Ակնարկ
Տարօրինակ Մուրացկաններ
«Որքան ալ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան այլ շրջաններուն մէջ բնակող հայերը Թուրքիոյ հանդէպ համակրանք կը սնուցանեն…»:
Մնացեալը կարեւոր չէ: Կը խօսի թուրք վարչապետ Տեմիրելի Պաքու այցելութեան առթիւ ձեռք առնուած ապահովութեան բացառիկ միջոցներու մասին:
Կարեւորը այն տարօրինակ մուրացկանութիւնն է` սիրոյ եւ համակրանքի, որ տարիներէ ի վեր արհեստ դարձած է թուրք հանրային կարծիքի վարիչներուն համար, զուգահեռաբար այն միւս մուրացկանութեան, որուն շօշափելի արդիւնքը ամերիկեան տոլարները եղան, եւ ռուսական ռուբլիները կրնան ըլլալ:
Թուրք լրագրող մը կ՛այցելէ Սուրիա կամ Լիբանան եւ իր չնաշխարհիկ տպաւորութիւնները թուղթին կու տայ պոլսական մամուլին մէջ: Կը խօսի հայերու մասին, որոնք իբր թէ շատ կը սիրեն Թուրքիան, թուրքը, թրքական երգերը, թուրք լեզուն…
Թրքախօս հայեր կան: Թրքերէն երգող հայեր կան: Բայց ասիկա սէր չէ, համակրանք չէ: Ախտ է, մոլութիւն է, հին սովորութիւններու տուրք է:
Շփոթը, որ այդ դասակարգի հայեր ակամայ կրնան ստեղծած ըլլալ թուրքի մը մօտ, ծանրագոյն պատիժն է իրենց համար, որովհետեւ, խորքին մէջ, թրքախօս հայը թուրքին հանդէպ տարբեր զգացում չունի, քան հայախօսը:
Բայց ասիկա իրաւունք չի կրնար տալ թուրք քարոզիչին, որ թրքախօսութեան մէջ տեսնէ սիրոյ եւ համակրանքի հիւլէ մը` հանդէպ Թուրքիոյ եւ թրքութեան:
Չըլլա՞յ մեր պապենական հողերուն կարօտը կը շփոթեն թրքասիրութեան հետ:
Այդպէս ըլլալու է:
Ու հարցը այդ է:
Հայը երբեք պիտի չմոռնայ իր հայրենիքը, իր նախնեաց հողերը ու թուրքը գիտէ այդ: Բայց այդ կարօտը կը խեղաթիւրէ, կը չարափոխէ կարենալ պայքարելու համար ժողովուրդի մը դէմ, որ ահա յիսուն տարիէ ի վեր պանդուխտ է երկրէ երկիր, բայց իր աչքերը յառած կը պահէ միշտ հոն, ուր խարխուլ խրճիթ մը, աւերակ եկեղեցի մը, սրբապղծուած յիշատակարան մը իրեն կը սպասէ տարերային կարօտով:
Այդ կարօտին դէմ դեղ չկայ` բացի վերադարձէն:
Այդ ճշմարտութեան կռնակ դարձնել` կը նշանակէ պատրանքներ սնուցանել:
Ու պատրանքները վտանգաւոր եղած են միշտ ժողովուրդներուն համար:
X
Աղօթք, Խունկ Ու Մտածում
Տարի մը առաջ, ճիշդ այսօր, հոկտեմբեր 13-ին , իր մահկանացուն կնքեց տաղանդաւոր գրագէտ ու բանաստեղծ Եդուարդ Պօյաճեան:
Ու այն օրէն ի վեր հայ գրականութեան մէջ ընդհատուեցաւ տաք երգ մը, արկածախնդիր մտքի մը բեղուն գործունէութիւնը ու հայրենիքին ու հայութեան համար տագնապող սրտի մը արու ձայնը:
Կ՛ըսեն, որ անփոխարինելի մարդ չկայ աշխարհի վրայ, ու ըսողները, անտարակոյս, յիմարներ չեն: Այսուհանդերձ, հաստատումը անթերի չէ: Հարկ է բացառութիւններ ընել ու ընդհանուր կարաւանին չխառնել մանաւա՛նդ արուեստագէտները, որոնք անփոխարինելի ըլլալու աւագ արժանիքով մը ճանաչում գտած են:
Մնաց որ, միւս ժողովուրդներու պարագային, անփոխարինելի ընտիրներուն կորուստը այնքան ալ մեծ վէրք մը չի բանար: Հայրենիք ունին միւս ժողովուրդները, պետական կեանք ունին, աւանդութիւնները ուղիղ ճամբով կը զարգանան ու մթնոլորտը կը պահէ վարակելու իր նախկին հանգամանքը: Քամիւն արկածահար կ՛իյնայ , ու Պիւթոր մը կու գայ հրապարակ: Ժիրոտուն կը մեռնի, ու Եունեսքօ մը կը լեցնէ բեմը: Մեր պարագային, սփիւռքի՛ մէջ, խնդիրը բոլորովին տարբեր է: Չմանրամասնենք, ըսենք միայն, որ դիւրին չեն հասնիր արուեստագէտները հոս, ու հասնողներուն վաղաժամ մեկնումը առաւելագոյն չափով կը խոցէ ազգը:
Դժուարին ժամանակներու ու դժնդակ պայմաններու մէջ հասած գրող մըն էր Պօյաճեան եւ հասունութեան արգաւանդ մէկ պահուն մահը տարաւ զինք` ձգելով իրակա՛ն պարապ մը, որ իրականօրէն զգացուեցաւ, կը զգացուի՛ տակաւին գրական քանի մը մարզերու մէջ:
Իր գործն ու ոճը անփոխարինելի էին, բայց հայութեան ծառայելու ուխտը նոր անհատականութիւններու ու ոճերու տէր ուխտեալներու կարօտը ունի: Աղօթենք ու խո՛ւնկ ծխենք Պօյաճեանի հոգիին, որ նուազ խաղաղարար արարք մը պիտի չըլլար իր հոգիին համար…
