Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1967)

Յուլիս 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ու Ես Կ՛երթամ…

Խաչի Ճամբուն Վրայ

25 մարտ 1967, շաբաթ:

Տիգրանակերտէն Էլազիկ շոգեկառքով եկանք: Ճամբորդութիւնը չափազանց նեղացուցիչ անցաւ. ճամբաներն ու տեսարանները ծանօթ էին: Օդը ցուրտ էր: Երբեմն ձիւն, երբեմն ալ անձրեւ կը տեղար:

Այսօր շաբաթ է: Երեկոյին ճրագալոյց է, արարողութիւն կատարելու հնարաւորութիւն չունինք, որովհետեւ թէ՛ եկեղեցի չունինք եւ թէ չենք կրցած պատրաստուիլ: Հազիւ յաջորդ օրուան Զատիկի արարողութիւնները կատարելու համար կը պատրաստուինք:

26 մարտ 1967, կիրակի:

Զատիկ է այսօր: Հակառակ աննպաստ օդին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Վահան Էսկիճիին տունը ուխտաւորներ կը փութան: Անատոլուի հեռաւոր մէկ անկիւնը, տան մը մէջ, նախնական ձեւով 1967-ի Զատիկը կը տօնենք:

Դուրսը փաթիլ-փաթիլ ձիւն կը տեղայ. մենք ալ ներսը քանի մը մոմերու աղօտ լոյսով կ՛աղօթենք: Մոմերը կը պլպլան, խունկը կը ծխայ… տեսարանը պարզ ու աղքատ է, եւ սակայն հաւատացեալներու դէմքերուն վրայ ուրախութեան ցոլքեր կը շողան: Իրենց քահանային ետին կեցած աղօթելը անոնց համար երանութիւն է…

Օտար քահանան մեր հիւրասէր ժողովուրդին տունէն նուէրը կ՛առնէ, եւ սակայն եկեղեցիին դուռը անոր երեսին կը փակէ… Մինչդեռ այսօր, շահագործումէ ազատած, մայրենի եկեղեցիին ձրիատուր շնորհը առատօրէն իրենց կը բաշխուի… Նախատինք  ու արգահատանք` նենգին երեսին շպրտած` պարզուկ ու գեղջուկ մեր Զատիկը երանութեան մէջ կը տօնենք…

Հովուական ու ծխական փորձառութիւններէս սորված եմ, որ ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը ծաղկեցնելու համար պէտք է անոր ներաշխարհը իջնել եւ հոգւոյն անդաստանին մէջ ակօսներ բանայ, որ հոգեւոր սերմերը աճին եւ ուռճանան:

Զատկուան տօնակատարութենէն ետք ուրախութեան աւետիսը հաւատացեալներուն աւետելու կ՛երթանք, տուները կ՛օրհնենք, իւրաքանչիւր տան կեանքին մօտէն կը ծանօթանանք:

Հայկանուշ երեք որբերով այրի կին մըն է եւ, սակայն, աղքատ չէ… Սովորական խօսքեր ըսել-անցնելով` հովիւ մը իր պարտականութիւնը կատարած չըլլար: Կեանքի ուղիին վրայ պատահարները կ՛երկարին: Բայց անոնցմէ շատ քիչ յիշատակներ միայն կ՛ապրին… եւ ահա արեգակը խաւարած այս մթնոլորտին մէջ անմոռանալի յիշատակ մը պէտք է թողուլ:

Ահա պատեհ առիթը եկաւ: Հայկանուշ ինծի երբ դրամական նուէր տալ ուզեց, մերժեցի: Որպէսզի կնոջ արժանապատուութիւնը չվիրաւորուի, ըսի.

– Հայկանո՛ւշ, աղջի՛կս, գիտեմ, դուն աղքատ չես , բայց ձեր տան մէջ այր մարդ չըլլալուն համար չեմ ուզեր ձեզմէ նուէր ստանալ: Տե՛ս, դուն ազգին երեք հատ զաւակ կը հասցնես: Այս ալ իմ կողմէ քեզի մխիթարութիւն մը թող ըլլայ:

Տեսայ, որ  կնոջ ամբողջ էութիւնը ցնցուեցաւ: Դէմքը նախ գունատեցաւ, եւ ապա զուարթութիւն մը ստացաւ, այտերէն ուրախութեան արցունքներ  կայլակ-կայլակ սկսան վար սահիլ:

Այդ արցունքներուն հետ այրի կնոջ սրտին մէջ կուտակուած թախիծն ալ դուրս կը թափէր: Այրիին սիրտը մաշեցնող դառնութիւնը, իբրեւ վարձատրութիւն, իբրեւ մարգարիտի հատիկներ` հովիւին հոգւոյն մէջ կը կաթէին…

Այս մտերմութենէն չենք կրնար բաժնուիլ: Հիւրասիրութիւններ կ՛ըլլան, տղաքը մեր շուրջը կը դառնան, թէ ի՛նչ էր պատահած… Իրենց տան մէջ նոր շունչ մըն էր ծներ… որբին ու այրիին մտերմութիւնով ես համակուած` փողոցներէն կ՛անցնիմ…

Այս օրէն ետք ժողովուրդին հետ մեր մտերմութիւնը նոր գոյն մը ստացաւ: Կարծես իրարու հետ նոր կը ծանօթանայինք: Անոնք կրկնապէս ուրախ էին, որ տէր հայրը իրենց որբն ու այրին կ՛ուրախացնէ… Փոքր  զոհողութիւնով մը գանձի մը տիրացած, ու` ես կ՛երթամ…

Օրն ի բուն խոնջելէ ետք, գիշերներն ալ իրարու հետ, երկար ժամեր զրոյցներ կ՛ունենանք: Գիշեր մը, երբ նորէն ինծի կը ստիպէին, որ խօսիմ, մերժեցի.

– Տղա՛ք, ամէն անգամ ե՞ս պիտի խօսիմ. այսօր ալ դուք խօսեցէք, ե՛ս մտիկ ընեմ,- ըսի:

Ներկաները զիրար սկսան հանդէս կոչել… վերջապէս Յակոբ աղան հաւանեցաւ մեզի փեսայ հագուեցնելու երգը երգել.

Կանչենք ազգականք մեր հարսնեւոր,
Մանկունս մեր, է ծաղկեր.
Ես ալ բերի իրեն փեսանուէր…:
Խոնջանը ես կապեմ զօրաւոր,
Դուք ըսէք ըլլայ շնորհաւոր.
– Թող ըլլա՛յ շնորհաւոր…:
Շապիկը կնքամայրն է ծաղկեր,
Սանուկը հագնի` ըլլայ թագաւոր.
– Թող ըլլա՛յ շնորհաւոր…:
Կապան հագնի ջուխայէ նոր,
Ուրախ օր է այսօր,
– Թող ըլլա՛յ շնորհաւոր…:
Ոտնամանը սիրուն աղուոր,
Հագնի ըլլայ մեծաւոր.
– Թող  ըլլա՛յ շնորհաւոր…:
– Հայրիկ տուր ձեռքդ համբուրեմ օրհնաւոր,
– Հալալ ըլլայ ինձմէ քեզի բոլոր.
– Թող ըլլա՛յ շնորհաւոր…:
– Մայրիկ, մայրիկ ծիծերդ եմ կերեր,
– Հալալ ըլլայ կտրիճիս թագաւոր,
– Թող ըլլա՛յ շնորհաւոր…:
– Եղբայր, հաշտուինք, յաճախ ենք կռուեր
– Եղբայր, աիմ հոգին ես դու մի վախեր.
– Թող ըլլա՛յ, շնորհաւոր…:
– Քոյրիկ, ներէ՛ ինծի, քեզ շատ եմ ծեծեր,
– Կտրիճ եղբօր զարկած տեղը վարդեր է բուսեր.
– Թող ըլլա՛յ, շնորհաւոր…:
– Այս գօտին թող ընէ՛ քեզ պատուաւոր,
Հինան ալ կեանքիդ բախտաւոր.
– Թող ըլլա՛յ, շնորհաւոր…:
– Մաքուր ճակտիդ պիտ՛ կապէ նարօտ:
Տէրտէրը վաղը` ըլլա՛ք միաւոր,
– Թող ըլլա՛յ, շնորհաւոր…:

Կնքահօր կողմէ փեսայ հագուեցնելու այս հին երգը Յակոբ աղան հին օրերու աշխուժով կ՛երգէ, մենք ալ իբրեւ հարսնեւորներ մտիկ կ՛ընենք: Հարսանեկան խոհերու գիրկը, հարս ու փեսայ, ու ես կ՛երթամ…

Խուլագիւղի (Շահինգայա) միակ բնակիչը Հաճի Կարօ աղան միակն է: Իննսունամեայ ծերունին եկուորի մը կարօտով կը սպասէ անոր այցելութեան պէտք է երթամ: Ամբողջ օր մը անոր կը յատկացնենք:

Ծերունի Հաճի Կարոն անկողինին մէջ նստած ` մեզի հետ կը խօսի: Տարիներու գրոհին դիմաց թէեւ նիւթական կառոյցը փուլ է եկեր, եւ սակայն կորովը նոյնքան զօրացեր է, եւ յիշողութիւնն ալ պայծառ է մնացեր: Անվերջ հին յիշատակներ  կը պատմէ, մենք ալ մտիկ կ՛ընենք:

«Օր մը Խուլավանքի վանահայրը Գէորգ վարդապետ թթենիի մը պայրոսը (պատուաստ) կոտրած տեսաւ, աւաղեց. «Երանի թէ իմ ձեռքս կոտրէր»: Ան եթէ իր ծառերուն որբ մնալը տեսնէր, ի՞նչ պիտի ընէր… Երանելի ու բարի եկեղեցականներ, յարգա՛նք ձեր յիշատակին…»:

Այո՛, յարգանք անոնց: Եւ` մերօրեայ կեղծ կրօնաւորներուն ալ…

Թթաստանին մօտ Կապանի աղբիւրը մենաւոր է: Գիւղին մէջի «Աղլեղի», «Լէկլէկի» եւ «Պզտիկ» աղբիւրները բախտաւոր են… ասոնցմէ մէկուն ճակտի քարին վրայ այբուբենի տառերը փորագրուած են:

Երբ մեկնելու համար ոտքի կ՛ելլենք, Հաճի Կարոն կը տրտնջայ.

– Տէր հա՛յր, երանի թէ չգայիք, գալէ ետք ալ չերթայիք…

Ծերունիին դողդոջուն շրթունքներուն հպումը ձեռքիս վրայ դեռ կը զգամ…

Վերադարձի ատեն, գիշերը ժամը 3:00-ին, Մալաթիոյ կայարանէն մեկնելէ քանի մը վայրկեան ետք, զօրաւոր ցնցումով մը տակն ու վրայ կ՛ըլլանք: Կառախումբի ուղղութիւնը ճշդող պաշտօնեային սխալին պատճառով մեր կառախումբը կայարանին ուրիշ մէկ գծին վրայ կեցող կառքերու հետ բախում ունեցած էր: Բարեբախտաբար մեր կառախումբը տանող վայրաշարժը դեռ ամբողջովին շարժման չէր անցած: Հաւանական աղէտէ մը ազատած էինք: Խաչի ճամբուն վրայ մահուան վտանգէ մը եւս ազատեցայ…

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Արժանահաւատութեան Ուղին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?