Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1967)

Հոկտեմբեր 17, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

 22-րդ Անգամ Ըլլալով Սապրի Համատէ
Խորհրդարանի Նախագահ Պիտի Ընտրուի Այսօր

Լիբանանի երեսփոխանական ժողովը կը գումարուի այս առտու` ընտրելու համար իր նախագահը եւ դիւանը: Այսօրուան նիստին խորհրդարանի երիցագոյն անդամը` Սամի Սոլհ պիտի արտասանէ իր աւանդական ճառը, ապա պիտի կատարուի նախագահի ընտրութիւնը, որմէ ետք նորընտիր նախագահը պիտի խօսի:

Քուէարկութիւնը պարզ ձեւակերպութիւն մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ Սապրի Համատէ ապահոված է իր յաղթանակը: 22-րդ անգամ ըլլալով` Հերմելի երեսփոխանը պիտի գրաւէ նախագահական աթոռը, ինչ որ բացառիկ երեւոյթ մըն է:

Բայց, Ս. Համատէ պիտի ունենայ մրցակից մը եւ այդ մրցակիցը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Պաալպեքի իր նախկին դաշնակիցը եւ ցանկակիցը` Նայեֆ Մասրի:

Ընդդիմադրութիւնը այսպիսով վրէժ լուծած պիտի ըլլայ, թէեւ` աննշան, որովհետեւ Մասրիի առնելիք ձայները մատի վրայ կարելի պիտի ըլլայ հառուել: Այս թեկնածուն գտած է Ռեմոն Էտտէ եւ խոստացած է ամէն ջանք թափել` համոզելու համար ընդդիմութեան միւս անդամները:

Վերջին հաշուով, կացութեան պատկերը հետեւեալն է.

Ն. Մասրի պիտի ունենայ իր սեփական ձայնը, ինչպէս նաեւ խմբակի իր ընկերոջ` Պեշիր Քէյրուզի, որ պիտի բաժնուի իր կուսակցութենէն` Տեսթուրէն: Պիտի ստանայ ձայները` Էտտէին եւ Էտուար Հընէյնին, մինչ Ազգային պլոքի միւս երեսփոխանը Նուհատ Պուէզ պիտի քուէարկէ ի նպաստ Համատէի` խոստում տուած ըլլալով: Մասրիին պիտի տան նաեւ Զահլէի երեք երեսփոխանները, որովհետեւ չորրորդը` Ռաֆաաթ Քազուն հիւանդ է: Կրնայ ստանալ նաեւ երկու կամ երեք ձայն զանազաններէ: Առաւելագոյնը` 10 ձայն:

Ն. Մասրի աշխատեցաւ սիրաշահիլ Ասաատը, բայց` ի զուր: Հարաւի պլոքին պետը յայտարարեց, որ երկրին այսօրուան կացութեան մէջ չէ ուզած պայքարի մէջ մտնել:

Ցեղասպանութեան Հարցը Ժընեւի Մէջ
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

ՄԱԿ, Նիւ Եորք (թելաթայփով, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիէն) – 2 հոկտեմբեր 1967.- ՄԱԿ-ի «Մարդկային իրաւունքներու` խտրութեան դէմ պայքարի ու փոքրամասնութեան» ենթայանձնախումբը սկսաւ զբաղիլ իր օրակարգի թիւ 10 հարցով` «Ցեղասպանութիւն»: Խօսեցան հետեւեալ մասնագէտները` Մոհամետ Աւատ (Միացեալ Արաբական Հանրապետութիւն), Իկոր Պլիշչենքօ (Խորհրդային Միութիւն), Ֆրանսիսքօ Քաբոթորի (Իտալիա), Ուշիչ Քեթչինսքի (Լեհաստան), Քլայտ Ֆորկըսոն (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ճոն Համփրի (Քանատա):

Տոքթ. Աւատ պահանջեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միջոցներ ստեղծէ պատժելու համար այն պետութիւնները, որոնք ցեղասպանութիւն կը հետապնդեն մարդկութեան դէմ:

Իտալիոյ մասնագէտը փափաք յայտնեց, որ բոլոր պետութիւնները ստորագրեն Ցեղասպանութեան ուխտը:

Քանատայի մասնագէտը խնդրեց, որ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը յայտնէ ենթայանձնախումբին, թէ ո՛ւր հասած են ցեղասպանութեան շուրջ տարուած աշխատանքները ՄԱԿ-ի միջազգային օրէնսգիտական յանձնախումբին կողմէ:

Համայնավար ու ամերիկացի մասնագէտներ շարունակ յարձակեցան իրարու դէմ, եւ Վիեթնամի հարցը նիւթ դարձաւ ցեղասպանութեան:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Հայ Կեանք

ՀՅԴ Հիմնադրամի Հանգանակութիւնը
Սենթ Քեթրինզի Մէջ

Ներկայ Եղած Են Նաեւ Օտար Ականաւոր Հիւրեր
Խանդավառ Ժողովուրդը  6500 Տոլար Նուիրած Է

Խանդավառ բազմութիւն մը ողջունած է ՀՅԴ հիմնադրամի հանգանակութեան բացումը Սենթ Քեթրինզի մէջ, կիրակի, հոկտեմբերի 8-ին, հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն բացումը կատարած են ՀՅԴ «Անդրանիկ» կոմիտէին կողմէ ատենապետող ընկերներ Պօղոս Սողոմոնեանը եւ Տիրան Թերզեանը:

Ներկայ եղած են Սեն Քեթրինզի քաղաքապետ Ռապըրթ Ճանսընը, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճիմ Մըքնոլթին եւ քաղաքացիութեան նախարար Ռապըրթ Ուելչը:

Գլխաւոր բանախօսները եղած են Յակոբ Մուրատեան` Համըլթընէն եւ Սեդրակ Մինաս` Պոսթընէն:

Ներկաներու խանդավառ տրամադրութեամբ նուիրած գումարներէն գոյացած է 6500 տոլարի անակնկալ գումար մը:

Հանգանակութիւնը կը շարունակուի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայկական Մամուլի Օրուան Առթիւ (16 Հոկտեմբեր). Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?