Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 31, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայրենի Կաղանդ

Չէօկիւրեան իր «Վանքը» վիպակին մէջ հերոսներէն մէկուն բերնով կ՛ըսէ. «Ձիւնը իմ ծննդավայրին մեծագոյն արտադրութիւնն է»:

Տաճկահայաստանի ու նաեւ իմ ծննդավայրին համար` աղուոր ու ճիշդ բնորոշում մը: Իրաւ է, թէ հիմա հոս, մեր բնակած երկրին մէջ շատ ցուրտ չէ ու փողոցներուն մէջ ձիւնի հետք իսկ չկայ, բայց, վստահ եմ, Հայաստանի սրբազան հողը ծածկուած է ձիւնի թանձր վերմակով: Արտերը, հանդերը, այգիները, լեռնե՜րը… Բոլո՛րը ծածկուած են ձիւնով:

Երբ կ՛ըսեմ` Հայաստան, նկատի ունիմ մեր լուսաշող նորազատ երկիրը, ինչպէս նաեւ` անոր անբաժան շող նորազատ երկիրը, ինչպէս նաեւ` անոր անբաժան ու գերի մասը: Ու երբ պառկիմ այս գիշեր, քնանալէ առաջ, պիտի աղօթեմ, որ ձիւնը այս տարի սովորականէն ալ շատ իջնէ հոն, որպէսզի, երբ գարնան տաք հովերը փչեն ու ձիւները հալիլ սկսին, Սեւանը լեցուի՜…

Հայրենիքիս ու ծննդավայրիս հետ կապ ունեցող ամէն բան կարօտցած եմ ես: Հիմա պիտի ըսէք, թէ ի՜նչ կարօտնալիք տեղ էր ծննդավայրդ… Այսպէս ըսողներ չեն գիտեր, թէ մարդու մը ծննդավայրը, եթէ ան խոպան ու անջրդի տեղ մը եղած ըլլայ, եթէ հոն տխուր բաներ ալ պատահած ըլլան, նորէն ան կը մնայ ցանկալի ու անուշ: Անոր համա՞ր, որ մէկը իր առաջին քայլերը հոն է առած. անոր համա՞ր, որ երբ մէկը վար իյնար, իր ճակատը անոր քարերուն վրայ կ՛արիւնէր. անոր համա՞ր, որ, երբ մեռնէր, դրուելու էր իր պապերուն փոշին պարունակող հողին մէջ… Չգիտե՜մ: Գիտցածս այն է, որ ծննդավայրս, հակառակ անոր կապուած քաղցր ու դառն յուշերու, քաղցր է ինծի համար, ու այսօր նոյնիսկ կարօտցած եմ իր լեռնակուտակ ձիւնը եւ ահեղաշունչ մրրիկները:

Դեկտեմբերի վերջերը, այսինքն երբ Նոր տարիին ոտնաձայնը լսուէր, ձիւնը հասած կ՛ըլլար մեր մէջքին: Իսկ տանիքներէն քերուելով վար, նեղ փողոցները թափուող դէզեր խափանած կ՛ըլլային բոլոր ճամբաները: Կը յիշեմ, անգամ մը Էռիասենց Հաճ Աղան մեր դուռը զարկաւ ու բողոք աներկայացուց մօրս.

– Հաճի՛ հարս, էկեր ձեր էրդիքէն վար նետուած ձունին վրայ իյնամ տէ պաճախս կորրոմ նէ, «ղրըխճի»-ին փարան Արսէն ախպարս պիտի տայ… (Արսէն ախպարը հայրս էր):

Այս բոլորը կը պատահէին դեռ յունուար չեկած, փետրուար չեկած: Այս ամսուն էր, որ գայլերը` քաղցէ յուսահատ, գեղերուն ճամբան մարդ կ՛ուտէին, դեկտեմբերի վերջերը, երբ Նոր տարին կը մօտենար ու հայերը, մօտեցող տօնական օրերու դողով, շուկաները դաշտերու եւ այգիներու բարիքով կը լեցնէին: Այն ատեն, չես գիտեր ինչո՛ւ, երկնքի դռները անգամ մը եւս բացուելով,  ձիւնը խոշոր, սպիտակ փաթիլներով, գիշեր-ցերեկ կը թափէր վար: Կ՛ըսեն, թէ ուրիշ տեղեր ձիւնը միայն բարձր սարերու կատարին է, որ կ՛իջնէ, բայց մեր քաղաքը արդէն սարի չափ բարձր էր ծովէն, ու հաւանաբար ձիւնը, զայն սար կարծելով, իր կատաղութիւնը կը թափէր անոր վրայ: Ճերմկող ամէն բանի հետ մեր ժամուն գմբէթն ալ կը ճերմկէր ու իր կեդրոնէն բարձրացող խաչը երկինքէն թելերով կախուածի երեւոյթ կ՛առնէր: Այն ատեն, ուզէիր-չուզէիր, կը մտածէիր գմբէթի կղմինտրներուն տակ ամառը բոյն դնող հազարաւոր ծիծեռնակներուն մասին, որոնք, չի գիտցուիր ի՛նչ իմաստութեամբ, պաղերուն գալէն առաջ մեկնած կ՛ըլլային` չես գիտեր ո՛ւր:

Նոր տարուան գալէն օր մը առաջ ամէն մարդ ծրարով կը վերադառնար տուն, նոյնիսկ Կէօլպաշոնց համալ Նշանն ու Կուծինը կասկածելի մաքրութեամբ կարմիր թաշկինակներով բաներ կը բերէին տուն, ինչ որ զարմանք կ՛ազդէր բոլորին: Դատելով իրենց քալուածքէն ու հովին դէմ բացած գլուխէն` կարելի էր եզրակացնել, թէ անոնք, երկուքն ալ, կու գային Դաւիթին մեյխանէէն, ուրկէ երաժշտութիւն ու օղիի բուրում կը յորդէր: Ծերունի Թոփալ Ապտուլլահին սէրկին լեցուած կ՛ըլլար Մալաթիայէն բերուած քաղցրաւէնիքով. իր ծախած ծիրանի չիրը շաքարէն աւելի քաղցր կ՛ըլլար, չամիչը բութամատի չափ մեծ ու Կիրասոնի կաղնին խորովածն ու լէպլէպին` թարմ:

Միւսները, հայ թէ յոյն նպարավաճառները, չէին կրնար մրցիլ անոր հետ. ան ամէն բանի լաւագոյնը կը ծախէր: Կիրասոնէն առաջին անգամ նարինջ բերողն ալ ան կ՛ըլլար: Ինչ անո՜ւշ կը բուրէին այդ պտուղները: Ու եթէ պատահէր, որ անոնցմէ հատ մը երկուք ձեռքս անցնէր, չէի ուտեր` վախնալով, որ կը հատնին:

Այն օրերուն ասանկ պզտիկ բաներով երջանիկ էինք. մեր տղայութի՞ւնն էր պատճառը, թէ ոչ հայրենի հողին վրայ  ըլլալնիս: Հիմակ իսկ, խորհելով աննշան թուող այդ բաներուն վրայ, կը զգամ, որ սիրտս քիչ մը աւելի արագ կը բաբախէ:

Մեր տան մէջ օրէնք դարձած սովորութիւն էր, որ հին տարիին վերջին գիշերը, ճաշի նստելէ առաջ, փոքրերը կը համբուրէին մեծերու ձեռքը, ու մեծերը` անոնց ճակատները, ու կ՛օրհնէին զանոնք: Յետոյ տղաք կ՛արտասանէին ուսուցչին գրած ու գոց սորվեցուցած ճառը: Բազմաթիւ անգամներ գոց սորված ու արտասանած ենք այդ ճառերը, բայց անոնցմէ բան չէ մնացած միտքս, բացի «կ՛ուրախանամ ու վեր կը ցատկեմ» բառերէն, որ զանոնք գրող ու սորվեցնող ուսուցչին անունէն, որ Շաւարշ էր:

Պահոց ճաշէն ետք մայրս կ՛արտօնէր, որ հինգ եղբայրներէս մէկը երթար ու վառէր հիւրանոցին վառարանը: Երբ կրակը ճարճատել սկսէր սաճէ կլոր վառարանին մէջ ու անոր դռնակէն փախչող լոյսը գորգի նախշին վրայ իյնար, մենք կը փոխադրուէինք ներս, ու կատուն թաթով քանի մը անգամ կը փորձէր բռնել այդ լոյսը: Սենեակին մէկ անկիւնը մայրս ցերեկունէ շտկած կ՛ըլլար Կաղանդի սեղանը ու ա՜փ-ափ այդ բարիքները կը բաժնէր մեզի: Խօսակցութեանց հատած մէկ պահուն յանկարծ կը լսուէր մօրս մեղմ աղօթքը.

– Տէ՜ր, խաներու անկիւնը ղարիպ մնացողներուն, հիւանդ ունեցողներուն, տղացկաններուն, լեռներուն ու ծովերուն վրայ եղողներուն դուն հասնիս, օգնական ապաւէն ըլլաս, կամքդ բարի` ու օրհնութիւնդ անպակաս ըլլայ հայ ազգին վրայէն ու նաեւ` մեր:

Ժամը տասներկուքէն քիչ առաջ ամէնքով պաշտօնապէս աղօթքի կը կենայինք` խնդրելու համար Ամենակալէն, որ Նոր տարին բարի ըլլայ, բարիք բերէ, գնացողը փնտռել չտա՜յ: Յետոյ, մայրս պղնձեայ սափոր մը առած ու ափ մը հացահատիկ` կ՛երթայ աղբիւր` կաղընդելու: Ինչպէ՞ս ծագում առած էր այդ աւանդական սովորութիւնը` չգիտեմ, երբեւիցէ  Հայաստանի մէկ աղբիւրէն ոսկի հոսա՞ծ էր, մէկը յաջողա՞ծ էր այդ պահուն սափորը ծորակին դէմ բռնել… չգիտեմ, բայց մայրս, աներեր հաւատքով, ամէն տարի, հոգ չէ թէ դուրսը ի՛նչ ըլլար, ինչ մրրիկ ու ինչ քամի՜ ոռնար, կը պլլուէր իր բուրդէ շալին մէջ ու կ՛երթար աղբիւր, «Ես  քեզի տամ գարի, դուն ինծի սուր բարի» կ՛ըսէր, ու հացահատիկը շաղ կու տար յորդօրէն հոսող ծորակին վրայ: Եւ սափորը կը լեցնէինք երկրի ընդերքէն բարձրացող ու սառ օդին մէջ շոգի արձակող ջուրով:

Ձիւներու վրայէն ու մէջէն, երբեմն նոր ճամբայ բանալով` կը վերադառնայինք տուն, ուր ջուրը կը պարպէինք կարասին մէջ, որ լման տարին պէրէքէթ տայ մեր տան ու հացի տաշտին:

Այն ատեն մայրս ճրագը վառ կը ձգէր փողոցին նայող պատուհանին մէջ, որպէսզի, եթէ պատահի, որ տան նահապետը իրեններուն այցի գայ, գալ ուզէ, ուղեցոյց ըլլայ անոր, ու գիտնայ որ իրենները իր գալուստին կը սպասեն, եւ լման տարին մեր օճախը մնայ վառ, ծուխը բնա՛ւ, բնաւ չպակսի՜ մեր երդիքէն:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Խմբագրական

 Նոր Հեռանկարներ

Հակասութիւններով հարուստ տասնամեակ մը անցաւ պատմութեան:

Կը գտնուինք նոր տասնամեակի մը սեմին, անծանօթին առջեւ, խոր մտահոգութեամբը այն ապագային, որ կը սպասէ մարդկութեան:

Պատրանքներ պէտք չէ սնուցանել: Եթէ աւելի քան երբեք շօշափելի եղաւ յառաջդիմութիւնը զանազան մարզերէ ներս, եթէ անցնող տասը տարիները մարդուն գիտական միտքը հասցուցին անջրպետին նուաճման, աննուաճ մնաց, սակայն, անոր հիմնական երազը` բարօրութեան եւ երջանկութեան երազը, նոյնիսկ ու մանաւանդ հոն, ուր կեանքը դիւրութիւններ ընծայեց մարդուն:

Յառաջդիմութիւն` ի՞նչ բանի համար, հարց կու տար վերջերս մտածող մը: Այսօր կասկածէ վեր է այն իրողութիւնը, որ հոգեկան տագնապները ամէնէն աւելի խոր են այն երկիրներուն մէջ եւ այն ժողովուրդներուն մօտ, որոնք նիւթական բարեկեցութեան բարձրագոյն աստիճաններուն վրայ կը գտնուին: Երիտասարդական շարժումները, որոնք վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին ծաւալ ստացան, առաւելաբար պատահեցան այն երկիրներուն մէջ, ուր ընկերութեան վարիչները կը կարծէին ամէն բան տուած ըլլալ այդ երիտասարդութեան, առանց հասկնալու, առանց հասկնալ ուզելու, թէ անոր զլացուած էր հիմնականը, հոգեկան անդորրութիւն մը, որմէ զրկուած երիտասարդութիւն մը չափազանցութիւններով աղարտել շարժումին գեղեցկութիւնը:

Նոր տասնամեակ:

Հակասութիւնները պիտի շեշտուի՞ն, թէ՞ կարելի պիտի ըլլայ վերահաստատել հաւասարակշռութիւնը հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ: Այս հարցումին պատասխանէն կախում ունի ապագան մարդկութեան մը, որ գիտցաւ լուսին հասնիլ, բայց չկրցաւ լուծել մարդուն եւ ժողովուրդներու ամէնէն կենսական խնդիրները:

Նոր ժամանակներու արագասոյր ընթացքին մէջ տասնամեակները վերածուած են դարերու: Այսօրուան մարդկութիւնը չի ճանչնար երէկուանը, ու այս պահուս դժուարութիւնը ունինք պատկերացնելու այն, որ պիտի գայ վաղը, հաւանաբար` աւելի խորացած իր բարդութիւններուն եւ ներքին հակասութիւններուն մէջ:

Նոր Վերածնունդի մը սեմի՞ն կը գտնուինք` ապրելէ ետք երկրորդ միջնադար մը: Երանի թէ այդպէս ըլլար, ու երկունքը, որ կ՛ապրի մարդկութիւնը տաժանելի գալարումներով, վերջապէս ծնունդ տար լաւագոյն աշխարհի մը, համապատասխան` զարգացման այն աստիճանին, որուն հասաւ մարդուն միտքը, բայց որմէ շատ ետ մնաց անոր հոգին:

Առանց այս հաւասարակշռութեան, առանց ներքին ներդաշնակութեան` անհատներու թէ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ, զուր են նիւթական բարօրութեան ջնարակներով ծածկել սնանկութիւնը, որ արդի մարդուն հոգեկան պարապութեան մէջ կը ծաւալի:

Դարձեալ միակ ապաւէնը երիտասարդութիւնն է, որ տարբեր երկիրներու մէջ, յաճախ` ընկերային տարբեր կարգերու ներքեւ, նոյն որոնումին մէջ է այսօր` յառաջադէմ քաղաքակրթութեան մը կողքին` նոր մշակոյթով մը հարստանալու եւ իր հոգիին նոր բովանդակութիւն տալու տենդով:

Նախորդը

Ոչնչանում Են Թիֆլիսի Սուրբ Մինաս Եկեղեցու Աւերակները

Յաջորդը

Միս Էկնէս Սէմընտ Մարաշի Որբերի Պահապանի Յիշատակին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?