իրենց ապագան կը փնտռեն քաղաքներու մէջ: Գիւղացիին գաղթը Լիբանանի համար ցաւալի երեւոյթ մըն է, ուր բոլոր տեսակի սննդեղէնները, հացէն սկսեալ, դուրսէն կը ներածուին: Դէպի քաղաք գաղթը տարափոխիկ հիւանդութեան պէս արմատ ձգած է գիւղական շրջաններու մէջ: Գիւղացիին զաւակները հազիւ քիչ մը ուսում առած` կը լքեն հողը եւ կը նետուին քաղաքներու ժխորին մէջ` օրուան չոր ապրուստը ճարելու համար: Անոնց աչքին քաղաքը դրախտ, ապրուստը դիւրամատչելի, կեանքը հաճելի եւ ապագան շողշողուն կ՛երեւին: Երեւոյթ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1967)

Ազգերու Օրրան` Գիւղը Նախահայրերուն Կեանքը Մարդոց համար շատ հետաքրքրական է գիտնալ նախահայրերուն կեանքը: Ամէն անգամ որ աշխարհի որեւէ մէկ կողմը` Իրաք, Յորդանան, Մեքսիկա կամ այլուր, գտնուի թաղուած հին գիւղ մը` հնաբանները կը սկսին նորանոր վարկածներ բանաձեւել մարդկային քաղաքակրթութեան հնութեան եւ պայմաններուն շուրջ: Անտարակոյս, սկիզբը, մարդիկ կ՛ապրէին ընտանեկան ձեւի տակ, եւ հետզհետէ, իրարու օգնելու համար եւ զիրար պաշտպանելու համար, անոնք կազմեցին խմբակներ: Քաջեր կը հրամայէին կազմուած ընտանեկան խումբերուն, որոնք յաճախ մէկ կամ աւելի ցեղախումբերէ կը կազմուէին: Մեր աչքին առջեւ կ՛ունենանք Հայկ նահապետ մը, կամ` Նեբրովթ մը: Ասկէ շատ, առաջին մարդիկը վաչկատուն էին. անոնք կ՛ապրէին պտուղներով եւ որսորդութեամբ: Հետզհետէ, մարդոց զարգացումով, մէջտեղ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1967)

Ի՞Նչ Է Օրէնքը Քաղաքական իրադարձութիւններու եւ Հայ դատի կապակցութեամբ, հայ մամուլի մէջ յաճախ կը հանդիպինք ակնարկութեան` միջազգային օրէնքի մասին: Մեզմէ շատ քիչերն են, որ ճշգրիտ եւ ջինջ իմացութիւն ունին միջազգային օրէնքի բնոյթին եւ էութեան մասին: Օրէնքը պետութեան կողմէ հաստատուած կանոններու շարան մըն է, որ ստեղծուած է ճշդելու եւ կանոնաւորելու անհատներու փոխ յարաբերութիւնը, նաեւ` անհատի եւ ընկերութեան, անհատի եւ պետութեան: Օրէնքի առջեւ ամէն ոք իրաւահաւասար է, ամէնէն իմաստուն, երեւելի մարդէն մինչեւ հասարակ քաղաքացին: Օրէնքը կ՛ապահովէ անհատի ազատութիւնը, որպէսզի ան ամէն հնարաւոր պատեհութենէն օգտուի` լայն, բարձր եւ բազմակողմանի զարգացումով, հասնելու ինքիրացումի, այսինքն` իր թաքուն ձիրքերը, տաղանդը ցուցաբերելու: Եթէ օրէնքը գոյութիւն չունենար, ընկերութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 33 of 69 1 32 33 34 69

Արխիւներ