Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1967)

Յուլիս 13, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիտողութիւն Ընելու
Արուեստը

Որքա՜ն հաճելի պիտի ըլլար բոլորիս համար, եթէ աշխարհը այնքան կատարեալ ըլլար, որ շարունակ փաղաքշական ու գովեստի խօսքեր ըսէինք ու լսէինք:

Դժբախտաբար, սակայն, ամէն մարդ իր թերութիւնները ունի, եւ օր չ՛անցնիր, որ պարտաւորուած չըլլանք մեր շրջապատէն մէկուն կամ քանի մը հոգիի դիտողութիւն ընել:

Պէտք է գիտնանք ուրեմն, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ի՞նչ շեշտով պիտի ընենք այդ դիտողութիւնները: Բնական է` ասիկա կախում ունի այն դէմքէն, որուն կ՛ըլլայ մեր դիտողութիւնը:

Մանուկի Մը

Մանուկի մը անտեղի եւ անիմաստ է երկարապատում դասախօսութիւն ընել: Առանց բարկութեան, պարզ բառերով, պէտք է իրեն բացատրել, թէ ի՛նչ է իր յանցանքը եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ կրկնէ զայն: Եթէ անտարբերութեան կամ ծուլութեան պատճառով ձգենք, որ չարութեան մը հետեւանքներէն խուսափի, մինչեւ այն ժամանակ իր նկարագիրը կազմաւորելու մեր բոլոր ճիգերը պարապի կ՛երթան:

Աւելի մեծ տղոց պարագային, ծնողները ա՛լ աւելի ուշադիր պէտք է ըլլան: Սովորաբար խիստ եւ արդար դիտողութիւն մը բաւարար է, որպէսզի տղան կամ աղջիկը իր սխալը ըմբռնէ եւ անդամ մը ան չկրկնէ: Հռետորական արտայայտութիւնները եւ արժանապատուութիւն վիրաւորող խօսքերը ցանկալի արդիւնքը չեն տար երբեք:

Նոյնպէս, լաւ է, որ ծնողները իրենց զաւակներուն եւ իրենց միջեւ բաղդատութիւններ ընելէ խուսափին, եթէ այդ բաղդատութիւնները նուաստացուցիչ են տղոց համար:

Միաժամանակ, սակայն, պէտք է խուսափին իրենց զաւակներուն իրենց մանկութեան շրջանի չարաճճիութիւնները պատմելէ: Որովհետեւ ատոր հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ իրենց զաւակներուն` իրենց հանդէպ ունեցած յարգանքը չքանայ:

Օրինակ, տղուն երբեք մի՛ ըսէք, որքան ալ մեծ ըլլայ ան, թէ ձեր միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ, եւ թէ` պարզ ընկերոջ մը նման պէտք է դիտէ ձեզ:

«Մոռցիր, որ հայրդ եմ (կամ մայրդ)» նախադասութիւնը ոճիր է, եւ վա՛յ, եթէ պատանին իրականութեան մէջ այդպէս հաւատայ: Պատանին խորքին մէջ միշտ իր վրայ հակակշիռ մը ունենալու պահանջը կը զգայ:

Բարեկամի Մը

Դժուար է առանց զինք վիրաւորելու բարեկամի մը հասկցնել, թէ այբ կամ բեն պարագային իր ունեցած վերաբերումը ճիշդ չենք գտներ: Եւ որքան սերտ ըլլայ բարեկամութիւնը, այնքան աւելի փափուկ կը դառնայ դիրքը անոր, որ դիտողութիւնը պիտի ընէ, նոյնիսկ եթէ հազար անգամ իրաւունք ունենայ:

Ջանացէք, ուրեմն, ձեր շրջապատի անձերը քննադատել այն ժամանակ միայն, երբ իրենց վերաբերումը իրապէս անընդունելի է: Բարեկամ ըլլալու ձեր պարագան դատախազ ալ ըլլալու իրաւունքը չի տար ձեզի:

Երբ դիտողութիւնը բացարձակապէս անհրաժեշտ է, գէթ կատակի ձեւին տակ ըրէք եւ մի՛ պնդէք, երբ կը տեսնէք, թէ այդ ձեւով անգամ տհաճութեամբ կ՛ընդունուի:

Ասիկա անշուշտ չի նշանակեր, թէ պարտաւորուած ենք ամէն ինչ առանց գանգատի ընդունիլ ընկերոջ մը կողմէ: Ատիկա դէմ պիտի ըլլար բարեկամութեան սկզբունքներուն, որ ներողամտութիւն, միաժամանակ սակայն բացարձակ անկեղծութիւն ալ կը պահանջեն:

Շատ մը ձեւեր կան բարեկամի մը հասկցնելու համար, որ համաձայն չէք իրեն հետ` առանց զինքը մեղադրելու:

Օրինակ, կրնաք ըսել` «Ես քու տեղդ տարբեր ձեւով պիտի վերաբերէի: Այսպէս կամ այնպէս, սակայն, կ՛երեւի, թէ որոշ պատճառներ ունէիր այդպէս վերաբերելու համար»:

Յետոյ, անմիջապէս խօսակցութեան նիւթը կը փոխէք ցոյց տալու համար, որ դիտողութիւնը միայն տուեալ պարագային կը վերաբերէր եւ ձեր զգացումները իրեն հանդէպ, ընդհանուր կերպով, բնաւ չեն ազդուած:

Պաշտօնակիցի Մը Կամ Պաշտօնեայի Մը

Եթէ ձեր պաշտօնեաներէն մէկուն դիտողութիւն պիտի ընէք առանց պատճառի գործէն ուշացած ըլլալուն համար եւ կամ ձեր մսավաճառին դիտողութիւն պիտի ընէք ձեզի տուած միսը շատ կարծր ըլլալուն համար, ձեւը հիմնական տեսակէտէ նոյնն է:

Կրնանք երկու բառի մէջ խտացնել զայն` ազնուութիւն եւ փափկանկատութիւն:

Դիտողութիւնը երրորդներու առջեւ մի՛ ընէք եւ մանաւանդ թոյլ մի՛ տաք դուք ձեզի ունենալու արտայայտութիւններ, որոնց համար տարակոյս չկայ, որ աւելի ուշ պիտի զղջաք:

Ջանացէք ցոյց տալ, որ տրամադիր չէք յանցանքի որեւէ ձեւով կրկնութեան հանդուրժել, այնպիսի ձեւով մը սակայն, որ ձեր դիմացինը դժուար կացութեան չմատնէք:

Նոյնպէս, նպատակայարմար է, որ դիտողութիւնը ընելէ ետք բարի խօսք մըն ալ ըսէք, ինչպէս` «Ինծի համար չափազանց անախորժ է, որ պէտք եղաւ գանգատիլ ձեզի, որովհետեւ, այլապէս շատ գոհ եմ ձեզմէ»: Եւ կամ` «Գիտեմ` պէտք պիտի չըլլայ, որ այս նիւթին շուրջ կրկին անգամ խօսակցութիւն ունենանք, ինչ որ անհաճոյ է երկուքիս համար ալ»:

Երբեք մի մոռնաք, որ դիտողութեան մը նպատակը արժանապատուութիւն վիրաւորել կամ նուաստացնել չէ, այլ` գէշ բան մը դարմանել եւ անոր կրկնութիւնը կանխել:

Ջանացէք ուրեմն եղելութիւնը դիտել յանցաւորին դիտանկիւնէն ալ:

Անհաւանական չէ, որ գտնէք, թէ ձեր պաշտօնեան այդ ձեւով վերաբերեցաւ կամքէ անկախ պատճառով, առանց ոեւէ մէկուն վնասել ուզելու:

Վերջապէս, ձեր դիտողութիւններուն վրայ բացարձակապէս անձնական շեշտ մի՛ դնէք:

Դիտողութիւն լսող մարդը պէտք է հասկնայ, որ իր դիրքը միայն ձեր աչքին չէ, որ սխալ է, այլ` ընդհանուր կերպով, ոեւէ արդար դատողի աչքին:

Թարգմ. ՍԷ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Իզապել Սատոյեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In