Չորցած Շատրուաններ
Երբ տնօրէնի մը գրասենեակէն կ՛ելլէք, պէտք է մեղմօրէն գոցէք դուռը, եթէ ոչ, ինծի պէս, ետ ներս կը կանչուիք:
– Կրնայի՞ր դուռը աւելի մեղմօրէն գոցել, յարգելի՛ պարոն:
Քողարկուած ծուռ ակնարկ մը կը նետեմ տնօրէնին ժպտուն դէմքին, անձայն կը հայհոյեմ ու յուշիկ կը փակեմ դուռը: Այս մարդը ժպիտներու հաւաքածոյ մը ունի: Ժպիտով մարդ կը կատղեցնէ, ժպիտով կատղածը կը սանձահարէ, ժպիտով մարդ կը կողոպտէ, ժպիտով թաղում կը կատարէ: Կ՛ըսեն, թէ գեղեցկագիտական գործողութեան ենթարկուած է այդ ժպիտին տիրանալու համար: Մեր թուրիսթական ընկերութեան դրամագլուխը տնօրէնին ժպիտն է: Այդ ժպիտին համբաւը հասած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներ. այդ պատճառով մեր երկիրը այցելող բոլոր ամերիկացի զբօսաշրջիկները թաւալգլոր կ՛իյնան ուռկանին մէջ:
– Յիսո՜ւն միլիոն տոլարի տէր, բազմահմուտ անձնաւորութեան մը եւ իր հետեւորդներուն թարգմանը պիտի ըլլաս տասը օր: Օդափոխութեան պիտի չերթաս այս օրերուն, աշխատանքի որոշ ժամեր պիտի չունենաս. գիշեր ու ցերեկ, ուր որ, երբ որ քեզի պէտք ունենան, իրենց տրամադրութեան տակ պէտք է ըլլաս: Ասանկ առիթներ միշտ չեն ներկայանար: (Բարձր ձայնով. արդէն կարելի չէ ուրիշ կերպ) Յիսո՜ւն միլիոն տոլար ունի մարդը: Ես հրահանգած եմ. գնա՛, սնտուկէն հինգ հազար ոսկի թող տան քեզի. պէտք կրնաս ունենալ: Միշէլը անհրաժեշտ բացատրութիւններ պիտի տայ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ. յուսամ զիս գոհ կը ձգես:
– Հապա՞ եթէ կորսնցնեմ դրամը:
– Այն ատեն դուն ալ կը կորսուիս,- կը պատասխանէ տնօրէնը ժպտելով:
Խնդրեմ, ըսէ՛ք ինծի, ինչպէ՞ս կարելի է, այս խօսքերը լսելէն ետքն իսկ տնօրէնին դուռը մեղմօրէն փակել:
Ես ամերիկացիները չեմ սիրեր. նախ չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ մեր տնօրէնին պէս, միշտ կը ժպտին: Երկրորդ` ինծի կը յիշեցնեն դասարաններու մէջ տարիքով պզտիկ ու հասակով անբնականօրէն երկայն տղաքը, որոնք վերէն վար կը նային, նոյնիսկ իրենց ուսուցիչներուն վրայ:
Ինչպէս երիտասարդ հայր մը, որ դպրոցէն փախուտ տուած տղան հրմշտկելով առաջ կը մղէ, նոյնպէս ալ, ուժ մը, հաւանաբար աղքատութիւնը կը ստիպէ, որ քայլերս արագացնեմ: Աջ ձեռքս գրպանիս խորը մխրճած եմ, որուն մէջի հինգ հազար ոսկիներու տրցակը տեւապէս կը յիշեցնէ կալանաւոր մը ըլլալս:
Փարոսին աջ կողմի ճամբէն կը սկսիմ իջնել, ու ահա, բացատրուածին պէս, ծովեզերքին մօտ, տափարակ տարածութեան վրայ, կը նշմարեմ խումբ մը ինքնաշարժներ` շրջանակաձեւ դիրքի վրայ: Հինգ հատ բեռնատար կառքեր կան, մէկ հատ մարդատար փոքր օթոպիւս մը, երկու հատ սովորական ինքնաշարժներ ու հատ մըն ալ, պատկառելի խոշորութեամբ բնակարան-ինքնաշարժ մը: Դանդաղօրէն կը յառաջանամ: Բնակարան-ինքնաշարժը լուսաւորուած է, դուռը կէս մը բաց է ու դրան վրայ ամրացած հայելիին մշուշոտ մակերեսին վրայ, աղօտօրէն կը նշմարեմ կնկայ մը բարակ ու երկայն մարմինը, որ ցնցուղին տակ կայնած, կը լողայ: Շուարած կանգ կ՛առնեմ:
– Բս՛տ, բս՛տ, հոս եկուր, շո՛ւտ,- կը լսեմ առնական ձայն մը:
Ձայնին կողմը կը դառնամ ու մթնշաղին մէջ կը նշմարեմ խումբ մը մարդիկ, քիչ մը անդին, աթոռակներու վրայ նստած, թէյ կը խմեն: Կը մօտենամ իրենց.. աթոռ մը կը հրամցնեն ու գաւաթ մը թէյ կը լեցնեն:
– Քեզ տեսա՞ւ տիկ. Շիրըրը,- կը հարցնէ մարդը` խնդուքը հազիւ զսպելով:
– Չեմ կարծեր,- կը պատասխանեմ զարմացած:
– Հաւանաբար չէ տեսած,- կը հաստատէ խօսքս,- եթէ տեսած ըլլար, վագրին մռնչիւնը կը լսէինք: Կարծեմ դուն մեր թարգմանն ես, այնպէս չէ՞: Շա՛տ լաւ: Ի՞նչ է անունդ, Շա՛տ լաւ: Տեւապէս մեզի հետ պիտի մնաս: Շա՛տ լաւ: Ֆրանսերէն, արաբերէն գիտե՞ս: Շա՛տ լաւ: Ամէն ինչ «շատ լաւ» է. ուրախ եմ: Հիմա, գործդ դիւրացնելու համար ծանօթացնեմ մեզ: Առաջին` ինքնաշարժին մէջ լոգանք առնող կինը, ականջդ սրէ՛, ցած պիտի խօսիմ, իմ կինս է` տիկ. Տորոթհի Շիրըր, շարժանկարի նախկին դերասանուհի, չորրորդական դերերու մէջ անզուգական. գեղեցիկ եղած է ատենին, ժամանակին սահիլը չ՛ընդունիր, այնպէս որ, նոյն տարիքն ու գեղեցկութիւնը կը պահէ: Ինծի հետ ամուսնանալէ ետք ազնուական դարձաւ, բայց իմ ազնուական ըլլալս կը մերժէ: Ես իրմէ չեմ վախնար, կրնաս հարցնել ասոնց, բայց քմահաճոյքներուն կ՛ենթարկուիմ, հետը կարենալ ապրելու միակ կերպն է այս: Այդ ինքնաշարժը իր շարժուն վիլլան է, հարիւր յիսուն հազար տոլար արժած է ինծի: Անդին նստած, այդ ութ հնդիկները կը տեսնե՞ս, անոնք կնկանս զարդերն են. Հնդկաստանէն բերել տուած եմ զանոնք, որպէսզի, շքեղօրէն զգեստաւորուած, պանդոկներու մուտքին, բարեւի կենան, երբ տիկինը աստիճաններէն կը բարձրանայ: Բայց ես այդ զարդերը իբրեւ շոֆեր կը գործածեմ: Զգո՛ւշ եղիր, չըլլայ, որ դպնաս տիկ. Շիրըրին. ինձմէ եւ թարգմաններէս չ՛ախորժիր: Երկրորդը ես կու գամ. Ռալֆ Շիրըր, անգործ միլիոնատէր մըն եմ. բայց միշտ զբաղած եմ: Հիմա, այս խումբով ճամբայ ելած եմ, Մերձաւոր, Միջին, Ծայրագոյն Արեւելքի բոլոր հնութիւնները մանրամասն ժապաւէնի առնելու: Բազմաթիւ օրինակներ պիտի հանեմ ու նուիրեմ Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն: Երկար, ծախսալից ու յոգնեցուցիչ աշխատանք մըն է: Երրորդը այս երիտասարդն է, Ճէյմս Ուաթքինզ, Հոլիվուտի թիւ մէկ լուսանկարիչն է եւ Լուսանկարիչներու միութեան ատենապետը, այդ պատճառով շփացած է, երբեմն ինծի հրամաններ կու տայ: Չորրորդը սա հսկան, Ճոն Քրէյն, Թեքսասի նշանառութեան ախոյեանը. գլխարկդ օդը նետէ, չորս ծակով գետին կ՛իյնայ: Այս երեք երիտասարդները օգնական լուսանկարիչներ են, օգնական գլխարկ ծակողներ, օգնական…
Կը դադրի խօսելէ ու բոլորը մէկ ոտքի կ՛ելլեն. տիկ. Շիրըր կը մօտենայ խումբին: Սանկ վերէն, ամպերու վրայէն կը նայի մեզի. կը տեսնէ զիս. «Սա մեր թարգմա՞նն է. վախնամ նորէն հայ մը գտած ես», կը հարցնէ ու առանց պատասխան սպասելու` «ինչո՞ւ հնդիկներուն քով չէ նստած», կ՛ըսէ: Անարգական նայուածք մը կը նետեմ տիկնոջ, բայց չեմ կարծեր, որ կը հասնի այդքա՜ն բարձրերը:
– Ռա՛լֆ, ես պանդոկ պիտի երթամ,- կ՛ըսէ տիկինը ու կը վերադառնայ իր շարժուն վիլլան:
– Շո՛ւտ ձեր պաշտօնական հագուստները հագէք ու պանդոկ գացէք,- կը պոռայ պարոն Շիրըր հնդիկներուն:
Կէս ժամ ետք, պարոն Շիրըր, իր անձնական քուփոն «Պուիք»-ը կը կեցնէ շարժուն վիլլային առջեւ: Ինծի կը թելադրէ ետեւը նստիլ, իր քովը ահագին ծրարներ կան: Տիկինը երբ ինքնաշարժ կը բարձրանայ, թունալից ակնարկ մը կը նետէ ինծի ու կարելի եղածին չափ հեռու կը նստի ինձմէ: Պարոն Շիրըր շատ արագ կը քշէ ինքնաշարժը` քթին տակէն երգ մը մռմռալով: Անկիւնադարձի մը վրայ աւելի կ՛արագացնէ կառքին ընթացքը եւ ուժով մը կը կոխէ արգելակին վրայ: Ինքնաշարժը ուժգին կը ցնցուի ու չեմ գիտեր ինչպէս, գլուխս կը զարնուի տիկ. Շիրըրի ուսին:
– Ռա՛լֆ, կեցուր կառքը եւ այս կեղտոտ հայը դուրս նետէ,- կը ճչայ տիկ. Շիրըր:
Կառքը կանգ կ՛առնէ, ես ջղային շարժումով մը, կը բանամ դուռը ու արագ քայլերով կը հեռանամ: Պարոն Շիրըր կը հասնի ետեւէս, կը կեցնէ զիս` սրտաբուխ խնդալով:
– Մի՛ ջղայնանար, բարեկա՛մ, խնդալ սորվէ՛,- կ՛ըսէ,- ծիծաղը աւելի զօրաւոր զէնք է, քան բարկութիւնը: Ո՛վ որ ծիծաղիլ չի գիտեր, ծիծաղելի է: Սխալ անկիւնադարձին վրայ արգելակին կոխեցի, ես կ՛ուզէի, որ տիկ. Շիրըր քու վրադ իյնար: Մոռցի՛ր, եկուր քեզ ներկայացման կը տանիմ, մի՛ զրկուիր:
Մէկ ժամուան ծանօթութեամբ ոեւէ մարդու այսքան չէի համակրած, որքան` պարոն Շիրըրին. անբացատրելի ձգողական ուժ մը ունի վրան: Կը վերադառնամ ինքնաշարժ:
Մի քանի վայրկեանէն կը հասնինք Սեն Ժորժ պանդոկին դիմաց: Աստիճաններուն երկու կողմերը, հնդիկները, շքեղօրէն զգեստաւորուած, բարեւի կեցած են. իսկապէս տպաւորիչ է տեսարանը: Տասնեակներով մարդիկ կը դիտեն տիկ. Շիրըրի շնորհալի քալուածքը. պանդոկի յաճախորդները յարգանքով մէկ կողմ կը քաշուին ճամբայ բանալու համար։ Երբ տիկ. Շիրըր կը կորսուի մեր տեսողութենէն, «ներկայացումը վերջացաւ,- կ՛ըսէ պարոն Շիրըր,- հաւնեցա՞ր խաղարկութիւնը: Հիմա կրնանք վերադառնալ մեր տեղերը»:
Շատ հանդարտ կը քշէ ինքնաշարժը: «Կեանքի մէջ ամէն մարդ անտեսանելի շղթաներով կապուած է,- կ՛ըսէ,- ես կ՛աշխատիմ այդ շղթաները փշրել` այս մեծ աշխարհին մէջ, իմ անձնական փոքր աշխարհս ստեղծելով: Եթէ իմաստասէր չես, առատ դրամը անհրաժեշտ է այս պարագային: Ձգենք այս խօսքերը: Այդ թշուառական լուսանկարիչին մեծ հայրը անգլիացի եղած է. այդ պատճառով կը ստիպէ մեզի, որ ամէն օր ժամը հինգին թէյ խմենք: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ երկու ժամ թէյ խմել: Իր հայրերուն եւ իր արեան մէջ թէյ խառնուած է եղեր. ժառանգականութիւն: Տեղերնիս հասնինք ու սանկ, շնորհքով ուիսքի մը խմենք»:
Կէս գիշերը անցած էր, երբ յաջորդ օրուան ծրագիրը յայտնեց ինծի:
– Վաղը ազատ օր է, փոքր գործերը պիտի վերջացնենք: Առտու կանուխ դերձակ մը կը բերես. երեսուն-երեսունհինգ ձեռք զգեստ կ՛ուզենք կարուիլ. կ՛ըսեն, թէ այս երկիրը լաւագոյն վայրն է այս բանին համար: Յետոյ, սառնարան նորոգող մասնագէտ մը կ՛ուզեմ. շարժուն վիլլային սառնարանը շատ աղմուկ կը հանէ եղեր: Տիկինը կէսօրին ձուկ կ՛ուզէ ուտել. մենք ալ որոշեցինք ձուկ ուտել. տասնհինգ քիլօ թարմ ձուկ կ՛ուզեմ:
– Թարմ ձո՜ւկ, ուրկէ՞ պիտի գտնեմ, այս երկրին ծովու մէջի ձուկերուն թարմութեանը կարելի չէ վստահիլ,- ընդմիջեցի խօսքը:
– Եթէ հոտած չէ, ուրեմն թարմ է, դուն բեր, եթէ չհաւնին, ծով թող թափեն: Վաղուան ամէնէն կարեւոր գործդ պիտի ըլլայ Սինեմա Ռիալթոյի գիշերուան ցուցադրութեան բոլոր տոմսերը գնել. տիկինս դեր մը ունի այդ ժապաւէնին մէջ, կ՛ուզէ ներկայ ըլլալ: Բոլոր տոմսակները կը գնես. բոլո՜րը, հասկցա՞ր: Իրմէ զատ ո՛չ ոք պէտք է ըլլայ սրահին մէջ, ո՛չ վերը, ո՛չ ալ վարը:
Յաջորդ օրը օֆուլ (ահարկու) թարմ ձուկը կերան: Տիկ. Շիրըր վերջին րոպէին հրաժարեցաւ սինեմա երթալէ, ձուկին պատճառով օֆուլ գլխու ցաւ մը ունէր: Պարոն Շիրըր եւ ես գացինք: Մուտքին պարոն Շիրըր յայտնեց սրահին պատասխանատուներուն, որ բոլոր եկողները ձրի ներս ընդունէին եւ ի՛նչ որ փափաքէին ուտել կամ խմել իր հաշուոյն արձանագրէին: Երկու հազար ոսկի արժեց այդ երեկոն պարոն Շիրըրի:
– Շատ հաւանաբար կինս այսքան գումար մը չէ գանձած այդ դերը խաղալով,- ըսաւ պարոն Շիրըր խնդալով:
Յաջորդ օրուան համար հելիքոփթեր մը պահանջեց` Լիբանանի ընդհանուր համայնապատկերը ժապաւէնի առնելու համար: Մեր տնօրէնին ժպիտը գործի անցաւ ու հազար ձեւեր փոխելէ ետք` կրցաւ հատ մը ձեռք ձգել:
Յաջորդական օրերուն գացինք Պիպլոս, Այնճար, Պաալպեք, Սայտա եւ Սուր: Գործի մէջ պարոն Շիրըր տարբեր մարդ մըն էր: Մասնագիտական մօտեցումով մը փարած էր գործին: Յամառ, անխոնջ աշխատող մըն էր: Իր ստեղծած «փոքր աշխարհին» թէ՛ թագաւորն էր եւ թէ՛ ծառան: Հիացած կը հետեւէի իր աշխատանքին: Երբ զարմանքս յայտնեցի լուսանկարիչին` «Օհ,- ըսաւ,- պարոն Շիրըր հնագիտութեան տոքթորա ունի, բայց ժամանցի համար կ՛աշխատի»:
Առտու մը, ժամը երեքին, պարոն Շիրըր արթնցուց զիս, լրիւ հագուած էր ու ձեռքը երկու բաժակ ուիսքի ունէր. մէկը ինծի տուաւ. «Խմէ՛,- ըսաւ խնդալով,- քեզի տխուր լուր մը ունիմ տալիք: Տիկ. Շիրըր հիւանդացեր է, շատ անտրամադիր է ու կ՛ուզէ Ամերիկա վերադառնալ. քեզմէ շատ դժգոհ մնացած է: Իրաւունք ունի. ինչո՞ւ հոտած ձուկ կերցուցիր մեզի: Հա՛, հա՛, հա՛: Զինք ճամբելը հեշտ է, բայց կ՛ուզեմ, որ այս երկու օրուան մէջ, այդ շարժուն վիլլան ղրկես Միացեալ Նահանգներ. չես կրնար երեւակայել, թէ ի՜նչ ծանր բեռ մը ինկաւ ուսերէս: Երկու օրէն աւելի չենք կրնար մնալ հոս, պէտք է մեկնինք:
– Այդ դիւրին է,- ըսի,- մեր տնօրէնը մէկ օրուան մէջ բոլոր ձեւակերպութիւնները կը կատարէ:
– Շա՛տ լաւ. հիմա ի՞նչ կ՛ուզես ընել. կ՛ուզե՞ս քնանալ, թէ՞ ծովեզերք երթալ ու շարունակել ուիսքի խմել:
Գացինք ծովեզերք, նստեցանք ժայռերուն վրայ ու շարունակեցինք խմել: Արեւը երբ ծագեցաւ, պարոն Շիրըր առաւ բաժակս ու իր բաժակին հետ միասին փշրեց ժայռերուն վրայ: «Լիբանանի մէջ այս պահը ամէնէն աւելի պիտի յիշեմ,- ըսաւ,- այսպիսի պահերու հաւաքածոներ ունիմ թարգմաններուս հետ: Շատ շնորհակալ եմ քեզի»: Առաջին անգամն էր, որ տխուր կը տեսնէի զինք: Դանդաղ քայլերով վերադարձանք մեր վրանները:
Երկու օր ետք, բաժանումի պահուն, անբացատրելի յուզում մը համակած էր հոգիս: Պարոն Շիրըր մէկ կողմ տարաւ զիս, ծառի մը տակ կեցած, ձեռքը երկարեց ինծի: Առի ձեռքը ու զգացի, թէ թղթադրամներու տրցակ մը կը սեղմուէր ափիս մէջ: Ինքնաբերաբար ձեռքս ետ քաշեցի:
– Յուսամ կրկին կը տեսնուինք, սիրելի՛ եղբայր,- ըսաւ հայերէն բառերով:
Ամէն ինչ կրնայի ակնկալել իրմէ, բայց` ոչ այս բանը: Հաւանաբար կռփամարտիկները այսպիսի հարուածէ մը ետքն է, որ ուշակորոյս կ՛իյնան գետին: Դող մը պատեց մարմինս. շրթներս կը շարժէին` առանց բառ մը կարենալ արտաբերելու: Կարծէք աչքերուս առաջ հրոյ ճարակ կ՛ըլլար տունս: Կռթնեցայ ծառին ու ակնապիշ շարունակեցի դիտել զինք:
– Ինչո՞ւ այլայլեցար,- շարունակեց հայերէն,- մեկնումիս համա՞ր յուզուած ես:
– Ո՛չ, ըսի,- նոր չէ, որ կը մեկնիք: Բայց ինչո՞ւ մեկնած էք:
– Մեկնումի ազդանշանը ես չէ, որ տուած եմ. մեծ հայրս կէս մը հայ էր, հայրս քառորդ հայ էր, իսկ ես զտարիւն ամերիկացի եմ: Դժգոհ չեմ այս բանին համար: Ես չեմ ուզեր պարտուած ազգի մը զաւակը ըլլալ:
– Մենք երբեք չենք պարտուած,- ըսի,- այլ պարզապէս ջարդուած ենք:
– Այդպէս թող ըլլայ. ես չեմ ուզեր ջարդուած ազգի մը պատկանիլ:
– Ջարդուած ենք, որովհետեւ ձեզի պէս զօրաւորներ դասալիք եղած են:
– «Դասալիք» ի՞նչ ըսել է:
– Կրնաք «դաւաճան» թարգմանել,- ըսի շեշտակի նայելով աչքերուն:
– Oh, no, my god,- ըսաւ անգլերէն,- ես այս ազգին գիտակցաբար որեւէ չարիք չեմ հասցուցած:
– Ծա՞նր ճնշեց «դաւաճան» բառը. իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտնայ, որ մեր ազգը տեւական պայքարի մէջ է իր իրաւունքները արժեցնելու համար: 1915-ին կորսնցուցինք մեր ազգին լաւագոյն կէսը, ու անկէ ասդին տեւապէս կորսնցնելու վրայ ենք մեր լաւ տարրերը: Դուք ի՞նչ բառով կ՛որակէք այն անձերը, որոնք մեծ ազգերու քաղաքացիի պատմուճանին տակ կ՛ապաստանին իրենց մորթը փրկելու համար:
– Բառ չունիմ, պատմութիւնը մեզմէ աւելի զօրաւոր է, առուակները ուշ կամ կանուխ կա՛մ կը չորնան եւ կամ ալ գետերու կը միանան:
– Այդ խօսքը մեր ազգին համար չէ ըսուած. հազարաւոր տարիներէ ի վեր ճղակոտոր կ՛ըլլանք, բայց բունը աւելի ու աւելի կը զօրանայ: Դուք մտածեցէք այս մասին, ամէն մարդ ամերիկացի կրնայ ըլլալ, բայց ամէն մարդ հայ չի կրնար մնալ: Ձեր ստեղծած «փոքր աշխարհը» իրապէս որ փոքր է Ամերիկայի մէջ, բայց նոյն այդ «փոքր աշխարհը» կրնար օրհնութեան շատրուան մը ըլլալ մեր ազգին համար:
– Պարոն Շիրը՜ր, ձեզ կը սպասենք կոր,- կանչեց լուսանկարիչը:
– Դժոխք գացէք,- պոռաց պարոն Շիրըր,- նոր շղթայ մը կ՛անցընեն կոր վիզս, սպասեցէք վայրկեան մը:
Ու ձեռքս զօրաւոր կերպով սեղմեց ու ըսաւ.
– Ցտեսութիւն, կը մտածեմ ըսածներուդ մասին. բայց դուք մի՛ լաք ինծի պէս չորցած շատրուաններու վրայ, ձեր կենսատու աղբիւրները զօրացուցէք:
ՖԻԼԻՓ ԶԱՔԱՐԵԱՆ