Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1967)

Յուլիս 17, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ու Ես Կ՛երթամ…

Տուտուին Մոմը

Տուտուն ձեռքը մեծկակ մոմ մը բռնած, աշխուժ քայլերով ու գոհունակութեան ժպիտը դէմքին, ուխտը կատարելու կու գայ:

Բերած ընծան աշտանակի մը վրայ աճապարանօք տեղաւորելէ ետք, անմիջապէս պատրոյգը կը բռնկցնէ եւ անոր առջեւ բազկատարած աղօթքի կը կենայ: Աչքերուն մէջ ցոլացող շողերը մոմի լոյսէն աւելի լուսաւոր ու կենսունակ են: Ոտքի կանգնած, առանց կենալու, կ՛աղօթէ: Հակառակ իր բազմամեայ տարիքին` երիտասարդի մը նման կենսունակ երեւոյթ ունի: Մանաւանդ այսօր արտակարգ հրճուանքով մը համակուած է:

Տուտուին շրթները անդադար կը շարժին: Բայց ես լաւ գիտեմ. ինք` «Հայր Մեր»-էն զատ աղօթք չի գիտեր: Ատեն ատեն ետ դառնալով` ինծի կը նայի. այս նայուածքը գոհունակութեան արտայայտութիւն մըն է, որ ինձմէ զատ ոեւէ մէկը չի կրնար հասկնալ… Այդ արտայայտութիւններուն նշանակութիւնը միայն ե՛ս գիտեմ:

Նորապսակ այր եւ կնոջ միջեւ ծագած վէճի մը պատճառով ընտանեկան նորակազմ բոյն մը քանդուելու վտանգին տակ էր… Տուտուն, իբրեւ խոստովանահայր, միջամտութիւնս խնդրեր էր:

Տխուր վախճանի մը մօտեցաւ անխուսափելի տարակարծութիւնը, երկուստեք համաձայնութեան եղանակով մը լուծուած եւ ընտանեկան ներդաշնակութիւնը վերահաստատուած էր:

Այսօր Տուտուն իր աշխատութեան վարձքը առած` երջանիկ է… Այս պատճառով Աստուծոյ գոհութիւն կը մատուցէ:

Տուտուն այս բարի գործին մէջ իմ ալ բաժին ունենալս չէր ուրանար. անոր` երբեմն իր նայուածքը մոմէն բաժնելով ինծի ուղղելը այս մասին հաստատութեան նշան էր:

Հակառակ մեր միջեւ բաւական հեռաւորութիւն մը ըլլալուն` գեղջուկ մամիկին հոգւոյն խորերը թրթռացող ձայները ես կը լսէի: Իմ ալ նայուածքներս Տուտուին շարժումներէն չէին բաժնուեր: Այդ օրուան մեր աղօթքը իսկական վերացումի պահ մը եղած էր:

Յակոբ Պարոնեան Մ. Տիգրանեան եպիսկոպոսին բոլոր հրաշագործութիւններուն գաղտնիքը խաչի ջուրին մէջ կը գտնէր եւ ամէն տեսակ հիւանդութեանց ու պատահարներու յանձնարարելի դեղ ըլլալով, ցոյց կու տար զայն` ըսելով.

– Այո՛, հրաշքին գաղտնիքին գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ պարզուկ հաւատացեալին անկեղծ հաւատքին մէջն է: Այս հաւատքն է, որ մարդը կը սրբացնէ ու երանութեան կը հասցնէ:

Հաւատացեալ գիւղացիներու սուրբ հաւատքին մէջ սրբանալու` ու ես կ՛երթամ…

Եւ մոմը կը պլպլայ…

Տուտուն ալ անոր առջեւ կեցած` կ՛աղօթէ:

Անդին` շարականներ, երգեր ու տաղեր կ՛երգուին, ծնծղաները կը հնչեն, եւ սակայն Տուտուն այլ միջավայրի մը մէջ է… Ան քծմեծաղէկներուն պարերգը կ՛ունկնդրէ:

Մոմի բոցերուն ամէն մէկ ելեւէջին նման` Տուտուին հոգւոյն լարերն ալ կը խայտան: Պառաւին ներաշխարհին մէջ տեղի ունեցող պոռթկումին հետքերը անոր երեսին վրայ գուշակելը տարբեր երանութիւն մըն է:

Այլեւս մենք հոգեղինացած` զուարթուններու աշխարհին մէջ կը թեւածենք:

Ու մոմը կը վառի…

Ան մեզի համար ատրուշան մըն է, որուն առջեւ մենք կ՛աղօթենք, ինչպէս մեր նախնիքը խարոյկին շուրջ կը պարէին… Հին ատրուշանի խարոյկին խայտացող բոցերը, հանդարտած, մոմի ու կանթեղի պատրոյգներուն ծայրը կը ճլճլան…

Այսօր կը զգամ, որ մեր պապերը կրակին շուրջ պարելով` ի՜նչ յոյզերով կը լեցուէին: Անոնց երջանկութեան աղբիւրը` ատրուշանի հուրը, չէ մարած… ան մոմին ծայրը դեռ կ՛առկայծի…

Ո՜հ, երանութեան ի՜նչ վսեմ պահ մըն է. խորհուրդներու ակէն բխած զմայլեցուցիչ գինին ըմպած: Ու ես կ՛երթամ…

Մինչ մոմը կը ճենճերի…

Ես, պատարագի սեղանին մօտեցած, նուիրական խորհուրդը կը կատարեմ, եւ Տուտուն ալ մոմին առջեւ կանգնած` իր իղձերուն պսակը կը հիւսէ… հաց ու գինի, ճարպ ու մանած: Տուտուն եւ ես մատաղ կ՛ընենք…

Ա՛լ մոմը կը հալի…

Մոմը կը հալի եւ որպէս բալասան` սրտերու մորմոքը կը մեղմացնէ: Եւ նորոգուած սրտերու մէջ վարդենիներ կը ծաղկին` գեղջուկ հաւատացեալին ճակատը վարդով պսակելու: Ու ես կ՛երթամ…

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

 

Արմենակ Համբարձումեանի Մահը

Ցաւով կ՛իմանանք, որ յուլիս 5-ին Նէօյիի իր բնակարանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային ծանօթ բարերար Արմենակ Համբարձումեանը:

Ողբացեալը, բնիկ սամաթիացի, աւելի քան 84 տարեկան, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ազգանուէր գործունէութիւն ունեցած էր` իր լայն օժանդակութիւնը բերելով բոլոր ազգօգուտ ձեռնարկներուն, գլխաւորաբար` եկեղեցական եւ կրթական: Պահած էր բազմաթիւ սաներ եւ կրթաթոշակներ հաստատած` յառաջադէմ ուսանողներու: Հիմնած էր «Արմենաֆիլմ» շարժանկարի հաստատութիւնը, որուն միակ արտադրութիւնը եղած էր Անդրանիկի ժապաւէնը (մասնակցութեամբ Շահխաթունիի): Իր կարեւոր օժանդակութիւնը բերած էր Ահարոնեանի յոբելեանի աշխատանքներուն` ըլլալով յանձնախումբին գանձապահը:

Ա. Համբարձումեան, մասնագէտ գոհարավաճառ, կ՛ապրէր Սպանիա եւ Փարիզ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ սրտի տկարութեան, միշտ կը հետեւէր ազգային կեանքին եւ կը պահէր իր զուարթ տրամադրութիւնը` մնալով միշտ շատ ժողովրդական դէմք մը:

Իր եւ իր նմաններու մահով, ֆրանսահայ գաղութը մասնաւորաբար եւ արտասահմանի հայութիւնը ընդհանրապէս, կը կորսնցնէ մէկը այն սերունդէն, որ Պոլսէն սկսեալ` նուիրագործեց բարերարի անունը, գիտցաւ տալ, ուր որ պէտք էր, պարզապէս տալու համար եւ ոչ` անպայման երեւալու:

 

Հայաստան

 Երեւանի Մասին

Երեւանը բուռն թափով զարգացող քաղաք մըն է: Հոս կեդրոնացած է Հայաստանի քաղաքային բնակչութեան մօտ 54 տոկոսը, կ՛արտադրուի երկրին արդիւնաբերութեան աւելի քան 59 տոկոսը: Երեւանի մէջ կ՛ապրի բանուորներու 45 տոկոսը:

1939-ի մարդահամարէն մինչեւ այսօր Հայաստանի բնակչութիւնը արձանագրած է 916 հազարի յաւելում. այս թիւին 446.000-ը բաժին կ՛իյնայ միայն Երեւանին: Որով, հակառակ այն փաստին, որ մայրաքաղաքին մէջ եօթնամեակի տարիներուն կառուցուած է 1.382.000 քառ. մեթր բնակելի տարածութեամբ շէնք եւ անցեալ տարուան վիճակագրութեամբ քաղաքին բնակելի ֆոնտը հասած է չորս միլիոն քառ. մեթրի, մէկ բնակիչին բաժին ինկած բնակելի տարածութիւնը եղած է 6,1 քառ. մեթր:

Անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռք առնել, որպէսզի բնակչութեան թիւը սահմանափակուի ծրագրով նախատեսուած 900.000-ի շրջագիծին մէջ:

Միեւնոյն ատեն պէտք է զարկ տալ բազմայարկ (10-12 յարկանի) շէնքերու շինութեան:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Արցա՛խ, Մեր Հպարտութիւնն Ես»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?