Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1970)

Յունուար 24, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հետաքրքրական

– Ծիծեռնակները երկար ապրող թռչուններ են: Սովորաբար քառասուն տարի կ՛ապրին:

– Միացեալ Նահանգներու երրորդ նախագահը` Թոմաս Ճեֆըրսըն, հնարած է ձեռնակառքը եւ այսօրուան արագաչափին նախահայրն է:

– Մեքսիքայի Թիլթեփեկ փոքրիկ քաղաքին բոլոր բնակիչները կա՛մ կոյր կը ծնին եւ կա՛մ շուտով կը կորսնցնեն իրենց տեսողութիւնը: Գիտնականները մինչեւ այսօր չեն կրցած բացատրել այս երեւոյթը:

– Անցեալ տարի, նոյեմբերի եւ դեկտեմբերի ընթացքին, Անգլիոյ մէջ 18 նորածիններու ծնողներ իրենց զաւակները մկրտած են Քենետի անունով` ի յիշատակ Միացեալ Նահանգներու սպաննուած նախագահ Ճոն Քենետիի:

– Փարիզի պանդոկատէրերը նկատած ըլլալով, որ ամէն ամիս հարիւրէ աւելի այրեր ու կիներ պանդոկներէն կը մեկնին առանց իրենց հաշիւները վճարելու, որոշած են այսուհետեւ կանխիկ գանձել հաշիւները:

– Եւրոպայի երկիրներէն ամէնէն շատ հարիւր տարեկանէն վեր բնակիչ ունեցող երկիրը Ֆրանսան է: Սակայն ամբողջ աշխարհի մէջ առաջինը կու գայ Ռուսիան:

– Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ կան 214 միլիոն ձայնասփիւռի գործիքներ, այսինքն ամէն մէկ ամերիկացի, մանուկներն ալ միասին հաշուելով, մէկէ աւելի ձայնասփիւռ ունի:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ նամակադրոշմը հրապարակ ելած է Չինաստանի մէջ, 1928-ին: Բարձրութիւնը 10 սանթիմեթր էր, իսկ լայնութիւնը` 13,5 սանթիմեթր:

– Պատկերազարդ առաջին գիրքը լոյս տեսած է Քրիստոսէ հազար հինգ հարիւր տարի առաջ, Եգիպտոսի մէջ: Գիրքին անունն էր` «Մեռելներու գիրքը»:

– Ներկայիս Անգլիոյ մէջ կան եօթը հարիւր հազար մարդիկ, որոնք կը քնանան այլեւս չգործածուող երկաթուղիի հին վակոններու մէջ:

– Քրիստոսէ երեք հազար հինգ հարիւր տարի առաջ Փաքիստանի մէջ կար Տարօ անունով քաղաք մը, որուն տուներէն շատերը ունէին խոհանոց, բաղնիք եւ տաք ջուրով լողալու աւազան:

– Նիւ Եորքի նաւահանգիստէն դուրս գտնուող Ազատութեան արձանը շինուած է ֆրանսացիներու կողմէ: Նուիրուած է ամերիկացիներուն, անկախութեան համար իրենց մղած յաղթական պայքարին առիթով:

– Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոն աշխարհի ամէնէն բազմամարդ քաղաքն է: Բնակչութեան թիւը տասնմէկ միլիոն չորս հարիւր հազար է:

– Աշխարհի վրայ մօտաւորապէս 350 գործօն հրաբուխներ կան: Անոնց կէսը կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներուն մէջ:

– Ոսկիին գոյնը միշտ ալ ոսկեգոյն չէ: Զանազան ձեւերու մէջ զուտ ոսկին կրնայ ըլլալ կանաչ, կարմիր, կապոյտ կամ մոխրագոյն:

– Անգլիական օրէնքով, անձնասպանութիւն փորձողը կը պատժուի այնպէս, ինչպէս ուրիշ մէկը սպաննել փորձողը:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ կոչնակը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ: Կը կշռէ 80 թոն: Կը կոչուի Ցարկոլոկոլ:

– Լուսինը Երկրէն հեռու է 385 հազար քիլոմեթր: Արեւէ` 150 միլիոն քիլոմեթր:

– Յաճախ հրաբուխէ մը ժայթքած լաւան այնքան թանձր կ՛ըլլայ, որ ներքին մասը քսան տարի տաք կը մնայ:

– Պրազիլիոյ Սանթոս քաղաքի բանտը շատոնց բերնէ բերան լեցուած ըլլալուն` իշխանութիւնները որոշած են բանտարկեալներուն մէկ մասը փոխադրել ծովեզերք խարսխած անգործածելի նաւու մը մէջ:

– Կրինլանտը կը գտնուի հիւսիսային բեւեռին մօտերը եւ մեծ մասամբ սառոյցով ծածկուած է: Ունի չորս հարիւր տեսակ ծաղիկներ, որոնք կ՛աճին ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ:

Թերթերու Տպաքանակը

«Թայմզ» վիճակագրական տուեալներ կը հայթայթէ աշխարհի կարեւորագոյն թերթերու մասին: Տուեալները ձեռք ձգուած են լրագրողներէ բաղկացած խմբակի մը կողմէ, որ այս ուղղութեամբ մանրակրկիտ հետազօտութիւն մը կատարած է:

Լոնտոնի «Տէյլի Միրըր» օրաթերթին տպաքանակը հինգ միլիոն է, «Տէյլի Էքսփրես»-ինը` չորս միլիոն:

Նիւ Եորքի մէջ միայն մէկ թերթ կայ, որ երկու միլիոնէ աւելի տպաքանակ ունի: Անիկա «Նիւ Եորք Տէյլի Նիուզ»-ն է, իսկ հանրահռչակ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ինը ընդամէնը 900 հազար է:

Ինչպէ՞ս բացատրել անգլիական եւ ամերիկեան թերթերու տպաքանակին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը: Հետեւեալ ձեւով: Անգլիական մամուլը կեդրոնացած է Լոնտոն, ուրկէ կ՛առաքուի երկրին զանազան քաղաքները, իսկ ամերիկեանը համաչափ պատկեր մը կը պարզէ: Օրինակ` Շիքակոյի, Ֆիլատելֆիոյ եւ Լոս Անճելըսի մէջ գոյութիւն ունին օրաթերթեր, որոնց տպաքանակը գրեթէ կը հասնի Նիւ Եորքի թերթերու տպաքանակին:

Խորհրդային մամուլը եւս ընդհանրապէս կեդրոնացած պատկեր մը կը ներկայացնէ, քանի որ մեծ թիւ ներկայացնողները լոյս կը տեսնեն Մոսկուայի մէջ: Ինչ կը վերաբերի անոնց տպաքանակին` իսկապէս աստղաբաշխական է: Այսպէս, «Իզվեստիա»` ութ միլիոն վեց հարիւր հազար, «Պիոներսկայա Փրաւտա»` ութ միլիոն երկու հարիւր հազար, «Կոմսոմոլսկայա Փրաւտա»` եօթը միլիոն երկու հարիւր յիսուն հազար:

Խիստ կեդրոնացած է նաեւ ճափոնական մամուլը: Ոչ միայն Ճափոնի, այլեւ ամբողջ Ասիոյ մէջ տպաքանակի մրցանիշը կը կոտրէ «Ասահի Սիմպու» օրաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ առաւօտուն 5.500.000, առաւել` 3.600.000 երեկոյեան, այսինքն` ինը միլիոն հարիւր հազար օրինակով: Եւ ասիկա միակը չէ, քանի որ «Եոմիւրի Սիմպու» եւս լոյս կը տեսնէ առաւօտուն հինգ միլիոնէ աւելի օրինակ, իսկ երեկոյեան` երկուքուկէս միլիոն թիւով:

Հետաքրքրական են Ճափոնի վիճակագրական տուեալները` թերթ կարդացողներու մասին: Թերթ կը կարդան ուսանողներու 90 տոկոսը, պաշտօնեաներու 73 տոկոսը, ուսուցչական ասպարէզ ընդգրկածներու 68 տոկոսը, բժիշկներու 65 տոկոսը եւ այլն:

Հակառակ բնակչութեան իր մեծ թիւին, Հնդկաստան այսքան փայլուն պատկեր չի ներկայացներ, հակառակ այն իրողութեան, որ 11.000 թերթ լոյս կը տեսնէ: Ասոնցմէ ոչ մէկը 200 հազարէ աւելի ընթերցող ունի: Հնդկաստանի մէջ գրել-կարդալ գիտցող հազար անձի բաժին կ՛իյնայ 153 օրաթերթ:

Միջին Արեւելքի պատկերը հետեւեալն է: Ի բաց առեալ «Ահրամ» եւ «Ախպար» (Գահիրէ) օրաթերթերը, որոնց տպաքանակը մօտ 250.000 է, մնացածները լոյս կը տեսնեն սահմանափակ թիւով: Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ թերթերը ընդհանրապէս առաւելագոյնը 20 հազար օրինակով կը հրատարակուին:

Ափրիկեան մամուլը դեռ երիտասարդ է: Եթէ Ալճերիա, Մարոք եւ Թունուզ ունին քիչ տպաքանակով աւելի շատ օրաթերթ, Ափրիկէի միւս երկիրները շատ աւելի ետ կը մնան թիւի եւ տպաքանակի տեսակէտով:

Եւրոպայի մեծագոյն օրաթերթերէն է Համպուրկի «Պիլտ Ցայթունկ»-ը, որ օրական լոյս կը տեսնէ չորս միլիոն տպաքանակով: Միլանոյի «Քոռիեռէ Տելա Սեռա»-ն եւ Թորինոյի «Սթամփա»-ն, որոնք կը պատկանին «Ֆիաթ» ընկերութեան, ունին կէս միլիոնի տպաքանակ, ինչ որ պատկառելի թիւ մը կը նկատուի Իտալիոյ համար:

Շուէտի մէջ երեք օրաթերթեր լոյս կը տեսնեն իւրաքանչիւրը 400.000-է աւելի թիւով, իսկ Յունաստանի մէջ ոչ մէկ թերթ 150.000-է աւելի ընթերցող ունի: Գրեթէ նոյն պատկերը կը ներկայացնէ Սպանիա, ուր Մատրիտի «Ա.Պ.Ս.» օրաթերթը լոյս կը տեսնէ շուրջ 200.000 օրինակով:

Ֆրանսայի մէջ, բացի «Ֆրանս Սուար»-էն եւ «Փարի Մաչ»-էն, ոչ մէկ թերթ մէկ միլիոնէ աւելի տպաքանակ ունի: Յատկանշական է, որ վերջին տարիներուն գաւառական մամուլը մեծ զարգացում արձանագրած է: Այսպէս, «Ուեսթ Ֆրանս» ունի 700.000, իսկ «Լը Փրոկրէ Տը Լիոն»` 520.000 տպաքանակ:

Ք.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Էրտողանեան Ընթերցուած Մը` Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?