Զեկոյց
Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի
Յուշարձանի Յանձնախումբի
Վեց ամիսներ անցան այն օրէն, երբ Պիքֆայայի բարձրահայեաց ժայռի մը վրայ հիմնարկէքը կատարեցինք ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի յուշարձանին` հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուն` Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Իգնատիոս-Պետրոս կաթողիկոս-պատրիարքին եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանին:
Ամառնային շրջանին յարատեւ ընթացքով յառաջ տարուեցաւ յուշարձանի կառուցման աշխատանքը: Այժմ արդէն աւարտած է երկաթեայ կմախք-մարմինը` համեմատական բոլոր չափերու բծախնդիր գործադրութեամբ: Անոր վրայ այժմ սկսած են զետեղուիլ պրոնզէ շերտերը, որոնք պիտի ամբողջացնեն յուշարձանի կառուցման աշխատանքը:
Յառաջիկայ ձմեռնային շրջանին, հակառակ նման աշխատանքի մը համար օդային աննպաստ պայմաններուն, աշխատանքը պիտի շարունակուի առանց ընդմիջումի: Մեր նպատակն է յուշարձանին կառուցման աւարտել մինչեւ յառաջիկայ ապրիլ 24 եւ հանդիսաւոր բացումը կատարել նահատակներու յիշատակի օրը:
Կառուցման աշխատանքներու արագ եւ արդիւնաւոր այս ընթացքին դիմաց, սակայն, դանդաղ ընթացաւ հանգանակութեան գործը: Հազիւ սկսած էինք նուիրահաւաքման աշխատանքին, երբ յառաջ եկաւ Միջին Արեւելքի վերջին ծանր տագնապը: Բնականօրէն դադրեցուցինք նուիրահաւաքման գործը:
Այժմ, հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ, վերստին ձեռնարկած ենք հանգանակութեան: Ուստի կը խնդրենք մեր ժողովուրդէն, որ իր իսկ վերածնունդի խորհուրդը մարմնացնող այս յուշարձանին ընծայաբերէ իր նուէրները եւ մասնակից դառնայ այս նուիրական գործին, որ միանգամայն արտայայտութիւնն է մեր սիրոյ եւ նուիրումին` լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ:
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
18 հոկտեմբեր 1967
Ֆարահ Տիպա
Կայսրուհի Եւ Խնամակալ
Մանկամարդ պարսկուհին, որ 31 դեկտեմբեր 1959-ին կը կնքէր «երջանիկ ամուսնութիւն» մը, յառաջիկայ հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր, պիտի թագադրուի` դառնալու համար Իրանի առաջին կայսրուհին. Թագը, որ պատրաստուած է փարիզեան գոհարավաճառի մը կողմէ, հազար վեց հարիւր թանկագին քարեր ունի վրան, իսկ թագադրութեան զգեստը, որուն պոչը» քսանեւվեց մեթր երկարութիւն ունի, բանուած է սուտակներով զմրուխտներով եւ մարգարիտներով:
Թափօրին ոտքերուն տակ եւ 17 քիլոմեթրի վրայ` վարդերու եւ պարսկական գորգերու ճամբայ մը: Երկինքէն, զոր պիտի ակօսեն օդանաւեր, պիտի իյնան շահին օրերուն համրանքով (17.332) ծաղկեփունջեր:
Որովհետեւ, Իրան միաժամանակ պիտի տօնէ իր վեհապետին 48-րդ տարեդարձը եւ Պարսկաստանի թագաւորութեան հիմնադրութեան 2500-ամեակը:
Շահը կ՛իշխէ քսանեւվեց տարիէ ի վեր: Բայց սահմանադրութիւնը կը պահանջնէ, որ ունենայ արու գահաժառանգ` կարենալ թագադրուելու համար: Այս պայմանը լրացուեցաւ եօթը տարի առաջ, երբ իր երկրորդ կինը` Ֆարահ Տիպա աշխարհ բերաւ մանչ զաւակ մը, որ հօրը պէս կոչուեցաւ Ռըզա: Բայց թագադրութենէն առաջ շահը կ՛ուզէր յաջողցնել իր «ճերմակ յեղափոխութիւնը», այսինքն` ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական բարեկարգութիւններու շարք մը եւ ապահովել իր տոհմին յաջորդականութիւնը, 26 տարեկան Շահնապուին վստահելով թագաւորութեան խնամակալութիւնը` թագին թափուր մնալուն պարագան նախատեսելով: Յեղափոխական ցանկութիւն` իսլամական երկրի մը մէջ: Իրանեան խորհրդարանը անցեալ ամիս վաւերացուց այս ցանկութիւնը:
Ակնարկ
Երբ Ծորակները Չոր Են
Այնպէս կ՛երեւի, որ աշխարհի բոլոր խոստումները պիտի չկրնան կաթիլ մը ջուր հոսեցնել մեր ծորակներէն:
Ամէն տարի ու տարին տասներկու ամիս` նոյն պատմութիւնը, եւ այս` այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ կը կարծենք, որ մարդիկ շատոնց դադրած պիտի ըլլային ջուրի համար մտահոգուելէ:
Բայց այս տարի տագնապը իր գագաթնակէտին հասած է: Ծորակները տարապայմանօրէն կը մնան չոր: Ու եթէ Ջուրի գրասենեակը բարեհաճի բանալ իր խողովակները, կարելի է դիւրութեամբ համրել իջնող կաթիլները:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս երաշտը, որ Պէյրութի նման քաղաքի մը համար խոշոր ԱՄՕԹ մըն է, արդիւնք` այդ ճիւղին պատասխանատուներուն ոճրային անփութութեան:
Կ՛ըմբռնենք արկածները, բայց անըմբռնելի կը մնայ քաղաք մը ամբողջ աղտոտութեան մէջ ձգելու յամառութիւնը, մարդիկը ծարաւի վարժեցնելու ծրագրային աշխատանքը:
Կը կարծենք, որ կարելի չէ այլեւս յամենալ, մանաւանդ, ջուրի պարագային, դրսեւորել այն մաշեցնող դանդաղութիւնը, որ բոլոր գործերուն հասարակաց նկարագիրն է այս երկրին մէջ:
Գիւղերու մէջ ջուրի համար ոճիրներ կը գործուին: Հոս տակաւին այդ աստիճանին չենք հասած: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ չոր ծորակներու առջեւ իր զայրոյթը կրծող մարդն ալ համբերութեան սահմաններ ունի, եւ շարժումներ ծագում առած են յաճախ ջուրէն շատ աւելի նուազ կարեւոր պատճառներու համար:
X
