Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1970)

Յունուար 21, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայերէնը Երկրորդական Լեզո՞ւ

Հայերէնի դասաւանդո՞ւմ: Հին է հարցումը ու` կրկնուած: Սփիւռքի հայաշատ գաղութներու թերթերէն մինչեւ… Հայաստանի թերթերը, սիւնակներ կը տրամադրեն անոր: Որոշ մտահոգութիւններու հետեւանք է անշուշտ հայերէնի դասաւանդումը հարցադրումի ենթարկելու ճիգը: «Աշակերտները չեն կարդար, չեն հետաքրքրուիր», «աշակերտներու լեզուն անորակ է», «հայերէնի շնորհքով դասագիրք չկայ» կ՛ըսեն հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչները, քիչ մը ամէն տեղ սփիւռքի մէջ: Նոյն մտքերը կը կրկնէ նաեւ մամուլը: Բայց ի՞նչ կ՛ըսեն, իրե՛նք, աշակերտնե՛րը: Այս հարցին պատասխանը գտնելու համար փորձեցինք զրոյց մը կազմակերպել Պէյրութի երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերէն աշակերտներու միջեւ (Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ): Դժբախտաբար ժամադրութեան ներկայ եղան երկու դպրոցներ` երկուքական աշակերտներով: Երկրորդականի այս չորս աշակերտներու թիւը ներկայացուցչական հանգամանք չի  ներկայացներ անշուշտ, բայց թոյլ կու տայ խորաչափում մը ընելու եւ հասնելու, կը կարծենք, օգտակար եզրակացութիւններու:

Տասը Վայրկեան, Կամ Քառորդ Ժամ

Մեր զրոյցը կը բանանք` «Օրական քանի՞ ժամ կը տրամադրէք հայերէնի դասին» հարցումով:  Պատասխանելու համար մեր խօսակիցները երկար չեն սպասեր.

– Եթէ դաս ըլլայ, տասը վայրկեան կամ քառորդ ժամ կը տրամադրեմ,- կ՛ըսէ մէկը:

– Լիբանանեան պաքալորէայի պատրաստութեան պատճառով, հայերէնի տնային պատրաստութեան ոչ մէկ ժամանակ կը տրամադրեմ,- կը շարունակէ երկրորդը: – Հայերէնով կը զբաղինք դասարանը, հոն տրուած բացատրութիւններով կը  բաւականանանք:

– Դասարանը առնուած նոթերը  անգամ մը կը կարդամ. այսչա՛փ,- կը վերջացնէ երրորդը:

Այսպէս, ուրեմն, երկրորդականի բարձրագոյն դասարաններուն մէջ, ուր այլ գրականութիւններու (արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն) ուսուցումը կը հասնի իր ծայրագոյն խստութեան, աշակերտէն օրական «մէկ-երկու ժամ» աշխատանք պահանջելով, մեր աշակերտներէն պահանջուած աշխատանքը լաւագոյն պարագային նուազագոյնին իջած է: Պաքալորէան եւ անոր պատրաստութեան խլած ժամանակը, աշակերտը չծանրաբեռնելու պատրուակը թող չյիշուի կրկին. տասներորդ դասարանի աշակերտները եւս նոյն պարագային մէջն են: Աշակերտներու իսկ խօսքով, «քիչ կը պահանջուի» իրենցմէ:

Հայ գրականութեան ուսումնասիրութիւնն ու իւրացումը տեղի կ՛ունենայ ուրեմն միայն, կամ գրեթէ, դասարանին մէջ, շաբաթական երեքէն հինգ պահերու սահմանին մէջ: Ուսուցման այս ձեւը դասարանային լուրջ աշխատանք կ՛ենթադրէ: Միւս կողմէ` աշակերտին հետաքրքրութիւնն ու դասին աշխուժ մասնակցութիւնը մասնաւոր արժէք կը ստանան:

Հարցումներու շարքով կը ջանանք հայ գրականութեան ծրագրին մասին գաղափար մը կազմել:

– Մասնաւոր ծրագիր չունինք. ֆրանսական պաքալօրէայի հայ հեղինակներուն կեանքերը կը սորվինք,- կ՛ըսէ աշակերտ մը:

Սակայն այս առաջին հաստատումը իր բացարձակ արժէքը չի պահեր զրոյցի ընթացքին. այդ ծրագիրը դպրոցէ դպրոց իր տարբերակները ունի. երբեմն կը սահմանափակուի քանի մը հեղինակներու ուսումնասիրութեամբ, բայց երբեմն ալ միջնադարեան գրականութիւնը կ՛ընդգրկէ: Հիմնականին մէջ, սակայն, Պոլիսէն այս կողմ անցում չկայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդահայ գրականութիւնը անկէ դուրս կը մնան:

Գործէն Աւելի` Հեղինակին Կեանքը

Ծրագրէն աւելի դասաւանդութեան ձեւն է խնդրականը: «Գործէն աւելի` հեղինակին կեանքը» կը սորվին աշակերտները: Մասնաւորաբար, քիչ թիւով հատընտիր հատուածներ կը կարդան ու կը վերլուծեն: Մինչեւ իսկ հատընտիր մեծ թիւով հատուածներու ընթերցումին պարագային, կարգ մը հեղինակներու համար գոնէ, դասը «կեանքին» կը կապուի, այնքան… որ հեղինակն ու իր գործը կը մոռցուին: Այլ խօսքով, հայ գրականութեան դասը ընթացիկ բարոյագիտութեան դասի կը վերածուի: Թերի կը մնան ոճի, լեզուի քննարկումը, հեղինակի կեանքին եւ գործին միջեւ կապերու որոնումը: Աշակերտները անհատական խորաչափումով չեն փնտռեր հեղինակին «արժէքը». ատիկա կը թելադրուի իրենց:

Արդէն, ամբողջ պահեր կը տրամադրուին հեղինակներու «կեանքը, գործն ու արժէքը» թելադրելու համար: Եթէ ընթերցումի պահերը ջերմութիւն մը կը պահեն, որոշ մթնոլորտ կը ստեղծեն, թելադրանքի պահերը ձանձրալի են:

Հայ գրականութեան դասը աշակերտներուն շուրջ մէկ երրորդը կը հետաքրքրէ: Ո՞ւր է անտարբերութեան աղբիւրը ուրեմն: Ահաւասիկ` քանի մը հաստատումներ այդ մասին.

– Նիւթին մէջ չէ ձանձրացուցիչը, այլ` տալու ձեւին:

– Քիչ սորվինք, լա՛ւ սորվինք. նոյնիսկ մեր սորվածէն ալ պակաս, բայց` խորքով:

– Կը փորձենք հաճելի դարձնել. հարցումներ կ՛ուղղենք եւ կը փորձենք կարելի եղածին չափ դասէն դուրս գալ եւ աւելի լայն տեղեկութիւններ ստանալ:

– Աւելի հետաքրքրական կը փորձենք դարձնել. իւրաքանչիւրը աշխատանք մը կ՛ընէ, հատուած մը կ՛ուսումնասիրէ եւ բոլորին կը ներկայացնէ:

Սակայն, հակառակ վերջին երկու հաստատումներուն, մեր չորս խօսակիցներն ալ համաձայն են, որ հայ գրականութեան դասը մակերեսային իւրացումներու սահմանը չ՛ացնիր: «Որքա՜ն հարստութիւններ կան, որոնք անյայտ կը մնան»: Գրական ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուիր. աշակերտը իրմէ բան մը չ՛աւելցներ ուսուցչին ըսածին վրայ, որ բնականաբար չի կրնար հեղինակ մը ըմբռնել տալու, սիրցնել եւ ատել տալու անհրաժեշտ աշխատանքը կատարել: Չի կրնար գրականութեան դասի ըմբռնումին իսկ պատճառով:

«Հանգիստի Պահ»

Երկրորդական վարժարաններու աշակերտները գիտեն սակայն անհատական աշխատանքով եւ ուսումնասիրութեամբ գրական դպրոցներու եւ հեղինակներու ծանօթանալ: Օտար գրականութեան դասին այդ է, որ կ՛ընեն արդէն եւ անխուսափելիօրէն կը բաղդատեն մէկ դասը միւսին հետ: Հայերէնի պահը «ճիգ չպահանջող, հանգիստի» պահ է, երբ տաղտկալի չէ: Օտար գրականութեան պահը «լեցուն, հետաքրքրական է», որովհետեւ «օտար գրականութեան ուսուցիչը հայերէնի ուսուցիչէն երեք անգամ աւելի կը խօսի եւ մեզ կը խօսեցնէ»:

Ոչ մէկ աշակերտ ինքզինք կարող կը նկատէ գրական դպրոցներու կամ հեղինակներու մասին շարադրութիւն մը գրել (տիսերթասիոն), ինչպէս յաճախ կ՛ընէ արաբական, ֆրանսական կամ անգլիական գրականութեան դասերուն: Իրեն կը պակսին հիմնական տուեալները` հեղինակին ու իր գործին մասին կարծիքներ բանաձեւելու եւ զանոնք պատճառաբանուած ձեւով ներկայացնելու համար:

Թող չըսուի, որ հետաքրքրութեան պակասն է այս կացութեան պատասխանատուն: Ոչ ոք կը փափաքի հայ գրականութեան պահէն ձերբազատիլ, որովհետեւ ատիկա պիտի նմանէր «գանձ մը ունենալուն եւ զայն չօգտագործելուն»: Պահանջուածը խորացումն է, իրա՛ւ, վաւերական հայ գրականութեան ուսուցումն է:

Մակերեսային այս աշխատանքը պատճառ կը դառնայ տակաւին, որ երկրորդականի վերջին կամ վերջընթեր դասարանի աշակերտները հայ գրականութեան մէջ թեմաներ չտեսնեն: Եթէ մէկուն համար «դժուար է թեմաներ գտնելը», միւսին համար հայ գրականութիւնը գրեթէ կը վերածուի «ջարդերու, հայ ժողովուրդի տառապանքին եւ ցաւերուն» զգացական նկարագրութեան: «Խորունկ, իմաստուն գրողներ» չկան, կ՛ըսէ մէկը. ուրիշ մը` «մեր հայ գրողները ոճաբաններ են» կ՛արձագանգէ իր ընկերոջ:

Այս մտածումները ստորակայութեան բարդոյթի կ՛առաջնորդեն, ուղիղ գծով: Բայց ոչ. այս տղոց «բնա՛ւ, միտքէն իսկ չ՛անցնիր» մտածել, որ հայկականը աւելի խեղճուկ է, երբ օտար գրականութեան դասէն ելլելով` հայ գրականութեան դասին կը մտնեն: Որովհետեւ կը զգան, որ իրենց գրականութիւնը արժեւորման պակասի մը պատճառով է, որ խեղճ երեւոյթ կը ստանայ: Հոս արդէն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կարելի չէ ուսուցչին վրայ նետել: Որովհետեւ մեր գրողներու գործերը չեն ուսումնասիրուած խորապէս, նախադասութիւն առ նախադասութիւն, բառ առ բառ, ինչպէս` օտարներունը: «Հայ հեղինակներու գործերը վերլուծումով մը ներկայացնող գրքոյկներ մեր քովը գրեթէ չկան, բնաւ չկան. այս է, որ արժէքը երեւան չի հաներ», իրաւացիօրէն կը հաստատէ մեր խօսակիցներէն մէկը: Ու ասոր բոլորը համաձայն են:

Տակաւին բազմաթիւ հարցեր կը դրուին հայ գրականութեան դասաւանդութեան առնչութեամբ: Հայ աշակերտին ամէն բան կը պակսի. մթնոլորտն ալ, դասագիրքն ալ, ընթերցումի գիրքն ալ: Հայոց լեզուն ու գրականութիւնը արդէն վերածուած են երկրորդական նիւթերու` հակառակ հայապահպանումը հայ արժէքներու ուսումնասիրութեամբ իրականացնելու փողահարուած տրամադրութեան: Օտար գրականութեան խոր ուսումնասիրութիւնն ու պահանջկոտ ուսուցումը տղոց միտքը կը սրէ, գրականութեան կիրքը կը փոխանցէ անոնց: Գիտական աշխատանքը վարժութիւն կը դառնայ իրենց համար. անոնք դատել, քննարկել եւ եզրակացնել կը սորվին: Ու կը դատեն ու կը քննարկեն հայ գրականութեան դասաւանդութեան ձեւն ալ ու կ՛եզրակացնեն, որ յիսնամեայ սփիւռքը տակաւին քարոզչութեամբ ու ձրի արժեւորումներով կը շարունակէ հայ արժէքները ծանօթացնել: Անոնցմէ ոմանք հետագային պիտի փորձեն հայ գրականութեան վրայ ալ կիրարկել իրենց սորված մեթոտը: Ոմանք, քաջե՛րը: Բայց որքա՞ն քիչ են անոնք հայ գրականութեան ջերմութիւնը բնաւ չճանչցողներուն դիմաց: Բայց որքա՞ն կրնային շատնալ անոնք մեր մշակներուն ու մտաւորականութեան կամքով, լուռ ու հետեւողական աշխատանքով, հայ գրականութեան վաւերական արժեւորման մը համար:

ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թուրքիա Իր Փոքրամասնութիւնները Սնանկացուցած Էր Ահռելի Մեծ Տուրքեր Պարտադրելով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?