Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1967)

October 27, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նժարէ Նժար

Ջրհեղեղի Վտանգ

Պոսթընի «Պայքար» թերթին մէջ, յօդուածագիր մը, Նոյեան տապանի հետախոյզներուն վերջին լուրը տալէ ետք, կ՛անդրադառնայ տապանի շինութեան պատճառներուն, Ջրհեղեղի պատճառներուն ու կը գտնէ, որ նոյեան կենցաղին փնտռտուքը աւելի կարեւոր է արդի մարդուն համար, աւելի կենսական են նոյեան սրբութիւնն ու արդարութիւնը, գութը, սէրը, որոնք միշտ ըստ յօդուածագրին, տեղի տուած են վատթար ու կործանարար վարքուբարքերու ու կայ նոր ջրհեղեղի մը վտանգը:

«Այս ընթացքով դէպի ո՞ւր պիտի հասնինք, ինչպէ՞ս պիտի ձերբազատինք գալիք ահաւոր աղէտէն… այս անգամուան «Ջրհեղեղը» նախկինէն շատ շատ աւելի յորդահոսան, փրփրակուտակ, աւերիչ ու քանդիչ պիտի ըլլայ»:

Նախատեսուած աղէտէն աւելի՛ առաջ պատահած է կարծես աղէտը, ու ջրհեղեղի բռնուած ջրամոյն անձի մը խուճապահար խօսքերն են, որ կը հաղորդուին ընթերցողին: Յայտնուած մտքին միամտութիւնը չէ խոցելին, հին-հին դարերը յիշեցնող ուռուցիկութիւնը չէ՛, գործածուած լեզո՛ւն է, որ իր հաշմանդամութեան համար պարզապէս ցաւ կը պատճառէ: Ու թերեւս յօդուածագիրը մեղք չունի հոս, բո՛ւն մեղաւորը խմբագիրն է, որ իր թերթին առաջին էջին վրայ տեղ տուած է լեզուական այս ջրապտոյտին ու հետեւեալ թնճուկին:

«Քրիստոնեայ եկեղեցիները, ընդհանուր առմամբ, տկար, հաւատքն ու բարեպաշտութիւնը` զուրկ ջիղէ ու ոսկորէ, ընտանեկան յարկը հիմէն սարսելու վտանգին տակ, արդիականութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, եսասիրութիւնը, անպատկառ, անպատասխանատու, ամէն սրբութիւն եւ իրաւունք ոտքի կոխան ընելու այս ընդվզեցուցիչ գոյավիճակը ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ մարդկութիւնը դէպի նոր «Ջրհեղեղ»-ի մը յորձանքներուն քմահաճոյքին չյանձնեն»:

Ու ասիկա եղաւ կարծիք, ու ասիկա եղաւ լեզու, ոճ, ճաշակ:

Մենք չենք կարծեր, որ ջրհեղեղը ազդարարող այս գուշակութենէն վախցող մարդ գտնուի աշխարհի վրայ: Ի՛նչ ջրհեղեղի մասին է խօսքը, երբ անդրջրհեղեղեան մտայնութեամբ կը խօսուի երիտասարդութեան հետ, ու աւանդական քարոզ մը դասաւորելու ճարտարութիւնն իսկ կը պակսի հանրային կարծիք ստեղծելու յաւակնութեամբ գրիչ բռնող մեր դպիրներուն:

Ճիշդ գրենք մեր լեզուն, հա՛մ ձգենք վրան, հմայք, թումբի վերածենք զայն ու «կուլ չերթանք» ահեղ այն լափումին», որ գոնէ՛ մեզի համար, ջրհեղեղէն նուազ վտանգաւոր չէ…

XX

 

Ընկ. Եդուարդ Տարօնեանի
Յուղարկաւորութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր, ներկայութեամբ ընկերներու, մտաւորականներու եւ կրթական մշակներու` ազգային թաղումով հողին յանձնուեցաւ մարմինը գրագէտ, կրթական բազմերախտ մշակ եւ հաւատաւոր դաշնակցական Եդուարդ Տարօնեանի:

Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, նախագահութեամբ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, շրջապատուած` Գարեգին եպիսկոպոսէ, վարդապետներէ եւ քահանայ հայրերէ:

Արարողութիւններէն ետք առաջնորդ սրբազանը խօսեցաւ դամբանական մը` տալով հանգուցեալ ընկերոջ կենսագրական գիծերը:

Ապա ինքնաշարժներու թափօրով Ե. Տարօնեանի դագաղը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Թաղմանական արարողութիւններէն ետք դամբանական խօսեցան Եդուարդ Էլոյեան` յանուն Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի, կրթական մշակներու եւ աշակերտներու եւ Մուշեղ Իշխան` յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի, Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի, Համազգայինի եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի:

Դամբանախօսները ընդգծեցին հանգուցեալ ընկերոջ արժանիքները` իբրեւ վաստակաւոր մշակի, գաղափարի հաւատաւոր զինուորեալի, հայ դպրութեան ծառայի, որ եղաւ հայ մշակոյթի բազմարդիւն եւ համեստ պահակներէն մէկը:

Այնուհետեւ Եդուարդ Տարօնեանի մարմինը զետեղուեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ:

 

 36,4 Քիլոմեթր Երկարութեամբ
Փապուղի Ճափոնի Մէջ

Ներկայիս ճափոնցի ճարտարագէտներ կ՛աշխատին իրագործել աշխարհի ամէնէն երկար փապուղիի շինութիւնը:

Արդարեւ, Սէյքանի փապուղին Ճափոնի մեծածաւալ կղզիներէն մէկը` Հոնշուն պիտի կապէ անոնց ամէնէն հիւսիսայինին` Հօքքալտօ կղզիին, անցնելով Ցուկարուի նեղուցէն:

Սէյքանի փապուղին պիտի ունենայ 36,4 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութիւն, որուն 22 քիլոմեթրը պիտի անցնի ծովուն տակէն եւ 14,4 քիլոմեթրը` հողին տակէն:

Ներկայիս ընդծովեայ երկարագոյն փապուղին Անգլիոյ Սէյվընի փապուղին է, որ ունի 7 քիլոմեթր երկարութիւն, իսկ ստորերկրեայ երկարագոյն փապուղին` Իտալիոյ եւ Զուիցերիոյ տակէն անցնող Սիմփլոնի փապուղին է, որ ունի 19,8 քիլոմեթր երկարութիւն:

Ճափոնցիք այս փապուղիին ծրագիրը պատրաստած էին 1939-էն ի վեր, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմին պատճառով յետաձգուեցաւ անոր կառուցումը:

1946-ին, Աշխարհամարտէն տարի մը ետք, Ճափոնի երկաթուղիներու ընկերութիւնը, իրազեկ դառնալով ծրագրի կարեւորութեան, երկրաբանական նախապատրաստական ուսումնասիրութիւններու ձեռնարկեց:

Ցուկարուի նեղուցին մէջ երթեւեկող «Թօյա Մարու»-ի նաւաբեկման պատճառ դարձող 1954-ի աղէտալի մրրիկը կարեւոր պատճառ մը եղաւ, որ շարունակուին ձեռնարկուած ուսումնասիրութիւնները: 1955-ին կազմուեցաւ փորձագէտներէ բաղկացած թեքնիք յանձնախումբ մը: Այս յանձնախումբը, տարի մը քաղուած տուեալները քննելէ ետք, 1956-ին այն եզրակացութեան յանգեցաւ, որ ծրագիրը փորձագիտականօրէն իրագործելի է, եւ թելադրեց, որ փապուղին 36,4 քիլոմեթրէն աւելի երկար միջոց մը ծածկէ, որուն 22 քիլոմեթրը պէտք է անցնի ծովուն տակէն:

Յանձնախումբին տեղեկագիրը կը ճշդէր նաեւ, որ ծրագիրը կարելի է իրագործել տասը տարիէն:

Փապուղին իր երկարութեան պատճառով պիտի չկրնայ օգտագործուիլ կառքերու կողմէ, որովհետեւ շարժակով կառքերէն դուրս ելած կազը փապուղիէն դուրս վտարելու համար պէտք պիտի ըլլայ կրկնապատկել փապուղիին տրամագիծը, ինչ որ փորձագիտականօրէն եւ տնտեսապէս անիրագործելի կը դարձնէ ծրագիրը: Այս պատճառով փապուղին պիտի սահմանուի միայն ելեկտրական կառքերու:

Փապուղիի շինութիւնը պիտի արժէ 1200 միլիոն ֆրանք եւ պիտի աւարտի 1975-ին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Չեխահայ Ձեռնարկատէրը Յաղթեց Թուրք-Գերմանական Հզօր Ընկերութեանը` Թուրքիայում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.