Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1970)

Յունուար 14, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Ընկերվարութիւն Եւ Հայք

Զրոյց` երկու բարեկամներու միջեւ.

– Կ՛ուզեմ ընկերվարական արձանագրուիլ, սակայն շուարած եմ, որովհետեւ քանի մը տեսակ ընկերվարութիւն կայ: Ո՞ր մէկուն հետեւիմ…

– Ինչպէ՞ս թէ` քանի մը տեսակ: Բազմատեսակ ընկերվարութիւններ կան: Ընկերվարութիւնը ծառ մըն է, որուն ճիւղերը առատացած են: Ծաղիկներ կու տան, բայց տակաւին չեն տուած պտուղներ ճաշակելի: Տամ տեսակներուն անունները, գլխաւորներէն մինչեւ ոտանաւորները: Կայ ընկերվարութեան ռուսականը, կայ չինականը, իտալականը, ֆրանսականն ալ նոր ոստեր արձակած է, շուէտականը, քուպայականը, անգլիականը, ռումանականը, եուկոսլաւեանը, աւստրալիականը, փերոնականը: Կան տակաւին ժանժորեսեան ընկերվարականները, որոնք քաշուած են մէկ կողմ, որովհետեւ գլխովին հակառակ են բռնութեան, բիրտ ուժին գործածութեան: Ժորեսին անունը կը շահագործեն ընկերվարականները, որոնք ստրկաբար կը հետեւին Մոսկուայի: Մինչդեռ եթէ Ժորես ողջ ըլլար, ինք առաջին բողոքողը պիտի ըլլար բռնութեան դէմ, քանի որ քաջաբար եւ արդարօրէն ըսած էր. «Եթէ ընկերվարականի բոլոր պահանջներուս գոհացում տան ազատութենէս մաս մը առնելու պայմանով, կը մերժեմ»: Մինչդեռ «ընկերվարական»-ները աշխատաւորներուն ազատութիւնը ամբողջութեամբ առին` տեղը չտալով մասնիկ մը գոհացումի: Տեղը տալով տանջանք ու տառապանք, անխղճութեամբ մը աննախընթաց:

– Այս պայմաններուն մէջ ո՞ր մէկուն ըլլամ հետեւորդ: Ո՞րն է անխարդախ, անարատ, ազնիւ ընկերվարութիւնը: Տո՜ւր խորհուրդ մը` խօսելով լրջօրէն:

– Կը պատասխանեմ լրջութեամբ կրկնակի: Հետեւէ հայկական ընկերվարութեան:

– Վա՜յ, ընկերվարութեան հայկակա՞նն ալ կայ:

– Անշո՛ւշտ: Հայերս ընկերվարութիւնը շատ շատոնց ազգայնացուցած ու ազնուացուցած ենք: Հայոց ընկերվարութիւնը քրիստոնէութիւնն է: Ո՛վ որ ճշմարիտ քրիստոնեայ է, ան արդէն ընկերվարական է: Կատարեալ ընկերվարութիւնը քրիստոնէութիւնն է, հիմնուած` հոգիի ու մարմնի վրայ, եւ ոչ թէ հիմնուած` միմիայն ստամոքսի վրայ: Եթէ մարդիկ իրական քրիստոնեաներ ըլլային, պէտք չէր ըլլար ընկերվարական վարդապետութեան: Բայց ցաւալին այն է, որ մեր մէջ քրիստոնէութեան իբր թէ նուիրուած հոգեւորականներէն ոմանք եղած են նիւթաւորական, դիզած են միլիոններ` սատանային ծախելով քրիստոնէութիւնն ալ, ընկերվարութիւնն ալ, նաեւ` մարդկային մասունքներ: Եզրակացութիւն. Եղի՛ր հայ քրիստոնեայ: Ահա այն ատեն հետեւած կ՛ըլլաս վսեմական վարդապետութեան, սրբազան ընկերաբանութեան եւ համազգային հայութեան: Հայ լաւագոյն ընկերվարականը հայ քրիստոնեան է: Իսկ եթէ լոկ քրիստոնեայ ես, եղի՛ր նաեւ հայ: Եւ կ՛ըլլաս ընտիր ընկերվարական եւ կրնաս դաս տալ (տեսական ու գործնական) բոլոր ընկերվարականներուն, որպէսզի անոնք նախ եւ առաջ վերածուին հայասէրի, ու գրիչով եւ գործով աշխատին մեր դատին համար: Հայասէր չեղողին ո՛չ ընկերվարութեան, ո՛չ քրիստոնէութեան, ո՛չ ալ մարդկութեան մի՛ հաւատար: Հայութիւնը փորձաքարն է հոգիներու ազնուութեան: Եւ եղեւ լոյս: Քանզի հայութիւնն է աշխարհի աշխատաւորութեան ամէնէն աւելի շինող, ծնող եւ ստեղծող ժողովուրդը` ըլլալով ամէնէն աւելի անիրաւուածը, կեղեքուածը, կողոպտուածը, կոտորուածը: Եւ ընկերվարականները պարտին եղբայրական վերաբերում ունենալ հանդէպ հայոց, որոնք ամենահին ընկերվարականներն են:

– Կարծեմ ճիշդ բաներ կ՛ըսես:

– Կը կարծե՞ս միայն: Ուրեմն քիչ մը աւելի խորանանք ճշմարտութեան մէջ: Հայերուն համար կ՛ըսեն, թէ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս, պետականօրէն ընդունող առաջին ազգը եղած են: Բայց այդքան չէ ճշմարտութիւնը, որ աւելի է: Հայերը իրենց վարքով ու վերաբերումով արդէն քրիստոնեայ էին Քրիստոսի աշխարհ գալէն տարիներ առաջ: Այդ է պատճառը, որ եղան առաջին քրիստոնեաները, իրենց բնութեան, իրենց խառնուածքին պատշաճ գտնելով քրիստոնէական լուսեղէն վարդապետութիւնը: Եւ մեծամասնութեամբ եղան քրիստոնեայ. իսկ անոնք, որ սկիզբը ընդդիմացան, ապա դարձան մոլեռանդ քրիստոնեայ: Ուրեմն ընկերվարութիւնը մեզի հետ ծնած է: Եւ հիմա, դեռ երէկուան ընկերվարականները, դաս սորվելու եւ դասարան փոխելու անկարող` սկսած են դաս տալ մեզի ընկերվարութեան: Ճիշդ` տակաւին երէկուան կրօնաւորներուն պէս, որոնք հեռուներէն մեր մէջ կու գան մեզի քրիստոնէութիւն քարոզելու համար: Քէ՜լ քիւլօ… Համբակները կը ժպրհին դաս տալ վաստակաւոր վարպետներու: Անոնց իւրաքանչիւրին կրնանք ըսել. «Միսիոնա՛ր, կրունկէդ վեր մի՛ ելլեր»:

– Կարծեմ խօսքը այսպէս է. «Կօշկակար, կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր»:

– Ատիկա կօշկակարի մը ըսած է հելլէն հին նկարիչ Ապեղէս: Իսկ կրօնաւոր եղողին պէտք է ըսել. «Միսոնա՛ր, կրունկէդ վեր մի՛ ելլեր»: Որպէսզի կրունկը կանգուն մնայ ու կարենայ վերադառնալ Ամերիկա:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Ծանօթ Ասութիւններ

1.- Տեսարանը վերջացաւ.- Հին ատեն այս խօսքով կ՛իմացնէին, թէ ներկայացումը վերջ գտած է: Նոյն բանը ըսաւ Օգոստոս կայսր մահուան անկողնին մէջ, եւ այս եղաւ իր վերջին խօսքը:

2.- Վեհ արդիւնքներու` անձուկ ուղիներով.- Դաւակիցներու նշանաբան` Վիքթոր Հիւկոյի «Էռնանի» խաղին մէջ: Իմաստը այն է, որ դժուարութեանց դէմ մաքառելով` կարելի կ՛ըլլայ յաղթանակ ձեռք բերել:

3.- «Ծռազատկին, բարի արքայ, պիտի ընդունիմ ձեր հրամանները».- Անգլիոյ Եղիսաբէթ թագուհին այս պատասխանը տուաւ Ֆիլիփ Բ.ի, որ քառատող ոտանաւոր մը ուղղած էր անոր` իբրեւ վերջնագիր: Թագուհին, Սպանիոյ թագաւորին չափ հպարտ, բայց անկէ աւելի ուսեալ, պատասխանեց իսկոյն. «Ծռազատկին, ո՛վ բարեմիտ արքայ, պիտի կրնաս հրամայել ինծի»:

4.- Քան զպղինձ տոկուն.- Որատիոս իր քերթուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ, թէ պղինձէն աւելի բարձր բան մը կայ. նախապաշարումն է ան:

5.- Սնուցիչ մայր.- Լատին բանաստեղծները յաճախ գործածած են այս ասութիւնը` հայրենիք ըսելու համար:

6.- Քուէն նետուած է.- Կեսարի խօսքը` Ռուպիկոն գետէն անցնելէ առաջ: Օրէնք մը կը հրամայէր Իտալիա մտնող ամէն զօրապետի` այս գետէն անցնելէ առաջ արձակել իր զօրքը: Այս խօսքը կը գործածուի, երբ մէկը խիզախ որոշում մը կու տայ երկար ատեն վարանելէ ետք:

7.- Բարեկամ մարդկային ազգի.- Այսինքն ամէնուն բարեկամը, ոչ մէկուն բարեկամն է:

8.- Արծիւը ճանճ չ՛որսար.- Կը գործածուի հասկցնելու համար, թէ բարձր հանճարի տէր մէկը պէտք չէ զբաղի իրմէ վար բաներով: Արծիւը ճանճ բռնելով չի կորսնցներ իր ժամանակը:

9.- Միւս կողմն ալ մտիկ ըրէ.- Անկողմնակալութեամբ դատելու համար, ամբաստանութենէն ետք, ջատագովութիւնն ալ լսել պէտք է:

10.- Կեսար, օրհասականք կը բարեւեն քեզ.- Ըստ Սուիտոնի, հռոմայեցի սուսերամարտիկները այս խօսքը կ՛արտասանէին մրցումէն առաջ կայսերական օթեակին առջեւէն անցած ատեննին:

11.- Քսակին մէջ կարիճ ունենալ.- Ագահ ըլլալ, ձեռքը գրպանը տանելու վախնալ, իբր թէ զայն խայթող կարիճ մը գտնուէր հոն:

12.- Դուրսէն հանդարտ, ներսէն ալեկոծ.- Կրնայ պատշաճիլ անխռով անձերու, որոնք իրենց ներքին յուզումը չեն յայտներ դուրսէն:

13.- Տապալել գոռոզները.- Վերգիլիոսի մէկ խօսքը, որ իբրեւ նշանաբան կը ծառայէր հռոմէական փառասիրութեան:

14.- Ճաշակի ու գոյնի մասին պէտք չէ վիճիլ.- Միջին դարու սքոլաստիկներու այս խօսքը կը գործածուի այն իմաստով, որ ամէն մարդ ազատ է ուզած կերպովը խորհելու եւ գործելու:

15.- Պէտք է կործանել Կարթագէնը.- Այս բառերը, որոնցմով Կատոն կը վերջացնէր իր բոլոր ճառերը, կը գործածուին յայտնելու համար մտքի մէջ սեւեռուն գաղափար մը, զոր մոլեգնօրէն իրականացնել կը ջանայ մէկը:

16.- Օրս կորսնցուցի.- Տիտոս կայսեր խօսքը, երբ օր մը անցընէր առանց բարեգործութիւն ընելու:

17.- Քաղցր է ու գեղեցիկ` մեռնիլ հայրենեաց համար.- Վերգիլիոս այս խօսքը կ՛ուղղէ հռոմայեցի երիտասարդներուն` խրատելով զանոնք հետեւիլ իրենց նախնեաց առաքինութիւններուն, մասնաւորաբար անոնց ռազմական արիութեան:

18.- Ալեկոծ, այլ անսոյզ.- Փարիզ քաղաքի նշանաբանը, որուն խորհրդանիշը  նաւ մըն է:

19.- Հանիպալը մեր դրան առջեւն է.- Այսպէս աղաղակեցին հռոմայեցիք Քանի պատերազմէն ետք: Այս խօսքը կրնայ յիշուիլ, երբ թշնամին կը սպառնայ վտանգաւոր կերպով:

20.- Աթենասի հակառակ.- Գրել Աթենասի հակառակ` կը նշանակէ տաղանդ չունեցող հեղինակ մը, որ սակայն կը յամառի գրել:

21.- Չփրկուած Իտալիան.- Իտալացիք այս խօսքով կը հասկնան այն երկիրները, որոնք անջատուած են Իտալիայէն, ինչպէս` Քորսիքա եւ Մալթա:

22.- Հեռաւորութիւնը հմայքը կ՛աւելցնէ.- Տակիտոսի այս խօսքը յաճախ կը յիշատակուի յայտնելու համար, որ մարդս հակամէտ է հիանալու ամէն բանի վրայ, որ հեռու է իրմէ ժամանակով ու տարածութեամբ:

23.- Յաղթուողին փրկութիւնը բնաւ փրկութեան չսպասելն է.- «Ենէական»-ին մէջ վերջին յորդորն է, զոր Ենէաս Տրովադայի առման պահուն կ՛ուղղէ զինակիցներուն` ջանալով յուսահատութեան արիութիւնը արթնցնել անոնց սրտին մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ռուսիոյ Նախագահին Անակնկալ Այցելութիւնը Սուրիա

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?