Խմբագրական
«Մէկ»-ի Նշանաբանով
Պարագաներու բերումով, շուրջ երեք տասնամեակ դադրելէ ետք, այս աշնան ու այս քաղաքին մէջ սկսաւ լոյս տեսնել Դաշնակցութեան օրկանը` «Դրօշակ»-ի փոխարէն կրելով «Ազդակ-Շաբաթօրեակ» անունով:
Արդէն լոյս տեսած են 10 թիւեր, որոնք ուղիղ գիծով մը կը շարունակեն «Դրօշակ»-ի մէջ որդեգրած Դաշնակցութեան գիծը, հայութեան ընդհանրական շահերէն բխած հայրենաւանդ ժառանգութիւնը, որով միաժամանա՛կ կը սնանի Դաշնակցութիւնը եւ սնունդ կու տայ բազմութիւններուն:
«Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-ի առաջին թիւէն մինչեւ լոյս տեսած վերջին թիւը, ուշադիր հետեւողականութեամբ մը կը խօսուի հայութեան ընդհանրական այդ շահերուն մասին, կը ծեծուի հայ արժէքները ճանչնալու եւ գնահատելու հարցը, կը յիշեցուի պարտքը բոլոր միաւորներուն ու միութիւններուն, մէն մի հայուն պարտքը իր ժողովուրդին հանդէպ, հայոց հայրենիքին հանդէպ, որոնք գերիվեր կը մնան բոլոր արժէքներէն եւ կը կազմեն Դաշնակցութեան գոյութեան եւ կայտառութեան մայր երակները:
Սփիւռքի հայ մարդը, մտաւորականը, ընթերցողները ծանօթ են դաշնակցական թերթերուն ու յատկապէս «Դրօշակ»-ի մէջ մշակուած գրականութեան, որուն մէկ խմբագրականէն աւելորդ չէ յիշել մէկ երկու հաստատում` հինին ու նորին միջեւ ձգուած գաղափարական ու ոգեկան զուգահեռը աւելի ցայտուն դարձնելու համար:
Երեսնական թուականներուն Դաշնակցութեան օրկանը պաշտօնապէս կը յայտարարէր.
«Պէտք է ստեղծուի մէկ ճակատ հայութեան քաղաքական պայքարի, բովանդակ ազգը պէտք է ունենայ մէկ նպատակ` «Միացեալ եւ անկախ Հայաստան», եւ պէտք է ցուցաբերէ մէկ կամք` այդ նպատակին հասնելու համար»:
Մէկ ճակատը, մէկ նպատակը, միացեալ եւ անկախ Հայաստանի մասին մէկ միասնական մտածումը եւ մէկ կամքը կ՛արտայայտեն մէ՛կ հիմնական իղձ` տեսնել հայութիւնը մէկ, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, որ առաջին նախադրեալներէն է մեր Դատին արմատաւորման ու լուծման:
Ինքզինք «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» անուանելով` Դաշնակցութիւնը առջին մէկ օրէն «մէկ»-ի այդ կարգախօսով սկսաւ ծաւալել իր գործունէութիւնը, ու պատմութենէն գիտենք, որ զուր չանցան իր ճիգերը:
Հետագայ սերունդները հաւատարիմ մնացին նոյն կարգախօսին:
Չմոռնանք հիմնադիրներէն քառասուն տարի ետք գործող դէմքերուն հաւատոյ հանգանակը:
Հայ ժողովուրդին հեռանկարները պայծառակերպող ու իղձերը ձեւակերպող եւ այդ ամէնուն հասնելու կարելիութիւնները մատնանիշ ընող «Դրօշակ»-ի յայտագրին վրայէն անցած է ահաւասիկ ուրիշ քառասուն տարի մը, բայց հին հրամայականները ի զօրու կը մնան տակաւին, անկատար կը մնան հայութեան երազները, տարանջատ կը մնան երազները կենսագործելու կոչուած ուժերը, որոնց առիթով կէս ձգուած գործը շարունակելու եկած այս նոր թերթը` «Ազդակ-Շաբաթօրեակ» կը յիշեցնէ դարձեալ Դաշնակցութեան խորունկ համոզումը, թէ` «Մէկ ամբողջութիւն է հայութիւնը: Մէկ է եւ մէկ ամբողջութիւն է հայկական հողը»: Եւ`
«Այս ամբողջութիւնը ի մտի ունինք, երբ կը սկսինք լոյս տեսնել»:
Ֆիզիքապէս ու հոգեպէս բաժան-բաժան եղած ազգը գաղափարական առանցքի մը շուրջ համախմբելու տագնապը քանի մը անգամ ապրած է Դաշնակցութիւնը, եւ իրեն կը պատկանին առօրեայ թոհուբոհին մէջէն ճշմարտութիւնը կռահելու եւ անոր ճամբան հարթած ըլլալու մեր պատմական պսակներէն քանի մը հատը:
Հարցերը իրենց ամբողջութեանը մէջ ընդգրկելու ու անոնց ամբողջական իմաստը ամբողջին հաղորդելու, ամբողջի՛ն հոգին իր խօսքով ու գործքով ցոլացնելու այս կերպը Դաշնակցութեան որակական արժէքին ամենացայտուն գիծն է, եւ «Ազդակ»` այդ որակին նախանձախնդիր բեմը:
Հատուածական մոլեռանդութիւնը մեր բարքերուն մաս չի կազմեր. ամբողջին հանդէպ կը զգանք ամբողջական պատասխանատոութիւն մը. ահա թէ ինչու նաեւ ա՛յս ձեռնարկը, «մէկ»-ի նշանաբանին տակ ուժերը համադրելու ու համակարգելու իր առաջադրութեամբ մանաւանդ` կոչուած է վայելելու ո՛չ միայն Դաշնակցական մարդուն գուրգուրանքը, այլեւ` մէկ հայութիւն ու մէկ հայրենիք դաւանանքին հասկացողութիւնն ու ապրումը ունեցող բոլոր մարդոց:
Հայաստան
Էջմիածնի Տաճարը Զարդերէն`
«Եօթը Վէրք» Նկարը
Երեւան, 21 յունուար.- «Եօթը վէրք»-ը հարիւրաւոր տարիներ եղած է Էջմիածնի տաճարի զարդերէն, մաշուած ու հանուած է գործածութենէ եւ 1920-ին տրուած է Երեւանի պատկերասրահին:
Երկու տարի առաջ պատկերասրահի վերականգնումի բաժնի վարիչ Վարդգէս Բաղդասարեան յանձն առաւ վերականգնել «Եօթը վէրք»-ը: Նկարը Էջմիածնի տաճարին յանձնուած է 1665-ին: Հեղինակը անյայտ էր մնացած, սակայն պարզուեցաւ, որ ան եղած է Նաղաշ Յովնաթանին նախորդող շրջանի կերպարուեստի պատկառելի ներկայացուցիչը: Եւ այսպէս, հայ նկարիչի «Եօթը վէրք» գործը աւելի քան 300 տարուան փոշիներէն յարութիւն առաւ:
Նկարիչ Վարդգէս Բաղդասարեան դժուարին աշխատանքով վերականգնած է նաեւ անյայտ նկարչի «Խորհրդաւոր ընթրիքը», Յովնաթանեան տոհմի ներկայացուցիչներու բազմաթիւ նկարներ, հայկական, ռուսական, արեւմտաեւրոպական ու այլ դասական նկարիչներու մաշած եւ խունացած գործերը: Էրեբունի ամրոցէն եւ այլ վայրերէն յայտնաբերուած կաւէ փշրանքներու կցումով ան վերականգնած է ամբողջական նկարներ, պատենահանած է Գնդեվանքէն յայտնաբերուած «Տիրամայրը մանկան հետ» որմնանկարը եւ նկարչական արուեստի բազմաթիւ այլ նմուշներ, որոնց իսկականը ոչնչացուած է հին յուշարձաններու հետ միասին:
Պետրոսեանի Յաղթանակը
Երեւան, 21 յունուար.- Մոսկուայի մէջ սկսաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան համար լրացուցիչ մրցաշարքը` մեծ վարպետներ Տիգրան Պետրոսեանի եւ Լեւ Պոլուգայեւսկիի միջեւ: Առաջին խաղը, որ կայացաւ յունուար 20-ին, 37-րդ քայլին վերջ գտաւ աշխարհի նախկին ախոյեանի յաղթանակով: Յաջորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ յունուար 21-ին, Պետրոսեան խաղաց սպիտակներով. խաղի 22-րդ քայլին մրցումը վերջ գտաւ հաւասար արդիւնքով: Երրորդ մրցումին Պետրոսեան պիտի խաղայ սեւերով:
Վահան Տէրեանի Նոր Նամակները
Երեւան, 22 յունուար.- Վահան Տէրեանի նամակները լոյս կ՛ընծայէ «Հայաստան» հրատարակչութիւնը: Ատոնք, ինչպէս կը նշէ ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան, Վահան Տէրեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը բացայայտելու նոր եւ մեծարժէք սկզբնաղբիւր կը հանդիսանան, նոր էջ կը բանան տէրեանագիտութեան մէջ:
Նամակները գրուած են ռուսերէն եւ կ՛ընդգրկեն 1908-1916 թուականները, այսինքն` այն ութ տարիները, երբ Տէրեանի կեանքին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, եւ երբ հրապարակ եկաւ անոր ստեղծագործութեան հիմնական մասը: Ատոնք ուղղուած են Անթառամ եւ Մարթա Միսկարեան քոյրերուն: 61-ը` առաջինին եւ վեցը` երկրորդին:
Նամակները մինչեւ վերջերս կը պահուէին Անթառամ Միսկարեանի մօտ, որ կը բնակէր Մոսկուա: Անթառամ զանոնք յանձնած է իր ազգական, ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեանին, իսկ այս վերջինը սիրով տրամադրեց բանաստեղծի աղջկան` Նուարդին:
Նամակները կը շօշափեն բանաստեղծ Տէրեանին յուզող ամենատարբեր հարցերը: Ոչ միայն կը պարունակեն բանաստեղծին կենսագրութիւնը հարստացնող փաստական տուեալներ, այլեւ կարծես անոր բանաստեղծութեան իւրօրինակ արձագանգը ըլլան: Անկեղծ են եւ անմիջական, լի տէրեանական շունչով եւ յաճախ կը հնչեն իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն:
Տէրեան հին հայ լեզուն անուանած է` «ոսկի, ոչ թէ լեզու, այլ` երկնային երաժշտութիւն… շքեղութիւն, հարստութիւն, ուժ, տոկունութիւն, նրբութիւն, խորութիւն», եւ որ` «իր երազանքն է ամբողջութեամբ ուսումնասիրել այդ արքայական լեզուն»:
Վահան Տէրեանի նորայայտ նամականին հայ գրականութեան վերջին տարիներու ամենակարեւոր եւ հետաքրքրական յայտնաբերումներէն է, մէկ նոր, կարեւոր վաւերաթուղթ, որ կու գայ լրացնելու մեծանուն բանաստեղծի դիմանկարը:
Հայաստանի Պատմութեան Պետական Թանգարանը
Երեւան, 22 յունուար.- Տարուէ տարի կը հարստանան Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանի հնագիտական, դրամագիտական, ազգագրութեան եւ նոր դարու պատմութեան ֆոնտերը: Միայն 1969-ին թանգարանը համալրուած է աւելի քան 1870 արժէքներով: Ձեռք բերուած են հին դրամներ եւ մետալներ, յուշագրութիւններ, ականաւոր գործիչներու կենսագրութիւններ, անձնական գործածութեան իրեր եւ այլն:
Ուշադրութեան արժանի են պատկերային նիւթերը, որոնց մէջ կան հանճարեղ Կոմիտասի հազուագիւտ լուսանկարները, ստացուած` Փարիզէն:
Թանգարանը եւ գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հաստատութիւնը պեղումներ կը կատարեն Հայաստանի աւելի քան 17 հնավայրերու` նախահայկական շրջանի կարեւոր յուշարձաններու, միջնադարեան կեդրոնական քաղաքներու եւ բերդ-ամրոցներու մէջ:
