Օրացոյցը
Դարերու Ընթացքին
Օրացոյցը ամբողջութիւնն է ժամանակներու բաժանումներուն եւ յատկապէս քաղաքային տարիին: Ցուցակ մըն է, որ կը ներկայացնէ տարւոյն բաժանումները եղանակներու, ամիսներու, շաբաթներու եւ օրերու` տալով շատ յաճախ կրօնական եւ ազգային տօները, ինչպէս նաեւ` հաղորդելով մթնոլորտային երեւոյթները, ինչպէս լուսնի` շրջանը, ծովի մակընթացութիւններն ու տեղատւութիւնները, լուսնի խաւարումները:
Բոլոր դարաշրջաններու քաղաքակրթութիւնները օրերը ներկայացնելու իւրայատուկ ձեւ մը ունեցած են: Թերեւս նաեւ մարդոց այլազանութիւնն է եղած պատճառը, որ գոյութիւն չէ ունեցած մէկ օրացոյց, այլ` օրացոյցներ: Օրացոյցը շատ հին պատմութիւն ունի, որովհետեւ մարդկային հաւաքականութեան կազմութեան առաջին շրջանէն իսկ մարդիկ իրարու հետ հաղորդակցելու համար պէտք ունեցած են ճշդելու մեկնակէտեր: Միեւնոյն ատեն մտահոգութիւնն ունեցած են ժամանակի մը մէջ պարփակելու անցեալ ու գալիք դէպքերը:
Օրացոյցները չորս ծագում ունիմ.
1.- Արեւային օրացոյցները միակն են, որ մինչեւ այսօր կը գործածուին քրիստոնեայ ազգերու մէջ: Մեկնակէտ ունին արեւին աշխարհի շուրջ կատարած տեսանելի հոլովոյթը, այսինքն` մօտաւորապէս 365 օր, հինգ ժամ, 48 վայրկեան, 45,975 երկվայրկեան:
2.- Լուսնարեւային օրացոյցները, որոնք նախկինին ժամանակաշրջանները ունին եւ, սակայն, ամիսները կարգաւորուած են այնպիսի եղանակով մը, որ սկսին եւ վերջանան լուսնի շրջանին հետ:
Գործածութեան մէջ են հրեաներու, նախնական յոյներու, չիներու, մոնկոլներու եւ հնդիկներու մօտ: Ժամանակ առ ժամանակ հարկ էր կցել 13-րդ ամիս մը, որպէսզի տարին սկսի նոյն եղանակին: Մեր օրերուն եւս այս օրացոյցներն են, որոնք հիմք կը ծառայեն ճշդելու համար Զատկի թուականը:
3.- Լուսնային օրացոյցները: Ասոնցմէ ամէնէն ծանօթը մահմետական օրացոյցն է: Անիկա հիմնուած է լուսնին շրջանին վրայ. ունի 12 ամիս` 30 կամ 29 օրերէ բաղկացած, այլ խօսքով` 354 օր: Տասնեւմէկ օրերու տարբերութիւնը դիւրաւ այս ամիսները գտնել կու տայ որեւէ եղանակի մէջ:
4.- Անորոշ օրացոյցները գործածութեան մէջ էին հին եգիպտացիներու, պարսիկներու եւ հայերու մօտ:
Այս չորս ձեւի օրացոյցներն են, որ ծնունդ տուած են հռոմէական, յուլեան, գրիգորեան եւ հանրապետական օրացոյցներուն:
Հռոմէական օրացոյցը լուսնային էր: Անոր ծագումը կ՛երթայ մինչեւ Հռոմի հիմնադրութիւնը, Հռոմուլոսի շրջան, Ք. Ա. 753:
Ք. Ա. 46 թուականին է, որ Յուլիոս Կեսար կը ստեղծէ յուլեան օրացոյցը: Շաբթուան օրերու անունները պահպանած են իրենց անուանակոչումը:
Ծանօթ է, որ կիրակին Տիրոջ օրն է, երկուշաբթին` լուսնին, երեքշաբթին` Հրատի, չորեքշաբթին` Հերմենի, հինգշաբթին` Արամազդի, ուրբաթը` Արուսեակի եւ շաբաթը` Սատուռնոսի:
Յուլիան օրացոյցը ունէր արդէն նահանջ տարի մը` չորս տարին անգամ մը: Կրկնապատկուած օրը 24 փետրուարն էր:
Այս օրացոյցը ուրեմն կ՛ընդունէր 365 օրերէ կազմուած երեք տարի, 366 օրերը բաղկացած մէկ տարի: 1582-ին տասը օրուան յապաղում մը արձանագրած էր վերոյիշեալ օրացոյցը:
Գրիգորեան օրացոյցը, որ իր անունը առած էր Գրիգոր ԺԳ. պապէն, կը ձգտէր ամէնէն աւելի յարմարիլ իրողութեան: Չորս տարին անգամ մը կ՛աւելցուէր յաւելուածական օր մը (29 փետրուար): Կը ջնջուէր չորս նահանջ տարիներէն երեքը միայն (կը մնան միայն 1600, 2000, 2400 տարիները, որոնց թուականները 400-ին բազմապատկութիւնն են):
Նկատի ունենալով, որ օրացոյցին տարբերութիւնը տասը օր էր, որոշուեցաւ, որ հինգշաբթի 4 հոկտեմբեր 1582-ին անմիջապէս յաջորդէ ուրբաթ, 15 հոկտեմբերը: Ֆրանսա այս ձեւը կ՛որդեգրէ 9 դեկտեմբեր 1582-ին, Անգլիա` 1752-ին, Ռուսիա` 1918-ին, Յունաստան` 1923-ին:
Հանրապետական օրացոյցը գործածութեան դրուեցաւ 1793 հոկտեմբեր 6-ին: Հանրապետական Ա. տարին կը սկսի 22 սեպտեմբեր 1792-ին: Տարին բաժնուած էր երեսուն օրերէ բաղկացած 12 ամիսներու, եւ հինգ օրերու ընթացքին կը նշուէին հանրապետական օրերը: Ֆապրը տ՛Էկլաթինն էր, որ ամիսներու անունները սահմանեց: Հանրապետական օրացոյցը օգտագործուեցաւ 13 տարի եւ փոխարինուեցաւ գրիգորեանով, 1806 յունուար 1-ին:
Հրէական օրացոյցը, որ լուսնարեւային է, առաջին օր նկատի ունի աշխարհի ստեղծման ենթադրական թուականը` 7 հոկտեմբեր 3761 (Ք. Ա.): Մահմետական օրացոյցը, որ զուտ լուսնային է, ընդունուեցաւ 632-ի ժամանակները (Ք. Ե.): Ասոր յատկանշական կողմը այն է, որ օրերը կը հաշուէ արեւամուտէն ետք: Նկատի ունենալով, որ մահմետական տարին ամէն անգամ կը սկսի 10-12 օր աւելի առաջ, իններորդ ամիսը` Ռամատանը կը սկսէր օրինակի համար, յունիս 17-ին, 1950-ին եւ ապրիլ 1-ին, 1957-ին:
Հնդկաստանի մէջ երկու օրացոյցներ կը գործածուին: Պուտտայականները օրերը կը հաշուեն Պուտտայի մահուան թուականէն սկսեալ (Ք. Ա. 543), Դէնիսթները իրենց հիմնադրին` Վարտհամմայի մահէն սկսեալ (Ք. Ա. 527):
Ճափոնական օրացոյցը գրիգորեան է, բայց ունի բաժանումներ, որոնք կը համապատասխանեն կայսրերու իշխանութեան շրջաններուն: Ընդհակառակն, մինչեւ 1911 չինական օրացոյցը լուսնարեւային էր եւ ունէր «կարճ» տարիներ` 354 կամ 355 օրերէ բաղկացած եւ «երկար» տարիներ` 383 եւ 384 օրերէ կազմուած:
Եթովպական օրացոյցը հիմնուած է 29 օգոստոս 284-ին: Արեգակնային է: Կը պարունակէ իրարու յաջորդող երեսուն օրերէ կազմուած 12 ամիսներ: Չորս տարին անգամ մը վեց յաւելուածական օրեր կ՛աւելցուին: