Դէպքեր Ու Դէմքեր
Լեւոն Շանթ
57 տարի առաջ, 1913 մարտ 3-ին դատ մը սարքեր էինք Պոլսոյ մէջ: Հեղինակ մը ու իր գործը կը դատէինք` կապկելով կերպով մը Թիֆլիսն ու Պաքուն, ու իրենք եւս նոյն հեղինակն ու իր այդ գործը դատեր էին դեռ նոր: Մեր դատել ուզած հեղինակը Լեւոն Շանթն էր, իսկ երկը, զոր դատելու ձեռնարկեր էինք, «Հին աստուածներ»-ը:
Ինչո՞ւ սակայն միեւնոյն հեղինակն ու միեւնոյն երկը դատելու այս փորձը երեք քաղաքներու մէջ` միեւնոյն ատեն:
Լեւոն Շանթ նոր մը չէր գրական հրապարակին վրայ: Մէկն էր արդէն նուիրագործուած հայ գրողներէն եւ ճանչցուած է հաւասարապէս իբրեւ բանաստեղծ ու վիպասան, եւ նաեւ` իբրեւ թատերագիր: Արդարեւ, վաղուց էին լոյս տեսեր «Երգեր» խորագրին ներքեւ համախմբուած իր քերթուածներ եւ «Լերան աղջիկը» պոէմը. յաջորդաբար ան գրած եւ հրատարակած էր իր «Երազ օրեր», «Դուրսեցիներ», «Վերժին», «Դարձ», «Դերասանուհին» եւ «Կինը» վէպերը, եւ բեմադրուեր էին իր առաջին թատերախաղերը` «Եսի մարդը», «Ուրիշին համար» եւ «Ճամբուն վրայ», անոնց հեղինակին համար տեղ մը ապահովելով հայ նոր գրականութեան մէջ:
«Հին աստուածներ»-ը, սակայն, եկեր էր նոր թուական մը արձանագրելու ինչպէս անոր գրական, նոյնպէս հայ գրականութեան մէջ: Ճիշդ է, որ Շանթի սոյն վերջին թատերախաղը, Պոլիս տպուած` 1912-ին, աննշմար էր անցեր պահ մը: Պէտք եղեր էր, որ ան բեմադրուի տարի մը ետք Թիֆլիսի եւ Պաքուի բեմերուն վրայ, որպէսզի դղրդէ հայ գրական աշխարհը եւ գայ հայ գրականութեան մէջ անկիւնադարձ մը հանդիսանալու` ըլլայ իր նիւթով, ըլլայ իր կերտուածքով: Ան հետեւաբար չէր կրնար չցնցել այդ օրերու գրական շրջանակները, սահմանին երկու կողմն ալ: Իրաւ ալ մամուլը իսկոյն էջեր նուիրեց անոր, եւ գրական դատերու նիւթ դարձաւ ինչպէս Թիֆլիսի եւ Պաքուի, նոյնպէս եւ Պոլսոյ մէջ, դատեր, որոնց ընթացքին թեր ու դէմ արտայայտութեանց առարկայ դարձաւ Շանթի թատերախաղը` յանձինս իր հերոսներուն եւ մասնաւորաբար անոնց երկու գլխաւորներուն որոնք Վանահայրն ու Աբեղան էին:
Իրականին մէջ մէկ մէկ սիմպոլներ էին Շանթի այդ զոյգ հերոսները: Անոնցմով Շանթ կը ներկայացնէր սրտի ու մտքի յաւիտենական կռիւը` զայն փոխադրելով վանքի մը մէջ, ուր դէմ դիմաց պիտի գային իր հերոսները իրենց ներքին պայքարով: Վանահայրը, որ աշխարհիկ կեանքէ քաշուելով, եկեր էր այդ վանքը կառուցելու Սեւանայ կղզիի բարձունքին, խորհրդանշանն էր մտքի տիրապետութեան` զգացումներուն վրայ եւ ինքզինք արդէն յաղթական կը կարծէր: Աբեղան` ձեռնասունը վանահայրին, որ մեծ յոյսեր կը կապէր անոր, սայթաքեր էր յանկարծ իր հոգեւոր ուխտին մէջ, հրապոյրին կախարդուած Սեդային, իշխանին աղջկան, զոր ազատեր էր ջուրէն, ալեկոծութեան մը պահուն, երբ զայն գրկած` կը հասցնէր ցամաք: Շանթ կռուի կը հանէր այսպէս զոյգ խորհրդանշանները` զգացնելու համար, թէ սիրտն է, որ կը յաղթանակէ ի վերջոյ:
«Հին աստուածներ»-էն ետքն էր, որ Շանթ աւելի եւս պիտի հարստացնէր հայ թատերական գրականութիւնը` մէկը միւսին ետեւէն հրապարակ հանելով «Կայսրը», «Շղթայուածը», «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Օշին Պայլ»-ը: Հայ թատերագրութեան համեմատաբար աղքատ գանձին մէջ Շանթի այս թատերական երկերը կոչուած էին պսպղուն գոհարներ դառնալ եւ անոնց հեղինակը դասել հայ թատերական գրականութեան մեծ դէմքերու հոյլին մէջ: Այդ հոյլը Սունուդկեան- Շիրվանզադէ-Շանթ երրորդութիւնն էր:
Հաշուի չառնելով Լեւոն Շանթի ունեցած գործունէութիւնը քաղաքական եւ այլ մարզերու մէջ, անոր երկերուն մի հատորեակը լոյս ընծայելով առջի տարի, Երեւան հայ ժողովուրդի գուրգուրանքին կը յանձնէր արդի իր մեծագոյն գրական տաղանդներէն մին: Ժեսթերէն մէկն էր ատ, որով հայ հայրենիքի նոր ղեկավարները կը փորձէին բառնալ խոչընդոտները հայ ժողովուրդի հոգեկան միութեան ճամբուն վրայէն, նոր սերունդին սեփականութիւնը դարձնելով ինչ որ մեր անցեալէն կ՛ապրի գեղեցիկ եւ լուսաւոր: Շանթի գրական վաստակը անցեալէն մեր ստացած այդ շքեղ ժառանգութեան մաս կը կազմէ:
Ու արդար էր, որ Կոմիտասի, Թումանեանի եւ Օտեանի հետ մէկտեղ հայ ժողովուրդը ոգեկոչէր 1969-ին Շանթն ալ, որուն եւս ծննդեան հարիւրամեակը կը լրանար: Խորհրդաւոր է զուգադիպութիւնը. երեք հին մտերիմները` Կոմիտաս, Թումանեան եւ Շանթ, որոնք երբեմն սերտ գործակիցներ եղեր էին իրարու Թիֆլիսի Վերնատան մէջ` Թումանեանի յարկին տակ, աւելի քան վեց տասնամեակ յետոյ կու գային միանալ հայ ժողովուրդի մեծարանքին մէջ: Եւ ինչ որ աւելի նշանակալի կը դարձնէ այդ գուգադիպութիւնը, այն պարագան է, որ Վերնատան մէջ համախմբուող մտաւոր այդ ընտրանին ոչ միայն կը թրծէր հոգեկան մշտատեւ եղբայրութիւն մը, այլեւ կը հանդիսանար կամուրջ մը հայ ժողովուրդի զոյգ հատուածներուն միջեւ:
Ու եթէ նոր օրերու մէջ զոյգ այդ հատուածները ամրապնդեցին իրենց մտքի կապերը եւ անոնց զոյգ գրականութիւնները իրենք զիրենք երկու ճիւղերն հռչակեցին միեւնոյն մայր գրականութեան, հոգեկան այդ սերտ առնչութեան հիմերը դրուեր էին Վերնատան մէջ:
Այդ նուիրական առաքելութեան ռահվիրաներէն մէկն ալ Լեւոն Շանթն եղաւ:
Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ