Թուրք Լրագրողի Մը Համաձայն
Տեմիրելի Պաքու Այցելութեան Առիթով Ապահովութեան Բացառիկ Միջոցներ Ձեռք Առնուեր Են Հայերու Պատճառով
«Թալէաթ Եւ Ճեմալ Փաշաները Հայերը Սպաննած Էին, Ուստի Հարկ Էր Աչալուրջ Ըլլալ»
Սիւլէյման Տեմիրելի` Խորհրդային Միութիւն այցելութեան առիթով Թուրքիոյ վարչապետին ուղեկցող լրագրողներէն Մուրատ Սերթօղլու «ԹԵՐՃԻՒՄԱՆ» թերթին մէջ սկսած է հրատարակել յօդուածաշարք մը` «ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ» ընդհանուր խորագրին տակ:
Վերջին թիւին մէջ Սերթօղլու կը նկարագրէ Տեմիրելի եւ իր պատուիրակութեան Պաքու այցելութիւնը եւ իբրեւ նորութիւն, կը յիշէ, որ` «Պաքուի մէջ ապահովութեան բացառիկ միջոցներ ձեռք առնուած էին հայերու պատճառով»:
Անշուշտ շատ հասկնալի է, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ թուրք լրագրողը, մանաւանդ երբ կ՛աւելցնէ, որ` «Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաները հայերը սպաննած էին, ուստի հարկ էր աչալուրջ ըլլալ»:
Անշուշտ ըմբռնելի է, որ «ապահովութեան բացառիկ միջոցներ» եւ «աչալրջութիւն» անհրաժեշտ են, երբ ճամբորդողը թուրք վարչապետ մըն է, բայց անըմբռնելին համակրանքի այն մուրացկանութիւնն է, որ թուրքերը ցոյց կու տան ամէնուրեք, երբ կը խօսին զանազան երկիրներու մէջ գտնուող հայերու` Թուրքիոյ հանդէպ տածած ջե՜րմ տրամադրութիւններուն մասին:
Այս մարդիկը չհասկցան տակաւին, որ մուրալով կարելի է տոլար կամ ռուբլի ստանալ, բայց բարեկամութիւն` երբե՛ք:
Տեսնենք սակայն, թէ ի՛նչ դուրս եկած է թուրք լրագրողին խելապատիկէն.
«… Խորհրդային Միութեան մէջ մեր վերջին այցելած հանրապետութիւնը եղաւ Ազրպէյճանը եւ անոր մայրաքաղաքը` Պաքու:
Թրքական պատուիրակութիւնը ամէն տեղ դիմաւորուեցաւ մեծ սիրով ու հետաքրքրութեամբ: Եւ սակայն պէտք է նշել, որ Պաքուի դիմաւորումը եղաւ շատ աւելի ջերմ ու սիրալիր: Օդակայանէն մինչեւ այն պանդոկը, ուր պիտի բնակէինք, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ լեցուցած էին ճամբաները եւ կը ծափահարէին մեզ անընդմէջ:
Թրքական պատուիրակութիւնը ծափահարողներուն մէջ կը գտնուէին որքան թուխ ազերիներ, նոյնքան եւ խարտեաշ ռուսեր: Իսկ ձեռք առնուած ապահովութեան միջոցները շատ խիստ էին Պաքուի մէջ: Գրեթէ իւրաքանչիւր տասը-տասնհինգ մեթրը անգամ մը, կը տեսնուէր ոստիկան մը: Հակառակ ասոր ժողովուրդը դարձեալ կը փակէր մեր անցքը յաճախ եւ համակրական արտայայտութիւններ կ՛ունենար: Բոլորն ալ կ՛ուզէին թուրքերը աւելի մօտէն տեսնել ու ծափահարել:
Մանաւանդ Պաքուէն մեր բաժնուելիք օրը, երբ Սիւլէյման Տեմիրել փափաքեցաւ հետիոտն ճամբորդութիւն մը կատարել, նկատեցինք, որ այս սէրը վտանգաւոր աստիճանի հասած էր:
Հազարաւոր մարդիկ սկսած էին դէպի մեր վարչապետը վազել` ուղղակի խուժելու պէս, բայց ոստիկանները չափազանց նեղուեցան այդ բանին համար, բարկացան ու վախցան եւ բիրերով ետ մղեցին զանոնք, երբեմն ալ` իրենց մոթոսիքլեթները անոնց վրայ քշելով: Ժողովուրդը ցրուեցին, Սիւլէյման Տեմիրելն ալ ինքնաշարժը դրին ու հեռացուցին:
Շահագրգիռ մը Պաքուի մէջ ձեռք առնուած ապահովութեան այս բացառիկ միջոցներուն համար հետեւեալ բացատրութիւնը տուաւ.
– Պաքուի մէջ մեծ թիւով հայեր կը բնակին: Որքան որ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խ. Միութեան այլ շրջաններուն մէջ բնակող հայերն ալ Թուրքիոյ հանդէպ համակրանք կը սնուցանեն, այսուհանդերձ, տակաւին կարգ մը մոլեռանդներ կրնան գտնուիլ անոնց մէջ: Նկատելով, որ Թալէաթ փաշա եւ Ճեմալ փաշա սպաննուած էին հայերու ձեռքով, յարմար դատեցինք ապահովութեան միջոցներ ձեռք առնել Պաքուի մէջ: Չենք ուզեր, որ մազի թելին իսկ վնաս հասնի ոչ միայն վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրելի, այլ` պատուիրակութեան ոեւէ մէկ անդամին:
Անշուշտ որ ապահովութեան միջոցներ ձեռք առնելը իրենց գործը ըլլալով` մենք ոչինչ ունէինք ըսելիք այս ուղղութեամբ:
Ես Պաքուի մէջ առանձին կամ ընկերներու հետ ազատ-համարձակ շրջեցայ: Բոլորին հետ ալ շատ հանգիստ խօսեցայ: Բացի ռուս շարժավարէ մը` բոլորն ալ ինծի հետ խօսեցան շատ ալ լաւ հասկնալի ազերի թրքերէնով: