50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (1 Նոյեմբեր 1967)

Օրացոյցը Դարերու Ընթացքին Օրացոյցը ամբողջութիւնն է ժամանակներու բաժանումներուն եւ յատկապէս քաղաքային տարիին: Ցուցակ մըն է, որ կը ներկայացնէ տարւոյն բաժանումները եղանակներու, ամիսներու, շաբաթներու եւ օրերու` տալով շատ յաճախ կրօնական եւ ազգային տօները, ինչպէս նաեւ` հաղորդելով մթնոլորտային երեւոյթները, ինչպէս լուսնի` շրջանը, ծովի մակընթացութիւններն ու տեղատւութիւնները, լուսնի խաւարումները: Բոլոր դարաշրջաններու քաղաքակրթութիւնները օրերը ներկայացնելու իւրայատուկ ձեւ մը ունեցած են: Թերեւս նաեւ մարդոց այլազանութիւնն է եղած պատճառը, որ գոյութիւն չէ ունեցած մէկ օրացոյց, այլ` օրացոյցներ: Օրացոյցը շատ հին պատմութիւն ունի, որովհետեւ մարդկային հաւաքականութեան կազմութեան առաջին շրջանէն իսկ մարդիկ իրարու հետ հաղորդակցելու համար պէտք ունեցած են ճշդելու մեկնակէտեր: Միեւնոյն ատեն մտահոգութիւնն ունեցած են ժամանակի մը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1967)

«Ամօ՛թ Ձեզի...» Պոլսէն եկած էր իր մօրը հետ: Տարիքը` երեսունէն շատ պակաս: Գեղադէմ ու սլացիկ հասակով երիտասարդ հարս մը: Մեր զրոյցը տեղի կ՛ունենար ընտանեկան շրջանակի մը մէջ, սեղանի շուրջ: Թուականը` ապրիլ 1967: Վայրը` Ամերիկա: Երբ հայը հայուն քով գայ ապրիլ ամսուն, բնականաբար խօսակցութեան նիւթը կ՛ըլլայ քսանչորսը: Պարապ գտնուեցայ եւ հարցուցի նոր հարսին. - Գիտե՞ս, թէ ասկէ 52 տարի առաջ ինչե՜ր պատահեցան Հայաստանի մէջ... Գիտե՞ս, թէ ի՛նչ զոհեր տուինք: Բազմութիւն եւ ընտրանի... Եւ ի՜նչ հարստութիւն... Երիտասարդ հարսը պատառաքաղն ու դանակը դրաւ պնակին վրայ եւ ի պատասխան այս շատ անմեղ հարցումին` ըսաւ. - Ո՛չ գիտեմ, ո՛չ ալ կ՛ուզեմ գիտնալ... - Ինչո՞ւ, դուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Հոկտեմբեր 1967)

Ընկ. Եդուարդ Տարօնեանի Յուղարկաւորութիւնը   Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւնը գրագէտ, կրթական բազմավաստակ մշակ եւ հաւատաւոր դաշնակցական Եդուարդ Տարօնեանի: Ստորեւ կու գանք Մ. Իշխանի դամբանականը, որ խօսեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ: Սգակի՛ր ընկերներ եւ բարեկամներ, Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինին, Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգային ընկերութեան եւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին, տխուր պարտականութիւնը ունիմ գերագոյն հրաժեշտի խօսքը ըսելու Եդ. Տարօնեանի դագաղին առջեւ: Լիբանանի հիւրընկալ հողին պիտի յանձնենք վաստակաշատ մշակ մը եւս, գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մըն ալ, որ հայրենի աշխարհէն եւ հայոց հինաւուրց ազգէն ժառանգած ոգեղէն արժէքները ոչ միայն անաղարտ պահեց օտար ափերու վրայ, այլ զանոնք աճեցուց, բազմապատկեց եւ լիաբուռն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1967)

Պապին Վրայ Հսկող Կրօնաւորուհին Ո՞վ կը հսկէ պապին վրայ, երբ հիւանդ է ան: Ո՞վ է, որ կ՛արթնցնէ զայն առտուն կանուխ եւ իր մօտ կը մնայ մինչեւ, որ աւարտէ նախաճաշը: Ո՞վ կը պնդէ իրեն, որ առնէ բժիշկներուն հրահանգած դեղերը: Կրօնաւորուհի մըն է ան` 39 տարեկան, քոյր Ճիաքոմինա Փետրենի: Քոյրը միաժամանակ քահանայապետին անձնական հիւանդապահուհին է եւ տան մակատակարարուհին: Չորս տարիէ ի վեր, գիշեր ցերեկ, կը հսկէ սրբազան պապին վրայ: Երբ առաւօտեան ժամը 6:00-ին նորին սրբազնութիւնը կը բանայ իր աչքերը, արդէն կէս ժամէ ի վեր քոյր Ճիաքոմինա կը շրջի նրբանցքներուն մէջ` լռութեամբ: Երբ գիշերը անկողին մտնէ ու քնանայ, քոյրը իր ետեւն է, պատրաստ`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1967)

Նժարէ Նժար Ջրհեղեղի Վտանգ Պոսթընի «Պայքար» թերթին մէջ, յօդուածագիր մը, Նոյեան տապանի հետախոյզներուն վերջին լուրը տալէ ետք, կ՛անդրադառնայ տապանի շինութեան պատճառներուն, Ջրհեղեղի պատճառներուն ու կը գտնէ, որ նոյեան կենցաղին փնտռտուքը աւելի կարեւոր է արդի մարդուն համար, աւելի կենսական են նոյեան սրբութիւնն ու արդարութիւնը, գութը, սէրը, որոնք միշտ ըստ յօդուածագրին, տեղի տուած են վատթար ու կործանարար վարքուբարքերու ու կայ նոր ջրհեղեղի մը վտանգը: «Այս ընթացքով դէպի ո՞ւր պիտի հասնինք, ինչպէ՞ս պիտի ձերբազատինք գալիք ահաւոր աղէտէն... այս անգամուան «Ջրհեղեղը» նախկինէն շատ շատ աւելի յորդահոսան, փրփրակուտակ, աւերիչ ու քանդիչ պիտի ըլլայ»: Նախատեսուած աղէտէն աւելի՛ առաջ պատահած է կարծես աղէտը, ու ջրհեղեղի բռնուած ջրամոյն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1967)

Գրագէտ, Հանրային Կրթական Մշակ Ընկեր Եդուարդ Տարօնեան Ոչ Եւս Է Դառն կսկիծով կը հաղորդենք մահը գրագէտ ընկ. Եդուարդ Տարօնեանի, որ տասնամեակներ շարունակ անձնուիրաբար ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր կուսակցութեան` առաւելաբար իբրեւ կրթական մշակ: Եդուարդ Տարօնեանի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ մէկը իր գաղափարական գործիչներէն եւ մտաւորականներէն, որ հասցուց հայրենասէր եւ գաղափարական սերունդներ` հայեցի ամուր դաստիարակութեամբ եւ ազգային ոգիով: Ծնած է 1896-ին, Բաղէշ նահանգի Ղուլթիկ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ: Երկրորդական ուսումը` Պոլիս: 1915-ին մեկնած է Ժընեւ: 1919-ին աւարտած է Ժընեւի Institut J. J. Rousseau մանկավարժական համալսարանը: Ժընեւի մէջ, ուսանողութեան տարիներուն, մտած է ՀՅԴաշնակցութեան շարքերը: Վարած է ուսուցչական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Հոկտեմբեր 1967)

Ակնարկ Չափանիշ - Վարժարան Մը   Անցեալ ամսուան ընթացքին Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրութեան առիթով կոչ մը հրատարակուեաւ մեր թերթերուն մէջ: Համաձայն այդ կոչին, այս աշնան հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան հայ մշակոյթի նախկին ոստանին մէջ, դասախօսութիւններ` վարժարանի կատարած դերին մասին, հոգեհանգստեան պաշտօն` անդարձ բաժնուած երախտաւորներուն հոգիին, եւ պիտի հրատարակուի յուշամատեան մը: Սրտագին է կոչը եւ սրտայոյզ: Ամէ՛ն հայու համար: Որովհետեւ Կեդրոնականը քաղաքի մը կամ գաղութի մը վարժարանը չեղաւ միայն, այլ քանի մը ուրիշներու հետ եղա՛ւ բովանդակ ազգին վարժարանը` վայելելով ամէնուն երախտագիտութիւնը: Արեւմտահայ մշակոյթը ծաղկման նոր ու փառաւոր վկայութիւն մը տուաւ այդ քաղաքին մէջ, ու այդ բուռն շրջանին, Պէրպէրեան եւ Էսայեան վարժարաններուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1967)

Զեկոյց Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի Յուշարձանի Յանձնախումբի Վեց ամիսներ անցան այն օրէն, երբ Պիքֆայայի բարձրահայեաց ժայռի մը վրայ հիմնարկէքը կատարեցինք ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի յուշարձանին` հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուն` Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Իգնատիոս-Պետրոս կաթողիկոս-պատրիարքին եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանին: Ամառնային շրջանին յարատեւ ընթացքով յառաջ տարուեցաւ յուշարձանի կառուցման աշխատանքը: Այժմ արդէն աւարտած է երկաթեայ կմախք-մարմինը` համեմատական բոլոր չափերու բծախնդիր գործադրութեամբ: Անոր վրայ այժմ սկսած են զետեղուիլ պրոնզէ շերտերը, որոնք պիտի ամբողջացնեն յուշարձանի կառուցման աշխատանքը: Յառաջիկայ ձմեռնային շրջանին, հակառակ նման աշխատանքի մը համար օդային աննպաստ պայմաններուն, աշխատանքը պիտի շարունակուի առանց ընդմիջումի: Մեր նպատակն է յուշարձանին կառուցման աւարտել մինչեւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Հոկտեմբեր 1967)

Ստեփան Զօրեանի Բացման Խօսքը Հոկտեմբեր 18-ին խոր ցաւով իմացանք Հայաստանի գրականութեան ամէնէն աւագ դէմքերէն` բազմարդիւն գրագէտ Ստեփան Զօրեանի մահուան գոյժը: Ծնած էր 1890 թուականին, Ղարաքիլիսէի մէջ եւ տասնըեօթը տարեկանէն ասդին, ամբողջ վաթսուն տարի իր ուժերը նուիրաբերած` գրականութեան, հեղինակելով, թարգմանելով, ոգեւորելով եւ ուսուցանելով: Ծնունդով օժտուածներէն էր Զօրեան, որ առաջին մէկ օրէն գրաւեց ժամանակակից կուռքերուն` Թումանեանին, Շիրվանզադէին եւ այլոց ուշադրութիւնը եւ վայելեց անոնց գործօն քաջալերանքը: Իր բնատուր շնորհները կիրարկելով` ինքզինք չմաշեց Զօրեան, այլ անոնց աճման եւ ճիւղաւորման համար անդուլ ճիգեր թափեց` ուսումնասիրելով մեր հին ու նոր գրականութեան լաւագոյն նմուշները եւ բանալով նոյն ատեն միտքն ու ջիղերը համաշխարհային գրականութեան վճիտ աղբիւրներուն դիմաց: «Իմ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Հոկտեմբեր 1967)

Ակնարկ Երկրորդ Վերամուտը Դպրոցական տարեմուտը սկսաւ, ու այս թերթին մէջ կարելի չափով մը անդրադարձանք կրթական հարցերուն եւ արձանագրեցինք մշակներուն պատրաստութեան մասին մեր ունեցած տպաւորութիւնները: Կատարեցինք մատնանշումներ, բանաձեւեցինք բաղձանքներ: Հայոց լեզուին ու մշակոյթին շուրջ հետաքրքրութիւնները աւելի սրելու ու վառ դարձնելու մտօք, «Ազդակ» յաւելեալ ճիգով մը բացառիկ թիւի մը մէջ խմբեց նաեւ մեծասքանչին ու անոր մեծ վաստակաւորներուն կարգ մը գործերն ու հիասքանչ պոռթկումները: Դպրոցական վերամուտին առիթով դեռ անպայման կը խօսուի, խօսողներ կը գտնուին, բայց մենք այսօր կ՛ուզէինք խօսիլ միւսին մասին, որ գրական վերամուտն է այս անգամ, նոյնքան կարեւոր, գուցէ` աւելի կենսատու: Եւրոպացի գրագէտները, համարեա՛ ամէնքը, ամառը արձակուրդի կ՛երթան ու վերադառնալէ ետք, կազդուրուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1967)

Ամբարտաւանը Քաղաքական Գետնի Վրայ Անհատ ամբարտաւանը եթէ կը գործէ իր անձին դէմ, քաղաքական ամբարտաւանը, որքան փառատենչ, նոյնքան` անմիտ, կը դաւէ, իր անհեռատես ու մոլեգին արկածախնդրութեամբ, ժողովուրդին եւ երկրին դէմ, որուն ղեկավարութեան կոչուած է, կամ լաւ եւս, դէպքերու դասաւորումով, կրցեր է այդ ղեկավարութիւնը անցընել իր ձեռքը: Քաղաքական ամբարտաւանը խիղճէ եւ խելքէ զուրկ անձ մըն է: Անհաւասարակշիռ եւ անհեռատես արկածախնդիրն է, որուն փառասիրութիւնը սահման չի ճանչնար: Հասնելու համար իր նպատակին` ան առաթուր կ՛ընէ ամէն անոնք, որ հեռատես կամ գաղջ խառնուածքի տէր, կը փորձէ որեւէ կերպով սանձել զինք: Գնդակահարութիւն, բանտ, աքսոր կամ այլ տեսակի պատիժ` իր կողմէ սահմանուած փոխադարձութիւններ են բոլոր անոնց դէմ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Հոկտեմբեր 1967)

Սուրիահայ Դպրոցներու Վերաբացումը Հոկտեմբեր 4-ին, Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ Չէպէեանի, գումարուած է Ազգային ժողով` մասնակցութեամբ հալէպահայ ազգային բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ազգային ժողովը նշանակած է յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւն տրուած է հանդիպում մը ունենալ Սուրիոյ կրթական նախարար Սուլէյման Խըշի հետ` հայոց լեզուի եւ կրօնի դասաւանդման եւ վարչական-տեսչական խնդիրներու շուրջ կարգադրութիւններ ընելու համար: Կրթութեան նախարարի եւ յանձնախումբի հանդիպումին, փոխադարձ հասկացողութենէ մը ետք, կրթութեան նախարարութիւնը հրապարակ հանած է 7 հոկտեմբեր թուակիր, թիւ 761 շրջաբերականը` ուղղուած Դամասկոսի, Հոմսի, Հալէպի, Իտլիպի, Լաթաքիոյ, Հասիչէի, Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի կրթական տնօրէնութեանց: «Տրուած ըլլալով, որ հայ ազգային վարժարաններու պատասխանատուներ, դպրոցական կարգադրութեանց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Հոկտեմբեր 1967)

Հայր Սահակ Քէշիշեանի Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» Ֆրանսերէն Թարգմանութիւնը Գեղարուեստական խօսքին գլուխ գործոցները չեն պատկանիր միայն այն ազգին, որուն լեզուով գրուած են: Անոնք թարգմանութիւններու միջոցով կը դառնան բոլոր քաղաքակիրթ ազգերու սեփականութիւնը: Սակայն Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» հանճարեղ երկը, որ իր ինքնատպութեամբ, փիլիսոփայական մտքի խորութեամբ եւ բանաստեղծական խօսքի կախարդական ուժով կը հանդիսանայ համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն մէկը, դժուարութեամբ կը հարթէ իր ճամբան դէպի համաշխարհային ընթերցասրահ: Չափազանց դժուար է Նարեկացին խօսեցնել ուրիշ լեզուով` առանց կորսնցնել տալու բնագրին ուժն ու հմայքը: Շատեր փորձած են թարգմանել այս երկը: Սկսած, բայց չեն աւարտած: Առաջին փորձը կատարած է Ֆելիքս Նից (1886)` ֆրանսերէնի թարգմանելով 41 եւ 80-րդ գլուխները: Այնուհետեւ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1967)

Պէյրութ Եւ Լիբանան  22-րդ Անգամ Ըլլալով Սապրի Համատէ Խորհրդարանի Նախագահ Պիտի Ընտրուի Այսօր Լիբանանի երեսփոխանական ժողովը կը գումարուի այս առտու` ընտրելու համար իր նախագահը եւ դիւանը: Այսօրուան նիստին խորհրդարանի երիցագոյն անդամը` Սամի Սոլհ պիտի արտասանէ իր աւանդական ճառը, ապա պիտի կատարուի նախագահի ընտրութիւնը, որմէ ետք նորընտիր նախագահը պիտի խօսի: Քուէարկութիւնը պարզ ձեւակերպութիւն մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ Սապրի Համատէ ապահոված է իր յաղթանակը: 22-րդ անգամ ըլլալով` Հերմելի երեսփոխանը պիտի գրաւէ նախագահական աթոռը, ինչ որ բացառիկ երեւոյթ մըն է: Բայց, Ս. Համատէ պիտի ունենայ մրցակից մը եւ այդ մրցակիցը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Պաալպեքի իր նախկին դաշնակիցը եւ ցանկակիցը` Նայեֆ Մասրի:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Հոկտեմբեր 1967)

Օրուան Դէպքերուն Հետ Երկու Հարուածով Սուրիա մտահոգ է: Իսրայէլ, մինչ մէկ կողմէ կը սպառնայ, միւս կողմէ կը յաւակնի ըսել, որ սուրիական մտահոգութիւնը անհիմն է: Եգիպտոս պիտի ուզէր Սուէզի ջրանցքը վերաբանալ նաւարկութեան առջեւ: Բայց այդ ջրանցքը բոլոր գործածողները անտարբերութիւն  կը ձեւացնեն: Նոյնիսկ` Մեծն Բրիտանիան, որուն կը վերագրուէր միջին լուծումի առաջարկ մը` ջրանցքին վերաբացման համար, ետ կը քաշուի: Խորհրդային Միութիւնը բան չի կրնար ընել եւ կասկած կը մնայ սկզբունքային դիրքերու, որոնց շնորհիւ ինքզինք տակաւին ցոյց կու տայ միակ նեցուկը արաբական պետութիւններուն` առանց գործնապէս նպաստելու անելին վերացման: Միացեալ Նահանգները յստակօրէն եւ յայտնապէս կը գտնուին այն վերաբերումին ետին, որուն վկայութիւնը կու տայ Սուէզի ջրանցքը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Հոկտեմբեր 1967)

Խմբագրական Անկողոպտելի Հարստութիւնը Խունկ ու աղօթք` այսօր, հայ մշակոյթի խորանին առջեւ: Խունկ ու աղօթք` հոգիին մեր դպրութեան անմահ տիտաններուն, որոնք իրենց մտքին պայծառ լոյսով յաւիտենականին ճամբորդը դարձուցին հայ ժողովուրդը, տուին անոր ամուր պատուանդան մը` ազգային գոյութեան, ուր կանգնած` ինքնավստահութեամբ կը նայինք ապագային, ազգերու համաստեղծութեան մէջ գրաւելով մեր ուրոյն, ինքնայատուկ եւ պատուաբեր տեղը: Մեր էութենէն բխող ներգոյակ այս ուժը կենսունակութեան այն աղբիւրն է, ուրկէ խմած ենք միշտ կանգուն մնալու համար, երբ մեր շուրջը ամէն բան փուլ կու գար, երբ աշխարհ կը սասանէր, երբ ժողովուրդներ մեզմէ շա՛տ աւելի հզօր` ի սպառ կ՛անհետանային պատմութեան բեմէն: Այլամերժ մոլեռանդութեան մը հաստատումը չէ այս, այլ` ինքնագիտակցութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Հոկտեմբեր 1967)

Ակնարկ Տարօրինակ Մուրացկաններ «Որքան ալ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան այլ շրջաններուն մէջ բնակող հայերը Թուրքիոյ հանդէպ համակրանք կը սնուցանեն...»: Մնացեալը կարեւոր չէ: Կը խօսի թուրք վարչապետ Տեմիրելի Պաքու այցելութեան առթիւ ձեռք առնուած ապահովութեան բացառիկ միջոցներու մասին: Կարեւորը այն տարօրինակ մուրացկանութիւնն է` սիրոյ եւ համակրանքի, որ տարիներէ ի  վեր արհեստ դարձած է թուրք հանրային կարծիքի վարիչներուն համար, զուգահեռաբար այն միւս մուրացկանութեան, որուն շօշափելի արդիւնքը ամերիկեան տոլարները եղան, եւ ռուսական ռուբլիները կրնան ըլլալ: Թուրք լրագրող մը կ՛այցելէ Սուրիա կամ Լիբանան եւ իր չնաշխարհիկ տպաւորութիւնները թուղթին կու տայ պոլսական մամուլին մէջ: Կը խօսի հայերու մասին, որոնք իբր թէ շատ կը սիրեն Թուրքիան,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1967)

Թուրք Լրագրողի Մը Համաձայն Տեմիրելի Պաքու Այցելութեան Առիթով Ապահովութեան Բացառիկ Միջոցներ Ձեռք Առնուեր Են Հայերու Պատճառով «Թալէաթ Եւ Ճեմալ Փաշաները Հայերը Սպաննած Էին, Ուստի Հարկ Էր Աչալուրջ Ըլլալ» Սիւլէյման Տեմիրելի` Խորհրդային Միութիւն այցելութեան առիթով Թուրքիոյ վարչապետին ուղեկցող լրագրողներէն Մուրատ Սերթօղլու «ԹԵՐՃԻՒՄԱՆ» թերթին մէջ սկսած է հրատարակել յօդուածաշարք մը` «ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ» ընդհանուր խորագրին տակ: Վերջին թիւին մէջ Սերթօղլու կը նկարագրէ Տեմիրելի եւ իր պատուիրակութեան Պաքու այցելութիւնը եւ իբրեւ նորութիւն, կը յիշէ, որ` «Պաքուի մէջ ապահովութեան բացառիկ միջոցներ ձեռք առնուած էին հայերու պատճառով»: Անշուշտ շատ հասկնալի է, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ թուրք լրագրողը, մանաւանդ երբ կ՛աւելցնէ, որ` «Թալէաթ եւ Ճեմալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Հոկտեմբեր 1967)

Ակնարկ Ինչ Որ Կը Պակսի Մեզի... Կրթական խնդիրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, երկու երեսներով կը ներկայանայ: Մէկը նիւթականն է եւ վարձատրութիւնը, միւսը բարոյականն է եւ ուսուցումը: Ու երկու այդ երեսներուն ներկայացուցիչները ամէնուրեք ու միշտ իրարու դէմ յանդիման կը գտնուին: Քիչ տրուած է ուսուցչին, շատ պահանջուած է անկէ: Ու ամէն տեղ ա՛յս է չոր իրականութիւնը: Մեր մէջ նոյնն է պարագան, բայց նոյնը չեն հետեւանքները: Ուրիշներ մարդ պատրաստելու եւ քաղաքացի պատրաստելու դեր մը սահմանած են դպրոցին, մենք` բան մը աւելի, ազգն ու ազգայինը պահելու յոյս մը եւս կապած ենք անոր, ու ճի՛շդ այս պատճառով պարտի ու պահանջէի բախումը ճակատագրականօրէն կ՛անդրադառնայ մեր վրայ: Ահաւասիկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1967)

Վերամուտի Առիթով Գիտնանք Գնահատել Դերը Հայ Ուսուցչին Մօտաւոր անցեալին հայութեան տրուած ծանր հարուածէն երբ ստեղծուեցաւ հայկական գաղթաշխարհը, իւրաքանչիւր հայ, տակաւին ուժաթափ վիճակի մէջ, իր գոյութիւնը ապահովող ու երկարաձգող միակ կռուանը նկատեց դպրոցը: Կիլիկիոյ քաղաքներէն ու գիւղերէն եկած տարագիր հայը, երբեմն նոյնիսկ` դպրոց չտեսած ու չճանչցած, սակայն խորապէս հաւատալով ուսման զօրութեան, անտեսեց իր նիւթական անորոշ վիճակը եւ իր քրտինքը չսակարկեց` ի խնդիր դպրոց կառուցելու սրբազան գործի յաջողութեան: Ու անոնց ամրացուցած հիմերուն վրայ է, որ այսօր, բաղդատաբար շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու տակ, ականատես կ՛ըլլանք գեղեցիկ կառոյցներու... Ուսումնատենչութեան ոգին կազմած է ու կը կազմէ մեր ազգին գլխաւոր յատկանիշներէն մին, որ հինէն ի վեր...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 30 of 69 1 29 30 31 69

Արխիւներ