Ակնարկ
Չափանիշ – Վարժարան Մը
Անցեալ ամսուան ընթացքին Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրութեան առիթով կոչ մը հրատարակուեաւ մեր թերթերուն մէջ: Համաձայն այդ կոչին, այս աշնան հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան հայ մշակոյթի նախկին ոստանին մէջ, դասախօսութիւններ` վարժարանի կատարած դերին մասին, հոգեհանգստեան պաշտօն` անդարձ բաժնուած երախտաւորներուն հոգիին, եւ պիտի հրատարակուի յուշամատեան մը:
Սրտագին է կոչը եւ սրտայոյզ:
Ամէ՛ն հայու համար:
Որովհետեւ Կեդրոնականը քաղաքի մը կամ գաղութի մը վարժարանը չեղաւ միայն, այլ քանի մը ուրիշներու հետ եղա՛ւ բովանդակ ազգին վարժարանը` վայելելով ամէնուն երախտագիտութիւնը:
Արեւմտահայ մշակոյթը ծաղկման նոր ու փառաւոր վկայութիւն մը տուաւ այդ քաղաքին մէջ, ու այդ բուռն շրջանին, Պէրպէրեան եւ Էսայեան վարժարաններուն հետ, ահագին թիւով արժէքներ ու արժեւորողնե՛ր ստեղծեց նաեւ Կեդրոնականը: Համոզուելու համար տրուած պատկառելի արդիւնքէն` կը բաւէ յիշել ուսուցիչներէն մէկ քանին միայն. Հրանդը, Զարդարեանը, Ինտրան, Հինդլեանը, Կուրտիկեանը: Հսկանե՛ր: Շնչաւորող, արարչագործո՛ղ հեղինակութիւններ, որոնց բառը հմայք ունէր, խօսքը` զօրութիւն ու տղուն մտքին առջեւ անոնց բացած գաղափարական աշխարհը` զոհողութեան եւ երդումի մղող ձգողութիւն մը:
Պատերազմին ու Մեծ ոճիրին պատճառով այս յարաճուն վերելքը պահ մը ընդհատուեցաւ, բայց պատերազմէն անմիջապէս ետք վարժարանը նորէն ինքզինք գտաւ, անոր ամպիոնններուն վրայ կրկին մեծեր երեւցան, վերապրողներէն մէկ-երկուքը` Օշական, Թէքէեան, որոնց շունչին տակ իմացական սպասարկութիւններու համար նորէ՛ն ուխտ ընողներ գտնուեցան, բազմաթիւներ, ու կարկառունները կոչուեցան` Ն. Սարաֆեան, Արամ Հայկազ, Զաւէն Սիւրմէլեան: Կ՛ուզէինք աւելցնել, որ Կեդրոնական վարժարանին երախտապարտ է նաեւ սփիւռքը, սփիւռքի գրականութիւնը:
Պոլսոյ մէջ ստեղծուած սերունդն ու սերունդին ստեղծած մտաւորական շարժումը ինքնիրեն չառաջացաւ, առաջացաւ այսպէս` արժանաւորները առաջ քշելով, պատասխանատու պաշտօնները վստահելով պատասխանատուութիւններ կրելու ընդունակ տարրերուն:
Իր ցուցաբերած ոգիով, նուիրական գործին հանդէպ ունեցած լրջութեամբ ու իրական ուժերուն տեղ տալու նախանձախնդրութեամբ ստեղծած սերունդներուն համար Կեդրոնական վարժարանը համազգային վարկ մը կը վայելէ, դարձած է տեսակ մը չափանիշ-վարժարան, որ կրնայ իբրեւ օրինակ ծառայել մեր կարգ մը վարժարաններուն պէս… վարժարաններու:
XX
Անդամական
Հանդիպում-Դասախօսութիւն
Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը եղանակի բացումը կատարեց կիրակի, 22 հոկտեմբեր, կէսօրէ առաջ, միութեան ակումբին մէջ, անդամական հանդիպում-դասախօսութեամբ:
Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանը: Կոչ ուղղեց ներկայ եւ բացակայ բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, որպէսզի զօրավիգ կանգնին վարչութեան` ուժ տալու համար միութեան վերելքին:
Արդարեւ, վարչութիւնը ծրագրած է լայն գործունէութիւն: Կազմուած են թատերական, գրական-գեղարուեստական, ակումբային եւ ընկերային յանձնախումբեր:
Օրուան դասախօսն էր Գէորգ Գանտահարեան: Նիւթ` «Արամ Խաչատուրեան»:
Գ. Գանտահարեան խնամքով պատրաստած իր նիւթը բաժնեց երկու մասի: Առաջին մասին` ներկայացուց մարդ եւ արուեստագէտ Խաչատուրեանը: Տեղեկութիւնները խիստ հաճելի էին: Գիտցաւ նիւթը համեմել` մեծ արուեստագէտին կեանքէն մանրավէպեր յիշատակելով: Երկրորդ մասին` ներկայացուց ստեղծագործութիւնները. սիմֆոնիներ, քոնչերթոներ եւ պալէներ: Նախ հապճեպ ակնարկով բնութագրեց զանոնք` մեկնաբանելով սեմֆոնիներու եւ պալէներու մէկ քանին, մասնաւորաբար «Գայեանէ» պալէն: Այս վերջինին ակնարկելով` ըսաւ. «Խաչատուրեան իր պարողներու իւրաքանչիւր շարժումին մէջ կը տեսնէ երաժշտութիւն եւ երաժշտութեան մէջ` պարային շարժում»:
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը»-ի եւ այլ ստեղծագործութիւններու ունկնդրութեամբ: