50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1970)
Չորցած Շատրուաններ Երբ տնօրէնի մը գրասենեակէն կ՛ելլէք, պէտք է մեղմօրէն գոցէք դուռը, եթէ ոչ, ինծի պէս, ետ ներս կը կանչուիք: - Կրնայի՞ր դուռը աւելի մեղմօրէն գոցել, յարգելի՛ պարոն: Քողարկուած ծուռ ակնարկ մը կը նետեմ տնօրէնին ժպտուն դէմքին, անձայն կը հայհոյեմ ու յուշիկ կը փակեմ դուռը: Այս մարդը ժպիտներու հաւաքածոյ մը ունի: Ժպիտով մարդ կը կատղեցնէ, ժպիտով կատղածը կը սանձահարէ, ժպիտով մարդ կը կողոպտէ, ժպիտով թաղում կը կատարէ: Կ՛ըսեն, թէ գեղեցկագիտական գործողութեան ենթարկուած է այդ ժպիտին տիրանալու համար: Մեր թուրիսթական ընկերութեան դրամագլուխը տնօրէնին ժպիտն է: Այդ ժպիտին համբաւը հասած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներ. այդ պատճառով մեր երկիրը այցելող բոլոր ամերիկացի զբօսաշրջիկները...
Կարդալ ԱւելինDetails