Գրագէտ, Հանրային Կրթական Մշակ
Ընկեր Եդուարդ Տարօնեան
Ոչ Եւս Է
Դառն կսկիծով կը հաղորդենք մահը գրագէտ ընկ. Եդուարդ Տարօնեանի, որ տասնամեակներ շարունակ անձնուիրաբար ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր կուսակցութեան` առաւելաբար իբրեւ կրթական մշակ:
Եդուարդ Տարօնեանի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ մէկը իր գաղափարական գործիչներէն եւ մտաւորականներէն, որ հասցուց հայրենասէր եւ գաղափարական սերունդներ` հայեցի ամուր դաստիարակութեամբ եւ ազգային ոգիով:
Ծնած է 1896-ին, Բաղէշ նահանգի Ղուլթիկ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ: Երկրորդական ուսումը` Պոլիս:
1915-ին մեկնած է Ժընեւ: 1919-ին աւարտած է Ժընեւի Institut J. J. Rousseau մանկավարժական համալսարանը:
Ժընեւի մէջ, ուսանողութեան տարիներուն, մտած է ՀՅԴաշնակցութեան շարքերը:
Վարած է ուսուցչական պաշտօններ` Պոլիս եւ Ժընեւ: 1930-էն ի վեր հաստատուած էր Պէյրութ: Նախ ուսուցիչ` «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մէջ: 1935-1936 տնօրէն` Հալէպի «Հայկազեան» վարժարանի: Պաշտօնավարած է նաեւ Պէյրութի իտալական եւ վիեննական Մխիթարեաններու վարժարաններուն մէջ:
1942-1957 վարած է Ս. Նշան ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը:
1957-ին իբրեւ մնայուն ուսուցիչ` պաշտօնի կոչուեցաւ Անթիլիասի դպրեվանքը, ուր նոյն տարին զգետնուեցաւ կաթուածի հարուածէն:
Ունի հանրային բնոյթ կրող գրութիւններ, գրական բովանդակութեամբ յօդուածներ: Հրատարակած է քանի մը պրոշիւրներ: 1952-ին լոյս ընծայեց «Մակապատում» պատանիներու սահմանուած պատմուածքներու հատորը:
1959-ին` «Համասփիւռ» պատմուածքներու հատորը: Ունի նաեւ անտիպ թարգմանութիւններ` ֆրանսերէնէ անգլերէնէ եւ իտալերէնէ:
Պիտի անդրադառնանք իր կեանքին ու գրական վաստակին:
Տնտեսական Կեանք
Լիբանանի Տնտեսական Կացութիւնը
Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը ցնցուեցաւ վերջին դէպքերէն: «Պանք Ինթրա»-ի տագնապը դեռ չփակուած` վրայ հասաւ յունիսեան պատերազմը: Ճամբաները գոցուեցան, օդանաւերու թռիչքները դադրեցան, եւ օտարներ չհամարձակեցան դէպի Միջին Արեւելք գալ: Բայց, բարեբախտաբար, երկար չտեւեց այդ անստոյգ կացութիւնը: Հակառակ դժուարին օրերուն` Լիբանանի տնտեսական կեանքը սկսաւ դանդաղօրէն, բայց հաստատ գտնել իր բնականոն ճամբան:
Արդարեւ, միջազգային մամուլը սկսած է գովեստով խօսիլ Լիբանանի առեւտրական կեանքի վերականգնումին մասին: Անգլիական «Իքոնոմիստ» թերթը կը գրէ. «Լիբանանի տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ է: Լիբանան անվիճելիօրէն Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու դուռն է: Իր զբօսաշրջութեան կարելիութիւնները թէեւ չկրցաւ կատարելապէս օգտագործել, այսուհանդերձ, իր դրամատնային կարողութիւնները թոյլ կու տան, որ Լիբանանի դրամատուներ պահեն օտար դրամագլուխները: Լիբանանի պտուղներուն համար նոր շուկաներ կը բացուին Ճափոնի եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ:
Վերջերս Լիբանանի տնտեսական կեանքի շուրջ «լ՛Օրիան» թերթը քննութիւն մը բացած էր տնտեսական կարգ մը մարզերու մասին: Օգտուելով այդ քննութեանց արդիւնքէն` կ՛ուզենք ամփոփ կերպով ներկայացնել: Բացորոշ կ՛երեւի, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը դէպի բարելաւում կ՛ընթանայ` բաղդատելով յունիս եւ յուլիս ամիսներու հետ:
Այսպէս, «Իրաք փեթրոլիոմ»-ը 60 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է իր գործունէութեան մէջ: Նաւահանգիստէն արտածումները 170 առ հարիւր տոկոսով բարձրացած են: Բաղդատելով 1966-ի հետ` նաւահանգիստին եկամուտները մինչեւ 78 առ հարիւր, իսկ Պէյրութի օդակայանին գործառնութիւնները 93 առ հարիւր տոկոսի հասած են:
Պատերազմի օրերուն պանդոկները բոլորովին պարպուեցան եւ ատեն մը առանց յաճախորդի մնացին: Յունիսին 26 առ հարիւր, յուլիսին 30 առ հարիւր, օգոստոսի 35 առ հարիւր եւ սեպտեմբերին 51 առ հարիւր տոկոսով պանդոկները լեցուած են: Անցեալ տարի պանդոկները յաճախորդ ունեցած են` յունիսին 70 առ հարիւր, յուլիսին 72 առ հարիւր, իսկ սեպտեմբերին 70 առ հարիւր տոկոսով: Այս տարուան մօտ 30 առ հարիւր պակասը կը կարծուի, որ Պաղեստինի խնդիրն է, նկատելով, որ զբօսաշրջիկներէն շատերը Երուսաղէմ կ՛երթային:
Զբօսաշրջութիւնը, որ յուլիսին 65 առ հարիւր պակսած եղած էր նոր դարուն հետ սեպտեմբերին 31 առ հարիւր տոկոսի իջած է, ինչ որ Լիբանանի համար մխիթարկան երեւոյթ մըն է: Այն օտարականները, որոնք Լիբանան կու գան, մեծ մասով գործի մարդիկ են եւ ծանօթ են Լիբանանին: Ամէն պարագայի, լաւագոյն առիթն է, որ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար լուրջ միջոցներ ձեռք առնուին:
Արաբական երկիրներէ եկողներուն թիւը յունիսին 52 առ հարիւր պակաս էր, սեպտեմբերին պակասը իջած է 22 առ հարիւր տոկոսի: Ամառուան եղանակին, յատկապէս յուլիսին, քուէյթցիներու եւ իրաքցիներու բացակայութիւնը զգալի եղաւ. պակասը 85 առ հարիւր տոկոսով եղած է` բաղդատմամբ 1966-ի:
Վիճակագրական գրասենեակի տեղեկութեան համաձայն, եթէ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ եւ այս ընթացքով շարունակուի, յոյս կայ, որ 1968-ին կատարելապէս կը գտնէ իր նախկին վիճակը: Իսկ 1969-ին, նախկին թափով, այսինքն 20 առ հարիւր յաւելումը պիտի շարունակուի:
Դրամատուներու գործունէութեան անդրադառնալով «Պիպլոս պանք»-ի տնօրէնը կը յայտարարէր, թէ որոշ մէկ բարելաւում կայ հրապարակի վրայ: Պէյրութի բոլոր դրամատուներն ալ ազդուեցան «Պանք Ինթրա»-ի սնանկութենէն եւ հազիւ գտած էին բնականոն վիճակը, ահա վրայ հասաւ Պաղեստինի պատերազմը: Յունիսին բոլոր գործառնութիւնները դադրած էին: Բարեբախտաբար հետագայ ամիսներուն գործերը հետզհետէ դէպի լաւը փոխուեցան:
Օդանաւային փոխադրութիւններու մէջ բոլոր ընկերութիւններն ալ ուրախութեամբ կը յայտնեն, որ գործերը յուսացուածէն աւելի շատցած են: Այսպէս, TMA ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ յուլիսի մէջ փոխադրութիւնները կրկնապատկուած են` նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, իսկ օգոստոսի մէջ 40 առ հարիւր յաւելում արձանագրած են:
Պէյրութի նաւահանգիստին տարանցումները 150 առ հարիւր աւելցած են:
Ինչ կը վերաբերի սառնարաններու առեւտուրին, «Ֆարաոն եւ որդիք» հաստատութեան (Ֆրիժիտէր) յայտարարութեան համաձայն, յունիս ամսուան մէջ գործերը 72 առ հարիւր պակաս եղած են նախորդ տարուան հետ համեմատած: Մինչդեռ սեպտեմբերին 65 առ հարիւր յաւելում կրած են:
«Քեթանէ» հաստատութեան (Ժեներալ էլեքթրիք) յայտարարութեան համաձայն, յունիսին մէջ 48 առ հարիւր պակաս եղած է առեւտուրը, բայց սեպտեմբերին մօտ 40 առ հարիւր բարձրացած է: Օտարներուն վերադարձը մեծապէս նպաստած է գործառնութիւններուն:
Պատերազմի տագնապէն ամէնէն շատ ազդուողը ինքնաշարժի առեւտուրը եղած է: Դրամատուներ մէկ անգամէն դադրեցուցին իրենց վարկերը, իսկ պատրաստ դրամ ունեցողներն ալ յետաձգեցին իրենց գնումները: Այսպէս, բաղդատմամբ նախորդ տարուան հետ, յունիսին 70 առ հարիւր պակսած է ինքնաշարժի առեւտուրը, իսկ սեպտեմբերին պակասը իջած է 31 առ հարիւրի:
Արդարեւ, ամէն կողմէ յուսադրիչ երեւոյթներ կը տեսնենք տնտեսական ներկայ կեանքին մէջ Պաղեստինի պատերազմը անգամն մըն ալ առիթ տուաւ, որ արաբական երկիրներ աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատեն տնտեսական գետնի վրայ: Այս ուղղութեամբ Լիբանան մեծ առաւելութիւններ կրնայ ապահովել արտածումի համար, որովհետեւ տեղական բազմաթիւ տեսակի արտադրութիւններ ունի:
Լիբանան տարիներու ընթացքին պատրաստած է ուսեալ եւ որակեալ մասնագէտներ` բոլոր մարզերուն համար, որոնք մօտէն կը հետեւին Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական, ճարտարարուեստական եւ առեւտրական կեանքի զարգացումին: Լիբանանի տնտեսական վերելքին պէտք է մօտենանք կատարեալ վստահութեամբ եւ անվերապահօրէն: Այս կը պահանջէ Լիբանանի ժողովուրդին շահը: Աշխարհի մէջ քիչ կը գտնուի երկիր մը, որ հաւասարի Լիբանանի բնական գեղեցկութիւններուն, կեանքի եւ ապրուստի ճոխ պայմաններուն:
ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ
