Հայկական Հին Սովորութիւններ
«Կտրիճներու Միութիւն»
Միջնադարեան Հայաստանի քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունեցած են ամուրի Կտրիճներու միութիւններ, որոնք յաճախ կոչուած են եղբայրութիւններ (հին հայերէնով` կտրիճ կը նշանակէ երիտասարդ):
Օրինակ, 1280-ին Երզնկայի մէջ կազմակերպուած է «Կտրիճաց միաբանութիւն» մը, որուն կանոնագրութիւնը, որ այժմ կը գտնուի Երեւանի մատենադարանին մէջ, կազմած է բանաստեղծ Յովհաննէս Երզնկացի:
Քաղաքական դժբախտ դէպքերու իբրեւ հետեւանք, Ժ.-ԺԱ. դարերուն եւ այնուհետեւ տեղի ունեցան զանգուածային գաղթեր` դէպի Սեւ ծովու ափերը` Խրիմ, Մոլտաւիա, Արեւմտեան Ուքրանիա, Լեհաստան, Թրանսիլւանիա եւ այլուր: Նոր Նախիջեւան քաղաքը եւ շրջակայ գիւղերը հիմնեցին 1780-ին Խրիմէն բռնագաղթի ենթարկուած հայերը:
Այս շրջանին մէջ անցեալ դարու վերջին տարիներուն գոյութիւն ունէին «Կտրիճներու» միութիւններ, որոնք կը կոչուէին «Աւետիսի տուներ»: Ամէն թաղ ունէր իր Կտրիճներու միութիւնը, այսինքն` իր Աւետիսի տունը, որ կ՛առաջնորդուէր անգիր, սակայն դարերով նուիրագործուած օրէնքներով եւ աւանդութիւններով:
Աւետիսի տան անդամ կրնար դառնալ ամէն ամուրի կտրիճ, 15-16 տարեկանէն մինչեւ ամուսնանալը: Ամուսնութիւնը կը զրկէր կտրիճը Աւետիսի տան անդամ ըլլալու իրաւունքէն, այլեւս կը կոչուէր «տանտէր» եւ չէր կրնար մասնակցիլ կտրիճներու գործերուն:
Աւետիսի տուները կը գործէին միայն ձմրան ամիսներուն: Անդամ կրնային ըլլալ անխտիր բոլոր կտրիճները, դասը, դասակարգը, տնտեսական գրութիւնը, զբաղումը ոչ մէկ դեր կը խաղային:
Ամէն տարի աշնան, թաղին կտրիճները կը գումարէին Ընդհանուր ժողով, ուր կ՛ընտրէին իրենց նախագահը, մէկ կամ երկու օգնականներ` Աւետիսի տան տնտեսութիւնը վարելու: Կտրիճները կը վճարէին անդամավճար: Տան մէջ կը սորվէին աւետիսներ երգել, պարեր պարել, կը կարդային հանրամատչելի գիրքեր, կը լսէին հեքիաթներ, հանելուկներ եւ այլն:
Աւետիսները շատ հին ծագում ունին: Բոլորն ալ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են եւ գաղթականներու միջոցով հասած են մինչեւ հեռաւոր այդ ափերը: Կրօնական է անոնց ծագումն ու բովանդակութիւնը եւ բոլորն ալ կապուած են Քրիստոսի ծննդեան տօնին հետ:
Ամէն տարի Ճրագալոյցի երեկոյեան իրենց տան մէջ Թաթախման սեղանը վայելելէ ետք, կտրիճները 4-5 հոգիներէ կազմուած խմբակներ կազմելով կ՛այցելեն թաղին կամ գիւղին տուները` գլխաւորութեամբ իրենց աւագներուն: Այս վերջինները ներս կը մտնէին եւ կը դիմէին տանտիրոջ` «Շնորհաւոր Ծնունդ» խօսքերով, իսկ խումբը, որ նախասենեակին մէջ կեցած կ՛ըլլար, կ՛երգէր`
Ձեզ աւետիս մեզ աւետիս,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս:
Խումբը, տանտէրին հրաւէրին ընդառաջելով, աւետիսներ կ՛երգէ: Տանտէրը զանոնք կը հիւրասիրէ մէյ-մէկ գաւաթ գինիով կամ օղիով, մեղրով, կաղինով, որ կը կոչուէր կաղանդ: Ամէն տանտիկին այս օրուան համար նախօրօք կը թխէ մեծ խալաջ մը եւ երկու գաթա, զոր կու տայ աւետիս երգողներուն: Ասկէ զատ ամէն տանտէր, իր կարողութեան համաձայն, դրամական նուէր մը կ՛ընէ: Կտրիճները իրենց ստացած նուէրները կը յանձնեն իրենց նախագահին, որ դրամը կը դնէ դրամարկղին մէջ, իսկ խալաջները եւ գաթաները կ՛ուղարկէ Նոր Նախիջեւան` ծախելու շուկային մէջ: (ԽՄԲ.- Կտրիճներու միութիւն մը, ոչ այսպէս կրօնաշունչ, այլ մարզական ու զինուորական նկարագիրով, կը նկարագրէ Մինաս Չերազ):
*
* *
Հարսանեաց պարերգները: Պարերը եւ երգերը պսակի արարողութեան հետ կապուած եւ ծիսական ձեւ ստացած հին երգեր էին: Առանց այդ պարերգներուն կարելի չէր փեսան հագցնել, զինք տունէն դուրս հանել, ինչպէս նաեւ հարսը փեսային հետ եկեղեցի տանիլ:
Մէկ խօսքով, պսակի ծէսը լրիւ կատարելու համար կտրիճներուն պարերգները նոյնքան անհրաժեշտ էին, որքան քահանային օրհնութիւնը:
Պսակին օրը, դեռ չլուսցած, փեսային ընկերները կու գային անոր տունը եւ նուագախումբին հետ կ՛ուղղուէին կնքահօր մօտ: Կնքահայրը տունէն դուրս կ՛ելլէր, կը դիմաւորէր եւ ներս կը հրաւիրէր այցելուները: Տան մէջ կը հիւրասիրէր գինիով կամ օղիով, քաղցրաւենիքներով: Հուսկ ուրեմն, կնքահայրը եւ կնքամայրը կտրիճներուն հետ կը վերադառնան հարսնիքին վայրը, ուր կնքահօր կը նստեցնեն «ամէնէն պատուաւոր տեղը»:
Ամէն ոք կ՛ողջունէ կնքահօր եւ կնքամօր գալուստը եւ մօտենալով կ՛ըսէ.
– Կնքահա՛յր, կամքդ կատար:
Անոր առջեւ կը շարէին փեսային հագուստները, կօշիկները եւ գլխարկը: Կտրիճները «փեսայ հագցնելու» երգը երգելով նախ կը հանուեցնեն, ապա փեսայական հագուստներ կը հագցնեն, իսկ գլխարկն ալ կը զետեղեն շրջուած ձեւով: Այնուհետեւ, կտրիճներու աւագը, դառնալով կնքահօր, կ՛ըսէ.
«Սիրելի՛ կնքահայր, վերէն ընկել է մէկ հատ պաղած խուշ, հոգեվարքի մէջ է: Տեսօք, եաշ թռչուն է, խալսեցունել կարելի է: Մեր կտրիճները գտիլ ին, բերիլ ին հոս, մեղք է, պէտք է նայել, տաքացնել, ուտեցունել եւ խմցնել, կշտացնել, պէտք է կարմիր գինի, Հնդիստանի շերբէթ ջուր, տաք հալաւ», եւ այլն:
Կնքահայրը, ըստ իր կարողութեան, կը նուիրէ 3-5 ռուբլի, որուն վրայ կը շտկեն փեսային գլխուն ծուռ դրուած գլխարկը:
Երբ դուրսը կը լուսնայ, եւ երբ արդէն բոլոր հարսնեւորները հաւաքուած կ՛ըլլան, նուագախումբը կը նուագէ «Առաւօտ Լուսոյ»-ն: Ապա շքախումբ կազմած կ՛երթան հարսին տունը, ուր երկար ժամանակ երկու կողմի հարսնեւորները կը պարէր ազգային պարեր:
Տան մէջ, սեղանին վրայ զետեղուած է հարսին «ճհէզը» (օժիտ): Տէրտէրին գալէն ետք զգեստաւորուած, դէմքը քօղերով ծածկուած հարսը կը բերեն փեսային քով: Տան մէջ կը կատարուի կէս-պսակ, ապա ամէն ոք, միշտ երգերով, կ՛ուղղուի դէպի եկեղեցի:
Պսակադրութենէն ետք կ՛երթան փեսային տունը, ուր, փեսային մայրը, տան սեմին կեցած, մէկ ձեռքով կը թռցնէ երկու աղաւնիներ ու միւս ձեռքով` բրինձ ու դրամ կը թափէ ամոլին վրայ:
Խ. ՓՈՐՔՇԷԵԱՆ