Ակնարկ
Երկրորդ Վերամուտը
Դպրոցական տարեմուտը սկսաւ, ու այս թերթին մէջ կարելի չափով մը անդրադարձանք կրթական հարցերուն եւ արձանագրեցինք մշակներուն պատրաստութեան մասին մեր ունեցած տպաւորութիւնները: Կատարեցինք մատնանշումներ, բանաձեւեցինք բաղձանքներ: Հայոց լեզուին ու մշակոյթին շուրջ հետաքրքրութիւնները աւելի սրելու ու վառ դարձնելու մտօք, «Ազդակ» յաւելեալ ճիգով մը բացառիկ թիւի մը մէջ խմբեց նաեւ մեծասքանչին ու անոր մեծ վաստակաւորներուն կարգ մը գործերն ու հիասքանչ պոռթկումները:
Դպրոցական վերամուտին առիթով դեռ անպայման կը խօսուի, խօսողներ կը գտնուին, բայց մենք այսօր կ՛ուզէինք խօսիլ միւսին մասին, որ գրական վերամուտն է այս անգամ, նոյնքան կարեւոր, գուցէ` աւելի կենսատու:
Եւրոպացի գրագէտները, համարեա՛ ամէնքը, ամառը արձակուրդի կ՛երթան ու վերադառնալէ ետք, կազդուրուած աւելի՛ ու աշխուժացա՛ծ աւելի, կ՛ողողեն հրապարակը գիրքերով, յօդուածներով, հարցազրոյցներով:
Արձակուրդի կամ կազդուրման հնարաւորութիւններէն բոլորովին զուրկ չեն այսօր մեր գրողները, տնտեսական այնքան մեծ ճնշումներու ենթակայ չեն, բայց աշխուժութիւնը, մանաւանդ` վերջին տասնամեակներուն, զգալիօրէն պակսեցաւ գրական մեր հրապարակին վրայ:
Մեզի կը թուի, որ այս տեղատուութեան բուն պատճառը երիտասարդութեան մէկ խաւին մէջ բոյն դրած մոտայական քմայքն է, ժողովուրդին եւ իրական կեանքին հետ աղերս չունեցող արուեստական տագնապներու վրայ բանելու յոգնեցուցիչ վատնումը:
Գրական իւրաքանչիւր յաջողութիւն ապրուած կեանք մը ունի իրեն ենթահող, գրողի արեան ժառանգական տրոփը ունի, նախընթաց նուաճումներու փառքէն կամ մոխիրէն տարրեր, հիացումի մը, հաւատքի մը գինն է գրականութիւնը, ու անոնք, որոնք կը դաւաճանեն այդ հարազատ ու կենսայորդ ակունքներուն, չարաչար կը սխալին, չեն մեծնար, տեղ չեն հասնիր, տեղ չհասնելու գիտակցութիւնը ունեցող մարդոց յուսահատական փորձեր են ընդհանրապէս օտար մշուշներուն աշկերտելու այդ ճիգերը:
Չտեսնելու եռանդով ստեղծուած այս շփոթը նոր չէ, հերթակա՛ն է, ու բոլոր սերունդները ըսած են իրենց խօսքը շփոթահարներուն: Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Հրաչ Զարդարեան, մեր մեծ ներշնչեալներուն ու անոնց ներշնչող հանգամանքներուն անդրադառնալէ ետք, խաթարուածներուն ակնարկելով` կը գրէր.
«Ես կը նկատեմ, արուեստին խորթ հետապնդումներու պատճառով, նոյնքա՛ն խաթարուած հոգիի արտայայտութիւնը անոնց, որոնց «հսկայի քայլերուն» շատ նե՜ղ կու գան հայ մշակոյթին սահմանները: Եթէ, օրինակ, Նարեկացի մը, Աբովեան մը, Խրիմեան մը, Րաֆֆի մը, Կոմիտաս մը, Սիամանթօ մը մեծ են, վասնզի, անշո՛ւշտ, ծնած են մեծ տաղանդով, մանաւանդ նաեւ` այն պատճառով, որ հայ ծնած ըլլալով` իրենց միակ իտէալը հայ մշակոյթին մէկ քուրմը դառնալը եղաւ»:
Ծնունդը, անշո՛ւշտ, հետը բան մը բերած ըլլալու հարստութիւնը նախապայման է, ու խօսքը օժտուածներուն մասին է միշտ` յումպէտս վատնումներու դէմ, զուր թափառումներու դէմ:
Զարդարեանի յիշած մեծերը հրաշիւք իմն չմեծցան, չմեծցան նաեւ սահմանափակ շրջափակի մը մէջ` իրենց ուղեղներուն դէմ սահմաններ գծելով, այլեւ թեւածեցին այլոց անդաստաններուն մէջ, տքնեցան, իւրացուցին, պատուաստեցին, բայց զարգացուցին էականը, ուրիշներէն զանազանելի իրենց մասնաւորը, ցեղային տարերքը, եւ այդ գնով, ա՛յդ հաւատարմութեամբ միայն մեծցան, մեծցուցին համազգային ժառանգութիւնը:
Մենք բնաւ այն կարծիքը չունինք, որ գրողը պէտք է զիջումներ ընէ այս կամ այն ճաշակին, այս կամ այն մակարդակին, այս կամ այն տեսակէտին, էականը ընդգծելի իրաւութիւնն է, ու պարզապէս կը հաւատանք, որ իրաւութիւնը պայմանաւոր է արեան հաւատարմութեամբ, պարզապէս չենք հաւատար սեփական ժառանգութիւնը անտեսելով ուրիշներուն մշուշը մեր մէջ փոխադրելու նկրտող մարդոց ցնորքներուն: Գրականութիւնը սեփական ջիղերու արգասիք է, սեփական ձայներու կշռոյթ, սեփական արեան մէջ հասունցող սերմ ու գրագէտը ա՛ն է, որ այդ բոլորը կը զգայ, կը հաւատայ անոնց ուժին ու հաւատարմօրէն կը կիրարկէ իր երկին մէջ:
Վերամուտ է եւ պիտի ուզէինք մեր օժտուած տղաքը տեսնել այս ճամբուն մէջ:
XX
