Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1970)

Յունուար 13, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանէն Մինչեւ Արժանթին

 

Մինչ սփիւռքահայ մամուլը միաձայնութեամբ ներգաղթի առաւելութիւններուն մասին կը խօսի ու կը գտնէ, որ միայն հայրենի հողին վրայ կարելի պիտի ըլլայ պահել անկորուստ մեր քանակն ու զարկ տալ մեր աճին ու հզօրացման, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին հայրենիքէն հեռանալու ախտ մը ծայր տալ սկսած է սակայն:

Եթէ մասամբ ներելի է ֆրանսուհիներու, հելլենուհիներու հայրենաբաղձութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ իրենց ամուսիններու թուլութիւնը, աններելի է ու պախարակելի արտագաղթի ցանկութիւնն ու գործնական քայլերը բոլոր անոնց, որոնք վերջին երեսնամեակին հայրենիք գացին, հոն շինեցին իրենց բոյնը, ունեցան զաւակներ, թոռներ, ազգականական նոր կապեր ու ահա օգտուելով երկրի իշխանութեան ազատական կեցուածքէն կամ թոյլտուութենէն, յանկարծ ժողված իրենց ունեցած չունեցածը, իրենց հայրենածին զաւակները, կ՛ուղղուին դէպի արտերկիր ահա:

Ոմանք կը բռնեն Լիբանանի ճամբան, ոմանք` Ֆրանսայի կամ Յունաստանի, եւ ահա մեկնողներու կարաւանին կը խառնուին բախտախնդիր ուրիշներ, որոնք կու գան հեռաւոր Արժանթինի մէջ նոր կեանք ու տնտեսութիւն շինելու իրենց համար:

Համաձայն մեզի տրուած տեղեկութեան մը, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին տասնէ աւելի ընտանիքներ եւ անհատ հայեր հաստատուած են Արժանթին:

Էր ատեն մը, երբ դժուարին ու անտանելի էին տնտեսական եւ քաղաքական պայմանները ամբողջ Ռուսաստանի, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի մէջ:

Երբ տարրական ազատութիւն իսկ չկար գլուխ¬գլխի ջուխտ մը խօսք խօսելու եւ չհետապնդուելու: Երբ էնտեքսի ենթարկուած էին ՐԱՖՖԻԻ հայրենաշունչ եւ յեղափոխաշունչ գործերը, երբ, վերջապէս, օրուան իշխանութիւնը կը յայտարարէր, թէ ինք ամենայն հայոց կառավարութիւն չէ: Ու այդ օրերուն էր, որ Մերձաւոր Արեւելքէն մաս մը որբեր կը փոխադրուէին Հայաստան:

Երկրին կացութեան եւ աններելի բռնութեանց մասին դիտողութիւնները պակաս չէին արտերկրի սրտցաւ հայ թերթերուն մէջ: Դիտողութիւններ` ո՛չ թէ ներգաղթը խափանելու նպատակով, այլ` մղելու իշխանութիւնը, որ ստեղծէ իւրայատուկ պայմաններ մեր դժբախտ հայրենակիցներուն համար, որոնք զրկուած էին նիւթական շատ մը ստիպողական կարիքներէ եւ բարոյական իրաւունքներէ:

Ահա այդ օրերուն եւ այդ պայմաններուն մէջ ներգաղթող որբ մը փախուստ կու տար Հայաստանէն, գտնելով կաշկանդող` հոն տիրող կարգերը:

Հաւանօրէն գտնուեցան մարդիկ` փախստական որբին կեցուածքը արդարացնող:

Երկրին կացութեան շատ մօտէն ծանօթ, «Յուսաբեր»-ի օրուան խմբագրապետը` Վահան Նաւասարդեան, կրակ  կտրած, այս առթիւ կը գրէր իր անմոռանալի խմբագրականներէն մէկը` ըսելով.

Սրիկայ է ան, որ փախուստ կու տայ իր հայրենիքէն:

Այդ միակ յայտարարութիւնը պիտի բաւէր բնորոշելու համար հանդէպ հայրենիքին ու  ներգաղթին որդեգրած քաղաքականութիւնը Դաշնակցութեան:

Կ՛ըսենք` քաղաքականութիւնը Դաշնակցութեան: Որովհետեւ «Յուսաբեր»¬ի խմբագիրը նոյն ատեն մէկ անդամն էր ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին ու քաջ գիտէր տեսակէտը իր կուսակցութեան:

Այդ թուականէն այս կողմ անցած են աւելի քան քառասուն տարիներ:

Ոչ միայն որոշ չափով փոխուած են կենցաղային պայմանները հայրենի հողին վրայ ապրող մեր ժողովուրդին, այլեւ մտաւորապէս նուաճումներ գործած է երկիրը:

Մինչ, երբ սփիւռքը տնտեսապէս տեղ-տեղ կը զարգանայ, մեր բազմութիւնները երբ ունին բարեկեցիկ վիճակ շատ մը վայրերու մէջ, ու որոշ տեղեր նոյնիսկ բացուած են ակումբներ, դպրոցներ, լոյս կը տեսնեն թերթեր ու գիրքեր, այսուհանդերձ, արտերկրի հայ մամուլը համակոչ ձայն կը բարձրացնէ, որ կանգնած ենք ձուլումի վտանգին առջեւ:

Ձեւականութենէ հեռու իրականութիւնն է ասիկա: Կորուստի վտանգը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է մեր բոլոր գաղութներու գլխին` բացառութեամբ Իրանի, Միջին Արեւելքի, Եգիպտոսի, Յունաստանի ու Կիպրոսի:

Այս մասին կը խօսուի նաեւ հայրենիքի մէջ, ուրկէ, սակայն, իրենց բեռները կապած, կը մեկնին աւելի ազգայիններ, քան նոյն թիւով ներգաղթ կը կատարեն ուրիշներ:

Դէմ ըլլալով արտագաղթի` կողմնակից պիտի ըլլայինք բնականաբար ներգաղթի:

Շեշտած ենք որդեգրուած սիսթեմով` ներգաղթի տկարութեան մասին:

Շեշտած ենք, որ շաբաթական սփիւռքահայութեան աճին չափով ներգաղթ չի կատարուիր դէպի հայրենիք ամբողջ տարին:

Իսկ երբ արտագաղթի կարծեցեալ բարիքներով նոր կորուստ մը տեղի կ՛ունենայ, հարցը կը դառնայ եւս տագնապալից:

Ո՛չ ներում ունին, ո՛չ ալ արդարացում` անոնք, որոնք կը ձգեն իրենց հայրենիքը ու կը հեռանան: Կը հեռանան` միասին վերցուցած հայրենիքի մէջ ծնած ու հոն դաստիարակուած իրենց քսան տարեկան դեռահասակ աղջիկները կամ մանչերը:

Պիտի գայ ատեն, որ անոնք պիտի զղջան իրենց անխոհեմ արարքին համար: Ատիկա պիտի ըլլայ, երբ այդ մանկամարդուհիները կամ երիտասարդները խառն ամուսնութեամբ բոյներ կազմեն ու իրենք անդրադառնան, որ նիւթական հաշիւներով ձեռքէ հանած են կեանքի մէջ մեծագոյն երջանկութիւնը. հայ բոյներ կազմած` սիրելիներով շրջապատուելու թանկագին բախտաւորութիւնը:

Կը խորհինք, որ Երեւանի օրուան իշխանութիւնը պէտք է աւելի խիստ ըլլայ այս հարցին մէջ:

Տարեց ընտանիքի հայրեր ու մայրեր կրնան ժամանակաւորապէս դուրս ելլել երկրէն իրենց հեռաւոր ազգականները տեսնելու համար, բայց հայ հողին վրայ ծնած մեր երկու սեռէ երիտասարդութիւնը հայրենիքին յոյսն ու հարստութիւնն է:

Այս երիտասարդութիւնը պէտք է մնայ կապուած մեր հողերուն:

Հայրենիքները կը մեծնան, կը զօրանան ու անպարտելի կը դառնան, երբ անոնց կապուած կը մնան սերունդներ ամբողջ, պատրաստ` իրենց արիւնով զայն պաշտպանելու եւ զօրացնելու:

Անգամ վտանգի պարագային, հեռատես ազգեր զանգուածային նահանջներու մասին չեն մտածեր, այլ սեփական բոյնին ու հողին կապուած` զանոնք պաշտպանելու մասին կ՛որոճան:

Ստեղծուա՞ծ են, թէ՞ ոչ առիթներ հայրենաբնակ մեր բազմութիւններուն համար` պարբերաբար երկրին բոլոր մասերը տեսնելու, չենք գիտեր, բայց կը խորհինք, որ եթէ այդ ուղղութեամբ քայլեր չեն առնուած, պէտք է ստեղծել հնարաւորութիւններ, որ երեւանցի մը, օրինակ, դիւրագնի պայմաններով կարենայ քանի մը շաբաթ անցընել Զանգեզուր, զանգեզուրցին` Երեւան, ալեքսանդրապոլցին` Դիլիջան եւ` փոխադարձաբար, ու այսպէս, ուր կը կամենան:

Այս ձեւ տեղափոխութիւնները կ՛ենթադրեն պանդոկներ, այցելատեղիներ եւ այլն, ժամանակ է, որ մտածուի այս մասին ալ: Հայրենիքը ամէնունն է, ու իր քաղաքացիները պէտք է ունենան դիւրութիւններ պտտելու անոր բոլոր տեսարժան վայրերն ու շրջանները:

Որպէսզի կանխուին քննադատութենէ զերծ մնալու նպատակով հայրենիքի ներքին կացութեան եւ ժողովուրդի կենցաղին շուրջ անհաճոյ տարաձայնութիւնները հեռացողներու, պէտք է մտածուի կերպը` վերջ դնելու արտագաղթին: Սփիւռք ու հայրենիք պէտք է միասին գտնեն արմատական միջոցներ` աղէտի համահաւասար այս նոր վտանգին դէմ:

ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Պուէնոս Այրէս

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դեկտեմբերս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?