Ընկ. Եդուարդ Տարօնեանի
Յուղարկաւորութիւնը
Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւնը գրագէտ, կրթական բազմավաստակ մշակ եւ հաւատաւոր դաշնակցական Եդուարդ Տարօնեանի:
Ստորեւ կու գանք Մ. Իշխանի դամբանականը, որ խօսեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Սգակի՛ր ընկերներ եւ բարեկամներ,
Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինին, Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգային ընկերութեան եւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին, տխուր պարտականութիւնը ունիմ գերագոյն հրաժեշտի խօսքը ըսելու Եդ. Տարօնեանի դագաղին առջեւ:
Լիբանանի հիւրընկալ հողին պիտի յանձնենք վաստակաշատ մշակ մը եւս, գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մըն ալ, որ հայրենի աշխարհէն եւ հայոց հինաւուրց ազգէն ժառանգած ոգեղէն արժէքները ոչ միայն անաղարտ պահեց օտար ափերու վրայ, այլ զանոնք աճեցուց, բազմապատկեց եւ լիաբուռն բաշխեց բազում կարօտեալներու:
Մտածողներ ըլլան գուցէ, թէ Տարօնեան մեռած էր շատոնց, խորտակուած խլեակ մըն էր տասը տարիներէ ի վեր, այն օրէն ասդին, երբ անողոք պատուհաս մը կաթուածահար զգետնեց զինք:
Ո՛չ, հայրենակիցներ, Տարօնեանը մօտէն ճանչցողները պիտի վկայեն, որ հարուածը քանդած էր լոկ իր մարմինը, բայց հոգին կը մնար միշտ ամուր, Բաղէշի մէկ գիւղին մէջ կազմուած նկարագիրը կը պահէր անբեկանելի իր ուժը:
Զրկանքներով հասակ նետած, տառապանքով ուռճացած, անհաշիւ զոհողութիւններով համալսարանական վկայականներու տիրացած գիւղացիի խորշակահար այս զաւակը ամբողջ կեանքի ընթացքին ուրիշ երջանկութիւն չճանչցաւ, քան` հայ դպրութեան ծառայելու երջանկութիւնը, ուրիշ հաճոյք չունեցաւ, քան` դպրոցին եւ դաստիարակութեան սպասարկութիւնը: Մտաւորական, գրող, ուսուցիչ` Եդ. Տարօնեան ապրեցաւ միս մինակ, վանականի կեանքով, խուցի մը չորս պատերուն մէջ:
Մեծ եղեռնը քանդած էր հօրենական իր շէն օճախը, խլած էր իրմէ գերդաստանին բոլոր սիրելիները եւ զինք շիւղի մը պէս նետած` չորս հովերուն, անոք եւ անպաշտպան:
Տոկալու, յարատեւելու, մա՛րդ դառնալու եւ ստեղծագործելու ազգային մեր արտակարգ կորովն էր, որ ոտքի պահեց զինք, առաջնորդեց դէպի լոյսի ու գիտութեան աղբիւրները եւ, ի վերջոյ, իր ազազուն գոյութենէն դարբնեց հայ մշակոյթի ամէնէն համեստ, բայց բազմարդիւն պահակներէն մին:
Հայ դպրոցը դարձաւ Տարօնեանի ընտանիքը, եւ հայ ոսկեղնիկ լեզուի պաշտամունքը գրաւեց անոր հոգիին ամբողջական նուիրումը:
Կեանքի մէջ քիչ անգամ կարելի է հանդիպիլ մարդոց, որոնք Ե. Տարօնեանին չափ գուրգուրանք եւ երկիւղած պաշտամունք ունենան հայ բառին եւ մատեանին հանդէպ: Եւ ան այս սէրն ու պաշտամունքը աւելի քան երեսուն տարիներ ջանաց փոխանցել իր հարիւրաւոր աշակերտներուն:
Շուքի մէջ ապրող եւ գործող խստաբիբ այս մշակը իր կենդանութեան մէկ փառք եւ մէկ վարձատրութիւն միայն փնտռեց. նոր սերունդը տեսնել հաւատարիմ մեր անցեալի հոգեւոր աւանդին եւ մեր անցեալի իտէալին:
Կասկած չունիմ, որ մահէն ետքն ալ անոր տառապակած հոգին միայն մէկ վարձատրութեամբ կրնայ հրճուիլ. տեսնել իր ցանած սերմերուն պտղաւորումը:
Դառն է բոլորիս համար հողին յանձնել բազմաթիւ արժանիքներով օժտուած վաստակաւոր ընկերներ: Բայց աւելի դառն է անդրադառնալ, որ անոնց ստեղծած բացը յաճախ անդարմանելի կը մնայ: Հայ կեանքը թաղում, սուգ եւ արցունք չէ: Որպէսզի յարատեւէ, հայ կեանքը պէտք է ըլլայ նաեւ պայքար, խոյանք եւ վերելք: Այդ վերածաղկումը հնարաւոր է միայն բարոյական ու գաղափարական այնպիսի զէնքերով, որոնք Տարօնեանի եւ իր նմաններուն հիմնական զօրութիւնը կը կազմէին:
Ամէն դագաղ, որ կը փակուի, ուխտի հրաւէր մըն է ողջերուն համար: Արդ, բաժնուելէ առաջ յոգնատանջ եւ գրեթէ մոռցուած մեր ընկերոջ դագաղէն, պիտի կրնա՞նք վերանորոգել ուխտ մը, որ իր գաղափարի մկրտութեան ուխտն էր նոյն ատեն: Պիտի կրնա՞նք անշահախնդիր նուիրումով մեր ժողովուրդի անմահութեան խորանին առջեւ մէյ-մէկ մոմ դարձնել մեր կեանքերը:
Ամէնուն չէ տրուած լուսապայծառ ջահ դառնալ, բայց ամէն մարդ կրնայ առնուազն մոմի մը վտիտ լոյսով առկայծել, եթէ ծառայութեան ոգին կենդանի է իր մէջ:
Մեզմէ յաւէտ բաժնուող Եդուարդ Տարօնեանի եւ իր ուղեկիցներուն քաղցր յիշատակը յարգելու լաւագոյն կերպն է այս ուխտը, որ նոյն ատեն նոր արշալոյսներով կը լուսաւորէ մեր ժողովուրդի ապագան…