Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1967)

October 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պապին Վրայ Հսկող
Կրօնաւորուհին

Ո՞վ կը հսկէ պապին վրայ, երբ հիւանդ է ան:

Ո՞վ է, որ կ՛արթնցնէ զայն առտուն կանուխ եւ իր մօտ կը մնայ մինչեւ, որ աւարտէ նախաճաշը:

Ո՞վ կը պնդէ իրեն, որ առնէ բժիշկներուն հրահանգած դեղերը:

Կրօնաւորուհի մըն է ան` 39 տարեկան, քոյր Ճիաքոմինա Փետրենի: Քոյրը միաժամանակ քահանայապետին անձնական հիւանդապահուհին է եւ տան մակատակարարուհին:

Չորս տարիէ ի վեր, գիշեր ցերեկ, կը հսկէ սրբազան պապին վրայ:

Երբ առաւօտեան ժամը 6:00-ին նորին սրբազնութիւնը կը բանայ իր աչքերը, արդէն կէս ժամէ ի վեր քոյր Ճիաքոմինա կը շրջի նրբանցքներուն մէջ` լռութեամբ:

Երբ գիշերը անկողին մտնէ ու քնանայ, քոյրը իր ետեւն է, պատրաստ` կատարելու սրբազան հօր խնդրանքները:

Այս նուիրական պարտականութիւնը կարենալ կատարելու համար քոյր Ճիաքոմինա բացառիկ կամք եւ ուժ սպառեց: Նախ 35 տարեկան էր, երբ հիւանդապահութեան շատ դժուարին քննութիւն մը անցուց եւ յաջողեցաւ: Անհրաժեշտ պայմանն էր` կարենալ Վատիկան մուտք գործելու համար: Երբ Պօղոս 6-րդ Միլանոյի արքեպիսկոպոս էր, քոյր Ճիաքոմինա անոր տան բոլոր աշխատանքները կը կատարէր: Շաբաթը երեք օր, շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի վանքէն կը մեկնէր արքեպիսկոպոսարան երթալու եւ աշխատելու համար: Քաղցրաբարոյ, լռակեաց, քաջասիրտ ըլլալով` շուտով փնտռուեցաւ իր ներկայութիւնը:

1962-ին մեծաւորուհի մայրը զինք տեղաւորեց արքեպիսկոպոսարան` վերջնական կերպով: Ան էր, որ Մոնթինի արքեպիսկոպոսին յարկաբաժին գործերովը կը զբաղէր:

1963 յուլիս 21-ին արքեպիսկոպոսը պապ ընտրուեցաւ: Պապերը իրենք անձամբ կ՛ընտրեն կրօնաւորուհիները, որոնք պաշտօն ունին զբաղելու իրենց բնակարաններու ներքին աշխատանքներովը: Պօղոս Զ. երկու քոյր ուզեց իր քով: Աւանդութեան համաձայն, հիւանդապահուհի մըն ալ պէտք էր իրեն: Քահանայապետը քոյր Ճիաքոմինան ընտրեց: Բայց քոյրը վկայական չունէր: Ուստի քոյր Ճիաքոմինա սկսաւ հետեւիլ դասընթացքներու:

Այսօր ամէն ոք կը շնորհաւորէ զինք` Վատիկանի մէջ իր ստանձնած պաշտօնին համար: Միակ անձն է, որուն պապը կը կը հաւանի հնազանդիլ, ինք, որ ոչ ոքի կը հնազանդի:

Վատիկանի մէջ կան վեց քոյրեր եւ մեծաւորուհի մայր մը, որոնք կը զբաղին սրբազան հայրով: Քոյր Ճիաքոմինայի պաշտօնը կարեւորագոյնն է, որովհետեւ ան կը հսկէ քահանայապետին առողջութեան վրայ:

Նորին սրբազնութիւնը երբեք չէր ուզեր կէսօրին քնանալ: Քոյր Ճիաքոմինան է, որ համոզեց զայն` կէսօրուան ճաշէ ետք երկարիլ անկողնին վրայ եւ հանգիստ քուն մը քնանալ կէս ժամ: Դարձեալ քոյր Ճիաքոմինան է, որ պարտադրեց սրբազան հօր` ճաշէ ետք հանգստանալով` դասական երաժշտութիւն ունկնդրել, որովհետեւ վարժուած էր գիշերը, ճաշէն անմիջապէս ետք աշխատանքի լծուիլ:

Հիւանդանալէն ի վեր քոյր Ճիաքոմինայի իշխանութիւնը աւելի զգալի եղած է: Քոյրը կը համարձակի նոյնիսկ բարձրացնել իր ձայնը, որպէսզի պապը կանոնաւոր կերպով առնէ իր դեղերը, զորս տուած է իր անձնական բժիշկը` փրոֆ. Ֆոնթանա:

Ամէնէն աւելի անոր է որ կը վստահի պապը: Ամէն օր, քոյր Ճիաքոմինայի հետ կ՛ընէ իր ժամասացութիւնը եւ անոր հետ կը խօսակցի իր ամէնէն կարեւոր աշխատանքներուն մասին, ինչ որ լաւագոյն վարձատրութիւնն է քոյր Ճիաքոմինայի:

ՏԱՆԻԷԼ ՀԱՐՎԷ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակ` Արտերկրային Էակներուն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.