50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1967)
Խմբագրական Ճիշդ Խօսինք Ու Պարզ Խօսինք Երկուշաբթի կը վերաբացուին մեր բոլոր վարժարանները: Վերամուտի քաղցրութիւն մը կայ օդին մէջ, բայց նաեւ բազմաթիւ խնդիրներ` մեր մտքին: Խնդիրներ` հերթական, պարագայական, հիմնական, բոլորն ալ` լուծումի սպասող: Ամէնէն դժուարը մեր ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւնը օրուան, երկրին պահանջներուն, պայմաններուն պատշաճեցնելու հարցն է, որուն համար այնքան շունչ կը վատնուի, այնքան ժողովներ կը գումարուին: Պատշաճեցումի այս գործը յեղակարծ որոշումներով կարելի չէ իրականացնել: Փորձառութիւն պէտք է, ժամանակ պէտք է, որպէսզի սխալներ դարմանուին, թերութիւններ սրբագրուին` յարմարագոյնին ձգտելու մտահոգութեամբ մը, որուն ապրումը կ՛ուզենք տեսնել, կը տեսնենք կրթական մեր գործին պատասխանատուներուն մօտ: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ հրաշք-լուծումներ չկան: Մեր միջոցներն ալ լայն...
Կարդալ ԱւելինDetails



