Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1967)

Հոկտեմբեր 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամբարտաւանը
Քաղաքական Գետնի Վրայ

Անհատ ամբարտաւանը եթէ կը գործէ իր անձին դէմ, քաղաքական ամբարտաւանը, որքան փառատենչ, նոյնքան` անմիտ, կը դաւէ, իր անհեռատես ու մոլեգին արկածախնդրութեամբ, ժողովուրդին եւ երկրին դէմ, որուն ղեկավարութեան կոչուած է, կամ լաւ եւս, դէպքերու դասաւորումով, կրցեր է այդ ղեկավարութիւնը անցընել իր ձեռքը:

Քաղաքական ամբարտաւանը խիղճէ եւ խելքէ զուրկ անձ մըն է: Անհաւասարակշիռ եւ անհեռատես արկածախնդիրն է, որուն փառասիրութիւնը սահման չի ճանչնար: Հասնելու համար իր նպատակին` ան առաթուր կ՛ընէ ամէն անոնք, որ հեռատես կամ գաղջ խառնուածքի տէր, կը փորձէ որեւէ կերպով սանձել զինք:

Գնդակահարութիւն, բանտ, աքսոր կամ այլ տեսակի պատիժ` իր կողմէ սահմանուած փոխադարձութիւններ են բոլոր անոնց դէմ, որոնք հայրենիքին ու ժողովուրդին խաղաղ համակեցութիւնը գերիվեր կը դասեն արկածախնդրութիւններէ:

Քաղաքական ամբարտաւանի մը ուղեղը իր ամպոտած սրտին մէջ է: Ան ո՛չ մարդկութիւն, ո՛չ ալ համակեցութիւն կը ճանչնայ: Իշխանութիւնը անոր համար առիթ մըն է` փառքի դափնիներ կորզելու:

Քաղաքական արկածախնդրութիւններ գործն են միշտ ամբարտաւան անհաւասարակշիռներու, որոնք անցած գլուխը ամբոխներու, տիրացած են իրենց երկրին իշխանութեան` գործելու համար հետագային հազար տեսակ չարիք ներքին եւ արտաքին ճակատի վրայ:

Մենամոլ այս բախտախնդիրներու պատճառով ազգամիջեան կռիւներ միշտ անպակաս եղած են: Անոնց շղթայազերծած պատերազմներուն զոհ գացած են միլիոնաւոր քաղաքացիներ, ու պարտութեան պարագային, իրենց երկիրը դարձած է յաղթող բանակներու ոտքի կոխան: Իրենց յախուռն եւ անխոհեմ քայլերով անոնք դարձած են իրենց հայրենիքին դժբախտութեան պատճառ:

Քաղաքական ամբարտաւանները, արկածախնդրութեան կենդանի մարմնացում, գտած են միշտ կերպը` վարձկան հացկատակներու միջոցով դառնալու միամիտ զանգուածներու պաշտամունքին առարկայ:

Եւ որպէսզի կարենան ազատօրէն եւ սանձարձակ գործել, բանտով, աքսորով, մահապատիժներով եւ ամէն տեսակ դաժան միջոցներով մաքրագործած են իրենց ընդդիմադիր տարրերը:

Քաղաքական ամբարտաւանը իր շրջապատը արհամարհող մեծամոլն է` ընդունակ ոչ միայն արկածախնդրութեանց, այլեւ` չարագործութիւններու:

Դժբախտ է երկիր մը կամ ժողովուրդ մը, որ անհեռատես մէկ վայրկեանին յանձնած է իշխանութեան սանձը նման անձերու` կրելու համար անոնց անխոհեմ ու սնամիտ փառատենչութեան տխուր հետեւանքները:

Ճենկիզ Խան, Լենկ Թիմուր, Համիտ, Հիթլեր, Մուսոլինի, Թալէաթ, Էնվեր եւ ընկերները արիւնոտ էջեր ձգեցին պատմութեան մէջ:

Քաղաքական ամբարտաւանները պատուհասներ են մարդկային խաղաղութեան:

Աւելի վտանգաւոր, քան` սովորական ամբարտաւանները, որոնք կը գործեն բաղդատաբար սահմանափակ շրջանակի մէջ, առարկայ միշտ իրենց նմաններու արհամարհանքին:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

«Ազգային Քաղաքականութիւն»

Մեր անբուժելի միամտութիւնը, նոյնքան անբուժելի լաւատեսութիւնը պատճառ եղան, որ չհասկնանք, իր ձեւին ու խորքին մէջ չըմբռնենք թուրքը եւ Թուրքիան վարող ազգային քաղաքականութիւնը:

Այս քաղաքականութիւնը չի փոխուիր, ինչպէս չի փոխուիր թուրքը ինք ալ: Ըսել կ՛ուզենք` Իթթիհատի օրով չսկսաւ եւ անոր օրով ու անոր հետ չվերջացաւ ան: Դեռ կը շարունակուի: Դեռ պիտի շարունակուի: Վկա՛յ վերջին հինգ դարու անցեալը:

Թուրք լրագրողներ, մտաւորականներ, պետական ու ոչ պետական ղեկավար դէմքեր ատեն-ատեն կ՛ափսոսան, որ Բիւզանդիոնը գրաւող յաղթական սուլթանը ժամանակին չթրքացուց ազգային փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ մէջ եւ ձգեց, որ զարգանան ու զօրանան, նոյնիսկ` բացառիկ առանձնաշնորհումներ տալով անոնց:

Մենք ալ հիմա, բայց հիմա՛ միայն, կ՛ափսոսանք, որ հինգ հարիւր տարի առաջ ըլլալիքը հինգ հարիւր տարի ետք միայն եղաւ: Անցած այս հինգ երկար դարերու ընթացքին մենք հայրենիք մը ստեղծած պիտի ըլլայինք մեզի համար, Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կամ դուրս: Եւ կրնանք վստահօրէն ըսել, որ հինգ հարիւր տարուան ընթացքին մենք այնքան զոհ տուած պիտի չըլլայինք, որքան տուինք մէկ յիսնամեակի ընթացքին:

Չկրցանք կամ չմտածեցինք Թուրքիոյ ազգային քաղաքականութեան հակադրել մե՛ր ազգային քաղաքականութիւնը:

Թշնամին բնաւ չմտածեց հետեւանքներու մասին, երբ կը կազմակերպէր 1895-96 համահայկական կոտորածները, 1909-ի Ատանայի ջարդը, վերջապէս` նաեւ ապրիլեան Եղեռնը: Վճռական եղաւ հարուածելէ առաջ, հարուածելու ատեն եւ հարուածելէ ետք: Մենք չունեցանք նոյն վճռակամութիւնը, հետեւանքները հաշուեցինք, շահ ու զէնքը աչքի առջեւ բերինք եւ տեղերնիս նստանք:

Պողպատէ ճակատին դէմ թուղթէ ճակատ մըն էր մերինը: Յարձակելու քաղաքականութեան դէմ պաշտպանուելու քաղաքականութիւն իսկ չկրցանք մշակել: Պատճառը, ըսինք արդէն, մեր անբուժելի միամտութիւնն էր, մեր անբացատրելի լաւատեսութիւնը ու նաեւ մեր անըմբռնելի հաւատքը անհաւատներուն վրայ:

Մենք կը վարանինք ըսելու մեր վերջին խօսքը: Կը վախնանք, որ կրնանք սխալիլ (առհաւական է այս վախը): Սխալելու կամ սխալած ըլլալու վախը չունեցան միւսները: Եւ գործեցին խօսելէ առաջ ու խօսելէ ետք: Ձեռքէ հանեցին լայնածաւալ կայսրութիւնը, բայց ամրօրէն կառչած մնացին իրենց ազգային քաղաքականութեան:

Մեր քաղաքականութիւնը կարելի է սեղմել ու սեղմացնել միակ բառի մը մէջ` ՇԻՆԵԼ: ՍՏԵՂԾԵ՛Լ:

Արարատի միւս կողմը մենք արդէն հայրենիք մը ստեղծեցինք: Կը մնայ այս հայրենիքին սահմանագիծը երկարել Արարատի նաեւ այս կողմը:

Ասիկա մենք կրնանք կոչել Հայ դատ:
Կրնանք կոչել ազգային քաղաքականութիւն:
Կրնանք կոչել մանաւանդ ազգային ուխտագիր:
Մենք ալ ամրօրէն կառչած պիտի մնանք ա՛յս ՈՒԽՏԱԳԻՐ-ին:
Ինչ որ ձեռքէ հանեցինք, պէտք է վերաշահինք: Պիտի վերաշահի՛նք:

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Սեւ Կատու, Սեւ Բախտ». Ի՞նչ Վիճակում Է Այսօր Գտնւում Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?