Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Հոկտեմբեր 1967)

October 18, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիահայ Դպրոցներու
Վերաբացումը

Հոկտեմբեր 4-ին, Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ Չէպէեանի, գումարուած է Ազգային ժողով` մասնակցութեամբ հալէպահայ ազգային բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Ազգային ժողովը նշանակած է յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւն տրուած է հանդիպում մը ունենալ Սուրիոյ կրթական նախարար Սուլէյման Խըշի հետ` հայոց լեզուի եւ կրօնի դասաւանդման եւ վարչական-տեսչական խնդիրներու շուրջ կարգադրութիւններ ընելու համար:

Կրթութեան նախարարի եւ յանձնախումբի հանդիպումին, փոխադարձ հասկացողութենէ մը ետք, կրթութեան նախարարութիւնը հրապարակ հանած է 7 հոկտեմբեր թուակիր, թիւ 761 շրջաբերականը` ուղղուած Դամասկոսի, Հոմսի, Հալէպի, Իտլիպի, Լաթաքիոյ, Հասիչէի, Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի կրթական տնօրէնութեանց:

«Տրուած ըլլալով, որ հայ ազգային վարժարաններու պատասխանատուներ, դպրոցական կարգադրութեանց առիթով, փոխադարձ հասկացողութեամբ դիրքաւորուեցան մեզի հետ եւ ճշմարիտ աջակցութեամբ գործակցեցան նշանակեալ տնօրէններու հետ եւ նկատի առնելով հանրային շահերը` յարմար նկատեցինք հետեւեալը.

«1.- Նախակրթարաններու մէջ գործադրել ծրագրուած դասաւանդութիւնները` ըստ թիւ 1907 եւ 9 սեպտեմբեր 1967 թուակիր հրամանագրին, հետեւեալ լուսաբանութեամբ»:

Եւ շրջաբերականը կու տայ մանրամասնութիւնները` դասաւանդութեանց ծրագրին:

Հայագիտական դասերը ճշդուած են հետեւեալ կերպով.

Նախակրթարաններու բոլոր կարգերուն համար պաշտօնական ծրագրի 30 պահերուն մէջ կը մտնէ հայերէնով կրօնի դասաւանդութիւնը` շաբաթական երկու պահ:

Իսկ ծրագրի պահերուն վրայ կ՛աւելնայ, բոլոր կարգերուն համար, շաբաթական չորսական պահ հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը:

Միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ, բոլոր կարգերուն համար, պիտի դասաւանդուի շաբաթական երկու պահ հայերէն, ինչ որ արգիլուած էր նախորդ տարիներուն եւ երկու պահ կրօն` հայերէնով։

Բացի ասկէ` կրթութեան նախարարութեան կողմէ նշանակուած տեսուչներու իրաւասութիւնները ճշդող յանձնախումբին մէջ ընդունուած են երկու հայ ազգայիններ:

Տնօրէններու կապակցութեամբ, առաջնորդարանի կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչը (տնօրէն) պիտի ունենայ հետեւեալ իրաւասութիւնները.

Կատարել արձանագրութիւնները, կապ պահել ծնողներու եւ աշակերտներու հետ եւ հսկել հայագիտական ճիւղերու գործադրութեան:

Կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը (տնօրէն) կապ պիտի պահէ պետութեան հետ եւ պիտի կատարէ պետական ծրագրի գործադրութեան հսկողութիւնը:

Այս հիման վրայ, Սուրիոյ բոլոր ազգային եւ միութենական հայ վարժարանները, ինչպէս նաեւ հայ աւետարանական համայնքի վարժարանները վերաբացուած են 9 հոկտեմբերին:

Նոյն օրը, Ազգային առաջնորդարանը դպրոցներու վերաբացումը յայտարարող կոչ մը ուղղած է սուրիահայութեան: Աշակերտները քանի մը օրուան մէջ արձանագրուած են: Վերստին պաշտօնի կոչուած են հայ վարժարաններու բոլոր տնօրէններն ու ուսուցիչները եւ դասաւանդութիւնները սկսած են կանոնաւորապէս:

 

Հալիլ Փաշայի Յուշերը
Հայերը Ինչպէ՞ս Կը Զինուէին
Ազրպէյճանի Դէմ Կռուելու Համար

«Ագշամ»-ի մէջ Շեւքեթ Սիւրէյեա Այտեմիր կը պատմէ օսմանեան շրջանի ծանօթ դէմքերէն Հալիլ փաշայի հետ ունեցած յուշերը եւ կը գրէ հետեւեալը. «28 մայիս 1918-ին կազմուեցաւ Ազրպէյճանի Ազգային կառավարութիւնը, բայց չկրցաւ ամուր հիմերու վրայ հաստատուիլ: Ամէնէն խոցելի կէտը սա էր, որ ազրպէյճանցիք զինուորութիւն չէին ըրած: Ցարական Ռուսիոյ կառավարութիւնը զինուորագրած էր հայերը, վրացիները, որոնք զինուորական փորձառութիւն ունէին, իրենցմէ սպաներ, նոյնիսկ զօրավարներ հասած էին: Գալով Ազրպէյճանի, ոչ ոք զինուոր գացած էր, Ազրպէյճանի թուրքերը ատենօք առանձնաշնորհ մը նկատած էին եւ զինուորական պարտականութեան չէին գացած եւ հիմա մնացած էին առանց զինուորի, առանց սպայի, զրկուած` զէնքէ եւ հրամանատարէ: Եւ երբ ցարական պետութիւնը քայքայուեցաւ, Կովկասի զինուորական ուժը մնաց հայոց եւ վրացիներու ձեռքը, Ազրպէյճան ունէր միմիայն 24 թնդանօթ եւ զրահապատ կառախումբ մը եւ զանոնք գործածելու համար զինուոր եւ սպայ չունէր: Այս պայմաններուն տակ երկիրը ներսէն եւ դուրսէն սպառնալիքի տակ էր, մանաւանդ` հայոց կողմէ, որոնք իրենց ոտքէն մինչեւ գլուխը զինուած եւ մարզուած զինուորներ էին:

«Անգամ մը Ղարաբաղ գացեր էի, իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէի Շեքիի մէջ, ուր եւս ո՛չ զինուոր կար, ո՛չ ալ մէկ հատիկ սպայ: Ուսուցչական պաշտօնէս դուրս, իբրեւ թուրանական ռազմիկ ալ կը գործէի, եւ շատ մը պարտականութիւններ յանձնուած էին ինծի: Այդ օրերուն էր, որ հայերը գրաւեցին Ազրպէյճանի Ասքերան կայանը, եւ այս կերպով Ղարաբաղի լեռնային գօտին եւ Շուշիի ամրոցը անջատուեցան միւս գօտիներէն: Այդ տեղերու բնակչութիւնը մէկ վայրկեանէն միւսը կրնար հաւաքաբար ջարդուիլ, Պաքու իր կարելի միջոցներով օգնութեան փութաց, ես ալ 300-400 կամաւոր հաւաքեցի եւ Շեքիէն Ղարաբաղ մեկնեցանք: Կարծեմ 1919 սեպտեմբերին էր, եւ Հալիլ փաշա այդ օրերուն է, որ ձեռնարկեց Սվազ-Էրզրում, Պաքու-Մոսկուա ուղեւորութեան: Մենք երբ Ասքերան հասանք, դէմ առ դէմ եկանք Հալիլ փաշայի եւ իթթիհատական ծանօթ գործիչներէն Քիչիւք Թալէաթ պէյի հետ, որ Պոլսոյ արգելարանէն յաջողած էր փախչիլ: Այդ գիշեր, Հալիլ փաշա ինծի պարզեց ամէն ան` Անատոլուի կացութիւնը, Միլլի պայքարի վերաբերեալ հարցերը, Մուսթաֆա Քեմալը, Քարապեքիրը եւ Ներկայացուցչական ժողովին ամէնէն կենսական դատերը, Ազրպէյճանի վրայով խորհրդայիններուն հետ կապ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կարգ մը փաստաթուղթեր ալ ցոյց տուաւ ինծի` Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ Քարապեքիրի ուղղուած զանազան նամակներ»:ել ծնողներու եւ աշակերտներու հետ եւ հսկել հայագիտական ճիւղերու գործադրութեան:

Նախորդը

Քրիստափոր (Միքայէլեան, 1859-1905). Վերածնուած Հայաստանի ու հայկական յեղափոխութեան դրօշակիր առաջնորդը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.