Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1967)

October 31, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամօ՛թ Ձեզի…»

Պոլսէն եկած էր իր մօրը հետ: Տարիքը` երեսունէն շատ պակաս: Գեղադէմ ու սլացիկ հասակով երիտասարդ հարս մը:

Մեր զրոյցը տեղի կ՛ունենար ընտանեկան շրջանակի մը մէջ, սեղանի շուրջ:

Թուականը` ապրիլ 1967: Վայրը` Ամերիկա:

Երբ հայը հայուն քով գայ ապրիլ ամսուն, բնականաբար խօսակցութեան նիւթը կ՛ըլլայ քսանչորսը:

Պարապ գտնուեցայ եւ հարցուցի նոր հարսին.

– Գիտե՞ս, թէ ասկէ 52 տարի առաջ ինչե՜ր պատահեցան Հայաստանի մէջ… Գիտե՞ս, թէ ի՛նչ զոհեր տուինք: Բազմութիւն եւ ընտրանի… Եւ ի՜նչ հարստութիւն…

Երիտասարդ հարսը պատառաքաղն ու դանակը դրաւ պնակին վրայ եւ ի պատասխան այս շատ անմեղ հարցումին` ըսաւ.

– Ո՛չ գիտեմ, ո՛չ ալ կ՛ուզեմ գիտնալ…

– Ինչո՞ւ, դուն հայու աղջիկ չե՞ս…

– Մենք քրիստոնեայ թուրքեր ենք… Այդ ջարդերուն, կոտորածներուն պատմութիւնը մեզ չի հետաքրքրեր եւ անոնց մասին բնաւ չենք խօսիր, քանի որ անօգուտ է… Երկու տարի առաջ էր, որ թուրք թերթերէն իմացանք, թէ ցաւալի դէպքեր պատահեր են եղեր 1915-ին… Ատանկ բաներ ամէն տեղ կը պատահին… Այդ ջարդերը Թուրքիայէն դո՛ւրս ապրող հայերը հետաքրքրող նիւթեր են… Մենք շատ հանգիստ ենք Աթաթիւրքի հիմնած հանրապետութեան մէջ…

Ծաղկաբոյր հարսը այսքանով չգոհացաւ ու շարունակեց` իր մայրն անգամ բերանաբաց ձգելով.

– Մենք շատ յանցանքներ գործեր ենք, գիտեմ… Անա՜նկ չըլլալիք բաներ ըրեր ենք, որ … Կառավարութեան դէմ ելեր ենք, օրէնքը ոտքի տակ առեր ենք, յեղափոխական քայլերու դիմեր ենք, թուրք գիւղացիներուն վրայ յարձակեր ենք, մզկիթները կրակի տուեր ենք… Խեղճ թուրքերը հայերու բնակած փողոցներէն չեն կրնար անցնիլ եղեր, թուրք աղջիկներ փախցուցեր ենք… Ո՜ր մէկը ըսեմ…  Ասոնք չվայլելիք բաներ են… Ո՞ր կառավարութիւնը կը հանդուրժէ, որ փոքրամասնութիւն մը պատերազմ ընէ իրեն դէմ…

– Այս տեղեկութիւնները ո՞ր աղբիւրէն հաւաքած էք, աղջի՛կս…

– Մեր թուրք ուսուցիչներէն… Շատ շնորհքով, շատ զարգացած եւ շատ ազատամիտ ուսուցիչներ… Եթէ մեր հայերը, որոնք ոչ մէկ ատեն մեծամասնութիւն ունեցեր են մեր արեւելեան նահանգներուն մէջ, խելօք կեցած ըլլային, ատանկ ցաւալի բաներ պատահած չէին ըլլար… Վանի մէջ ոտքի ելեր ենք, Գարահիսարի մէջ ոտքի ելեր ենք, Պոլսոյ մէջ ի՜նչ ապուրներ կերեր ենք 1896-ին, 1905-ին, 1909-ին… Մեր ուսուցիչը մեզի բացատրեց օր մը պատմութեան դասին, որ 1914-ին օտար պետութիւնները դրդեր ենք, որ գան, Օսմանեան կայսրութիւնը տապալեն եւ Հայաստան մը ստեղծեն… Ատ ի՞նչ սխալ բան է, Թուրքիոյ մէջ` Հայաստա՞ն, ի՞նչ ըսել է, ճանը՛մ… Ուրիշ կէտ մըն ալ կայ, ի՛նչ որ եղեր է, եղեր է, անցեր գացեր է, ինչո՞ւ մատերնիդ փաթթեր էք… Հիմա ուրիշ տեսակի թուրքեր կան, քաղաքակրթուած եւ զարգացած… Վաթսուն տարի առաջուան դէպքերու մասին խօսիլը խոհեմութիւն չէ, իմ կարծիքովս… Տարիքս չի ներեր, բայց ձեզի խրատ մը տամ. արտասահմանի հայերը թող մեր անունով չխօսին եւ մեզ գէշ մարդ չընեն մեր թուրք բարեկամներուն հետ… Մեր ուսուցիչները կ՛ըսեն, որ հայերը Թուրքիայէն աւելի լաւ բարեկամ ունեցած չեն… Մենք Պոլսոյ մէջ քառասուն հատ եկեղեցի, քառասուն հատ ալ դպրոց ունինք… Անատոլուի մէջ ալ ունինք…

– Քանի՞ հատ…

– Խնդիրը թիւը չէ, ունի՛նք եա…

– 1915-ի՞ն քանի հատ ունէինք, գիտե՞ս, աղջի՛կս…

– Գիտնալու պէտք չունիմ… Նորէն չըսեմ, եթէ ատ Դաշնակ ըսուածները կառավարութեան դէմ կռուած չըլլային, ատ ցաւալի դէպքերը պատահած չէին ըլլար… Աս աս է… Մեր նոր սերունդը ուրիշ բանի չի հաւատար… Մեր Աթաթիւրքին օրով հայու մը քիթը չարիւնեցաւ…

***

Այսպէս կը դաստիարակեն մեր նոր սերունդը` Վոսփորի ափերուն վրայ:

Այսպէս կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը, այսպէս կը ստեն, այսպէս առասպել կը հիւսեն` զոհն ու դահիճը իրարու հետ շփոթել տալու համար:

Մե՞նք ինչ կ՛ընենք արտասահմանի մէջ… ի պատիւ թուրքին:

Իրար չբռնած բաներ:

Նախ, մեր թերթերուն մէջ կը պատմենք 1915-ի Եղեռնի մասին:

Յետոյ, մեզմէ ամէն մէկը երկարօրէն կը նկարագէ իր գլխուն պատահածները` արհաւիրքը այդ օրերուն:

Մազերդ փուշ-փուշ կ՛ըլլան:

Յետոյ, ճառ կը խօսինք ու ցոյցեր կը կատարենք հասկցնելու համար, թէ մենք թուրքը կը ճանչնանք ներսով դուրսով, բայց իրենք չեն ճանչնար:

Յետոյ, յուշարձան կը կանգնենք, մատեաններ կը հրատարակենք` ոգեկոչելու համար ոճիրը:

Բայց, այս արարողութեանց ընթացքին, կ՛ելլենք թուրքերէն շարքիներ կ՛երգենք մեր հանդէսներուն մէջ, թուրքերէն կը խօսինք մեր տուներէն ներս, հացկերոյթ կու տանք ի յարգանս Անգարայէն եկող վարպետներուն, օդակայան կ՛երթանք թուրք դեսպան մը դիմաւորելու համար եւ թրքուհիներու պորտ խաղցնել կու տանք դաշտահանդէսի մը մէջ (ամերիկահայերուն հարցուցէք):

Այսքանով ալ չենք գոհանար:

Եւ կը հանդուրժենք, որ մեզմէ մէկը Ամերիկայի մէջ Սկիւտարտան կելիր իքեն-ը սալի վրայ անցընէ, իսկ Ֆրանսայի մէջ ալ «Լէ ռոզ տը Թիւրքի»-ով փառաբանէ թուրքն ու թրքութիւնը` ի դիմաց հայ ազգին:

Ունկնդիր ֆրանսացին, ամերիկացին եւ անգլիացին ինչպէ՞ս չպոռան մեր երեսին.

– Ամօ՛թ ձեզի:

Եւ ինչպէս մեր մազերը փուշ փուշ չըլլան ի լուր այդ նախատինքին…

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Լուսին Մալիքեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.