Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1967)

October 10, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերամուտի Առիթով

Գիտնանք Գնահատել Դերը
Հայ Ուսուցչին

Մօտաւոր անցեալին հայութեան տրուած ծանր հարուածէն երբ ստեղծուեցաւ հայկական գաղթաշխարհը, իւրաքանչիւր հայ, տակաւին ուժաթափ վիճակի մէջ, իր գոյութիւնը ապահովող ու երկարաձգող միակ կռուանը նկատեց դպրոցը: Կիլիկիոյ քաղաքներէն ու գիւղերէն եկած տարագիր հայը, երբեմն նոյնիսկ` դպրոց չտեսած ու չճանչցած, սակայն խորապէս հաւատալով ուսման զօրութեան, անտեսեց իր նիւթական անորոշ վիճակը եւ իր քրտինքը չսակարկեց` ի խնդիր դպրոց կառուցելու սրբազան գործի յաջողութեան: Ու անոնց ամրացուցած հիմերուն վրայ է, որ այսօր, բաղդատաբար շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու տակ, ականատես կ՛ըլլանք գեղեցիկ կառոյցներու…

Ուսումնատենչութեան ոգին կազմած է ու կը կազմէ մեր ազգին գլխաւոր յատկանիշներէն մին, որ հինէն ի վեր դուռ բացած է գեղեցիկ իրագործումներու եւ առաջնորդած մեզ` ազգային հպարտութեան գերագոյն աստիճանին: Գիտցած ենք արժանաւորապէս գնահատել դպրոցն ու անոր դերը մեր ազգային թէ անհատական կեանքին մէջ, գիտցած ենք ազգովին թէ անհատապէս օգտուիլ ուսման ընձեռած բարիքներէն, սակայ դժբախտ իրողութիւնը այն է, որ չենք կրցած դպրոցին շունչ ու ոգի տուող, դպրոցը իմաստաւորող ու անոր կոչումն ու առաքելութիւնը իր լրումին հասցնող ուսուցիչը արդար արժեւորումի բարձրացնել ու իր կատարած գործին վայել պատիւովը դիմաւորել:

Ուսուցչութիւնը (դասատուութիւն եւ դաստիարակչութիւն) կարելի չէ բաղդատել որեւէ այլ զբաղումի հետ, որովհետեւ անոր գործունէութեան դաշտը կը տարածուի նիւթեղէն իրողութիւններէն անդին, ան կը շաղախուի ուսանողութեան հոգեկան եւ իմացական կեանքին, կը լեցուի անով ու զայն կը լեցնէ իրմով, եւ ուսուցիչը պատանիին աննշմարուելի կազմաւորումը կը կաղապարէ իր անձին օրինակովը: Ուսուցչին աշխատութիւնը, որ անձին մաշումն է նուիրումի ճամբուն մէջ, անմիջականօրէն չի ցոլացներ իր արդիւնաբերութիւնը, այլ անիկա ժամանակի թաւալումով միայն կը յայտնաբերուի եւ զգալի կը դառնայ: Ոեւէ անհատի մտային կանոնաւոր ծաղկումը կը կատարուի ուսուցչին նախանձախնդիր մշակութեամբը միայն:

Արդի քաղաքակրթութեան նուաճումները իրագործող մեծ անձնաւորութիւններէն մինչեւ ամենահամեստ քաղաքացին` բոլորն ալ անխտիր եղած են հոգածութեան առարկան իրենց մանկութեան ուսուցչին, թերեւս պաշտելու զօրութեամբ սիրած են զայն, նոյնիսկ իրենց կեանքի նպատակը դարձուցած` ուսուցչին անձը, սակայն իւրաքանչիւրը անոնցմէ` (ասիկա յատուկ է մեր ժողովուրդին մէջ առաւելաբար) դպրոցի սեմէն ելլելէ ետք, հազիւ իր անհատականութիւնը գտած եւ նիւթապէս բարելաւուած, կը սկսի արհամարհոտ վերաբերում ցոյց տալ ուսուցչին նկատմամբ:

Երբ ոեւէ ծնող իր սիրելի զաւակը ամբողջ ինը ամիսներ ամէն օր կը յանձնէ ուսուցչի խնամքին, հոգածութեան, ամենադոյզն մտածումն իսկ թող չունենայ, որ իր տուած դպրոցական տարեվճարն է, որ ուսուցիչը պարտաւորութեան տակ կը դնէ գուրգուրալու իր զաւկին, այլ շատ աւելի բարձր առաքելութեան մը գիտակցութիւնը կը մղէ զայն իր աշակերտին վրայ ջերմապէս հոգածելու: Ազգօգուտ գործ մը կատարելու գիտակից մղումն է ատիկա: Իսկ այս բոլորին փոխարէն, իբրեւ ընկերային էակ, ան գնահատանք կ՛ակնկալէ իր շրջապատէն, շա՛տ բնականաբար:

Ասով մենք անպայման չենք ակնկարկեր նիւթական գնահատութեան, որովհետեւ գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու մէջ ալ, ուսուցչութիւնը իբրեւ նուիրումի ասպարէզ նկատի առած, նիւթապէս աւելի նուազ վարձատրութեան կ՛արժանանայ` բաղդատած այլ ասպարէզներու, արդարանալու համար իր նուիրական կոչումին մէջ: Այս պարագան սակայն շեշտուած է մեր մէջ:

Այժմու ընկերութեան, ոեւէ անձի արժեւորման չափանիշը դժբախտաբար կը կազմէ անոր նիւթական մակարդակը: Նիւթի դար: Այս պատճառով ալ շատ հաւանաբար ուսուցիչը անտեսուելու ճակատագրին ենթարկուած է մեր մէջ: Բացարձակապէս սխալ է համոզուիլ, որ հայ մշակին անվերջ դժգոհանքները կու գան միայն իր տնտեսական կացութենէն, որովհետեւ անհատ մը, երբ որոշ սակով յանձն կ՛առնէ պաշտօնավարել վարժարանի մը մէջ, արդէն առաջին օրէն իսկ հաշտուած կ՛ըլլայ իր նիւթական վարձատրութեան հետ, չի զգար նոյնիսկ ողորմելի պայմանները ուսուցչին, իր նուիրումի սաստկութեան մէջ, սակայն ժամանակին հետ կ՛անդրադառնայ շրջապատի արհամարհանքին: Հիասթափում, անէ՛ծք: Կ՛ուզէ հրաժարիլ, սակայն ուշ է արդէն, չի համարձակիր աշակերտներու անմեղունակ դէմքերէն բաժնուիլ ու որպէս խղճի պարտք` կը թելադրէ նորեկ ուսուցիչներուն երկար չմնալ նոյն ասպարէզին մէջ… Այս ալ ուրիշ պատմութիւն է արդէն:

Շատ բան կը պահանջուի ուսուցիչէն: Գրականութեամբ զբաղիլ, ներկայանալի ըլլալ, ազգային հարցերով իր պարապոյ ժամերը լեցնել, բայց քիչ բան կը տրուի անոր: Գիրքեր գնելու եւ ներկայանալի վիճակ մը ունենալու համար տնտեսական որոշ մակարդակի մը վրայ պէտք է գտնուիլ: Հանրային մտահոգութիւններ ունենալու համար անհատական մտահոգութիւններէ զերծ պէտք է ըլլալ: Ամիսը հինգ հատոր գիրք թող գնէ ուսուցիչ մը ու գրական եւ հասարակական հրատարակութիւններու թող բաժանորդագրուի, արդէն իսկ իր նիւթական հաւասարակշռութիւնը խախտած է:

Այսպէս եղած է ժամանակին, այսպէս է նաեւ այսօր: Հակառակ այս դժուարութեանց, սակայն, ունեցանք փաղանգ մը նուիրեալ ուսուցիչներու, ունինք նաեւ այսօր, որոնք դժուար պայմաններու տակ կը շարունակեն սրբազան առաքելութիւն մը կատարել:

Որոշ վերապահութեամբ մը պիտի չվարանինք հոս ըսելու, որ հաւաքական թէ անհատական մեր կեանքին մէջ, ոեւէ ուսուցչի նկատմամբ հարկ է որ որդեգրենք այն յարգանքն ու ակնածանքը, զոր վերապահած ենք եկեղեցականին միայն, որովհետեւ այս երկուքը` եկեղեցական եւ ուսուցիչ, եթէ ոչ կոչումով, գէթ իրենց առաքելութեամբ եւ կատարած գործին վեհութեամբ, կ՛ընթանան զուգահեռ: Եթէ եկեղեցականութեան առաջնահերթ առաքելութիւնն է ազնուացնել մարդկային հոգին ու բարոյականը, ուսուցչութիւնն ալ կը կրթէ ու լոյսին կը բանայ հոգիին չափ կարեւոր` միտքը եւ բարոյականին շաղկապուած ու անկէ անբաժան` նկարագիր ու անհատականութիւն կը կերտէ:

Մ. ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Վերամուտ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.