Ակնարկ
Ինչ Որ Կը Պակսի Մեզի…
Կրթական խնդիրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, երկու երեսներով կը ներկայանայ: Մէկը նիւթականն է եւ վարձատրութիւնը, միւսը բարոյականն է եւ ուսուցումը: Ու երկու այդ երեսներուն ներկայացուցիչները ամէնուրեք ու միշտ իրարու դէմ յանդիման կը գտնուին: Քիչ տրուած է ուսուցչին, շատ պահանջուած է անկէ: Ու ամէն տեղ ա՛յս է չոր իրականութիւնը:
Մեր մէջ նոյնն է պարագան, բայց նոյնը չեն հետեւանքները: Ուրիշներ մարդ պատրաստելու եւ քաղաքացի պատրաստելու դեր մը սահմանած են դպրոցին, մենք` բան մը աւելի, ազգն ու ազգայինը պահելու յոյս մը եւս կապած ենք անոր, ու ճի՛շդ այս պատճառով պարտի ու պահանջէի բախումը ճակատագրականօրէն կ՛անդրադառնայ մեր վրայ:
Ահաւասիկ հարիւր տարի կ՛ընէ, որ կանոնաւոր դպրոցներ ունինք, սահմանադրական օրէնքով ընտրուած պատկան մարմիններ, բայց հարիւր տարուան ընթացքին մէ՛կ տոկոսով իսկ բան չէ փոխուած դպրոցին շուրջ հաւաքուած մարդոց հոգեբանութեան մէջ: Մտքի ի՛նչ պատրաստութեան տէր ալ ըլլան, տարիքի ո՛ր աստիճանին վրայ ալ գտնուին մեր թաղականներն ու հոգաբարձուները, վերջին հաշուով թաղական են ու հոգաբարձու, եւ, տարօրինակ է, պաշտօնի կոչուած վայրկեաններուն իսկ կը դրսեւորեն տիպարին աւանդական մտայնութիւնը` քիչ տալ, շատ պահանջել:
Իրերու այս դրութիւնը թերեւս առաջին պատճառներէն է, որ մեր կրթական գործը վերածուած է անհրապոյր ասպարէզի մը, ուր կը դիմեն ու կը յամառին մնալ ո՛չ թէ պատրաստուած, բազմեռանդ եւ ուժական տարրերը, այլ` ասոնց հակապատկերները…
Վերջին տարիներուն մենք դպրոցական շէնքեր շինեցինք, ու շէնքերը լա՛ւ են, ամպիոններ բարձրացուցինք, ու ամպիոնները գեղեցի՛կ են, բայց ցաւօք սրտի պիտի ըսենք, որ շէնքերը հարկ եղած «շինարարները» չունին, եւ համարեա՛ թափուր են ամպիոնները:
Նոյնիսկ հակասութեան մէջ մտնելու գնով պիտի ըսենք, որ ատեն մը մեր նախակրթարանին կամ երկրորդական վարժարանին ուսուցիչը կը կոչուէր Օշական, Շանթ, Աղբալեան, Թէքէեան: Աւելի առաջ` Վարուժան, Զարդարեան, Թլկատինցի, Պէրպէրեան: Անձկութիւններէ զերծ չէին նաեւ անոնք, բայց ուսուցի՛չ էին, մեծ էին, ու մոռնալով անձկութիւններն ու հոգէառներու գոյութիւնը` իրենց ստեղծած հմայքով շրջաններ լեցուցին, հոգիներ կերտեցին:
Գոցեցէք ձեր աչքերը հիմա ու, եթէ կրնաք, տեղաւորեցէք դէմք մը, որ ասպարէզը հրապուրիչ ընծայող գործունէութիւն մը ծաւալէր եւ իր ետեւէն տանէր երիտասարդութիւն մը, որ վաղը, առանց սակարկութեան, իր ուժերը մեր մտահոգութիւններուն նուիրելու պատրաստակամութիւնը բերէր:
Ընդհանրապէս հեղինակութիւն չեն այսօրուան մեր ուսուցիչները, եւ խիստ կասկածելի է, որ ի վիճակի են հեղինակութեան մը տարերքը փոխանցել իրենց դիմաց նստող տղոց: Ո՞վ է այն ուսուցիչը այսօր, որ, օրինակ, կարենար 45 վայրկեան խօսիլ Վարուժանի մասին ու 45 տարի դիմացող խանդով վարակէր տղան: Ելլելով գրականութենէն դուրս` պիտի հարցնէինք կրկին. ո՞վ է ան ուսուցիչը, որ մեր պատմութեան մէկ շարժումը նկարագրէր եւ դնէր կազմաւորուող տղուն հոգիին մէջ դիւցազներգութեան մը անհանդարտ սաղմը:
Թաղականները թաղակա՛ն են միշտ: Հոգաբարձուները հոգաբարձու են միշտ: Բայց դասարան մտնելէ ետք հարկ է մոռնալ թաղականներն ու հոգաբարձուները եւ պատարագիչի մը պատրաստութեամբ, հաւատքով ու երկիւղածութեամբ կանգնիլ տղուն դիմաց ու լեցնել անոր հոգին հայութիւն կոչուած աստուածութեան խորհուրդով: Ա՛յս է, ինչ որ կը պակսի մեզի, ա՛յս է, ինչ որ պէտք է ընենք: Մեր դպրոցները տարբեր առաքելութիւն չունին: Մեր զաւակները տարբեր սնունդի մը համար չէ, որ կը ղրկուին հայկական վարժարան:
XX
Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց
Միութեան Պարախումբի Մեծ Յաջողութիւնը
Ժամանակին, սփիւռքի մեր գաղութներու մշակութային միութիւններու երազն էր թատերական խումբ մը եւ երգչախումբ մը ունենալը: Այսօր` վերջին տարիներուն, ժողովրդական պարի խումբերն ալ աւելցան այդ երկուքին վրայ` կազմելով մշակութային երրորդութիւն մը, որ բոլոր մեր միութիւններուն նպատակակէտն է հիմա:
Բնականաբար, ինչպէս մեր բոլոր գաղութները, նոյնպէս եւ Իրաքի մեր փոքր գաղութը, թէեւ դանդաղօրէն, բայց միշտ հաստատ քայլերով հետեւած է ստեղծուած մթնոլորտին եւ կրցած է իր փոքրաթիւ արուեստագէտներով եւ նուիրեալներով առաջնակարգ տեղը գրաւել գաղութահայ մշակութային կեանքին մէջ, յանձին Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան, որ ամիսներ առաջ տօնեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ըսի դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, եւ իրօք, այսօր իրաքահայութիւնը սփիւռքի մէջ ինքզինքը կը պարտադրէ մշակութային գետնի վրայ, որովհետեւ փաստեր ունինք. նախ բոլոր գաղութները տարիներով աշխատեցան իրենց մնայուն եւ ժամանակաւոր երգչախումբերը ունենալու եւ ունեցան, բոլորը գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ խումբերով: Սակայն Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը, թէեւ կազմուեցաւ շուրջ 14 տարի առաջ, բայց իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ այս բոլորին մէջ եւ ինչպէս ըսած էր մեծ վարպետը` Բ. Կանաչեան, իր լսած բոլոր երգչախումբերուն մէջ ամէնէն յաջողը «Կոմիտաս» երգչախումբն է…
Այսօր, նոյն այս ընթացքով միութիւնը ունեցաւ իր պարախումբը: Մենք ամիսներ առաջ տեսանք լիբանանեան պարի եւ երգի խումբը` «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հրաւէրով` Պաղտատ իր այցելութեան առիթով: Հոս կրնանք հաստատել, որ միութեան նորակազմ պարի խումբը երբեք ետ չի մնար յիշեալ խումբէն, իր բոլոր կարելիութիւններով, եւ կրնանք նոյնպէս աւելցնել, որ ապագային յոյս ունինք առաջնակարգ տեղը գրաւելու, թէեւ դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, ինչպէս որ ըրաւ «Կոմիտաս» մեր երգչախումբը:
Պարախումբի կողքին կազմուեցաւ «Քնար» ժողովրդական նուագախումբը, որ պարի խումբին հետ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ օգոստոս 29 եւ 30 ու 18, 19 եւ 20 սեպտեմբերին, Պաղտատի պետական թատերասրահին մէջ, որոնց առաջին երկու օրերու հանդէսներուն հասոյթը յատկացուեցաւ ի նպաստ պատերազմական ճիգին:
Յայտագիրը կազմուած էր 22 բաժիններէ,- 13 ժողովրդական պարեր (հայկական եւ այլն) եւ 9 մեներգներ:
Խանդավառութիւնը, որ ստեղծուեցաւ հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ, յիշեալ օրերուն, իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ 20 սեպտեմբերի ելոյթի վերջաւորութեան, միութեան նախագահ Աւետիս Յովհաննէսեան բեմ բարձրացաւ իր շնորհակալական խօսքը ուղղելու խումբի ղեկավար Յակոբ Մալխասեանին եւ մասնակցող 60-ի մօտ պարողներուն, երգողներուն եւ կազմակերպիչ անձերուն ու վարչական աշխատանք վարողներուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ