Հայր Սահակ Քէշիշեանի
Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»
Ֆրանսերէն Թարգմանութիւնը
Գեղարուեստական խօսքին գլուխ գործոցները չեն պատկանիր միայն այն ազգին, որուն լեզուով գրուած են: Անոնք թարգմանութիւններու միջոցով կը դառնան բոլոր քաղաքակիրթ ազգերու սեփականութիւնը:
Սակայն Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» հանճարեղ երկը, որ իր ինքնատպութեամբ, փիլիսոփայական մտքի խորութեամբ եւ բանաստեղծական խօսքի կախարդական ուժով կը հանդիսանայ համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն մէկը, դժուարութեամբ կը հարթէ իր ճամբան դէպի համաշխարհային ընթերցասրահ:
Չափազանց դժուար է Նարեկացին խօսեցնել ուրիշ լեզուով` առանց կորսնցնել տալու բնագրին ուժն ու հմայքը: Շատեր փորձած են թարգմանել այս երկը: Սկսած, բայց չեն աւարտած: Առաջին փորձը կատարած է Ֆելիքս Նից (1886)` ֆրանսերէնի թարգմանելով 41 եւ 80-րդ գլուխները:
Այնուհետեւ, այդ գործին ձեռնամուխ եղաւ Ա. Չօպանեան (1900): Բայց ան ֆրանսերէնի թարգմանեց ընդամէնը երեսուն հատուած, որ կը կազմէ ամբողջ գործին հինգ տոկոսը միայն:
1916-ին Զապէլ Պոյաճեան անգլերէնի թարգմանեց երկու գլուխ: Նոյնքան մըն ալ իտալերէնի թարգմանեց Ուպալտօ Ֆալտաթի, 1922-ին: 1950-51 Լիւք Անտրէ Մարսել քանի մը հատուած թարգմանեց` բաւական ազատ վարուելով բնագրին հետ:
Առաջին անգամ «Մատեան ողբերգութեան» երկը ամբողջութեամբ ֆրանսերէնի թարգմանողը եղաւ, Էշրեֆիէի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի տնօրէն հայր Սահակ Քէշիշեանը:
Գիտական անբասիր բարեխղճութեամբ, բնագրին կշռոյթը պահելով, այս հսկայական ու դժուարին գործը գլուխ բերաւ հայր Սահակ` տասնչորս տարուան տքնաջան աշխատանքէ ետք, 1961-ին:
Գիրքը լոյս ընծայեց «Սուրս քրեթիէն» հրատարակչութիւնը: Այս առիթով գրախօսականներ տպագրուեցան ֆրանսական, անգլիական, պելճիքական, հոլանտական եւ արաբական հանդէսներու եւ թերթերու մէջ: Ֆրանսացի մեծանուն քննադատ Անտրէ Ռուսօ «Մատեան Ողբերգութեան» երկը համեմատեց Հոմերոսի, Տանթէի, Շէյքսփիրի եւ Կէօթէի գործերուն հետ:
Հայր Սահակ Քէշիշեան այս ամառ երբ Հայաստան այցելեց, արժանացաւ յարգանքի ու գնահատանքի: Այժմ ֆրանսերէնի կը թարգմանէ հայ մատենագրութեան ներկայացուցիչներէն` Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութիւնները:
Մահ Գրագէտ Ստեփան Զօրեանի
«ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը Երեւանէն կը գուժէ մահը բազմավաստակ գրագէտ Ստեփան Զօրեանի, 78 տարեկան հասակին:
Զօրեանի մահով հայ գրականութիւնը կը կորսնցնէ իր ամէնէն երախտաշատ մշակներէն մէկը, որ յիսուն տարիներու վրայ երկարող գրական բեղուն ասպարէզի մը ընթացքին տուաւ տասնեակ հատորներ` ժամանակակից կեանքէն եւ պատմական շրջաններէն առնուած պատկերներով:
Առիթը կ՛ունենանք անդրադառնալու իր գործին:
Ակնարկ
Արարչութեան Վրիպակը
Նշան Պէշիկթաշլեանի՞ գրչին կը պատկանի, թէ՞ ուրիշ կամ օտար երգիծաբանի մը, լաւ չենք յիշեր հիմա, բայց տեղ մը կարդացած ենք, որ մարդը անասունէն տարբերող մեծագոյն յատկանիշներէն մէկը ժպտելու կարողութիւնն է:
Անասունը չի ժպտիր: Մարդը կը ժպտի:
Բարութեան, ազնուութեան, մեծագործութեան եւ մարդկայնական բազում բարեմասնութիւններու ծաղիկն է ժպիտը: Ի հարկէ, բառը իր անարատ առումով կը գործածուի հոս, դաւադիրին, կեղծին, նենգ ժպիտին մասին չէ խօսքը, այլ` այն փթթումին, որուն մէջ ենթակային իրական եւ ազնուական հոգին տեսանելի կը դառնայ: Բարեացակամութեան ու բարեկամութեան յայտարար նշան է տակաւին ժպիտը, սէ՛ր է, բաշխուելու տրամադրութիւն, եւ առաքինութիւններու այդ գումարով օժտուած է միմիայն արարչութեան պատկերով ստեղծուածը, այն, որ կը ժպտի, ժպիտով խօսիլ գիտէ, ժպիտով նուաճել գիտէ, կեանքը քաղցրացնել, հոգիները բերկրանքով լեցնել ու պայթեցնել գիտէ…
Ժպիտին ու մարդուն ժպտելու աստուածատուր այս շնորհքին անդրադարձանք հակադրաբար, ա՛յն պահուն, երբ կարդացինք Գրիգոր Թորոսեանի ծանօթ յօդուածաշարքին` «Թուրքը եւ ժպիտը» ենթախորագրին տակ ինկող հատուածը, ու` հատուածին սա պարբերութիւնը.
«Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ պտտեցէք որքա՛ն կ՛ուզէք, ժպտադէմ մարդու չէք հանդիպիր:
«Ժպիտը խորթ է թուրքի դէմքին, ինչպէս ինքը` թուրքը` ամէն ազնիւ զգացումի, ազնիւ ու վեհ մտքերու»:
Այս չէ միայն պատճառը: Յօդուածին մէջ տրուած է աւելի խոր պատճառը: Արարչութեան մէկ վրիպակն է թուրքը, արարող յատկութիւններէ զո՛ւրկ ծնած արարածը, չա՛րը, որուն դէմքին, բնական է, խորթ պիտի ըլլար արարողներուն ու բարիներուն վայել լոյսը, ժպիտը: Վերջապէս, ի՞նչ ժպիտ «բռնաբարող ա՛յն ասկեարին, այն ենիչերիներուն, խօսուն, բայց անբան ա՛յն անասունին» դէմքին, որոնց խաժամուժը ծանօթ է իբրեւ թուրք:
Հետեւեալ երկտողը Պէշիկթաշլեանինն է նորէն.
«Կ՛ըսեն` լոկ չարերը երգ չունին:
Կ՛ըսեմ` լոկ չարերը չեն ժպտիր»:
Կատարուած այս ախտաճանաչումներուն վաւերականութեան հաւատալու համար մարդիկ պէտք չունին նոր վկաներու, երբ կայ վկայեալ ախտաւորը, երգազուրկը, անժպիտը, արարչութեան վերոյիշեալ վրիպակը…
XX