Խմբագրական
Անկողոպտելի Հարստութիւնը
Խունկ ու աղօթք` այսօր, հայ մշակոյթի խորանին առջեւ:
Խունկ ու աղօթք` հոգիին մեր դպրութեան անմահ տիտաններուն, որոնք իրենց մտքին պայծառ լոյսով յաւիտենականին ճամբորդը դարձուցին հայ ժողովուրդը, տուին անոր ամուր պատուանդան մը` ազգային գոյութեան, ուր կանգնած` ինքնավստահութեամբ կը նայինք ապագային, ազգերու համաստեղծութեան մէջ գրաւելով մեր ուրոյն, ինքնայատուկ եւ պատուաբեր տեղը:
Մեր էութենէն բխող ներգոյակ այս ուժը կենսունակութեան այն աղբիւրն է, ուրկէ խմած ենք միշտ կանգուն մնալու համար, երբ մեր շուրջը ամէն բան փուլ կու գար, երբ աշխարհ կը սասանէր, երբ ժողովուրդներ մեզմէ շա՛տ աւելի հզօր` ի սպառ կ՛անհետանային պատմութեան բեմէն:
Այլամերժ մոլեռանդութեան մը հաստատումը չէ այս, այլ` ինքնագիտակցութեան փաստ մը, որ դարերու վկայութիւնը ունի` իր արտայայտութիւնը գտած ըլլալով տոկունութեանը մէջ ժողովուրդի մը, որուն գլխուն վրայէն մահուան փոթորիկները անցան ահաւոր սաստկութեամբ, որ` ծովերով արիւն թափեց, բայց երբ չկորսնցուց իր արիւնին ստեղծագործ թափը, անեղծ ու անաղարտ պահեց իր հոգին, աննուաճ հոգին հայութեան, որ քարերը վերածեց կոթողական մատեաններու:
Մեր աշխարհակալը Մաշտոցն է: Մեր իշխանը` Նարեկացին: Մեր զէնքը` ոսկեղնիկ այն լեզուն, որուն բանալին հրաշազան տեսիլքով մը տրուեցաւ հայուն, եւ ատով իսկ դիմացաւ ան դարերու մաշումին, մնաց միշտ առոյգ ու կենսունակ:
Արեան հեղեղներով ոռոգուած դաշտերու մէջ հայութիւնը ծաղկեցուց իր քերթողներուն քաղցրախօս քնարերգութիւնը եւ անդադար իրար բախող զէնքերու շաչիւնէն հոսեցուց շարականներու աստուածային մեղեդին: Մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ` գրականութիւն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, բացառիկ շնորհներու յայտնաբերումով, մեր ժողովուրդը, սքանչելի ներդաշնակութեամբը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խորհուրդին, համադրեց հնադարեան եւ արդիական ըմբռնումները եւ զանոնք վերստեղծելով` պայծառակերտեց իր մշակոյթը` իր հարուստ հոգիին հարազատ արտայայտութիւնը, իր էութենէն բխող քաղաքակրթական այն խռովքը, որ մեր «փոքր ածու»-ինը եղաւ մեր պատմութեան ամէնէն մռայլ օրերուն իսկ եւ իբրեւ ծիրանի գօտի` բացուեցաւ հայոց երկնակամարին վրայ:
Մեր ճարտարապետութիւնը, իր շքեղ ու միստիք արտայայտութեան մէջ, կու տայ վկայութիւնը ոճի գոհարներու, որոնց անխախտ եւ անդաւաճան չափանիշներն են ստեղծագործական այն տենդին, որ թափ ու թռիչք տուած է հայութեան հանճարեղ զաւակներուն: Մեր Ոսկեդարը, ուրիշներէն շատ առաջ, տասնամեակ դարեր առաջ, եղաւ` անօրինակ սլացք մը մտքի, դարերը նուաճելու հզօր կամք մը, յորդաբուխ ժայթք մը, որ անմահութեամբ կ՛որոգէ մեր ժողովուրդին հոգեկան անդաստանը:
Այս հարուստ ժառանգութիւնը, այս անկորնչելի հարստութիւնը որքան հպարտութեան առիթներ կու տայ մեզի, նոյնքան եւ կը մղէ իրեն արժանի ըլլալու, կը թելադրէ մշակութային մեր առաքելութիւնը ամրաքայլ շարունակելու ազգային հրամայական պարտաւորութիւն մը, որ ուղղակի կապուած է` մեր գոյատեւման խնդրին, մեր լինելութեան, մեր ապագային:
Ազգերու պատմութեան մէջ ձախորդ օրեր միշտ անպակաս եղած են: Կարեւորը հոգին չկորսնցնելն է: Էականը հոգեկան կեանքի յաղթանակն է: Ու ատիկա կարելի է միայն մշակոյթի ճամբով:
Մշակոյթը ապրեցուցած է մեզ, պայմանաւորած է մեր գոյութիւնը: Եւ այս` հակառակ անխնայ հարուածներու, որոնց ենթարկուեցանք դարեր շարունակ, խաւարակուռ դարերուն, երբ Հայաստան արշաւող բանակներ ուզեցին մարել այն կանթեղը, որ կը պլպլար Արագածի վերեւ:
Պիտի ապրեցնէ նաեւ այսուհետեւ, պայմանաւ որ գիտնանք աւելի եւս հարստացնելլ զայն` մեր միտքն ու հոգին լայն բանալով անկորնչելի արժէքներուն, որոնք անկողոպտելի հարստութիւնն են մեր ժողովուրդին: