Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1967)

Յուլիս 11, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերբնական Ուժերու Վերագրուող
Նախապաշարումներու Ծագումը

Նախապաշարումները հին են, այնքան` որքան աշխարհը: Բոլորին ալ արմատները խրած են նախապատմութեան մէջ: Մարդիկ, նոյնիսկ ամենապարզ բնական երեւոյթներուն անգամ չկարենալով բացատրութիւն տալ, զանոնք վերագրած են գերբնական ուժերու:

Մեր նախահայրերը կը հաւատային, որ ամէն բան կապ ունի չար ու բարի ոգիներու հետ: Եւ բնական է` ջանացած են այդ ոգիները սիրաշահիլ զանազան հմայեկներով եւ այլ միջոցներով:

Փայտի զարնել.- Նախապաշարում մը, որ շատ ընդհանրացած է: Առաջ եկած է հեթանոսական շրջանէն, երբ մարդիկ կը հաւատային, որ ոգիները կը բնակին ծառերու մէջ: Գէշ մտածում մը ունեցողը կամ չարագուշակ բան մը ըսողը, իր խօսքէն անմիջապէս ետք կը զարնէր փայտի մը, որուն մէջի ոգին իբր թէ պարտաւոր էր պաշտպան կանգնիլ իրեն, կամ` ուրիշ ոեւէ անձի մը, որուն մասին գէշ բան ըսուած էր, որպէսզի կանխուէր փորձանքը:

Ծիրանի գօտի.- Շատ դարեր առաջ, երբ դեռ Աստուած ծիրանի գօտիով Նոյին չէր յայտնած, որ վերջացած է ջրհեղեղը, մարդիկ ծիրանի գօտին կը նկատէին լաւ նշան:

Սկանտինաւեան երկիրներու մէջ կ՛ըսեն, որ ծիրանի գօտին մոգական կամուրջ մըն է, որուն վրայէն հրեշտակները արքայութիւն կ՛առաջնորդեն մեռած մանուկները:

Իսկ Հնդկաստանի մէջ կը հաւատան, որ ծիրանի գօտին այն աղեղն է, որուն միջոցով շանթերու աստուածը կ՛արձակէ իր հրեղէն նետերը:

Աղ.- Նախապաշարումներու առարկայ եղած է  նաեւ աղը: Շատ մը ժողովուրդներու մէջ, աղը կը հանդիսանայ յաւիտենականութեան խորհրդանիշը` իբրեւ չնեխող եւ միաժամանակ ուրիշ նիւթեր ալ որոշ ժամանակի համար նեխումէ զերծ պահող նիւթ:

Երբ աղը մեր ձախ ուսին վրայ ցանենք… կը մտնէ սատանային աչքը ու կը չէզոքացնէ զայն:

Հին ժամանակներուն Եգիպտոսի մէջ կը կարծէին, որ աղը կիրքեր կը գրգռէ: Շատ մեծ անպատուութիւն էր, երբ այր մը պատուաւոր կնոջ մը աղ տար:

13 թիւը.- Վատ համբաւ ունեցող թիւ մը: Բոլոր անոնք, որոնք նախապաշարումներու ծագման հարցով զբաղած են, կու տան հետեւեալ բացատրութիւնը.

Նախամարդը կը համրէր իր տասը մատներով եւ երկու ոտքերով: 12-էն ետք կու գար անծանօթը, այսինքն` երկիւղ յառաջացնողը:

Հին Հռոմի մէջ չար կախարդները կը կազմէին 13 հոգինոց խմբակներ: Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն «Վերջին ընթրիք»-ի 13-րդ անձը մատնիչ Յուդան էր:

Հայելի կոտրել.- Մինչեւ այսօր կան մարդիկ, որ դող կ՛ելլեն, երբ հայելի մը կոտրեն: Պատճառը ա՛յն է, որ հին ժամանակ կը հաւատային, թէ որեւէ փայլուն մակերես, որ իր դիմացը  կեցողին պատկերը ցոյց կու տայ, իր մէջ կը պարփակէ այդ մարդու հոգիին մէկ մասը:  Ուստի, եթէ պատահի, որ այդ փայլուն առարկան (հայելին) կոտրի կամ փճանայ, մարդու հոգիին այդ մասն ալ միասին կը կորսուի:

Աջը.- Շատեր մեծ կարեւորութիւն կու տան աջ ոտքին: Առաւօտուն անկողինէն աջ ոտքով կ՛իջնեն, աջ ոտքով դուրս կ՛ելլեն տունէն եւ այլն: Պատճառը այն է, որ կ՛ենթադրուի, թէ մարդուն ձախ կողմը կը գտնուի սատանայի ազդեցութեան տակ: Գործ մը երբ աջով սկսուի, զերծ կը մնայ սատանայի ազդեցութենէն:

Սեւ կատու.- Սեւ կատուի նախապաշարումը մնացած է հին եգիպտացիներէն: Անոնք սուրբ կը նկատէին բոլոր կատուները, պարզ այն պատճառով, որ կատուները կ՛ուտէին ցորենի մթերքները փճացնող մուկերը: Սուրբ էին բոլոր կատուները, բացի սեւերէն:

Տարօրինակը սակայն այն է, որ հակառակ այսքան դարեր անցած ըլլալուն, նախապաշարումներէն ոմանք դեռ կը շարունակեն գոյատեւել ժողովուրդներու մտքին ու հոգիին մէջ, մանաւանդ որ գիտութիւնը բացատրած է նախապաշարումները յառաջացնող գրեթէ բոլոր բնական երեւոյթները: Իրողութիւն մըն է ասիկա, որ մեր դարու բարձր քաղաքակրթութեան համար երբեք պատուաբեր չէ: Պէտք է նախանձախնդիր ըլլալ, եւ, մասնաւորաբար, նախապաշարումներէ հեռու պահել մանուկները:

 

Տեղեկագիր Համազգայինի Ն. Փ. Ճեմարանի
1966-67
Ուսումնական Տարեշրջանի

ՀՕՄ-ի ըրած զոհողութիւնները, ամէն տարի քանի մը գիշերօթիկ ուղարկելու համար, մեծապէս գնահատելի եւ օգտաշատ կը գտնենք: Այսպիսով, իրենց մայրենի լեզուին բոլորովին անտեղեակ հայ աղջիկներ եւ տղաք ոչ միայն հայերէն խօսիլ ու գրել կը սորվին արագօրէն, այլ նաեւ հայ մշակոյթին ու պատմութեան սէրը կը փոխադրեն իրենց միջավայրէն ներս:

Աւելորդ չենք նկատեր յիշեցնելու մեր հայրենակիցներուն, որ ջանան Ճեմարանի գիշերօթիկներուն թիւը աւելցնել` սաներ պահելով:

Հասարակութիւնը ծանօթ է ճեմարանի շինարարական աշխատանքներուն, որոնք սկսան անցած ամառ եւ ընդհատուեցան` հոկտեմբերին: Ծրագրի վրայ եղող շինութիւններէն մէկը միայն աւարտեցաւ անցնող ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը, մեր թիւ 3 շէնքի վերջին յարկն էր ատիկա, ուր կարելի եղաւ փոխադրել Ճեմարանի գիտական աշխատանոցները: Այս սքանչելի իրագործումը մեծ մասով կը պարտինք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նուիրատուութեան, որուն համար հրապարակով կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնները:

Ներկայիս, առանց վարանելու, ի վիճակի ենք յայտարարելու, թէ քաղաքիս լաւագոյն գիտական աշխատանոցներէն մէկը ունինք` բնագիտութեան, քիմիաբանութեան եւ այլ յարակից բաժիններով ու սարքաւորումներով:

Ճեմարանի աշակերտները բախտաւոր են, որ առիթը կ՛ունենան այսպիսի արդիական միջոցներով իրենց գիտական ուսումը ստանալու:

Շինարարական աշխատանքներու ընդհատուած մասը պիտի շարունակուի այս ամառ, եւ առաջին հերթին պիտի աւարտի մեր թիւ 1 շէնքի երրորդ յարկը, որուն բարերարն է Ֆրեզնոյէն Արիստակէս Յակոբեան: Այս յարկը նուիրուած պիտի ըլլայ Արիստակէս, Լուսվարդ եւ Արամ Յակոբեաններու անունին: Պիտի բովանդակէ հինգ մեծ դասարաններ եւ սրահ մը, որոնք պիտի յատկացուին հայագիտական ուսմանց մարզին: Յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին ամբողջապէս օգտագործելի պիտի դառնայ:

Անցնող տարեշրջանին մեր ստացած նուէրներու եւ կտակներու շարքին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ստանայ «Բժիշկ. Պետրոս Յ. եւ Յովակիմ Յ. Եղեկեան-Դարբինեան կրթական հիմնարկութեան գրական-մանկավարժական դասընթացքը» անունը կրող կտակը, 25.000 տոլարի հիմնադրամ, որուն եկամուտով սաներ պիտի պահուին Ճեմարանի մէջ:

Ճեմարանը իր գոյութիւնը կը պարտի այսպիսի ազգանուէր եւ բարեսիրտ նուիրատուներու զոհաբերութեանց: Այսուհետեւ ալ Ճեմարանը իր յոյսը կապած է հայ ժողովուրդի զոհողութեան ոգիին եւ կ՛ակնկալէ, որ աշխարհի այլազան անկիւններէն գտնուին նուէրներով ու կտակներով հայ մշակոյթի այս օճախը վառ պահել ուզող նորանոր բարերարներ, որովհետեւ գործը ընդարձակ է եւ կարիքը մեծ:

Մասնաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի այս դժուարին ժամանակաշրջանին, երբ տնտեսական տագնապներ կ՛ուրուագծուին հորիզոնին վրայ, Ճեմարանը պէտք է յատուկ ուշադրութեան ու գուրգուրանքի առարկայ դառնայ մեր սրտցաւ հայրենակիցներու սրտին մէջ: Պէտք չէ երբեք մոռնալ, որ Ճեմարանին տրուած իւրաքանչիւր լումայ հայ մշակոյթի գանձարանը կը հարստացնէ եւ հայ մատղաշ հոգի մը շահելու կը ծառայէ:

ՄԵՐ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՐԶԱԿԱՆ – առողջապահական ձեռնարկները ամբողջ տարին շարունակեցին գործել տնօրէնութեանս հսկողութեան տակ: Կազմակերպուեցան թատերական ներկայացումներ, լոյս տեսաւ «ՋԱՀԱԿԻՐ»-ը, տեղի ունեցան յիշատակի հանդէսներ` նուիրուած փետրուար 18-ի եւ մայիս 28-ի տարեդարձներուն, միշտ ալ` Լսարանական միութեան նախաձեռնութեամբ ու գործադրութեամբ:

Ճեմարանի մարզիկները, աղջիկ եւ տղայ, իրենց մասնակցութիւնը բերին միջդպրոցական պասքեթպոլի մրցաշարքերուն եւ առողջական տեսակէտէն Ճեմարանը բոլորեց բնական տարի մը:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԸ հասաւ մօտ 220.000 լ.ոսկի, անցած տարուան վրայ 25.000 լ. ոսկի աւելի: Այս գումարին 185.000 լ. ոսկին կը գոյանայ աշակերտներու կրթաթոշակներէն եւ սան պահող կազմակերպութիւններու եւ անհատ ազգայիններու յատկացումներէն. մնացածը մասամբ կը գոցուի կտակ-նուէրներէ եւ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան յատկացումէն` 4000 տոլար: Ճեմարանը նիւթապէս ինքնաբաւ հաստատութիւն մը չէ եւ պէտք ունի հասարակութեան լուրջ օժանդակութեան:

Շնորհակալութեան խօսք ունինք օժանդակող բոլոր կազմակերպութիւններուն, մարմիններուն եւ անձերուն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Ն. ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ֆրանսա, Լիբանան Եւ Այլ Տեղեր` Հայերէն Տպուած Թուղթի Ճակատագրին Հետքով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?