Քաւութեան Ժամը
Ո՞ւր կ՛երթանք:
Գործադուլները եւ ընկերային զանազան կարգի պահանջները իրարու կը յաջորդեն գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ:
Ուսուցիչները գործադուլի մէջ են երկու ամիսէ ի վեր ու հարիւր հազարաւոր աշակերտներ` փողոցը մնացած:
Ուսանողներ դասադուլի կը դիմեն` իրենց ապագային հանդէպ մտահոգ:
Արհեստակցական միութիւններ գլուխ կը ցցեն` կեանքի տարապայման սղութեան դէմ անզօր:
Այս բոլորին վրայ, երկրին հարաւային շրջանները կ՛ապրին սարսափը ծանրակշիռ դէպքերու, որոնց նախաճաշակը վերջերս տուաւ թշնամին` յարձակելով խաղաղ բնակչութեան վրայ եւ նոյն ճակատագրին ենթարկելով քաղաքային եւ ոչ քաղաքային պատանդներ, մէկը դէմ քսանի համեմատութեամբ:
Տարիներ շարունակ կուտակուած մեղքերու քաւութեան շրջան մը սկսած է կարծէք: Անտարբերութիւններու, թեթեւութիւններու, մակերեսային մօտեցումներու, յանպատրաստից կարգադրութիւններու, միջին լուծումներու հաշիւը մէկ անգամէն կը պահանջուի: Կը պահանջուի բոլորէն անխտիր. պետական աստիճանի վրայ, ղեկավարութեան գծով, ժողովրդական գետնի վրայ:
Ոչ ոք թող փորձէ ուրիշին վրայ բեռցնել յանցանքը. ո՛չ օրինապահ, ո՛չ ալ ընդդիմադիրը: Բոլորն ալ հաւասարապէս պատասխանատու են ներկայ վիճակին, որ մէկ օրէն միւսը չստեղծուեցաւ, տասնեակ տարիներու պատմութիւն ունի, հանրային գործերուն ծրագրուած, մտածուած, չափուած ձեւով չմօտենալու հիմնական թերութենէ մը կը բխի, ջայլամի քաղաքականութենէ մը, որուն վնասները այսօր տեսանելի են քիչ մը ամէն տեղ:
Փրկութիւնը կրնայ գալ միայն երիտասարդութենէն: Բայց ո՞ւր է այդ երիտասարդութիւնը, ան, որ այսօրուան ղեկավարներուն մեղքերով ծանրացած չըլլայ:
Գիրքերու Աշխարհ
«Շահան Ռ. Պէրպէրեան»
(1891-1956)
Կենսագրութիւն Եւ Մատենագիտութիւն
Գրեց` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան
Գեղեցիկ եւ ճաշակաւոր գրքոյկ մըն է` նուիրուած մեծ ուսուցիչ եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանին: Անոր վաստակի եւ ուսուցչական առաքելութեան վերլուծումը չէ, որ կը կատարուի այս հատորիկով, այլ 106 էջերու սահմանին մէջ լուրջ ուսումնասիրութեան նիւթ կը դառնայ անոր կենսագրական գիծերն ու մատենագիտութիւնը: Բծախնդիր աշխատանքով հեղինակը հաւաքած է հայկական մամուլին մէջ ցրուած ամէն յօդուած ու ծանօթութիւն, որ կը վերաբերի Շ. Պէրպէրեանին, եւ անոնք դասաւորած ու ցուցակագրած է:
Այսպէս, Ա. մասով կը ներկայացնէ «Փիլիսոփայ եւ գեղագէտ մարդը» քանի մը էջով միայն: Այստեղ սպասելի էր, որ աւելի լայն հորիզոններու մէջ առնուէր Պէրպէրեանը, որուն մանաւանդ ծանօթ է հեղինակը` անոր աշակերտը ըլլալու հանգամանքով: Ճի՛շդ է, որ գիրքին նպատակը կենսագրութիւնն ու մատենագիտութիւնը ներկայացնել է, բայց անոր կեանքը, հայ արուեստին նուիրուած անոր էութենէն բխած ճիգերը հարազատութեամբ կարելի էր ցոլացնել: Կարելի էր աւելի լայն գաղափար մը տալ եւ աւելի վառ գիծերով պատկերել հայ սփիւռքի մէջ հայ մտքի լաւագոյն տարածիչն ու անոր ծաղկման մեծագոյն սատարողը հանդիսացող այս համեստ մեծութիւնը:
Հայ մանկավարժութեան եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ անոր բերած նպաստը ընդգծելէ ետք հեղինակը կը ներկայացնէ. 1.- «Կեանքի առաջին վեց տարիները», 2.- «Տղայութեան շրջանը», 3.- «Պատանութեան շրջանը», 4.- «Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէնութեան շրջանը», 5.- «Եգիպտոսի մէջ անցուցած շրջանը»: Այս վերջին բաժինին մէջ կը յիշուի Պէրպէրեանը իր այլազան կարողութիւններով եւ շնորհքներով:
1924-1934 թուականներուն Պէրպէրեան եղած է Եգիպտոս, ուր եւ կրթական, դասախօսական եւ երաժշտական գործունէութեամբ ծառայած է հայ մշակոյթին:
1934-1944 թուականներուն նոյն բեղուն գործունէութիւնը ունեցած է Երուսաղէմի մէջ, իսկ անկէ ետք անցած է Անթիլիասի դպրեվանքը, ուր եւ մահացած է 1956-ին:
Գրքոյկին Բ. մասը ամբողջութեամբ նուիրուած է անոր մատենագիտութեան: Դժբախտաբար այս կարեւոր ճիւղը ամբողջովին անտեսուած է մեր մշակոյթին մէջ, եւ մենք այսօր շատ քիչ ամբողջական եւ ի մի հաւաքուած ծանօթութիւններ ունինք մեր գրողներուն մասին: Այս տեսակէտէն մեծապէս գնահատելի գործ մըն է այս հատորը:
Մատենագիտական բաժնին մէջ Ա. մասով ներկայացուած են Շահան Պէրպէրեանին ցարդ հրատարակած հատորները եւ պրակները: Այս գործերուն բովանդակութիւնն ու հրատարակութեան թուականները տրուած են ամփոփ կերպով:
Ապա յիշուած են անտիպ գործերը, որոնց շարքին կը հանդիպինք հայերէն թէ ֆրանսերէն հոգեբանական, մանկավարժական փորձերու, տրամախօսութիւններու եւ թարգմանութիւններու:
Ունի տակաւին կիսաւարտ իմաստասիրական յօդուածներ` միշտ ցրուած հայ մամուլի էջերուն մէջ: Առանձնաբար յիշուած են թերթերուն մէջ անոր «Հրատարակած ուսումնասիրութիւնները եւ յօդուածները», այդ թերթերուն անունները, նոյնիսկ` էջերն ու նիւթերը:
Հատորիկը կը վկայէ նաեւ Շահան Պէրպէրեանի երաժշտական տաղանդի մասին, երբ մանաւանդ կը կարդանք, որ ան եղանակաւորած է 13 քերթուածներ եւ կատարած է չորս պարադրումներ, կազմած է երգչախումբ եւ ստեղծած` երաժշտական խանդավառութիւն:
Վերջին բաժնով Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան տուած է ամբողջական ցանկը Շահան Պէրպէրեանի վերլուծական, մանկավարժական, իմաստասիրական մարզերէն ներս արձանագրած նուաճումներուն մասին եղած անդրադարձումներուն` քաղելով զանոնք հայ թերթերէն:
Վերջապէս, իր այս աշխատանքին իրագործումը կարելի դարձնող աղբիւրները կը թուէ մէկ առ մէկ:
Գնահատանքի արժանի փորձ մըն է այս աշխատանքը` կատարուած բանասիրական բծախնդրութեամբ եւ գիտական լրջութեամբ ու պատրաստութեամբ: Կը մաղթենք, որ հեղինակը շարունակէ այս փորձը` այսպիսով հայ գրականութեան տիտանները փրկելով կենսագրական եւ մատենագիտական անորոշութենէն: