Օտարներու Կարծիքը Թուրքիոյ Մասին
Յետամնաց Ու Աղտոտ…
«Դրամը Շատ, Խելքը Կարճ,
Ջիղերը Զօրաւոր Եղողներուն
Կարելի Է Յանձնարարել Թուրքիան»
Արեւմտեան Գերմանիոյ ամէնէն տարածուն եւ մեծագոյն տպաքանակը ունեցող թերթը` «Տոյչէ Մարք», իր վերջին թիւին մէջ կը գրէ.
«Թուրքերը իրենց երկրին համար ապագայի զբօսաշրջութեան երկիր կ՛ըսեն եւ կը պնդեն, որ 1970-ին Սպանիայէն ու Իտալիայէն աւելի զբօսաշրջիկներ պիտի ունենան…
«Իրենց այս պնդումին մենք կը պատասխանենք.
«Թուրքիա զբօսաշրջիկներու համար խուժումի գրաւիչ երկիր մը երբեք չի կրնար ըլլալ: Մեծագոյն պատճառը Թուրքիոյ մէջ տիրող սղութիւնն է: Դրամը շատ, խելքը կարճ, ջիղերը զօրաւոր եղողներուն կարելի է յանձնարարել Թուրքիան:
«Իրենց բնական պէտքը չոքելով ընել ուզողները, խցուած լաւապոներու եւ կաթիլ-կաթիլ վազող ծորակներու հանդուրժողները, նախապէս քանի մը հոգիի պառկած սաւաններուն վրայ պառկիլ կրցողները, ելեկտրական մերկ թելերէ չվախցողները կրնան գիշերել Թուրքիոյ զբօսաշրջային պանդոկներուն մէջ»:
«Հիւրրիյէթ» արտատպելով «Տոյչէ Մարք»-ի յօդուածը` կը գրէ. «Թուրքիան յետամնաց եւ վերջին ծայր աղտոտ ցոյց տուող այս յօդուածը կարդալէ ետք Թուրքիա այցելելու որոշում տուած գերմաններն անգամ պիտի հրաժարին իրենց մտադրութենէն…»:
Նոթեր Եւ Նետեր
Թրքականք
Գեղեցկութիւն
Բարեկամ մը թրքական պատկերազարդ շաբաթաթերթի մը քանի մը խմբանկարները մատնանշելով` ըսաւ.
– Նայէ՛ սա լուսանկարներուն:
Խմբանկարներուն մէջ կը գտնուէին Թուրքիոյ կարգ մը ծանօթ անձերուն կիները:
Պատասխանեցի.
– Է՜, լա՛ւ, նայեցայ. ի՞նչ կայ…
– Դեռ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Այդ նշանաւոր մարդիկը ճաշակ չունի՞ն: Մէկը միւսէն տգեղ կիներ ընտրեր են իբրեւ պաշտօնական կողակից:
– Թերեւս կը հետեւին նորաձեւութեան: Հիմա, կեանքի եւ արուեստի մէջ, տգեղութիւնն է նախընտրելի:
– Ըսածդ բնաւ համոզիչ չէ:
– Թերեւս տգեղները ընտրելով` իրենց հոգիներուն բարեսիրութիւնը, գթութիւնը յայտնած են:
և Գտար գթասիրտները:
– Այդ կիները թէեւ գեղեցիկ չեն, սակայն անպատճառ ունին գեղեցկութիւններ, որոնք քեզի, ինծի եւ ուրիշներու համար կը մնան անտեսանելի:
– Ի՞նչ տեսակ գեղեցկութիւն ունին: Հոգեկա՞ն…
– Թերեւս: Կամ թերեւս` մտային:
– Համոզիչ չեն ըսածներդ: Այդ կարգի գեղեցկութիւններուն թուրքը արժէք չի տար:
– Կան նաեւ մեծ հարստութեան գեղեցկութիւնները:
– Հիմա համաձայն եմ:
– Մեծ հարստութիւնը մեծ մագնիս մըն է, որով հռչակաւորը կը քաշուի հարուստէն, կամ հարուստը իրեն կը քաշէ հռչակաւորը:
– Լիովին համաձայն եմ:
Աւելածու Եւ Աղիճ
«Նիւ Եորք Թայմզ» մեծ օրաթերթը առաջին էջի վրայ հրատարակած է թուրքերու խմբանկար մը` համազգեստով աւելածուներու: Թուրքերը կ՛աւլեն փողոցները Դաշնակցային Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքի:
Իսկ այլ տեղեկութիւններու համաձայն, նոյնիսկ թուրքերու բերնով ու գրչով ըսուած` թրքուհիներն ալ կը գործեն իբրեւ աղիճ, Գերմանիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ:
Ուրեմն այր ու կին թուրքերը Գերմանիոյ մէջ, լծուած են հասարակական կամ հանրային գործունէութեան:
Թալէաթ կոչուող նոր ու կատարելագործուած Թիմուրլենկը կ՛ուզէր, որ հայերը դառնան լեմոն վաճառողներ, եւ` իբրեւ հատավաճառ:
Հայերը եղան գիտնականներ ու կը փայլին համալսարաններու մէջ: Հայուհիները եղան արուեստագէտներ, տիպար տանտիկիններ:
Իսկ թուրքերը կը փողփողին փողոցներու մէջ եւ մայթերու վրայ` իբրեւ աւելածու եւ աղիճ:
Միւնիխէն եկած բարեկամ մը ըսաւ.
– Տեսնուեցայ թուրք աւելածուներուն հետ: Անոնք կ՛ըսեն. «Գործ չկայ աս գործէն զատ: Ի՛նչ ընենք, քանի որ մերինները երկրին մէջ անօթի են ու կը սպասեն մեր ղրկելիք դրամին: Մեր առածը ի՛նչ է, որ ի՛նչ ղրկենք… Ա՜հ, եթէ բախտ ունենայինք, աղջիկ կը ծնէինք, եւ մենք ալ մեր քոյրերուն պէս ուտելով, խմելով, ծխելով եւ քէֆ ընելով` պոլ պոլ դրամ կը շահէինք»:
Եթէ բախտ ունենային, թուրք չէին ծներ` անտեղեակ արհեստի, անընդունակ գործի եւ յարմար միայն աւելի շարժելու:
Թուրքիոյ Հիւանդութիւններն Ու Դարմանը
Քանի մը հայեր կը խօսէին Թուրքիոյ մասին, երբ Պոլիսէն նոր վերադարձած հայրենակից մը ըսաւ.
– Քաղաքական, տնտեսական, ելմտական տագնապներու մէջ է Թուրքիա: Ապրուստն ալ կը սղի, մինչդեռ մեծամասնութեան գնելու կարողութիւնը կը նուազի հետզհետէ: Ասոնց վրայ աւելցան կուսակցութիւններու հակամարտութիւնները` զանազան տեսակի: Կան ցնորամիտ ծայրագոյն աջերը, կան վճռական ծայրագոյն ձախերը, կան տակաւին կեդրոնի ձախերն ու կեդրոնի աջերը: Կան նաեւ կրօնամոլները: Բացի մոլեռանդ կրօնամոլներէն` ամէնքն ալ աթաթիւրքեան են: Ամէն մէկ կուսակցութիւն իրեն սեփականացուցած է Աթան: Եւ ամէնքն ալ, յանուն Աթային ու Թուրքիոյ, զիրար կատեն` զիրար մեռցնելու աստիճան:
Յայնժամ ներկաները դիմեցին մէկուն:
Ահա անոր խօսածը.
– Մէկը, երբ լուրջ հիւանդութիւն մը ունի, զայն մասամբ անզգալի դարձնելու համար, պէտք է երկրորդ լուրջ հիւանդութիւն մը ունենայ: Երկրորդ հիւանդութիւնն ալ մասամբ մոռնալու համար անհրաժեշտ է ունենալ երրորդ լուրջ հիւանդութիւն մը: Երորրդ հիւանդութիւնն ալ մասամբ անզգալի դարձնողը միայն չորրորդ հիւանդութիւն մը կրնայ ըլլալ: Իսկ բոլոր հիւանդութիւնները միանգամընդմիշտ անզգալի դարձնելու համար մէկ միջոց` մահը: Ահա՛ դարմանը` արմատական եւ վերջնական:
Այսքան շիտակ խօսքին դէմ առարկող չգտնուեցաւ, բնականաբար:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
